-
Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ գործին եւ դրամին մասինԿեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
-
-
2. Ի՞նչ կը նշանակէ դրամին նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենալ
Սուրբ Գիրքը կ’ընդունի որ դրամը պաշտպանութիւն է, բայց կը զգուշացնէ որ դրամը չի կրնար մեզի մնայուն ուրախութիւն տալ (Ժողովող 7։12)։ Անոր համար մեզի քաջալերութիւն կը տրուի, որ դրամը չսիրենք, հապա ‘բաւական սեպենք որչափ բան որ ձեռքերնիս կայ’ (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։5)։ Իրականութեան մէջ, երբ միշտ աւելին կ’ուզենք, ասիկա յուսախաբութեան դուռ կը բանայ։ Բայց երբ մեր ունեցածով գոհ կը մնանք, այդ յուսախաբութիւնը չենք ունենար։ Աւելորդ պարտքեր չենք ըներ (Առակաց 22։7)։ Եւ հեռու կը մնանք բախտախաղին եւ արագօրէն հարստանալու ծրագիրներուն վտանգներէն։
-
-
Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ գործին եւ դրամին մասինԿեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
-
-
5. Գոհունակութիւնը օգուտներ կը բերէ մեզի
Շատեր կը փորձեն իրենց կրցածին չափ շատ դրամ դիզել։ Բայց Սուրբ Գիրքը կը խրատէ, որ տարբեր բան մը ընենք։ Կարդացէ՛ք Ա. Տիմոթէոս 6։6-8 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ որ ի՞նչ ընենք։
Նոյնիսկ եթէ նիւթական քիչ բաներ ունինք, կրնա՛նք ուրախ ըլլալ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։
Հակառակ անոր որ այս ընտանիքները քիչ դրամ ունին, ինչո՞ւ ուրախ են։
Բայց ի՞նչ ընենք, եթէ մեր նիւթական վիճակը շատ լաւ է եւ դեռ աւելին կ’ուզենք։ Յիսուս առակով մը այս վտանգը բացատրեց։ Կարդացէ՛ք Ղուկաս 12։15-21 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
Յիսուսի առակէն ի՞նչ սորվեցար (տե՛ս համար 15)։
Կարդացէ՛ք եւ համեմատեցէ՛ք Առակաց 10։22 եւ Ա. Տիմոթէոս 6։10։ Ետքը, քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.
Քու կարծիքովդ, ո՞ր մէկը աւելի կարեւոր է. Եհովային հետ բարեկամութիւն ունենա՞լը, թէ ոչ՝ շատ դրամ ունենալը։ Ինչո՞ւ։
Միշտ դրամի ետեւէ ըլլալը ի՞նչ խնդիրներ կը պատճառէ։
-