-
Իմաստուն ուղղութիւն՝ ամոլներունԴիտարան 2005 | Մարտ 1
-
-
15, 16. Քրիստոնեայ կինը ինչպիսի՞ վարքով կրնայ իր ոչ–հաւատացեալ ամուսինը շահելու նպաստել։
15 Ամուսինը ինչպիսի՞ վարքով կը շահուի։ Իրականութեան մէջ, այն վարքը որ Քրիստոնեայ կիները բնականաբար կը մշակեն։ Պետրոս կ’ըսէ. «Ձեր զարդարանքը թող չըլլայ դուրսէն՝ մազերու հիւսքերով, ոսկիներու շարքերով կամ շքեղ հանդերձներ հագնելով, հապա ձեր զարդը թող ըլլայ սիրտին ծածուկ մարդը, հեզ եւ հանդարտ հոգիի մը անապականութեամբ, ինչ որ թանկագին է Աստուծոյ առջեւ։ Որովհետեւ ժամանակին սուրբ կիներն ալ, որոնք կը յուսային Աստուծոյ, ա՛յսպէս կը զարդարէին իրենք զիրենք՝ հպատակելով իրենց ամուսիններուն, ինչպէս Սառա կը հնազանդէր Աբրահամի՝ տէր կոչելով զայն։ Դուք անոր զաւակներն էք, քանի բարիք կը գործէք ու չէք վախնար որեւէ սարսափէ»։—Ա. Պետրոս 3։3-6, ԱՎ
-
-
Իմաստուն ուղղութիւն՝ ամոլներունԴիտարան 2005 | Մարտ 1
-
-
17. Քրիստոնեայ կիներուն համար Սառան ի՞նչպէս ընտիր օրինակ մըն է։
17 Սառան մատնանշուած է իբրեւ տիպար, որ Քրիստոնեայ կիներու կողմէ ընդօրինակուելու արժանի է, իրենց ամուսինները հաւատացեալ ըլլա՛ն կամ ոչ։ Կասկած չկայ որ Սառա Աբրահամը իր գլուխը նկատեց։ Նոյնիսկ իր սիրտին մէջ, Սառա զինք իր «տէր»ը կոչեց։ (Ծննդոց 18։12) Բայց ասիկա զինք չնսեմացուց։ Բացայայտօրէն ան հոգեւորապէս զօրաւոր կին մըն էր, եւ Եհովայի հանդէպ հաստատ հաւատք ունէր։ Արդարեւ ան «վկաներու բազմութեան» մաս կը կազմէ, որոնց հաւատքի օրինակը մեզ պէտք է մղէ ‘համբերութիւնով վազելու մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը’։ (Եբրայեցիս 11։11. 12։1) Քրիստոնեայ կինը Սառայի նման ըլլալով իր արժէքը չի կորսնցներ։
-