Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 12/1 էջ 27-31
  • ‘Եհովայի օրէն’ ո՞վ պիտի վերապրի

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Եհովայի օրէն’ ո՞վ պիտի վերապրի
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածային Յատկութիւններ Կենսական Են
  • «Ինծի Հետ Ո՞վ Կայ, Ո՞վ»
  • Սրտանց Սատար Կանգնինք Ճշմարիտ Պաշտամունքին
  • Շուտով Շշմեցուցիչ Դէպքեր Պիտի Պատահին
  • Եղիսէի Նախանձախնդրութեամբ Ծառայենք
  • Եղիսէն հրեղէն կառքեր տեսաւ. դուն ալ կը տեսնե՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Հիմա ժամանակն է վճռականօրէն գործելու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 12/1 էջ 27-31

‘Եհովայի օրէն’ ո՞վ պիտի վերապրի

«Ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն»։—Բ. ՊԵՏՐՈՍ 3։11, 12

1. Որո՞նք Եղիայի հոգիով ու զօրութեամբ գործած են։

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ մարդոց մէջէն ընտրած է անհատներ, որոնք իր Որդւոյն Յիսուս Քրիստոսին հետ երկնային Թագաւորութեան մէջ ժառանգակիցներ պիտի ըլլան։ (Հռովմայեցիս 8։16, 17) Երկրի վրայ իրենց գտնուած շրջանին, օծեալ Քրիստոնեաները Եղիայի հոգիով ու զօրութեամբ գործած են։ (Ղուկաս 1։17) Նախորդ յօդուածին մէջ, նկատի առինք կարգ մը նմանութիւններ, անոնց ու Եղիա մարգարէին գործունէութեանց միջեւ։ Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել Եղիայի յաջորդին՝ Եղիսէ մարգարէին՝ գործունէութեան մասին։—Գ. Թագաւորաց 19։15, 16

2. (ա) Եղիայի վերջին, իսկ Եղիսէի առաջին հրաշքը ի՞նչ էր։ (բ) Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Եղիա երկինք չգնաց։

2 Եղիայի կատարած վերջին հրաշքը եղաւ Յորդանան Գետի ջուրերը բաժնել, իր պաշտօնական վերարկուն անոնց զարնելով։ Ասիկա թոյլ տուաւ որ Եղիա ու Եղիսէ չոր ցամաքով անցնին։ Մինչ գետեզերքին արեւելեան կողմը կը քալէին, մրրիկ մը Եղիան երկրի վրայ ուրիշ վայր մը փոխադրեց։ (Տես՝ էջ 26–ի շրջագիծը, «Եղիա Ո՞ր Երկինքը Ելաւ» խորագրով։) Եղիայի պաշտօնական վերարկուն հոն մնաց։ Երբ Եղիսէ անով Յորդանանի ջուրերուն զարկաւ, անոնք դարձեալ բաժնուեցան, թոյլ տալով որ ցամաքով վերադառնայ։ Այս հրաշքը բացայայտեց որ Եղիսէ՝ Եղիայի յաջորդը նշանակուած էր, Իսրայէլի մէջ ճշմարիտ պաշտամունքը խթանելու համար։—Դ. Թագաւորաց 2։6-15

Աստուածային Յատկութիւններ Կենսական Են

3. Պօղոս եւ Պետրոս ի՞նչ ըսին Յիսուսի ներկայութեան եւ ‘Եհովայի օրուան’ մասին։

3 Եղիայի եւ Եղիսէի օրերէն դարեր ետք, Պօղոս եւ Պետրոս առաքեալները ‘Եհովայի գալիք օրը’ առնչեցին Յիսուս Քրիստոսի ներկայութեան եւ հեռաւոր «նոր երկնքի ու նոր երկրի մը» հետ։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։1, 2. Բ. Պետրոս 3։10-13) Վերապրելու համար Եհովայի մեծ օրէն՝ երբ ան իր թշնամիները պիտի կործանէ ու իր ժողովուրդը պիտի փրկէ՝ պէտք է փնտռենք զինք եւ խոնարհութիւն ու արդարութիւն ցուցաբերենք։ (Սոփոնեայ 2։1-3) Սակայն յաւելեալ յատկութիւններ ցուցաբերելու կարիքն ալ յայտնի կ’ըլլայ, մինչ նկատի կ’առնենք Եղիսէ մարգարէին հետ առնչուող կարգ մը դէպքեր։

4. Եհովայի ծառայութեան մէջ նախանձախնդրութիւնը ի՞նչ դեր կը խաղայ։

4 Աստուծոյ ծառայութեան հանդէպ նախանձախնդիր ըլլալը կենսական է, եթէ կ’ուզենք ‘Եհովայի օրէն’ վերապրիլ։ Եղիա ու Եղիսէ Եհովայի ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր էին։ Նոյնանման նախանձախնդրութեամբ, ներկայիս օծեալ Քրիստոնեաներու մնացորդը Եհովայի սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանէ եւ բարի լուրի քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնէ։a 1930–ական թուականներուն կէսէն ի վեր, անոնք Թագաւորութեան պատգամը ընկալող եւ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունեցողները քաջալերած են, որ իրենց անձերը Եհովայի նուիրեն ու մկրտուին։ (Մարկոս 8։34. Ա. Պետրոս 3։21) Միլիոնաւորներ այս քաջալերութեան դրական կերպով ընդառաջած են։ Անոնք ատեն մը հոգեւոր խաւարի մէջ էին ու մեղքի մէջ մեռած, բայց հիմա Աստուծոյ ճշմարտութիւնը սորվելով երկրային դրախտի մը մէջ յաւիտենական կեանքի յոյսը որդեգրած են ու Եհովայի ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր են։ (Սաղմոս 37։29. Յայտնութիւն 21։3-5) Իրենց նախանձախնդրութեամբ, համագործակցութեամբ, հիւրասիրութեամբ եւ ուրիշ բարի գործերով, անոնք տակաւին երկրի վրայ եղող Քրիստոսի հոգեւոր եղբայրները մեծապէս կը թարմացնեն։—Մատթէոս 25։31-46

5. Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է Յիսուսի ‘եղբայրներուն’ բարիք ընել, իսկ Եղիսէի օրերէն ասոր նկատմամբ ի՞նչ օրինակ ունինք։

5 Անոնք որոնք Յիսուսի «եղբայրներու»ն բարիք կ’ընեն, գիտակցելով որ այս օծեալները իր հետեւորդներն են, ‘Եհովայի օրէն’ վերապրելու յոյսը ունին։ Սունամա գիւղէն ամուսնացած զոյգ մը, Եղիսէի ու իր ծառային հանդէպ ազնիւ ու հիւրասէր գտնուելուն համար մեծապէս օրհնուեցաւ։ Այս ամոլը զաւակ չունէր, իսկ ամուսինը տարեց էր։ Սակայն Եղիսէ Սունամացի կնոջ խոստացաւ որ ան զաւակ մը պիտի ունենար եւ ասիկա իրապէս տեղի ունեցաւ։ Երբ այս մէկ հատիկ որդին քանի մը տարի ետք մահացաւ, Եղիսէ Սունամա վերադարձաւ եւ զայն յարուցանեց։ (Դ. Թագաւորաց 4։8-17, 32-37) Եղիսէի հանդէպ հիւրասիրութիւն ցուցաբերելուն փոխարէն ի՜նչ սքանչելի վարձատրութիւն մը։

6, 7. Նէեման ի՞նչպիսի տիպար հանդիսացաւ, եւ ‘Եհովայի օրէն’ վերապրելու համար ասիկա որքա՞ն կարեւոր է։

6 Քրիստոսի «եղբայրներ»ուն կողմէ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած առաջնորդութիւնը ընդունելով Եհովայի օրէն վերապրելու համար, խոնարհութեան կարիքը ունինք։ Ասորիներու զօրագլուխը՝ բորոտ Նէեման, խոնարհութիւն պէտք էր ցուցաբերէր, որպէսզի Իսրայելացի գերի աղջնակի մը թելադրութեան հետեւելով Իսրայէլ երթար ու Եղիսէի միջոցաւ դարման գտնէր։ Փոխանակ իր բնակարանէն դուրս գալով Նէեմանը դիմաւորելու, Եղիսէ հետեւեալ պատգամը ղրկեց անոր. «Յորդանանի մէջ եօթը անգամ լուացուէ՛. մարմինդ քեզի պիտի դառնայ ու պիտի մաքրուիս»։ (Դ. Թագաւորաց 5։10) Նէեմանի հպարտութիւնը վիրաւորուեցաւ ու բարկացաւ, սակայն խոնարհութեամբ Յորդանան գետը երթալէն ու անոր մէջ եօթը անգամ սուզուելէն յետոյ, «անոր մարմինը պզտիկ տղու մը մարմնին պէս եղաւ ու մաքրուեցաւ»։ (Դ. Թագաւորաց 5։14) Իր տունը վերադառնալէն առաջ, Նէեման մինչեւ Սամարիա գնաց, Եհովայի մարգարէին շնորհակալութիւն յայտնելու համար։ Աստուածատուր զօրութիւններէն նիւթապէս չօգտուելու վճռակամութեամբ, Եղիսէ Նէեմանը դիմաւորեց, սակայն անկէ որեւէ ընծայ չընդունեց։ Նէեման խոնարհութեամբ ըսաւ Եղիսէի. «Քու ծառադ անգամ մըն ալ ուրիշ աստուածներու ողջակէզ կամ զոհ պիտի չընէ, բայց միայն Եհովային»։—Դ. Թագաւորաց 5։17

7 Խոնարհութեամբ օծեալներու սուրբ գրային խրատին հետեւելով, ներկայիս միլիոնաւորներ առատապէս կ’օրհնուին։ Ասկէ զատ, Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին հաւատք ընծայելով, պարկեշտ սիրտ ունեցող այս անհատները հոգեւորապէս մաքրուած են։ Ներկայիս, անոնք Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի բարեկամները ըլլալու մենաշնորհումը կը վայելեն։ (Սաղմոս 15։1, 2. Ղուկաս 16։9) Իսկ Աստուծոյ ու անոր ծառայութեան հանդէպ իրենց նուիրումին պատճառաւ, անոնք պիտի խնայուին արագօրէն մօտեցող ‘Եհովայի օրուան’ բերելիք յաւիտենական կործանումէն, որ շուտով պիտի հարուածէ հպարտ, անզեղջ մեղաւորները։—Ղուկաս 13։24. Ա. Յովհաննու 1։7

«Ինծի Հետ Ո՞վ Կայ, Ո՞վ»

8. (ա) ‘Եհովայի օրէն’ վերապրիլ ակնկալողները, աստուածային կամքը կատարելու նկատմամբ ի՞նչպիսի կեցուածք ունին։ (բ) Յէուի ի՞նչ յանձնարարութիւն տրուեցաւ։ (գ) Յեզաբէլի ի՞նչ պիտի պատահէր։

8 ‘Եհովայի օրէն’ վերապրիլ ակնկալողները պէտք է վճռեն նաեւ աստուածային կամքը կատարել։ Եղիա խիզախօրէն նախագուշակեց Աքաաբ Թագաւորին ոճրագործ, Բահաղը պաշտող ընտանիքին կործանումը։ (Գ. Թագաւորաց 21։17-26) Սակայն, այս դատաստանը ի գործ դրուելէն առաջ, Եղիայի յաջորդը Եղիսէ պէտք էր անաւարտ մնացած գործ մը ամբողջացնէր։ (Գ. Թագաւորաց 19։15-17) Երբ Եհովայի որոշած ժամանակը եկաւ, Եղիսէ իր ծառաներէն մէկուն ըսաւ որ երթայ ու բանակին զօրագլուխը՝ Յէուն՝ որպէս Իսրայէլի նոր թագաւոր օծէ։ Յէուի գլխուն վրայ իւղ թափելէն յետոյ, պատգամաբերը անոր ըսաւ. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քեզ Տէրոջը ժողովուրդին, Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցի. քու տիրոջդ Աքաաբին տունը պիտի զարնես, որպէս զի իմ ծառաներուս՝ մարգարէներուն՝ արիւնին ու Տէրոջը բոլոր ծառաներուն արիւնին վրէժը առնեմ Յեզաբէլէն։ Աքաաբին բոլոր տունը բնաջինջ պիտի ըլլայ’»։ Յեզաբէլ չար Թագուհին շուներու կեր պիտի դառնար ու պատուական թաղում պիտի չունենար։—Դ. Թագաւորաց 9։1-10

9, 10. Եղիայի խօսքը ի՞նչպէս կատարուեցաւ Յեզաբէլի պարագային։

9 Յէուի մարդիկը անոր օծման վաւերական ըլլալը ընդունեցին եւ զինք Իսրայէլի նոր թագաւոր յայտարարեցին։ Վճռականօրէն գործի անցնելով, Յէու ուղղուեցաւ դէպի Յեզրայէլ, Բահաղի պաշտամունքին հաւատուրաց պարագլուխները սպաննելու իրեն նշանակուած գործը սկսելու համար։ Առաջին անհատը որ Յէուի նետին զոհ գնաց, Աքաաբի որդին Յովրամ Թագաւորն էր։ Ան կառքով քաղաքէն դուրս ելաւ Յէուի հարցնելու համար թէ արդեօք խաղաղութեան առաքելութեա՞մբ եկած էր։ «Ի՞նչպէս խաղաղութիւն ըլլայ, քանի որ քու մօրդ Յեզաբէլին պոռնկութիւններն ու կախարդութիւնները կը շատնան», պատասխանեց Յէու։ Այս ըսելէն յետոյ, Յէուի նետը Յովրամի սիրտը ծակեց։—Դ. Թագաւորաց 9։22-24

10 Բարեպաշտ կիներ որեւէ կերպով Յեզաբէլի կամ անոր պէս անհատներու նման ըլլալէ կը խուսափին։ (Յայտնութիւն 2։18-23) Յէու մինչեւ Յեզրայէլ հասնի, Յեզաբէլ փորձեց գրաւիչ երեւիլ։ Պատուհանէն վար նայելով, ան քօղարկուած սպառնալիքով մը բարեւեց զինք։ Յէու անոր ծառաներուն հարցուց. «Ինծի հետ ո՞վ կայ, ո՞վ»։ Անմիջապէս, երկու կամ երեք ներքինիներ վար նայեցան։ Արդեօք անոնք Յէուի կողմէ՞ն էին։ «Զանիկա վա՛ր նետեցէք», ըսաւ ան։ Այս հրամանին վրայ անոնք անվարան ամբարիշտ Յեզաբէլը պատուհանէն վար նետեցին։ Անիկա կոխկռտուեցաւ, հաւանաբար ձիերուն սմբակներուն ներքեւ։ Երբ մարդիկ եկան որ զինք թաղեն, «անոր գանկէն ու ոտքերէն ու ձեռքերուն թաթերէն զատ ուրիշ բան մը չգտան»։ ‘Յեզաբէլին մարմինը շուները պիտի ուտեն’ Եղիայի խօսքերուն ի՜նչ շշմեցուցիչ կատարում մը։—Դ. Թագաւորաց 9։30-37

Սրտանց Սատար Կանգնինք Ճշմարիտ Պաշտամունքին

11. Ո՞վ էր Յովնադաբ, եւ ան ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ ճշմարիտ պաշտամունքին սատար կը կանգնէր։

11 Անոնք որոնք կ’ակնկալեն ‘Եհովայի օրէն’ վերապրիլ ու երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ, ճշմարիտ պաշտամունքին պէտք է սրտանց սատար կանգնին։ Անոնք պէտք է Յովնադաբին պէս ըլլան, որ Իսրայելացի չըլլալով Եհովան պաշտող մըն էր։ Մինչ Յէու կը շարունակէր իր յանձնարարութիւնը նախանձախնդրաբար կատարել, Յովնադաբ ուզեց իր հաւանութիւնը ցոյց տալ ու սատար կանգնիլ անոր։ Ուստի ան գնաց Իսրայէլի նոր թագաւորը դիմաւորելու, որ Սամարիա կ’ուղղուէր Աքաաբի տունէն մնացածները սպաննելու համար։ Յովնադաբը տեսնելով, Յէու հարցուց. «Ինչպէս իմ սիրտս քու սրտիդ հետ ուղիղ է, արդեօք քու սիրտդ ալ այնպէս ուղի՞ղ է»։ Յովնադաբի դրական պատասխանը մղեց Յէուն որ իր ձեռքը երկնցնելով Յովնադաբը իր պատերազմական կառքին մէջ հրաւիրէ, ըսելով. «Ինծի հետ եկո՛ւր ու Տէրոջ համար ունեցած նախանձաւորութիւնս տես»։ Առանց յապաղելու, Յովնադաբ Եհովայի օծեալ դահիճին սատար կանգնելու առանձնաշնորհումը ընդունեց։—Դ. Թագաւորաց 10։15-17

12. Եհովա բացարձակ պաշտամունք պահանջելու մէջ ինչո՞ւ արդարացի է։

12 Ճշմարիտ պաշտամունքին սրտանց սատար կանգնիլը պատշաճ է, քանի որ Եհովա է Ստեղծիչը ու Տիեզերքի Գերիշխանը, որ իրաւացիօրէն կը պահանջէ որ բացարձակ պաշտամունք մատուցանենք իրեն, որու արժանի է։ Ան Իսրայելացիներուն հրամայեց. «Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը. անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ [«բացարձակ պաշտամունք պահանջող», ՆԱ] Աստուած եմ»։ (Ելից 20։4, 5) ‘Եհովայի օրէն’ վերապրիլ ակնկալողները պէտք է միայն զինք պաշտեն՝ «հոգիով ու ճշմարտութիւնով»։ (Յովհաննու 4։23, 24) Անոնք ճշմարիտ պաշտամունքի կողքին ամուր դիրք պէտք է բռնեն, ճիշդ ինչպէս որ Եղիա, Եղիսէ եւ Յովնադաբ ըրին։

13. Ինչպէս որ Յովնադաբի սիրտը Յէուի հետ էր, որո՞նք մեսիական Թագաւորը կ’ընդունին, եւ ասիկա ի՞նչպէս ցոյց կու տան։

13 Աքաաբի տան վրայ դատաստան գործադրելէ յետոյ, Յէու Թագաւոր յաւելեալ քայլեր առաւ Բահաղի երկրպագուները բնորոշելու եւ այս սուտ կրօնքը Իսրայէլի մէջէն բնաջնջելու համար։ (Դ. Թագաւորաց 10։18-28) Ներկայիս, երկնային Թագաւոր Յիսուս Քրիստոս նշանակուած է որպէսզի Եհովայի թշնամիները կործանէ ու Անոր գերիշխանութիւնը ջատագովէ։ Ինչպէս որ Յովնադաբի սիրտը Յէուի հետ էր, Յիսուսի «ուրիշ ոչխարներ»ու «մեծ բազմութիւնը» ներկայիս ամբողջ սրտով Քրիստոսը կ’ընդունի որպէս մեսիական Թագաւոր ու երկրի վրայ անոր հոգեւոր եղբայրներուն հետ կը համագործակցի։ (Յայտնութիւն 7։9, 10. Յովհաննու 10։16) Անոնք ասիկա կ’ապացուցանեն ճշմարիտ կրօնքը գործադրելով, քրիստոնէական ծառայութեան նախանձախնդրաբար մասնակցելով, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ թշնամիները ազդարարելով վերահաս ‘Եհովայի օրուան’ մասին։—Մատթէոս 10։32, 33. Հռովմայեցիս 10։9, 10

Շուտով Շշմեցուցիչ Դէպքեր Պիտի Պատահին

14. Սուտ կրօնքին համար ի՞նչ ապագայ վերապահուած է։

14 Յէու գործի լծուեցաւ Բահաղի պաշտամունքը Իսրայէլէն վերցնելու համար։ Մեր օրերուն, Մեծագոյն Յէուի՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ միջոցաւ, Աստուած Մեծն Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը՝ պիտի կործանէ։ Շուտով պիտի տեսնենք հրեշտակի մը կողմէ Յովհաննէս առաքեալի ըսուած խօսքերուն կատարումը. «Տասը եղջիւրները, որոնք գազանին վրայ տեսար, անոնք պիտի ատեն պոռնիկը [Մեծն Բաբելոնը] ու զանիկա պիտի մերկացնեն եւ անոր մարմինը պիտի ուտեն ու զանիկա կրակով պիտի այրեն։ Վասն զի Աստուած անոնց սրտին մէջ դրաւ, որ իր կամքը կատարեն ու միակամ ըլլան եւ իրենց թագաւորութիւնը գազանին տան, մինչեւ Աստուծոյ խօսքերը կատարուին»։ (Յայտնութիւն 17։16, 17. 18։2-5) «Տասը եղջիւրները», երկրին տիրապետող, զինուած քաղաքական ուժերը կը պատկերացնեն։ Թէեւ անոնք ներկայիս հոգեւոր շնութեամբ յատկանշուած յարաբերութիւն մը ունին Մեծն Բաբելոնի հետ, սակայն անոր ժամանակը կարճ է։ Այս աշխարհի քաղաքական տարրը պիտի կործանէ սուտ կրօնքը, իսկ «գազան»ը՝ Միացեալ Ազգերը՝ «տասը եղջիւրներ»ուն հետ միասին գլխաւոր դեր մը պիտի ունենայ անոր կործանման մէջ։b Եհովան փառաբանելու ի՜նչ հոյակապ առիթ մը. . . ։—Յայտնութիւն 19։1-6

15. Ի՞նչ պիտի պատահի երբ Աստուծոյ երկրային կազմակերպութիւնը կործանելու փորձ մը կատարուի։

15 Բահաղի պաշտամունքին դէմ Յէու Թագաւորին կատարած յարձակումէն ետք, անոր արքայական ընտանիքը իր ուշադրութիւնը Իսրայէլի քաղաքական թշնամիներուն դարձուց։ Թագաւոր Յիսուս Քրիստոս ալ նոյնանման քայլ մը պիտի առնէ։ Քաղաքական ուժերը տակաւին գոյութիւն պիտի ունենան բահաղանման սուտ կրօնքի կործանումէն ետք։ Բանսարկու Սատանայի ազդեցութեան ներքեւ, Եհովայի գերիշխանութեան այս թշնամիները ամբողջական յարձակում մը պիտի գործեն, փորձելով Աստուծոյ երկրային կազմակերպութիւնը կործանել։ (Եզեկիէլ 38։14-16) Սակայն Եհովա, Թագաւոր Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ պիտի հարուածէ ու կործանէ զանոնք Արմագեդոնին՝ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին», ամբողջացնելով Եհովայի գերիշխանութեան ջատագովումը։—Յայտնութիւն 16։14, 16. 19։11-21. Եզեկիէլ 38։18-23

Եղիսէի Նախանձախնդրութեամբ Ծառայենք

16, 17. (ա) Ի՞նչպէս գիտենք որ Եղիսէ մինչեւ իր կեանքի վերջը նախանձախնդիր մնաց։ (բ) Ճշմարտութեան նետերով ի՞նչ պէտք է ընենք։

16 Մինչեւ որ ‘Եհովայի օրը’ վերջ մը դնէ Սատանայի իրերու ամբողջ ամբարիշտ դրութեան, Եհովայի ծառաները Եղիսէի նման խիզախ ու նախանձախնդիր պիտի ըլլան։ Եղիայի ծառան ըլլալէն զատ, Եղիսէ մինակը որպէս Եհովայի մարգարէն ծառայեց աւելի քան 50 տարի։ Իսկ մինչեւ իր երկարատեւ կեանքին վերջաւորութիւնը, ան նախանձախնդիր մնաց։ Իր մեռնելէն ճիշդ առաջ, Յէուի թոռնիկը՝ Յովաս Թագաւոր՝ իրեն այցելեց։ Եղիսէ անոր ըսաւ որ պատուհանէն դուրս նետ մը արձակէ։ Նետը իր նշանակէտին սուրալէն յետոյ, Եղիսէ բացագանչեց. «Տէրոջը փրկութեանը նետը ու Ասորիներուն վրայ տարուած յաղթանակի նետը. քանզի Ասորիները պիտի զարնես մինչեւ որ հատցնես»։ Եղիսէի խնդրանքին ընդառաջելով, Յովաս իր նետերով գետինը զարկաւ։ Սակայն, ան նախանձախնդրութեան պակաս ցուցաբերեց, միայն երեք անգամ հարուածելով։ Ասոր վրայ Եղիսէ անոր ըսաւ թէ միայն երեք անգամ Ասորիներուն վրայ յաղթանակ պիտի շնորհուէր իրեն եւ այսպէս ալ պատահեցաւ։ (Դ. Թագաւորաց 13։14-19, 25) Յովաս չկրցաւ Ասորիները ամբողջովին զարնել՝ ‘մինչեւ որ հատնին’։

17 Սակայն, Եղիսէի նախանձախնդրութեամբ օծեալ մնացորդը կը շարունակէ պայքարիլ սուտ կրօնքին դէմ։ Երկրային յոյս ունեցող անոնց ընկերակիցներն ալ նոյնը կ’ընեն։ ‘Եհովայի օրէն’ վերապրիլ ակնկալող բոլոր անհատներուն մտքին մէջ պէտք է մնայ գետինը հարուածելու նախանձախնդիր Եղիսէի խօսքերը։ Ուստի, ճշմարտութեան նետերը առնենք ու նախանձախնդրաբար անոնցմով հարուածենք կրկին ու կրկին, մինչեւ որ Եհովա ըսէ թէ անոնց հետ մեր գործը ամբողջացաւ։

18. Ի՞նչպէս պէտք է ընդառաջենք Բ. Պետրոս 3։11, 12–ի խօսքերուն։

18 ‘Եհովայի օրը’ շուտով վերջ պիտի դնէ ներկայ իրերու ամբարիշտ դրութեան։ Հետեւաբար, թող որ Պետրոս առաքեալի սրտապնդիչ խօսքերը մեզ խթանեն։ Պետրոս ըսաւ. «Քանի որ այս բոլոր բաները պիտի լուծուին, ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն»։ (Բ. Պետրոս 3։11, 12) Երբ այս դրութեան ամէն մասերը Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ կատարուելիք Աստուծոյ բարկութեան կրակովը լուծուին, միմիայն ուղիղ վարքի ու բարեպաշտութեան արձանագրութիւն մը ունեցողները պիտի ազատին։ Բարոյական ու հոգեւոր անարատութիւնը կենսական է։ Նաեւ՝ ընկեր արարածներու հանդէպ սէրը, որ ցոյց կը տրուի քրիստոնէական մեր ծառայութեան միջոցաւ, յատկապէս հոգեւոր գետնի վրայ անոնց կարիքներուն ընդառաջելով։

19. ‘Եհովայի օրէն’ վերապրելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

19 Ձեր խօսքերը ու գործերը կը բնորոշե՞ն ձեզ որպէս Աստուծոյ հաւատարիմ ու նախանձախնդիր ծառայ մը։ Եթէ այո, ուրեմն կրնաք ‘Եհովայի օրէն’ դէպի Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհը վերապրելու ակնկալութիւնը ունենալ։ Այո, կրնաք վերապրիլ եթէ Քրիստոսի հոգեւոր եղբայրներուն բարիք ընէք, քանի որ անոնք իր հետեւորդներն են, ինչպէս որ Սունամացի ամոլը Եղիսէի հանդէպ հիւրասէր գտնուեցաւ։ Վերապրելու համար պէտք է նաեւ Նէեմանի նման ըլլաք, որ խոնարհաբար աստուածային հրահանգները ընդունեց ու Եհովան պաշտող մը դարձաւ։ Եթէ կը տենչաք երկրային դրախտի մը մէջ յաւիտեան ապրիլ, Յովնադաբի նման ճշմարիտ պաշտամունքին սրտանց նեցուկ պէտք է կանգնիք։ Այն ատեն կրնաք Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն մէջ ըլլալ, որոնք շուտով Յիսուսի խօսքերուն կատարումը պիտի վայելեն. «Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք»։—Մատթէոս 25։34

[Ստորանիշ]

a Տես՝ «Քու Անունդ Սուրբ Ըլլայ» խորագրով գրքին 18 եւ 19–րդ գլուխները (Անգլերէն), հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

b Տես՝ Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է (Անգլերէն), էջ 254-256, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

◻ ‘Եհովայի օրէն’ վերապրելու համար, հարկ եղած կարգ մը յատկութիւնները որո՞նք են։

◻ Եղիսէի օրերուն, Սունամացի ամոլը ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

◻ Նէեմանէն ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։

◻ Ի՞նչպէս կրնանք Յովնադաբի օրինակին հետեւիլ։

◻ Բ. Պետրոս 3։11, 12–ը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել