Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Աստուծոյ հանգիստը մտա՞ծ ես
    Դիտարան 2011 | Յուլիս 1
    • «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է»

      20. Եբրայեցիս 4։12–ը ի՞նչ երկու կերպերով կրնայ կիրարկուիլ (տե՛ս ստորանիշը)։

      20 Երբ Պօղոս գրեց թէ «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է», ան յատկապէս Աստուծոյ գրաւոր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ չէր ակնարկեր։c Բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ան Աստուծոյ խոստումներուն կ’ակնարկէր։ Պօղոս ըսել կ’ուզէր թէ Աստուծոյ խոստումները միշտ կ’իրականանան։ Եսայի մարգարէին միջոցաւ Եհովա ասիկա հաստատեց. «Իմ բերնէս ելած խօսքը. . . ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա. . . յաջողութեամբ [պիտի] գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի» (Եսա. 55։11)։ Հետեւաբար, երբ հարցերը մեր ուզած արագութեամբ չընթանան, հարկ չկայ անհամբեր ըլլալու։ Եհովա կը շարունակէ ‘գործել’՝ իր նպատակը յաջող յանգումի բերելու համար (Յովհ. 5։17)։

      21. Եբրայեցիս 4։12–ը ինչպէ՞ս կրնայ «մեծ բազմութեան» հաւատարիմ տարեց անդամները քաջալերել։

      21 «Մեծ բազմութեան» հաւատարիմ տարեց անդամները տասնեակ տարիներ Եհովային ծառայած են (Յայտ. 7։9)։ Շատեր բնաւ չակնկալեցին այս ամբարիշտ աշխարհին մէջ ծերանալ։ Այսուհանդերձ, անոնք վհատութեան անձնատուր չեն եղած (Սաղ. 92։14)։ Անոնք գիտեն թէ Աստուծոյ խօսքը կենդանի է եւ թէ Եհովայի խոստումները պիտի իրականանան (Եբ. 4։12)։ Քանի որ Աստուծոյ նպատակը իրեն համար շատ կարեւոր է, զինք կ’ուրախացնենք երբ ցոյց կու տանք, թէ իր նպատակը մեզի համար ալ կարեւոր է։ Այս եօթներորդ օրուան հանգիստին ընթացքին, ո՛չ մէկ բան արգելք պիտի հանդիսանայ որ Եհովան իր նպատակը իրագործէ։ Եւ Ան գիտէ թէ իր ժողովուրդը, որպէս խումբ, պիտի շարունակէ իր նպատակին հետ համագործակցիլ։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ քու մասիդ։ Աստուծոյ հանգիստը անձամբ մտա՞ծ ես։

  • Աստուծոյ հանգիստը մտա՞ծ ես
    Դիտարան 2011 | Յուլիս 1
    • c Ներկայիս, Աստուած մեզի կը խօսի իր գրաւոր Խօսքին միջոցաւ, որ մեր կեանքին ազդելու զօրութիւն ունի։ Ուստի, ընդարձակ կիրարկումով, Եբրայեցիս 4։12–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խօսքերը կրնան պատշաճօրէն Աստուածաշունչին կիրարկուիլ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել