-
Ձեր ամէն մտահոգութիւնը Եհովայի վրայ ձգեցէքԴիտարան 1995 | Մարտ 1
-
-
8, 9. Ա. Պետրոս 5։6–11–էն ի՞նչ կազդուրում կրնանք քաղել։
8 Պետրոս աւելցուց. «Ուրեմն Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք, որպէսզի ձեզ ժամանակին բարձրացնէ։ Ձեր ամէն հոգը [մտահոգութիւնը (ՆԱ)] անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասնզի անիկա ձեզի համար կը հոգայ։ Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասնզի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ։ Անոր դէմ կեցէ՛ք հաւատքով հաստատուած, գիտնալով որ ձեր եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն։ Եւ բոլոր շնորհներու Աստուածը, որ մեզ իր յաւիտենական փառքին կանչեց Քրիստոս Յիսուսին միջոցով, քիչ մը ատեն նեղութիւն կրելէ ետքը, ինք ձեզ թող կատարեալ ընէ՛ [ձեր մարզումը ամբողջացնէ (ՆԱ)], հաստատէ՛, զօրացնէ՛ ու հիմնէ՛։ Իրեն փառք եւ զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն»։—Ա. Պետրոս 5։6–11
-
-
Ձեր ամէն մտահոգութիւնը Եհովայի վրայ ձգեցէքԴիտարան 1995 | Մարտ 1
-
-
10. Ա. Պետրոս 5։6, 7–ն ո՞ր երեք յատկութիւններուն կ’ակնարկէ, որոնք կրնան օգնել որ մտահոգութիւնը թեթեւնայ։
10 Առաջին Պետրոս 5։6, 7–ն կ’ակնարկէ երեք յատկութիւններու որոնք կրնան մեզի օգնել, որ մտահոգութեան հետ գլուխ ելլենք։ Անոնցմէ մէկն է խոնարհութիւնը։ 6–րդ համարին մէջ կը գործածուի «ժամանակին» արտայայտութիւնը, համբերութեան կարիքը թելադրելով։ 7–րդ համարը ցոյց կու տայ որ մենք կրնանք մեր ամէն մտահոգութիւնը վստահութեամբ Աստուծոյ վրայ ձգել, ‘քանի որ ան մեզի համար կը հոգայ’, իսկ այս խօսքերը կը քաջալերեն մեզ որ Եհովայի ամբողջովին ապաւինինք։ Արդ, տեսնենք թէ խոնարհութիւնը, համբերութիւնը եւ Աստուծոյ ամբողջովին ապաւինիլը ի՛նչպէս կրնան օգնել որ մեր մտահոգութիւնը թեթեւնայ։
Խոնարհութիւնը Ի՛նչպէս կ’Օգնէ Մեզի
11. Խոնարհութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել մեզի որ մտահոգութեան հետ գլուխ ելլենք։
11 Եթէ խոնարհ ենք, պիտի ընդունինք որ Աստուծոյ խորհուրդները մեր խորհուրդներէն շա՜տ աւելի գերիվեր են։ (Եսայեայ 55։8, 9) Խոնարհութիւնը մեզի կ’օգնէ գիտակցելու որ մեր մտային կարողութիւնը սահմանափակ է, բաղդատած՝ Եհովայի ամենապարփակ հեռանկարին հետ։ Ան կը տեսնէ բաներ զորս մենք չենք նկատեր, ինչպէս ցոյց տրուած է արդար Յոբին պարագայով։ (Յոբ 1։7–12. 2։1–6) «Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ» մեր անձը խոնարհեցնելով, Գերագոյն Գերիշխանին առնչութեամբ մեր նուաստ դիրքին կը գիտակցինք։ Այս կեցուածքը, իր կարգին, կ’օգնէ մեզի որ գլուխ ելլենք այն պարագաներուն հետ զորս ան թոյլ կու տայ։ Մեր սրտերը թերեւս անմիջական ամոքումի կը տենչան, բայց քանի որ Եհովայի յատկութիւնները կատարելապէս կը հաւասարակշռուին, ան ճշդօրէն գիտէ ե՛րբ եւ ի՛նչպէս գործել մեզի ի նպաստ։ Ուստի, երախաներու նման, Եհովայի հզօր ձեռքը բռնենք, վստահ ըլլալով որ ան պիտի օգնէ մեզի որ մեր մտահոգութիւններուն հետ գլուխ ելլենք։—Եսայեայ 41։8–13
12. Նիւթական ապահովութեան շուրջ մտահոգութեան հետ ինչպէ՞ս կրնանք գլուխ ելլել, երբ Եբրայեցիս 13։5–ի խրատը խոնարհութեամբ կիրարկենք։
12 Խոնարհութիւնը կը պարփակէ Աստուծոյ Խօսքէն եկող խրատները կիրարկելու յօժարութիւնը, որոնք յաճախ կրնան մտահոգութիւնը նուազեցնել։ Օրինակի համար, եթէ մտահոգուած ենք, քանի որ նիւթական հետապնդումներով շատ զբաղուած ենք, լաւ պիտի ըլլար Պօղոսի հետեւեալ խրատին վրայ խորհիլ. «Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ. վասնզի [Աստուած] ըսաւ թէ՝ ‘Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ ’»։ (Եբրայեցիս 13։5) Այս խրատը խոնարհութեամբ կիրարկելով, շատեր նիւթական ապահովութեան շուրջ մեծ մտահոգութենէ ձերբազատուած են։ Թէեւ անոնց նիւթական վիճակը չէ բարելաւուած, սակայն անիկա անոնց խորհուրդներուն չի տիրեր, ի վնաս անոնց հոգեւորականութեան։
Համբերութեան Դերը
13, 14. (ա) Համբերութեամբ տոկալու մէջ, Յոբ ի՞նչպիսի օրինակ հանդիսացաւ։ (բ) Եհովայի գործելուն սպասելով, ի՞նչ կ’ընենք մեզի ի նպաստ։
13 Ա. Պետրոս 5։6–ին մէջ գործածուած «ժամանակին» արտայայտութիւնը կը թելադրէ համբերութեամբ տոկալու կարիքը։ Երբեմն խնդիր մը երկար ժամանակ կը տեւէ եւ ասիկա կրնայ մեր մտահոգութիւնը աւելցնել։ Մասնաւորաբար այս պարագաներուն, հարցերը Եհովայի ձեռքերուն մէջ դնելու կարիքը ունինք։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Ահա համբերողներուն երանի՜ կու տանք։ Յոբին համբերութիւնը լսեցիք դուք եւ վերջը՝ Տէրոջը անոր ըրածը տեսաք, որ Տէրը բազմագութ ու ողորմած է»։ (Յակոբու 5։11) Յոբ տնտեսական փլուզում ունեցաւ, տասը զաւակներ կորսնցուց, զզուելի հիւանդութենէ մը տառապեցաւ եւ կեղծ մխիթարիչներու կողմէ անճշդօրէն դատապարտուեցաւ։ Այսպիսի պարագաներու ներքեւ առնուազն որոշ մտահոգութիւն մը հասկնալի պիտի ըլլար։
14 Ամէն պարագայի ներքեւ, Յոբ համբերութեամբ տոկալու մէջ օրինակելի էր։ Եթէ մենք հաւատքի դառն փորձի մը կ’ենթարկուինք, կրնայ ըլլալ որ մենք ալ, Յոբին նման, ամոքումի կը սպասենք։ Բայց Աստուած գործեց անոր ի նպաստ, վերջապէս Յոբը իր տառապանքներէն ազատագրելով եւ զայն առատօրէն վարձատրելով։ (Յոբ 42։10–17) Եհովայի գործելուն սպասելով, մենք մեր համբերութիւնը աւելի տոկուն կը դարձնենք եւ իրեն հանդէպ մեր նուիրումին խորութիւնը ցոյց կու տանք։—Յակոբու 1։2–5
-