Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ո՛վ ենթահովիւներ, մեծագոյն Հովիւները ընդօրինակեցէք
    Դիտարան 2013 | Նոյեմբեր 15
    • 4. Այս յօդուածը ի՞նչ նկատի պիտի առնէ։

      4 Ուրեմն, ենթահովիւները ոչխարներուն հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուին։ Ժողովքի անդամներուն յորդոր կը տրուի. «Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք»։ Միւս կողմէ, երէցներուն ուղղութիւն կը տրուի որ ‘վիճակներուն վրայ չտիրեն’ (Եբ. 13։17. կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։2, 3)։ Ուստի, երէցները ինչպէ՞ս կրնան առաջնորդութիւնը առնել առանց հօտին վրայ տիրելու։ Ուրիշ խօսքով, երէցները ինչպէ՞ս կրնան ոչխարներուն կարիքները հոգալ առանց իրենց աստուածատուր հեղինակութեան սահմաններէն անդին երթալու։

  • Ո՛վ ենթահովիւներ, մեծագոյն Հովիւները ընդօրինակեցէք
    Դիտարան 2013 | Նոյեմբեր 15
    • 9. Առաքեալները ի՞նչ կեցուածք պէտք է ճշդէին։

      9 Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալները խորհեցան, թէ հովիւ ըլլալ կը նշանակէ՝ ուրիշներուն վրայ տիրել։ Անոնք ջանացին Թագաւորութեան մէջ երեւելի դիրք ունենալ։ Բայց Յիսուս անոնց կեցուածքը ճշդեց, ըսելով. «Գիտէք թէ ազգերուն իշխանները կը տիրեն անոնց եւ մեծամեծները կ’իշխեն անոնց. բայց ձեր մէջ այնպէս պէտք չէ ըլլայ, հապա ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր սպասաւորը ըլլայ» (Մատ. 20։25, 26)։ Հարկ էր որ առաքեալները դէմ դնէին իրենց հակումին, որ ուրիշներուն վրայ «տիրեն» կամ անոնց հրամաններ տան։

      10. ա) Յիսուս կ’ուզէ որ երէցները ինչպէ՞ս վարուին հօտին հետ։ բ) Պօղոս առաքեալ ի՞նչ լաւ օրինակ հանդիսացաւ։

      10 Յիսուս կ’ակնկալէ որ երէցները հօտին հետ վարուին այնպէս՝ ինչպէս ինք վարուեցաւ։ Անոնք պէտք է պատրաստ ըլլան իրենց հաւատակիցներուն ծառայելու. եւ ոչ թէ անոնց վրայ տիրեն։ Պօղոս առաքեալ այդ խոնարհ կեցուածքը ունէր։ Ան Եփեսոսի երէցներուն ըսաւ. «Դուք գիտէք թէ՝ առաջին օրէն ի վեր երբ ես Ասիա եկայ, ի՛նչպէս ձեզի հետ վարուեցայ բոլոր ժամանակը։ Ամենայն խոնարհութեամբ Տէրոջը ծառայելով»։ Ան կը փափաքէր, որ երէցները անկեղծութեամբ եւ խոնարհութեամբ ուրիշներուն օգնեն։ Ան ըսաւ. «Ամէն բան ձեզի ցուցուցի, թէ այսպէ՛ս պէտք է աշխատիլ ու տկարներուն օգնութիւն ընել» (Գործք 20։18, 19, 35)։ Իսկ կորնթացիներուն ան ըսաւ որ իրենց հաւատքին վրայ չէր տիրապետեր, հապա խոնարհ գործակից էր եւ իրենց ուրախութեան կը նպաստէր (Բ. Կոր. 1։23)։ Պօղոս այժմու երէցներուն համար խոնարհութեան ու ջանասիրութեան լաւ օրինակ է։

  • Ո՛վ ենթահովիւներ, մեծագոյն Հովիւները ընդօրինակեցէք
    Դիտարան 2013 | Նոյեմբեր 15
    • «ՀՕՏԻՆ ՕՐԻՆԱԿ ԸԼԼԱԼ»

      [Նկար՝ էջ 29]

      Երէցը իր ընտանիքին կ’օգնէ ծառայութեան պատրաստուելու (Տե՛ս պարբերութիւն 13)

      13, 14. Ո՞ր մարզերուն մէջ երէցը պէտք է հօտին օրինակ հանդիսանայ։

      13 Ժողովքի երէցները յորդորելէ ետք որ ‘վիճակներուն վրայ չտիրեն’, Պետրոս առաքեալ զանոնք խրատեց, որ ‘հօտին օրինակ ըլլան’ (Ա. Պետ. 5։3)։ Երէց մը ինչպէ՞ս կրնայ հօտին օրինակ ըլլալ։ Նկատի առ երկու որակումներ, որոնք տղամարդ մը պէտք է ունենայ, եթէ վերակացուի պարտականութեան կը ձգտի։ Ան պէտք է «խոհեմ» ըլլայ եւ «իր տանը աղէկ վերակացութիւն ընէ»։ Երէցը իր ընտանիքին վրայ պէտք է օրինակելի կերպով վերահսկէ, քանի որ եթէ «իր տանը վերակացութիւն ընել չգիտնայ, ի՞նչպէս Աստուծոյ եկեղեցիին հոգաբարձու պիտի ըլլայ» (Ա. Տիմ. 3։1, 2, 4, 5)։ Երէց ըլլալու համար, տղամարդ մը խոհեմ պէտք է ըլլայ, այն առումով որ աստուածային սկզբունքները պէտք է յստակ կերպով հասկնայ եւ գիտնայ ինչպէ՛ս զանոնք իր անձնական կեանքին մէջ կիրարկել։ Ան տրամաբանող ու ողջամիտ է եւ որոշում կայացնելէ առաջ խորապէս կը մտածէ։ Երէցներուն մէջ այս յատկութիւնները տեսնելով՝ ժողովքի անդամները անոնց կը վստահին։

      14 Դաշտի ծառայութեան մէջ առաջնորդութիւն առնելը ուրիշ մարզ մըն է, ուր երէցները իրենց հաւատակիցներուն լաւ օրինակ կը հանդիսանան։ Այս ուղղութեամբ, Յիսուս երէցներուն ընտիր օրինակ թողուց։ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելը Յիսուսի երկրային գործունէութեան կարեւոր մէկ երեսակն էր։ Ան իր աշակերտներուն ցոյց տուաւ ինչպէ՛ս քարոզել (Մար. 1։38. Ղուկ. 8։1)։ Մեր օրերուն, հրատարակիչներուն համար որքա՜ն քաջալերական է երէցներուն հետ ուս–ուսի վկայել, անոնց նախանձախնդրութիւնը տեսնել եւ աշակերտելու մեթոտէն սորվիլ։ Երբ երէցները կանոնաւորաբար ժամանակ եւ կորով կը տրամադրեն բարի լուրը քարոզելու, հակառակ անոր որ խճողուած յայտագիր ունին, ամբողջ ժողովքը կը քաջալերուի որ համանման նախանձախնդրութիւն ցուցաբերէ։ Երէցները նաեւ լաւ օրինակ կը հանդիսանան իրենց եղբայրներուն, ժողովներուն համար նախապատրաստուելով ու մեկնաբանութիւններ ներկայացնելով, եւ մասնակցելով ա՛յլ գործունէութիւններու, ինչպէս՝ Թագաւորութեան սրահը մաքրել եւ նորոգել (Եփ. 5։15, 16. կարդա՛ Եբրայեցիս 13։7)։

      [Նկարներ՝ էջ 30]

      Երէցները դաշտի ծառայութեան մէջ ընտիր օրինակ կը հանդիսանան (Տե՛ս պարբերութիւն 14)

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել