Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ծառայէ Եհովային՝ ազատութեան Աստուծոյն
    Դիտարան (ուսումնասիրական) 2018 | Ապրիլ
    • Երիտասարդ մը շատ կը սորվի, բարձր ուսում կ’առնէ, գործ մը կ’աշխատի, իր գործը կը կորսնցնէ եւ չափէ դուրս խմիչք կը խմէ

      Որոշումներ առնելու ազատութիւնդ կը գործածես Եհովային ծառայելո՞ւ համար, թէ ոչ՝ միայն քու ուզածդ ընելու համար (տե՛ս պարբերութիւն 8-10)

      8, 9. ա) Պետրոս առաքեալ ի՞նչ զգուշացում տուաւ մեր ազատութիւնը գործածելուն նկատմամբ։ բ) Մէկը ինչպէ՞ս իր ազատութիւնը սխալ կերպով կրնայ գործածել։

      8 Չի բաւեր որ ըսենք թէ կը գնահատենք մեր թանկագին ազատութիւնը. նաեւ պէտք է ուշադիր ըլլանք որ մեր ազատութիւնը սխալ կերպով չգործածենք։ Օրինակ, Պետրոս առաքեալ զգուշացում տուաւ, որ մեր ազատութիւնը չօգտագործենք որպէս սխալ բաներ ընելու ծածկոց (կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։16)։ Այս զգուշացումը մեզի կը յիշեցնէ ինչ որ իսրայէլացիներուն պատահեցաւ անապատին մէջ։ Այսօր մենք ալ այս զգուշացումին պէտք ունինք, եւ թերեւս ա՛լ աւելի պէտք ունինք։ Սատանան եւ իր աշխարհը շատ գրաւիչ բաներ մեզի կը հրամցնեն՝ հագուելիքի, ուտելիքի, խմելիքի, ժամանցի եւ ուրիշ բաներու վերաբերեալ։ Ծանուցումներու մէջ գրաւիչ անհատներ կը գործածուին, որպէսզի ձգեն որ կարծենք թէ պէտք է գնենք բաներ, որոնց իրականութեան մէջ պէտք չունինք։ Աշխարհը շատ դիւրութեամբ կրնայ այս խորամանկ թեքնիքներով խաբել մեզ, որ մեր ազատութիւնը սխալ կերպով գործածենք։

  • Ծառայէ Եհովային՝ ազատութեան Աստուծոյն
    Դիտարան (ուսումնասիրական) 2018 | Ապրիլ
    • 11. Եհովան ի՞նչ նպատակով մեզ ազատած է։

      11 Երբ Պետրոս զգուշացում տուաւ որ մեր ազատութիւնը սխալ կերպով չգործածենք, նաեւ ըսաւ թէ մեր ազատութիւնը ճիշդ կերպով գործածած կ’ըլլանք՝ երբ «Աստուծոյ ծառաներու պէս» գործածենք զայն։ Ուրեմն, Եհովան Յիսուսին միջոցաւ մեզ ազատած է մեղքին ու մահուան ստրկութենէն, որպէսզի մեր ամբողջ կեանքը գործածենք իրեն ծառայելու համար։

      12. Նոյ եւ իր ընտանիքը մեզի ի՞նչ օրինակ ձգեցին։

      12 Մեր ազատութիւնը լաւագոյն կերպով կը գործածենք, երբ մեր ժամանակն ու կորովը գործածենք Եհովային լիովին ծառայելու։ Ասիկա պիտի օգնէ որ նորէն գերի չդառնանք աշխարհային նպատակակէտերուն եւ մեր ցանկութիւններուն (Գաղ. 5։16)։ Նկատի առ Նոյը եւ իր ընտանիքը։ Անոնք ապրեցան վայրագ ու անբարոյ աշխարհի մը մէջ, բայց իրենց շուրջիններուն ցանկութիւններով եւ ըրածներով չտարուեցան։ Փոխարէն, որոշեցին զբաղած մնալ Եհովային տուած գործին մէջ։ Անոնք տապանը շինեցին, ուտելիք հաւաքեցին իրենց եւ անասուններուն համար եւ ուրիշները զգուշացուցին Ջրհեղեղէն։ «Նոյ ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս» (Ծն. 6։22)։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Նոյ եւ իր ընտանիքը այդ աշխարհի վերջէն վերապրեցան (Եբ. 11։7)։

      13. Եհովան ի՞նչ պատուիրած է որ ընենք։

      13 Ներկայիս, Եհովան ի՞նչ կ’ուզէ որ ընենք։ Որպէս Յիսուսին աշակերտները, գիտենք որ Աստուած մեզի պատուիրած է որ քարոզենք (կարդա՛ Ղուկաս 4։18, 19)։ Ներկայիս, Սատանան մարդոց մեծամասնութիւնը կուրցուցած է, եւ անոնք չեն անդրադառնար որ գերի են սուտ կրօնքին, նիւթական բաներու եւ քաղաքական դրութեան (Բ. Կոր. 4։4)։ Յիսուսին պէս, առանձնաշնորհում ունինք ուրիշներուն օգնելու, որ ճանչնան եւ պաշտեն Եհովան՝ ազատութեան Աստուածը (Մատ. 28։19, 20)։ Քարոզելը դիւրին չէ։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, մարդիկ երթալէն աւելի անտարբեր եւ թշնամական կը դառնան։ Ամէն մէկս այս հարցումին մասին պէտք է մտածենք. ‘Կրնա՞մ ազատութիւնս գործածել, որպէսզի ա՛լ աւելի ծառայեմ Եհովային’։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել