Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Եհովայի օրը ի՛նչ պիտի յայտնէ
    Դիտարան 2010 | Յուլիս 1
    • 2 Պետրոս առաքեալ գրեց. «Տէրոջը օրը գողի պէս պիտի գայ, այն ատեն երկինք սաստիկ շառաչիւնով պիտի անցնի ու տարերքները բռնկած պիտի լուծուին. երկիրն ալ ու ինչ որ անոր մէջ կը գտնուի, պիտի այրուին [«բացայայտուին», ՆԱ]» (Բ. Պետ. 3։10)։ Հոս նշուած «երկինք»ն ու «երկիր»ը ի՞նչ են։ Ի՞նչ են լուծուելիք «տարերքներ»ը։ Ի՞նչ ըսել ուզեց Պետրոս, երբ ըսաւ. «Երկիրն ալ ու ինչ որ անոր մէջ կը գտնուի, պիտի բացայայտուին»։ Այս հարցումներուն պատասխանները գիտնալը մեզի պիտի օգնէ, որ պատրաստ ըլլանք մօտ ապագային տեղի ունենալիք վախազդու դէպքերուն համար։

      Երկինքն ու երկիրը՝ որոնք պիտի անցնին

      3. Բ. Պետրոս 3։10–ի մէջ նշուած «երկինք»ը ի՞նչ է, եւ անիկա ինչպէ՞ս պիտի անցնի։

      3 Երբ Աստուածաշունչին մէջ «երկինք» բառը խորհրդանշականօրէն կը գործածուի, անիկա յաճախ կ’ակնարկէ իշխանութիւններուն, որոնք իրենց հպատակներէն բարձր են (Եսա. 14։13, 14. Յայտ. 21։1, 2)։ ‘Երկինքը որ պիտի անցնի’՝ կը ներկայացնէ մարդկային իշխանութիւնը անբարեպաշտ ընկերութեան վրայ։ Անոր անցնիլը «սաստիկ շառաչիւնով»,– կամ «հզօր աղաղակով», ըստ ուրիշ թարգմանութեան մը,– կրնայ ակնարկել արագ բնաջնջման։

      4. Ի՞նչ է «երկիր»ը եւ ինչպէ՞ս պիտի կործանի։

      4 «Երկիր»ը կը ներկայացնէ Աստուծմէ օտարացած մարդկային աշխարհը։ Այսպիսի աշխարհ մը Նոյի օրերուն գոյութիւն ունէր եւ աստուածային հրամանով Ջրհեղեղը անոր վերջ դրաւ։ «Հիմա երկինք ու երկիր պահուած են նոյն խօսքով կրակի համար, մինչեւ դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը» (Բ. Պետ. 3։7)։ Ջրհեղեղը բոլոր անբարեպաշտները միաժամանակ կործանեց, բայց մօտալուտ կործանումը հանգրուաններով տեղի պիտի ունենայ «մեծ նեղութեան» ընթացքին (Յայտ. 7։14)։ Այդ նեղութեան առաջին հանգրուանին, Աստուած այս աշխարհի կառավարիչները պիտի դրդէ, որ «Մեծ Բաբելոն»ը կործանեն, կրօնական պոռնիկին հանդէպ իր արհամարհանքը ցոյց տալով (Յայտ. 17։5, 16. 18։8)։ Անկէ ետք, Արմագեդոնի պատերազմին՝ մեծ նեղութեան վերջին հանգրուանին, Եհովա ինք պիտի բնաջնջէ Սատանայի մնացեալ աշխարհը (Յայտ. 16։14, 16. 19։19-21)։

      «Տարերքները. . . պիտի լուծուին»

      5. Խորհրդանշական տարերքները ի՞նչ կը պարփակեն։

      5 Ի՞նչ են «տարերքներ»ը, որոնք «պիտի լուծուին»։ Աստուածաշունչի բառարան մը «տարերքներ»ը կը սահմանէ որպէս «առաջին սկզբունքներ» կամ «հիմունք»։ Բառարանը կ’ըսէ թէ այս բառը «կը գործածուէր այբուբենի տառերուն համար, որպէս խօսքի նախագիտելիք»։ Ուստի Պետրոսի նշած «տարերքներ»ը կ’ակնարկեն այն հիմնական բաներուն, որոնք աշխարհին կու տան իր անբարեպաշտ յատկանիշները, կեցուածքները, ուղիներն ու նպատակակէտերը։ «Տարերքներ»ը կը պարփակեն «աշխարհի հոգին», որ «ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ» (Ա. Կոր. 2։12. կարդալ՝ Եփեսացիս 2։1-3)։ Այդ հոգին, կամ «օդ»ը, Սատանայի աշխարհէն ներս կը թափանցէ։ Անիկա մարդիկը կը մղէ խորհելու, ծրագրելու, խօսելու եւ գործելու այնպիսի կերպերով, որոնք կ’արտացոլացնեն «այս օդին իշխանութեանը իշխանին»՝ Սատանայի միտքը, որ հպարտ ու յանդուգն է։

      6. Աշխարհի հոգին ինչպէ՞ս կը դրսեւորուի։

      6 Հետեւաբար, աշխարհի հոգիով վարակուած անհատները, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար՝ թոյլ կու տան Սատանային, որ իրենց մտքին ու սրտին ազդէ, այնպէս որ իր մտածելակերպն ու կեցուածքը կ’արտացոլացնեն։ Որպէս արդիւնք, անոնք իրենց ուզածը կ’ընեն առանց Աստուծոյ կամքը նկատի առնելու։ Անոնք հպարտութեամբ կամ անձնասիրութեամբ պարագաներուն կը հակազդեն, հեղինակութեան հանդէպ ըմբոստ կեցուածք կը ցուցաբերեն, եւ ‘մարմնի ցանկութեան ու աչքերու ցանկութեան’ անզուսպօրէն կը յանձնուին (կարդալ՝ Ա. Յովհաննէս 2։15-17)։a

      7. Ինչո՞ւ մեր ‘սիրտը պէտք է պահենք’։

      7 Ուստի ո՜րքան կարեւոր է, որ աստուածային իմաստութիւն ցուցաբերելով մեր ‘սիրտը պահենք’, երբ կ’ընտրենք մեր ընկերակիցները, ընթերցանութեան նիւթերը, ժամանցը եւ ցանցակայքերը (Առ. 4։23)։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս» (Կող. 2։8)։ Այդ պատուէրը ա՛լ աւելի հրատապ կ’ըլլայ, մինչ Եհովայի օրը կը մօտենայ, քանի որ անոր աննախընթաց ‘տաքութիւնը’ պիտի հալեցնէ Սատանայի դրութեան բոլոր «տարերքները», ապացուցանելով թէ անոնք չեն կրնար Աստուծոյ բարկութեան տաքութեան դիմանալ։ Ասիկա մեր միտքը կը բերէ Մաղաքիա 4։1–ը. «Ահա փուռի պէս վառուած օրը կու գայ, երբ բոլոր հպարտները եւ բոլոր ամբարշտութիւն ընողները յարդի պէս պիտի ըլլան ու եկած օրը զանոնք պիտի այրէ»։

      «Երկիրն ալ ու ինչ որ անոր մէջ կը գտնուի, պիտի բացայայտուին»

      8. Երկիրն ու անոր մէջի գործերը ինչպէ՞ս կը «բացայայտուին»։

      8 Պետրոս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ գրեց թէ «երկիրն ալ ու ինչ որ անոր մէջ կը գտնուի, պիտի բացայայտուին»։ «Բացայայտուին» բառը կրնայ նաեւ թարգմանուիլ՝ «ի յայտ բերուին» կամ «երեւան հանուին»։ Պետրոս ըսել կ’ուզէր, թէ մեծ նեղութեան ընթացքին, Եհովա Սատանայի աշխարհը պիտի քօղազերծէ որպէս Իրեն եւ Իր Թագաւորութեան ընդդիմացող բան մը, եւ հետեւաբար՝ կործանումի արժանի։ Այդ ժամանակին մասին մարգարէաբար կը նշէ Եսայի 26։21–ը. «Տէրը իր տեղէն կ’ելլէ, որպէս զի երկրի բնակիչներուն այցելութիւն ընէ իրենց անօրէնութեանը համար։ Եւ երկիր իր արիւնները պիտի յայտնէ եւ սպաննուածներն ալ պիտի չծածկէ»։

      9. ա) Ի՞նչ բան պէտք է մերժենք եւ ինչո՞ւ։ բ) Ի՞նչ բան պէտք է մշակենք եւ ինչո՞ւ։

      9 Եհովայի օրուան ընթացքին, աշխարհի ու անոր չար հոգիին կողմէ կաղապարուած անհատները, իրենց իսկական բնոյթը պիտի դրսեւորեն՝ նոյնիսկ զիրար սպաննելով։ Արդարեւ շատ հաւանական է, որ ներկայիս ժողովրդական եղող վայրագ ժամանցի բազմաթիւ տեսակները, շատերու մտքերը կը ձեւաւորեն այն ժամանակին համար, երբ իւրաքանչիւր անհատ ‘իր ձեռքը իր ընկերին ձեռքին դէմ պիտի վերցնէ’ (Զաք. 14։13)։ Ուրեմն ո՜րքան կարեւոր է, որ մերժենք որեւէ բան,– շարժապատկեր, գիրք, տեսաերիզի խաղ, եւայլն,– որ կրնայ մեր մէջ Աստուծոյ զզուելի եղող յատկանիշներ յառաջացնել, ինչպէս՝ հպարտութիւն ու բռնութեան սէր (Բ. Թագ. 22։28. Սաղ. 11։5)։ Փոխարէն, Աստուծոյ սուրբ հոգիին պտուղը մշակենք, քանի որ այսպիսի յատկութիւններ Եհովայի օրուան այլաբանական տաքութեան պիտի տոկան (Գաղ. 5։22, 23)։

  • Եհովայի օրը ի՛նչ պիտի յայտնէ
    Դիտարան 2010 | Յուլիս 1
    • Եհովայի մեծ օրուան համար պատրաստուէ՛

      12. Եհովայի օրը ինչո՞ւ աշխարհը պիտի ցնցէ։

      12 Թէ՛ Պօղոս եւ թէ Պետրոս նախագուշակեցին, թէ Եհովայի օրը «գողի պէս» պիտի գար,– գաղտագողի, անակնկալօրէն (կարդալ՝ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։1, 2)։ Նոյնիսկ ճշմարիտ քրիստոնեաները, որոնք կը շարունակեն այդ օրը ակնկալել, անոր յանկարծահաս ըլլալուն պիտի ապշին (Մատ. 24։44)։ Սակայն աշխարհին համար անիկա անակնկալէ մը աւելին պիտի ըլլայ։ Պօղոս գրեց. «Երբ [Եհովայէ օտարացած անհատները] ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի յղիին երկունքին պէս ու պիտի չազատին» (Ա. Թես. 5։3)։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել