-
Աշխարհի վախճանին վերաբերեալ չորս հարցումներու պատասխանելԴիտարան 2010 | Սեպտեմբեր 1
-
-
Պատմութենէն սորվէ։ Աստուած «առաջուան աշխարհին ալ չխնայեց. միայն թէ Նոյը, ութերորդ անձը, արդարութեան քարոզիչը՝ պահեց, երբ ջրհեղեղը ամբարիշտներուն աշխարհին վրայ բերաւ», գրեց Պետրոս (Բ. Պետրոս 2։5)։ Ծաղր ընողներուն նկատմամբ՝ Պետրոս ըսաւ. «Անոնք որոնց ուզածը այս է, այն բանը մոռցեր են, թէ երկինք առաջուընէ կար ու երկիր ջուրերէն եւ ջուրերով հաստատ կեցեր է Աստուծոյ խօսքովը. որով հին ապականուած աշխարհը ջրհեղեղով կորսուեցաւ։ Հիմա երկինք ու երկիրb պահուած են նոյն խօսքով կրակի համար, մինչեւ դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը» (Բ. Պետրոս 3։5-7)։
-
-
Աշխարհի վախճանին վերաբերեալ չորս հարցումներու պատասխանելԴիտարան 2010 | Սեպտեմբեր 1
-
-
b Հոս Պետրոս երկրին մասին այլաբանօրէն կը խօսի։ Աստուածաշունչի մէկ գրողը՝ Մովսէս, նմանապէս այլաբանական առումով երկրին ակնարկեց։ Ան գրեց. «Բոլոր երկրին լեզուն ու խօսուածքը մէկ էր» (Ծննդոց 11։1)։ Ինչպէս որ բառացի երկիրը ‘մէկ լեզու’ չի խօսիր, նոյնպէս բառացի երկիրը չէ որ պիտի կործանի։ Փոխարէն, ինչպէս որ Պետրոս կը նշէ, ամբարիշտ մարդիկն են՝ որոնք կործանումի պիտի ենթարկուին։
-