«Զգաստութիւն»՝ մինչ վախճանը կը մօտենայ
«Ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է. ուստի զգաստ եղէ՛ք»։—Ա. ՊԵՏՐՈՍ 4։7
1. «Զգաստ» ըլլալուն մէջ ի՞նչ պարփակուած է։
ՊԵՏՐՈՍ առաքեալի վերոյիշեալ խօսքերը պէտք է խոր ազդեցութիւն ունենան Քրիստոնեաներուն ապրելակերպին վրայ։ Սակայն, Պետրոս իր ընթերցողներուն չըսաւ որ կեանքի սովորական պատասխանատուութիւններէն եւ հետաքրքրութիւններէն ետ քաշուին, ո՛չ ալ քաջալերեց տակնուվրայ վիճակ մը ունենալ մօտալուտ կործանումին պատճառաւ։ Ընդհակառակը, ան յորդորեց. «Զգաստ եղէ՛ք»։ ‘Զգաստ ըլլալ’ կը նշանակէ առողջ դատողութիւն ունենալ, մեր խօսակցութեամբ եւ արարքներով ողջամիտ, խոհեմ ու բանաւոր ըլլալ։ Անիկա կը նշանակէ թոյլ տալ որ Աստուծոյ Խօսքը մեր մտածելակերպին եւ արարքներուն վրայ իշխէ։ (Հռովմայեցիս 12։2) Քանի որ կ’ապրինք «կամակոր ու խոտորեալ սերունդի մը մէջ», խնդիրներէ եւ դժուարութիւններէ խուսափելու համար զգաստութեան կարիքը կայ։—Փիլիպպեցիս 2։15
2. Եհովայի համբերութիւնը ներկայիս ի՞նչ օգտակարութիւն ունի Քրիստոնեաներուն համար։
2 «Զգաստութիւնը» նաեւ կ’օգնէ, որ մեր անձերուն նկատմամբ չափաւոր, իրապաշտ տեսակէտ ունենանք։ (Տիտոս 2։12. Հռովմայեցիս 12։3) Ասիկա կենսական է, ի մտի ունենալով Բ. Պետրոս 3։9–ի մէջ (ՆԱԹ) արձանագրուած խօսքերը. «Տէրը չ’ուշացներ իր խոստումին կատարումը, այնպէս՝ ինչպէս ոմանք կը հասկնան ուշացումը։ Տէրը պարզապէս համբերատարութիւն ցոյց կու տայ ձեզի հանդէպ, որովհետեւ չ’ուզեր որ ոեւէ մէկը կորսուի, այլ՝ կ’ուզէ որ բոլորն ալ ապաշխարելու առիթ ունենան»։ Նկատի առէք թէ Եհովա համբերող է, ո՛չ միայն անհաւատներուն, այլ նաեւ, «ձեզի»՝ քրիստոնէական ժողովքին անդամներուն հանդէպ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «չ’ուզեր որ ոեւէ մէկը կորսուի»։ Թերեւս ոմանք տակաւին կարիքը ունին փոփոխութիւններ եւ բարեփոխութիւններ ընելու, յաւիտենական կեանքի պարգեւին որակելի ըլլալու համար։ Ուստի, նկատի առնենք կարգ մը մարզեր, որոնց մէջ թերեւս բարեփոխութիւններ ընելու կարիքը ունինք։
«Զգաստութիւն»՝ Մեր Անձնական Յարաբերութեանց Մէջ
3. Ծնողներ իրենց զաւակներուն նկատմամբ իրենք իրենց ի՞նչ հարցումներ կրնան հարցնել։
3 Տունը պէտք է խաղաղութեան հովանի մը ըլլայ։ Սակայն ոմանց համար անիկա ‘կռիւով լեցուն տուն մըն’ է։ (Առակաց 17։1) Ի՞նչ է ձեր ընտանիքին պարագան։ Ձեր տունը ‘սրտմտութենէ եւ աղաղակէ ու հայհոյութենէ’ զե՞րծ է։ (Եփեսացիս 4։31) Իսկ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ձեր զաւակներուն մասին։ Անոնք սիրուած եւ գնահատուած կը զգա՞ն։ (Բաղդատել՝ Ղուկաս 3։22։) Ժամանակ կը տրամադրէ՞ք զանոնք դաստիարակելու եւ մարզելու։ Փոխանակ սրտմտութեամբ եւ բարկութեամբ խրատելու, զանոնք ‘արդարութեամբ կը խրատէ՞ք’։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Քանի որ զաւակները «Տէրոջը ժառանգութիւնն են», ան մօտէն կը հետաքրքրուի թէ անոնց հետ ի՞նչպէս կը վարուինք։—Սաղմոս 127։3
4. (ա) Ի՞նչ կ’ըլլայ հետեւանքը, եթէ ամուսին մը իր կնկան հետ բիրտ կերպով վարուի։ (բ) Կիները ի՞նչպէս Աստուծոյ հետ խաղաղութեան մէջ ըլլալու եւ ամբողջ ընտանիքին ուրախութեան կրնան նպաստել։
4 Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր ամուսնական կողակիցին մասին։ «Պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ Ան որ իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ. վասն զի մէկը բնաւ իր անձը չ’ատեր, հապա կը սնուցանէ ու կը խնամէ զանիկա, ինչպէս Տէրն ալ՝ եկեղեցին»։ (Եփեսացիս 5։28, 29) Նախատող, տիրապետող կամ անտրամաբանական մարդ մը ո՛չ միայն իր տան խաղաղութիւնը կը վտանգէ, այլեւ Աստուծոյ հետ իր յարաբերութիւնը կը քանդէ։ (Ա. Պետրոս 3։7) Ի՞նչ կրնանք ըսել կիներուն մասին։ Անոնք ալ նոյնպէս պէտք է «իրենց այրերուն հնազանդ ըլլան՝ որպէս թէ Տէրոջը»։ (Եփեսացիս 5։22) Աստուած հաճեցնելու միտումով հարցին մօտենալը կրնայ օգնել կնոջ որ իր ամուսնոյն թերութիւնները անտեսէ եւ առանց դժգոհելու անոր հնազանդի։ Երբեմն, կինը կրնայ իր տեսակէտը յայտնելու ստիպուած ըլլալ։ Առակաց 31։26 կ’ըսէ որ առաքինի կինը «իր բերանը իմաստութեամբ կը բանայ եւ իր լեզուին վրայ քաղցրութեան օրէնք կայ»։ Իր ամուսնոյն հետ ազնուութեամբ եւ յարգանքով վարուելով, ան Աստուծոյ հետ խաղաղութիւնը կը պահէ եւ բոլոր ընտանիքին ուրախութեան կը նպաստէ։—Առակաց 14։1
5. Պատանիները իրենց ծնողներու հանդէպ ունեցած վերաբերմունքին նկատմամբ, ինչո՞ւ Աստուածաշունչի խրատին պէտք է հետեւին։
5 Ո՛վ պատանիներ, ձեր ծնողներուն հետ ի՞նչպէս կը վարուիք։ Աշխարհի կողմէ յաճախ հանդուրժելի եղող հեգնական ու անյարգալից խօսակցական ոճ մը կը գործածէ՞ք։ Թէ ոչ կը հնազանդիք Աստուածաշունչի պատուէրին. «Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք Տէրոջմով, վասն զի այդ է արժանը։ Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, (որ առաջին պատուիրանքն է խոստումով,) որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ ու երկար կեանք ունենաս երկրի վրայ»։—Եփեսացիս 6։1-3
6. Ի՞նչպէս կրնանք հաւատակիցներու հետ խաղաղութեան ետեւէ ըլլալ։
6 «Զգաստութիւն» ցուցաբերած կ’ըլլանք նաեւ, երբ մեր հաւատակիցներու հետ «խաղաղութիւն փնտռենք եւ անոր ետեւէն երթանք»։ (Ա. Պետրոս 3։11) Երբեմն անհամաձայնութիւններ եւ թիւրիմացութիւններ կը ծագին։ (Յակոբու 3։2) Եթէ թոյլ տանք որ թշնամութիւններ կուտակուին, լման ժողովքին խաղաղութիւնը կրնայ վտանգուիլ։ (Գաղատացիս 5։15) Ուստի վէճերուն շուտով վերջ տուէք. խաղաղ լուծումներ որոնեցէք։—Մատթէոս 5։23-25. Եփեսացիս 4։26. Կողոսացիս 3։13, 14
«Զգաստութիւն» եւ Ընտանեկան Պատասխանատուութիւններ
7. (ա) Պօղոս սովորական հարցերու մէջ ի՞նչպէս «զգաստութիւն» ցուցաբերել քաջալերեց։ (բ) Քրիստոնեայ ամուսիններ ու կիներ ընտանեկան պատասխանատուութիւններու հանդէպ ի՞նչ տեսակէտ պէտք է ունենան։
7 Պօղոս առաքեալ խրատեց Քրիստոնեաները որ ‘զգաստութիւնով ապրին’։ (Տիտոս 2։12) Հետաքրքրական է թէ, բովանդակութեան մէջ, Պօղոս կիները կը յորդորէ «որպէս զի այրերնին եւ զաւակնին սիրեն, խոհեմ [«զգաստ», ՆԱ], ողջախոհ, տնաշէն» ըլլան։ (Տիտոս 2։4, 5) Պօղոս ասիկա գրեց Հ.Դ. 61-64 տարիներուն, հրէական իրերու դրութեան վախճանէն քանի մը տարի առաջ։ Սակայն, աշխարհիկ հարցեր, ինչպէս՝ առտնին գործերը, տակաւին կարեւոր էին։ Հետեւաբար, ամուսիններ եւ կիներ պէտք է առողջ, դրական տեսակէտ մը ունենան իրենց ընտանեկան պատասխանատուութիւններուն հանդէպ, որ «չըլլայ թէ Աստուծոյ խօսքին հայհոյուի»։ Ընտանիքի գլուխ մը այցելուէ մը ներողամտութիւն խնդրեց, իր տան ամօթալի երեւոյթին համար։ Ան բացատրեց որ իր տունը այս վիճակի մէջ էր, «քանի որ ռահվիրայութիւն կ’ընէր»։ Գովելի է երբ Թագաւորութեան համար զոհողութիւններ կ’ընենք, բայց զգոյշ պէտք է ըլլանք որ մեր ընտանիքին բարօրութիւնը չզոհենք։
8. Ընտանիքի գլուխներ ի՞նչպէս կրնան իրենց ընտանիքներուն կարիքները հոգալ հաւասարակշռուած կերպով։
8 Աստուածաշունչը կը յորդորէ հայրերը որ նախապատուութիւնը իրենց ընտանիքին տան, ըսելով թէ ան որ իր ընտանիքին հոգ տանելու մէջ թերանայ, «անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։8) Կենսամակարդակը համայն աշխարհի մէջ նոյնը չէ եւ լաւ է որ նիւթական ակնկալութիւնները համեստ պահենք։ «Ինծի աղքատութիւն կամ հարստութիւն մի՛ տար», աղօթեց Առակաց 30։8–ի հեղինակը։ Սակայն, ծնողներ պէտք չէ իրենց զաւակներուն նիւթական կարիքները անտեսեն։ Օրինակի համար, իմաստութիւն պիտի ըլլա՞ր, որ անհատ մը առանց իր ընտանիքին անհրաժեշտ կարիքները հայթայթելու, աստուածպետական առանձնաշնորհումներ հետապնդէր։ Ասիկա անոր զաւակները պիտի չդառնացնէ՞։ Միւս կողմէ, Առակաց 24։27 կ’ըսէ. «Դուրսի գործդ կանոնաւորէ եւ զանիկա քու արտիդ մէջ կարգի դիր ու տունդ ետքը շինէ [«ու ետքը տունդ ալ շինէ», ՆԱ]»։ Այո, թէեւ նիւթական բաներու շուրջ մտահոգութիւնը իր տեղը ունի, բայց հոգեւոր ու զգացական գետնի վրայ ‘տունը շինելը’ կենսական է։
9. Ինչո՞ւ խոհեմութիւն է որ ընտանիքի գլուխներ հաշուի առնեն իրենց մահուան կամ հիւանդութեան հաւանականութիւնը։
9 Ձեր ընտանիքին կարիքները հոգալու կարգադրութիւններ ըրա՞ծ էք, եթէ կանխահաս մեռնիք։ Առակաց 13։22 կ’ըսէ. «Բարի մարդը իր թոռներուն ժառանգութիւն կը թողու»։ Եհովայի մասին գիտութիւն եւ անոր հետ յարաբերութիւն ունենալու ժառանգութեան կողքին, ծնողներ պէտք է իրենց զաւակներուն նիւթական գետնի վրայ հայթայթումներ ընելով ալ հետաքրքրուած ըլլան։ Շատ մը երկիրներու մէջ ընտանիքի պատասխանատու գլուխներ պիտի փորձեն խնայողութիւններ, օրինական կտակ եւ ապահովագրութիւն ընել։ Ի վերջոյ, Աստուծոյ ժողովուրդն ալ ‘ժամանակի ու դիպուածի’ կը հանդիպի։ (Ժողովողի 9։11) Դրամը «հովանաւորութիւն» կ’ընէ եւ եթէ զգուշութեամբ ծրագրուի, յաճախ կարելի կ’ըլլայ նեղութիւններէ խուսափիլ։ (Ժողովողի 7։12) Այն երկիրներու մէջ, ուր կառավարութիւնը բժշկական խնամքի ծախսերը չի հոգար, ոմանք որոշ գումար մը մէկ կողմ կը դնեն առողջապահական կարիքներու համար կամ առողջապահական ապահովագրութիւն մը կ’ընեն։a
10. Քրիստոնեայ ծնողներ ի՞նչպէս կրնան իրենց զաւակներուն համար «դիզել»։
10 Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ. «Որդիները պարտաւոր չեն ծնողքներուն համար բան դիզել, հապա ծնողքները՝ որդիներուն համար»։ (Բ. Կորնթացիս 12։14) Աշխարհի մէջ ընդհանրացած բան մըն է որ ծնողներ իրենց զաւակներուն ուսման եւ ամուսնութեան համար դրամ դիզեն, կեանքի մէջ անոնց յաջող սկիզբ մը տալու համար։ Խորհա՞ծ էք ձեր զաւկին հոգեւոր ապագային համար դիզել։ Օրինակի համար, սեպենք թէ չափահաս զաւակ մը լիաժամ ծառայութեան մէջ է։ Թէեւ լիաժամ ծառաները արտաքին օգնութիւն ո՛չ պէտք է պահանջեն, ո՛չ ալ ակնկալեն, սակայն սիրալիր ծնողներ թերեւս ընտրեն ‘անոր պէտքերուն հաղորդ ըլլալ’, օգնելով որ ան լիաժամ ծառայութեան մէջ մնայ։—Հռովմայեցիս 12։13. Ա. Թագաւորաց 2։18, 19. Փիլիպպեցիս 4։14-18
11. Դրամին հանդէպ իրապաշտ տեսակէտ մը ունենալը թերահաւատութիւն ցոյց կու տա՞յ։ Բացատրեցէք։
11 Դրամին հանդէպ իրապաշտ տեսակէտ մը ունենալը, Սատանայի այս ամբարիշտ դրութեան վախճանը հասած ըլլալուն շուրջ հաւատքի պակաս ցոյց չի տար։ Ասիկա պարզապէս «գործնական իմաստութիւն» եւ առողջ դատողութիւն ցուցաբերել է։ (Առակաց 2։7, ՆԱ. Առակաց 3։21, ՆԱ) Անգամ մը Յիսուս ըսաւ որ «այս աշխարհին որդիները . . . լուսոյ որդիներէն աւելի խելացի են», դրամը գործածելու իրենց կերպին մէջ։ (Ղուկաս 16։8) Ուրեմն, զարմանալի չէ որ ոմանք կարիքը տեսած են փոփոխութիւններ մտցնելու իրենց ստացուածքներու գործածութեան մէջ, որպէսզի կարենան իրենց ընտանիքին կարիքներուն աւելի լաւ հոգալ։
«Զգաստութիւն»՝ Ուսման Հանդէպ Մեր Տեսակէտին Մէջ
12. Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչպէս սորվեցուց որ նոր պարագաներու յարմարին։
12 «Այս աշխարհի կերպարանքը կ’անցնի», իսկ տնտեսական հսկայական փոփոխութիւններ եւ արհեստագիտական զարգացումներ արագօրէն տեղի կ’ունենան։ (Ա. Կորնթացիս 7։31) Սակայն, Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց որ յարմարող ըլլան։ Երբ զանոնք ղրկեց իրենց քարոզչական առաջին արշաւը կատարելու, ըսաւ. «Մի՛ ստանաք ոսկի եւ ո՛չ արծաթ եւ ո՛չ պղինձ ձեր գօտիներուն մէջ։ Ո՛չ ճամբու համար պարկ եւ ո՛չ կրկին հանդերձ, ո՛չ կօշիկ, ո՛չ գաւազան. վասն զի մշակը իր կերակուրին արժանի է»։ (Մատթէոս 10։9, 10) Սակայն, ուրիշ առիթով մը, Յիսուս ըսաւ. «Ան որ քսակ ունի, թող իրեն հետ առնէ, նոյնպէս ալ պարկը»։ (Ղուկաս 22։36) Ի՞նչ բան փոխուած էր։ Պարագաները։ Կրօնական միջավայրը աւելի թշնամական դարձած էր եւ հիմա իրենց գլխուն ճարին պէտք էր նայէին։
13. Ուսման գլխաւոր նպատակը ի՞նչ է եւ ծնողներ այս առնչութեամբ ի՞նչպէս կրնան թիկունք կանգնիլ իրենց զաւակներուն։
13 Այսօր ալ, ծնողներ հաշուի պէտք է առնեն ներկայ տնտեսական իրադարձութիւնները։ Օրինակի համար, ձեր զաւակները բաւարար ուսում կը ստանա՞ն։ Ուսման գլխաւոր նպատակը պէտք է ըլլայ, պատանին զինել որ Եհովայի ազդու ծառայ մը ըլլայ։ Իսկ ամենակարեւոր ուսումը, հոգեւոր ուսումն է։ (Եսայեայ 54։13) Ծնողներ նաեւ հոգ կը տանին որ իրենց զաւակները նիւթական գետնի վրայ իրենք իրենց հոգ տանելու կարող ըլլան։ Հետեւաբար, ձեր զաւակներուն առաջնորդութիւն տուէք, անոնց օգնեցէք որ կրթական պատշաճ ճիւղ մը ընտրեն, անոնց հետ նկատի առէք թէ յաւելեալ ուսման հետեւիլը իմաստութի՞ւն է թէ ոչ։ Այսպիսի որոշումներ ընտանեկան պատասխանատուութիւն մըն են, եւ ուրիշներ պէտք չէ քննադատեն առնուած որոշումները։ (Առակաց 22։6) Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել անոնց մասին որոնք ընտրած են տան մէջ իրենց զաւակներուն ուսում տալ։b Թէեւ շատեր գովելի աշխատանք թափած են, բայց ոմանք այս պատասխանատուութիւնը իրենց երեւակայածէն աւելի դժուար գտած են եւ այդ պատճառաւ ալ իրենց զաւակները տուժած են։ Ուստի, եթէ տան ուսումը կը նախընտրէք, վստահ եղէք որ կրնաք զայն գլուխ հանել, իրապաշտօրէն հաշիւ ընելով թէ զայն ամբողջացնելու պէտք եղած հմտութիւններն ու ինքնակրթութիւնը ունիք։—Ղուկաս 14։28
‘Մեծ Բաներ Մի՛ Փնտռէք’
14, 15. (ա) Բարուք իր հոգեւոր հաւասարակշռութիւնը ի՞նչպէս կորսնցուց։ (բ) Ինչո՞ւ անմտութիւն էր որ ան ‘մեծ բաներ փնտռէր’։
14 Քանի որ այս դրութեան վախճանը տակաւին չէ եկած, ոմանք հակում կրնան ունենալ աշխարհի հրամցուցած բաները հետապնդելու. ինչպէս՝ երեւելի ասպարէզներ, շահաւէտ գործեր եւ հարստութիւն։ Նկատի առէք Երեմիայի քարտուղարին՝ Բարուքի՝ պարագան։ Ան ողբաց. «Հիմա վա՜յ ինծի, վասն զի Տէրը իմ ցաւիս վրայ տրտմութիւն աւելցուց. իմ հեծութենէս յոգնեցայ եւ հանգստութիւն չեմ գտներ»։ (Երեմեայ 45։3) Բարուք յոգնած էր։ Երեմիայի որպէս քարտուղար ծառայելը դժուար, ճնշիչ աշխատանք մըն էր։ (Երեմեայ 36։14-26) Իսկ անոր ընկճուած վիճակը անվախճան կը թուէր։ Երուսաղէմին տակաւին կործանումին 18 տարի կար։
15 Եհովա ըսաւ Բարուքին. «Ահա ես իմ շինածս պիտի փլցնեմ ու իմ տնկածս պիտի խլեմ, այսինքն այս բոլոր երկիրը։ Դուն քեզի մեծ բանե՞ր կը փնտռես։ Մի՛ փնտռեր»։ Բարուք իր հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած էր։ Ան սկսած էր ‘իրեն համար մեծ բաներ փնտռել’, թերեւս հարստութիւն, կարկառուն դիրք կամ նիւթական ապահովութիւն։ Քանի որ Եհովա ‘այս բոլոր երկիրը պիտի խլէր’, ի՞նչ իմաստ ունէր այսպիսի բաներ փնտռել։ Ուստի Եհովա Բարուքին հետեւեալ զգաստ վերյիշեցումը ըրաւ. «Քանզի ահա ես ամէն մարմնի վրայ չարիք պիտի բերեմ, . . . բայց քու կեանքդ քեզի աւարի մը պէս պիտի տամ քու ամէն երթալու տեղերդ»։ Նիւթական ստացուածքները Երուսաղէմի կործանումէն պիտի չվերապրէին։ Եհովա միայն իր ‘կեանքը աւարի մը պէս’ փրկելու երաշխիքը տուաւ։—Երեմեայ 45։4, 5
16. Ներկայիս, Եհովայի ժողովուրդը ի՞նչ դաս կրնայ սորվիլ Բարուքի փորձառութենէն։
16 Բարուք Եհովայի սրբագրութեան ենթարկուեցաւ, իսկ Եհովայի խոստումին համաձայն, ան իր կեանքը փրկեց։ (Երեմեայ 43։6, 7) Ներկայիս, Եհովայի ժողովուրդին համար ի՜նչ զօրաւոր դաս մը։ Հիմա ժամանակը չէ ‘մենք մեզի համար մեծ բաներ փնտռելու’։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ»։—Ա. Յովհաննու 2։17
Մնացած Ժամանակը Լաւագոյնս Օգտագործենք
17, 18. (ա) Երբ Նինուէցիները զղջացին, Յովնան ի՞նչպէս հակազդեց։ (բ) Եհովա ի՞նչ դաս սորվեցուց Յովնանի։
17 Հետեւաբար, ի՞նչպէս կրնանք մնացած ժամանակը լաւագոյնս օգտագործել։ Յովնան մարգարէին փորձառութենէն դաս առնենք։ Ան «Նինուէ գնաց։ . . . Կը քարոզէր ու կ’ըսէր. ‘Դեռ քառասուն օր կայ եւ Նինուէն պիտի կործանի’»։ Յովնան անակնկալի եկաւ, երբ Նինուէցիները իր պատգամին ընդառաջելով զղջացին։ Եհովա ետ կեցաւ անոնց քաղաքը կործանելէն։ Ի՞նչ եղաւ Յովնանի հակազդեցութիւնը։ «Ո՛վ Տէր, կ’աղաչեմ, իմ հոգիս ինծմէ ա՛ռ, քանզի մեռնիլս ապրելէս աղէկ է»։—Յովնանու 3։3, 4. 4։3
18 Այն ատեն Եհովա Յովնանի կարեւոր դաս մը սորվեցուց։ Ան «դդմենիի մը հրամայեց, որ Յովնանին վրայ ելլէ եւ անոր գլխուն վրայ հովանի ըլլայ, . . . եւ Յովնան դդմենիին համար չափազանց ուրախացաւ»։ Սակայն, Յովնանի ուրախութիւնը երկար չտեւեց, քանի որ դդմենին շուտով չորցաւ։ Յովնան ‘նեղացաւ’ իր անհանգստութեան պատճառաւ։ Այն ատեն Եհովա Իր միտքը յայտնեց, ըսելով. «Դուն դդմենիին խղճացիր, . . . ես պիտի չխղճա՞մ Նինուէին, այն մեծ քաղաքին, որուն մէջ հարիւր քսան հազարէն աւելի մարդիկ կան, որոնք աջ ու ձախ ձեռքին տարբերութիւնը չեն գիտեր ու նաեւ շատ անասուններ»։—Յովնանու 4։6, 7, 9-11
19. Ո՞ր ինքնակեդրոն մտածելակերպէն պէտք է խուսափինք։
19 Յովնանի մտածելակերպը որքա՜ն ինքնակեդրոն էր։ Ան բոյսի մը համար նեղացաւ, բայց ամենադոյզն կարեկցութիւնը չունեցաւ Նինուէի ժողովուրդին հանդէպ, որոնք՝ հոգեւոր առումով՝ ‘աջ ու ձախ ձեռքին տարբերութիւնը չէին գիտեր’։ Մենք ալ կրնանք տենչալ այս ամբարիշտ աշխարհին կործանումին եւ ասիկա շատ տեղին է։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։8) Սակայն, մինչ կը սպասենք, պատասխանատուութիւնը ունինք պարկեշտ սիրտ ունեցողներուն օգնելու, որոնք՝ հոգեւոր առումով՝ «աջ ու ձախ ձեռքին տարբերութիւնը չեն գիտեր»։ (Մատթէոս 9։36. Հռովմայեցիս 10։13-15) Մնացած կարճ ժամանակը պիտի գործածէ՞ք կարելի եղածին չափ շատ անհատներու օգնելու, որ Եհովայի թանկագին գիտութիւնը ձեռք ձգեն։ Ո՞ր գործը կրնայ ձեզի տալ այն ուրախութիւնը, որ յառաջ կու գայ մէկու մը օգնելէն որ կեանք ստանայ։
Շարունակեցէք «Զգաստութեամբ» Ապրիլ
20, 21. (ա) Ի՞նչ են կարգ մը կերպերը, որով կրնանք գալիք օրերուն «զգաստութիւն» ցուցաբերել։ (բ) «Զգաստութեամբ» ապրելէն ի՞նչ օրհնութիւններ յառաջ կու գան։
20 Մինչ Սատանայի դրութիւնը կը շարունակէ թաւագլոր ընթանալ դէպի կործանում, վստահաբար նոր դժուարութիւններու դիմաց պիտի գտնուինք։ Բ. Տիմոթէոս 3։13 կը նախագուշակէ. «Չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան»։ Սակայն «ձեր անձովը [մի՛] յոգնիք ու թուլնաք»։ (Եբրայեցիս 12։3) Եհովայի ապաւինեցէք զօրութեան համար։ (Փիլիպպեցիս 4։13) Սորվեցէք դիւրաթեք ըլլալ, երթալով աւելի գէշ դարձող վիճակներուն յարմարելով, փոխանակ անցեալով ապրելու։ (Ժողովողի 7։10) Գործնական իմաստութիւն ի գործ դրէք, ‘հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային’ հայթայթած առաջնորդութեան հետ քայլ պահելով։—Մատթէոս 24։45-47
21 Չենք գիտեր թէ ո՛րքան ժամանակ մնացած է։ Սակայն, վստահութեամբ կրնանք ըսել թէ «ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է»։ Մինչ այդ վախճանին կը սպասենք, իրարու հետ մեր ունեցած գործառնութեանց, մեր ընտանիքներուն հոգատարութեան եւ մեր աշխարհային պատասխանատուութիւններուն մէջ «զգաստ» ըլլանք։ Այսպէս ընելով, կը յուսանք որ ի վերջոյ ‘անբիծ ու անարատ գտնուինք խաղաղութիւնով’։—Բ. Պետրոս 3։14
[Ստորանիշներ]
a Օրինակի համար, Միացեալ Նահանգներու մէջ շատեր առողջապահական ապահովագրութիւն մը կը կրեն, թէեւ ասիկա սուղ կրնայ ըլլալ։ Վկայ ընտանիքներէն ոմանք նկատած են, որ որոշ բժիշկներ պատրաստ են արիւն չպարունակող փոխընտրութիւններ նկատի առնել, երբ ընտանիքներ բժշկական ապահովագրութիւն ունին։ Բժիշկներէն շատեր ապահովագրական սահմանափակ ծրագիրներու կամ կառավարական առողջապահական ապահովագրութիւններու վճարած գումարը կ’ընդունին։
b Տան մէջ ուսում տալը անձնական որոշում մըն է։ Տես՝ «Տան Մէջ Ուսում Տալը՝ Ձեզի՞ Համար Է» յօդուածը, Զարթի՛ր 8 Ապրիլ 1993 թիւին մէջ։
Վերաքաղի Կէտեր
◻ Ի՞նչպէս կրնանք «զգաստութիւն» ցուցաբերել մեր անձնական յարաբերութեանց մէջ։
◻ Մեր ընտանեկան պատասխանատուութիւններուն հոգալու մէջ, ի՞նչպէս կրնանք հաւասարակշռութիւն ցուցաբերել։
◻ Ծնողներ իրենց զաւակներուն աշխարհային ուսումով ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրուին։
◻ Բարուքէն եւ Յովնանէն ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ։
[Նկար՝ էջ 24]
Երբ ամուսին ու կին իրարու հանդէպ գէշ վերաբերմունք ունենան, Եհովայի հետ իրենց յարաբերութիւնը կը տկարացնեն