-
«Անտեսանելին» կը տեսնե՞սԴիտարան 2014 | Ապրիլ 15
-
-
10. ա) Ք.Ա. 1513–ի նիսան ամսուն, Եհովան իսրայէլացիներուն ի՞նչ հրահանգներ տուաւ։ բ) Մովսէս ինչո՞ւ Աստուծոյ հրահանգներուն հետեւեցաւ։
10 Ք.Ա. 1513–ի նիսան ամիսը, Եհովան Մովսէսին եւ Ահարոնին ըսաւ, որ անսովոր հրահանգներ տան իսրայէլացիներուն. ընտրել անարատ խոյ մը կամ այծ մը, զայն մորթել եւ արիւնը իրենց դրանդիքներուն վրայ քսել (Ել. 12։3-7)։ Մովսէս ինչպէ՞ս ընդառաջեց։ Պօղոս առաքեալ կը պատասխանէ. «Հաւատքով ըրաւ զատիկը եւ արիւն սրսկելը, որպէս զի անդրանիկները սատկեցնողը իրեն [«իրենց», ԱԾ] չդպչի» (Եբ. 11։28)։ Մովսէս գիտէր թէ Եհովան արժանահաւատ է, եւ Եգիպտոսի մէջ անդրանիկ որդիները մեռցնելու Եհովայի խոստումին հաւատք ընծայեց։
11. Մովսէս ինչո՞ւ ուրիշները զգուշացուց։
11 Ըստ երեւոյթին, Մովսէսի որդիները Մադիամի երկիրն էին,– «սատկեցնող»էն շա՜տ հեռու (Ել. 18։1-6)a։ Բայց եւ այնպէս, ան հնազանդ գտնուելով հրահանգ տուաւ իսրայէլացի միւս ընտանիքներուն, որոնց անդրանիկները վտանգի տակ էին։ Ան իր ընկեր արարածը կը սիրէր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Մովսէս շուտով «կանչեց Իսրայէլին բոլոր ծերերը ու ըսաւ անոնց. ‘. . . Զատկին համար մորթեցէ՛ք’» (Ել. 12։21)։
12. Եհովան հրահանգ տուած է որ ի՞նչ կարեւոր պատգամ հաղորդենք։
12 Ներկայիս, Եհովայի ժողովուրդը հրեշտակային առաջնորդութեամբ կարեւոր պատգամ մը կը հաղորդէ. «Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասն զի անոր դատաստանին ժամը եկաւ ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու ջուրերուն աղբիւրները» (Յայտ. 14։7)։ Այս պատգամը ծանուցանելը հրատապ է։ Մեր դրացիները պէտք է զգուշացնենք որ Մեծ Բաբելոնէն դուրս ելլեն, որպէսզի «ատոր հարուածներէն բաժին չառն[են]» (Յայտ. 18։4)։ Օծեալները եւ «ուրիշ ոչխարներ»ը կ’աղաչեն Աստուծմէ օտարացած մարդոց, որ անոր հետ ‘հաշտուին’ (Յովհ. 10։16. Բ. Կոր. 5։20)։
Եհովայի խոստումներուն հաւատք ընծայելդ պիտի զօրացնէ բարի լուրը բաժնելու փափաքդ (տե՛ս պարբերութիւն 13)
13. Ի՞նչ բան բարի լուրը բաժնելու մեր փափաքը պիտի զօրացնէ։
13 Մենք համոզուած ենք թէ «դատաստանին ժամ»ուն մէջ կ’ապրինք։ Նաեւ կը հաւատանք թէ Եհովան մեր քարոզելու եւ աշակերտելու գործին հրատապութիւնը չէ չափազանցած։ Տեսիլքի մը մէջ, Յովհաննէս առաքեալ «տեսա[ւ] չորս հրեշտակներ, որոնք երկրին չորս անկիւնը կեցեր էին ու երկրին չորս հովերը բռներ էին» (Յայտ. 7։1)։ Հաւատքով կը տեսնե՞ս այդ հրեշտակները, որոնք պատրաստ են այս աշխարհի վրայ մեծ նեղութեան կործանիչ հովերը արձակելու։ Եթէ այո, պիտի կարենաս բարի լուրը վստահութեամբ բաժնել։
-
-
«Անտեսանելին» կը տեսնե՞սԴիտարան 2014 | Ապրիլ 15
-
-
a Բացայայտ է որ Եհովան [«աղէտ բերող», ՆԱ] հրեշտակներ ղրկեց, որպէսզի եգիպտացիներուն վրայ դատաստան ի գործ դնեն (Սաղ. 78։49-51)։
-