Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Մովսէսի հաւատքը ընդօրինակէ՛
    Դիտարան 2014 | Ապրիլ 15
    • 1, 2. ա) Մովսէս 40 տարեկանին ի՞նչ որոշում կայացուց (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Մովսէս ինչո՞ւ ընտրեց Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չարչարուիլ։

      ՄՈՎՍԷՍ գիտէր թէ Եգիպտոս ի՛նչ ապագայ կը խոստանար իրեն։ Ան արքայական ընտանիքին կը պատկանէր եւ հարուստներուն շքեղ տուները կը տեսնէր։ Ան «Եգիպտացիներուն բոլոր իմաստութիւնովը վարժուեցաւ», հաւանաբար մէջը ըլլալով գեղարուեստք, աստղագիտութիւն, ուսողութիւն եւ ուրիշ գիտելիքներ (Գործք 7։22)։ Մովսէս պատեհութիւն ունէր ձեռք ձգելու հարստութիւն, իշխանութիւն եւ առանձնաշնորհումներ, որոնք սովորական եգիպտացիին համար լոկ երազ մըն էին։

      2 Սակայն երբ ան 40 տարեկան էր, կայացուց որոշում մը որ զարմացուցած ըլլալու էր զինք որդեգրող արքայական ընտանիքը։ Ան ոչ թէ միայն չընտրեց սովորական եգիպտացիին «բնական» կեանքը, հապա նախընտրեց ստրուկներո՛ւ հետ ապրիլ։ Ինչո՞ւ։ Մովսէս հաւատք ունէր (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։24-26)։ Հաւատքով ան իր շուրջը եղող ֆիզիքական աշխարհէն շա՜տ աւելին տեսաւ։ Հոգեւոր մտայնութիւն ունենալով, ան «Անտեսանելի[ի]ն»՝ Եհովային հաւատք ընծայեց եւ վստահ էր որ անոր խոստումները պիտի կատարուէին (Եբ. 11։27)։

  • Մովսէսի հաւատքը ընդօրինակէ՛
    Դիտարան 2014 | Ապրիլ 15
    • 4. Մովսէս ‘մեղքին զուարճութեան’ մասին ի՞նչ գիտակցեցաւ։

      4 Մովսէս հաւատքի աչքերով տեսաւ թէ ‘մեղքին զուարճութիւնը’ ժամանակաւոր է։ Ուրիշներ թերեւս պատճառաբանեցին, թէ կռապաշտութեան եւ ոգեհարցութեան մէջ մխրճուելով հանդերձ, Եգիպտոս աշխարհակալ ոյժ մը եղած էր, մինչդեռ Եհովայի ժողովուրդը որպէս ստրուկներ կը չարչարուէին։ Բայց Մովսէս գիտէր թէ Աստուած հարցերը կրնար յեղաշրջել։ Թէեւ թոյլատու կենցաղ վարողները ըստ երեւոյթին կը բարգաւաճէին, սակայն Մովսէս կը հաւատար թէ չարերը պիտի կորսուէին։ Առ ի արդիւնք, ան ‘մեղքին ժամանակաւոր զուարճութեամբ’ չհրապուրուեցաւ։

      5. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ «մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը» մերժենք։

      5 Ինչպէ՞ս կրնաս ‘մեղքին ժամանակաւոր զուարճութեան’ դիմադրել։ Երբեք մի՛ մոռնար թէ մեղաւոր հաճոյքը անցողական է։ Հաւատքի աչքերով տե՛ս թէ «աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ» (Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Խոկա՛ թէ անզեղջ մեղաւորներուն ի՛նչ ապագայ կը սպասէ։ Անոնք «սահուն տեղեր» կը գտնուին եւ ‘վախերով պիտի կորսուին’ (Սաղ. 73։18, 19)։ Երբ փորձուիս մեղաւոր վարքի միջամուխ ըլլալ, դուն քեզի հարցուր. «Իմ անձիս ինչպիսի՞ ապագայ կ’ուզեմ»։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել