-
Զգուշացէ՛ք հաւատքի պակասէԴիտարան 1998 | Օգոստոս 1
-
-
«Ձեր Սրտերը Մի՛ Խստացնէք»
13. Պօղոս ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ, եւ ի՞նչպէս կիրարկեց 95–րդ Սաղմոսը։
13 Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն առանձնաշնորհեալ դիրքը նկատի առնելէ ետք, Պօղոս հետեւեալ ազդարարութիւնը տուաւ. «Ինչպէս կ’ըսէ Սուրբ Հոգին՝ ‘Այսօր եթէ անոր ձայնը պիտի լսէք. ձեր սրտերը մի՛ խստացնէք բարկացնելու ատենին պէս՝ անապատին մէջ փորձութեան օրը’»։ (Եբրայեցիս 3։7, 8) Պօղոս 95–րդ Սաղմոսէն մէջբերում կ’ընէր, անոր համար կրնար ըսել՝ «ինչպէս կ’ըսէ Սուրբ Հոգին»։b (Սաղմոս 95։7, 8. Ելից 17։1-7) Աստուածաշունչը Աստուծմէ ներշնչուած է իր սուրբ հոգիին միջոցաւ։—Բ. Տիմոթէոս 3։16
14. Իսրայելացիները իրենց համար Եհովայի ըրածներուն փոխարէն ի՞նչպէս վարուեցան եւ ինչո՛ւ։
14 Եգիպտոսի գերութենէն ազատագրուելէ ետք, Եհովայի հետ ուխտեալ յարաբերութեան մէջ գալու պատիւը տրուեցաւ Իսրայելացիներուն։ (Ելից 19։4, 5. 24։7, 8) Սակայն, անոնք փոխանակ գնահատութիւն ցոյց տալու Աստուծոյ ըրածին հանդէպ, շուտով սկսան ըմբոստանալ։ (Թուոց 13։25–14։10) Ասիկա ի՞նչպէս կարելի էր։ Պօղոս պատճառը կու տայ. սրտի խստացում։ Բայց Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ զգայուն եւ ընդառաջող սիրտ մը ի՞նչպէս կը խստանայ։ Ասոր արգելք ըլլալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։
15. (ա) Անցեալին ու ներկայիս Աստուծոյ «ձայնը» ի՞նչպէս լսուած է։ (բ) ‘Աստուծոյ ձայնին’ առնչութեամբ ի՞նչ հարցումներ պէտք է հարցնենք մենք մեզի։
15 Պօղոս իր ազդարարութիւնը սկսաւ պայմանադրեալ նախադասութեամբ՝ «Եթէ անոր ձայնը պիտի լսէք»։ Աստուած իր ժողովուրդին խօսեցաւ Մովսէսի եւ ուրիշ մարգարէներու միջոցաւ։ Ապա Եհովա իր Որդիովը՝ Յիսուս Քրիստոսով՝ խօսեցաւ։ (Եբրայեցիս 1։1, 2) Ներկայիս մենք ունինք Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը՝ Սուրբ Աստուածաշունչը՝ ամբողջութեամբ։ Նաեւ ունինք Յիսուսի կողմէ նշանակուած «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», ‘որպէսզի ատենին [հոգեւոր] կերակուր’ տայ։ (Մատթէոս 24։45-47) Հետեւաբար, Աստուած տակաւին կը խօսի. բայց մենք մտիկ կ’ընե՞նք։ Օրինակ, հագուելակերպի, յարդարանքի, կամ զբօսանքի ու երաժշտութեան ընտրութեան շուրջ մեզի տրուած խրատներուն ի՞նչպէս կ’ընդառաջենք։ ‘Մտիկ կ’ընե՞նք’, ուրիշ խօսքով, մեր լսած բաներուն ուշադրութիւն կու տանք ու կը հնազանդի՞նք։ Եթէ տրուած խրատին համար մենք մեզ արդարացնելու, կամ զայն չընդունելու սովորութիւն ունինք, այդ պարագային մեր սիրտը խստացնելու թաքուն վտանգին կ’ենթարկենք մենք մեզ։
16. Մեր սիրտը խստացնելու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։
16 Մեր սիրտը կը խստանայ նաեւ, երբ ետ կենանք ընելէ այն ինչ որ կրնա՛նք ու պէ՛տք է ընենք։ (Յակոբու 4։17) Հակառակ այն բոլոր բաներուն զորս Եհովա ըրաւ Իսրայելացիներուն համար, անոնք հաւատք չցուցաբերեցին, Մովսէսի դէմ ըմբոստացան, նախընտրեցին Քանանու մասին աննպաստ տեղեկագրութեան հաւատալ եւ մերժեցին Աւետեաց Երկիրը մտնել։ (Թուոց 14։1-4) Հետեւաբար, Եհովա վճռեց որ անոնք 40 տարի անապատին մէջ անցընեն. բաւարար ժամանակ մը, որպէսզի այդ սերունդին անհաւատարիմ անդամները մեռնին։ Անոնցմէ զզուելով, Աստուած ըսաւ. «‘Միշտ մոլորեցան իրենց սրտով եւ իմ ճամբաներս չճանչցան անոնք’. ուստի երդում ըրի իմ բարկութեանս մէջ թէ՝ իմ հանգիստս պիտի չմտնեն»։ (Եբրայեցիս 3։9-11) Ասկէ դաս մը կրնա՞նք սորվիլ։
-
-
Զգուշացէ՛ք հաւատքի պակասէԴիտարան 1998 | Օգոստոս 1
-
-
19. Խրատի մտիկ չընելը ի՞նչպէս լուրջ հետեւանքներ կրնայ ունենալ։ Բացատրեցէք։
19 Հետեւաբար, դասը այդ է որ եթէ ‘իր ձայնը լսելու’, իր Խօսքին եւ հաւատարիմ ծառայ դասակարգին միջոցաւ Եհովայէ եկած խրատները անտեսելու սովորութեան մէջ իյնանք, շատ շուտով մեր սիրտը կրնայ անզգայ դառնալ եւ խստանալ։ Օրինակ, չամուսնացած զոյգ մը կրնայ քիչ մը շատ մտերիմ ըլլալ իրարու հետ։ Եթէ անոնք այս հարցը պարզապէս անտեսեն, ի՞նչ կ’ըլլայ։ Անիկա զիրենք ետ պիտի պահէ՞ իրենց արարքը կրկնելէ, թէ ոչ աւելի դիւրութեամբ նոյն բանը պիտի կրկնեն։ Նոյն կերպով, եթէ ծառայ դասակարգը երաժշտութեան, զբօսանքի եւ նման նիւթերու շուրջ մեզ խրատէ որ ընտրողական գտնուինք, երախտապարտ հոգիով կ’ընդունի՞նք զայն, հարկ եղած փոփոխութիւնը ընելով։ Պօղոս մեզ յորդորեց որ «մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք»։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Հակառակ այս խրատին, ոմանք քրիստոնէական ժողովներուն հանդէպ անտարբեր են։ Անոնք կը խորհին որ անոնցմէ քանի մը հատէն բացակայիլը կամ նոյնիսկ կարգ մը ժողովներու բնաւ չգալը մասնաւոր հետեւանք մը չունենար։
-
-
Զգուշացէ՛ք հաւատքի պակասէԴիտարան 1998 | Օգոստոս 1
-
-
b Բացայայտօրէն Պօղոս մէջբերում կ’ընէր Յունարէն Եօթանասնից–էն, ուր Եբրայերէն «Մերիպա» եւ «Մասսա» բառերը թարգմանաբար տալով կ’ըսէ՝ ‘բարկացնել’ եւ ‘փորձել’։ Տես՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, Բ. Հատոր, էջ 350 եւ 379, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
-