Արթուն մնալու ժամանակ մը
«Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն։ . . . Բայց ո՛վ որ մինչեւ վերջը համբերէ՝ անիկա պիտի ապրի»։—ՄԱՐԿՈՍ 13։10, 13
1. Ինչո՞ւ պէտք է համբերենք ու քաջասիրտ ըլլանք։
ԱՆՀԱՒԱՏ եւ խոտորեալ սերունդի մը մէջ ապրելով, համբերութեան պէտք ունինք։ 1914–էն ի վեր, մարդկային սերունդ մը ապականած է, ճիշդ ինչպէս՝ Յիսուսի օրերուն։ Իսկ ներկայիս ապականութիւնը համերկրային տարողութեան հասած է։ Այս «վերջին օրեր»ուն, Պօղոս առաքեալի նկարագրած «չար ժամանակներ»ը մարդկութիւնը տառապանքի մէջ ձգած է։ ‘Չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ կը շարունակեն յառաջանալ’։ Յստակ է որ «բոլոր աշխարհ չարին [Բանսարկու Սատանային] զօրութեան ներքեւ է», որ ներկայիս իր վերջին ջանքը կը թափէ երկիրը աւերելու համար։ Բայց քաջասի՛րտ եղէք։ Մօտալուտ ‘մեծ նեղութիւն’ մը, բոլոր արդարութիւն սիրողներուն մնայուն ամոքում պիտի բերէ։—Բ. Տիմոթէոս 3։1–5, 13. Ա. Յովհաննու 5։19, ՆԱ. Յայտնութիւն 7։14
2. Մարգարէութիւնը ի՞նչպէս 1914–ին կատարուեցաւ։
2 Բարեբախտաբար, Եհովա ներկայիս երկնքի մէջ Տէր Յիսուս Քրիստոսը գահակալած է, մարդկութեան հարստահարիչ թշնամիները մէջտեղէն վերցնելու պատրաստութիւն տեսնելով։ (Յայտնութիւն 11։15) Ինչպէս Մեսիայի առաջին գալուստին, նոյնպէս այս դարուս, Դանիէլի կողմէ գրուած յատկանշական մարգարէութիւն մը կատարուած է։ Դանիէլ 4։16, 17, 32–ի մէջ մեզի կ’ըսուի որ երկրի վրայ իրաւացի թագաւորութեան ընդհատումը «եօթը ժամանակ» պիտի տեւէր։ Իրենց գլխաւոր կատարման մէջ, այս եօթը ժամանակները Սուրբ Գրային եօթը տարիներու հաւասար են, իւրաքանչիւրը 360 ‘օրեր’է բաղկացած, կամ ընդամէնը՝ 2,520 տարի։aԱյդ ժամանակները սկսան Հ.Դ.Ա. 607–ին, երբ Բաբելոն Իսրայէլի թագաւորութիւնը սկսաւ ոտնակոխ ընել, եւ տեւեց մինչեւ Հ.Դ. 1914, երբ երկնքի մէջ Յիսուս գահակալուեցաւ որպէս մարդկութեան իրաւացի Թագաւորը։ Այն ատեն «ազգերուն ժամանակները» վերջ գտան։ (Ղուկաս 21։24) Բայց ազգերը մերժած են մօտալուտ Մեսիական Թագաւորութեան հպատակիլ։—Սաղմոս 2։1–6, 10–12. 110։1, 2
3, 4. (ա) Առաջին դարուն եւ մեր ժամանակներուն տեղի ունեցած դէպքերուն միջեւ ի՞նչ բաղդատութիւն կարելի է ընել։ (բ) Ի՞նչ յարմար հարցումներ կարելի է հարցնել։
3 Երբ տարիներու 70–րդ շաբաթը (Հ.Դ. 29–36) ինչպէս նաեւ 1914 տարին մօտեցաւ, աստուածավախ մարդիկ Մեսիային գալը կ’ակնկալէին։ Իսկ ան իրապէս եկա՛ւ։ Իւրաքանչիւր պարագային, սակայն, անոր յայտնուելուն կերպը ակնկալուածէն տարբեր եղաւ։ Նաեւ, երկու պարագային ալ, բաղդատաբար կարճ ժամանակամիջոցէ մը ետք, չար «սերունդ» մը աստուածային վճիռով վերջապէս բնաջնջումի կ’ենթարկուի։—Մատթէոս 24։34, Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն։
4 Մեր նախորդ յօդուածին մէջ, տեսանք թէ Յիսուսի մահը պահանջող Հրեայ ամբարիշտ սերունդը՝ ինչպէս վերջ գտաւ։ Արդ, ի՞նչ կրնանք ըսել ներկայիս Մեսիային հակառակող կամ զինք անտեսող փճացած սերունդին մասին։ Այս անհաւատ սերունդին վրայ դատաստանը ե՞րբ պիտի գործադրուի։
«Արթո՛ւն Կեցէք»
5. (ա) Ի՞նչ լաւ պատճառով պէտք չունինք Եհովայի որոշած ‘օրն ու ժամը’ գիտնալու։ (բ) Ըստ Մարկոսի, Յիսուս իր մարգարէութիւնը ի՞նչ լուրջ խրատով եզրափակեց։
5 ‘Մեծ նեղութեան’ ժամանակին առաջնորդող դէպքերը մարգարէանալէ յետոյ, Յիսուս աւելցուց. «Իսկ այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր, ոչ ալ երկնքի հրեշտակները, հապա միայն իմ Հայրս»։ (Մատթէոս 24։3–36. Մարկոս 13։3–32) Մենք դէպքերուն ճշգրիտ ժամանակը գիտնալու պէտք չունինք։ Փոխարէն, մեր ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնացնենք արթուն կենալու, զօրաւոր հաւատք մշակելու եւ Եհովայի ծառայութեամբ զբաղած մնալու վրայ եւ ո՛չ թէ՝ թուական մը հաշուելու վրայ։ Յիսուս իր մեծ մարգարէութիւնը եզրափակեց ըսելով. «Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք եւ աղօթք ըրէք, վասնզի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է։ . . . Արթուն կեցէք։ . . . Ինչ որ կ’ըսեմ ձեզի՝ ամենուն կ’ըսեմ. ‘Արթո՛ւն կեցէք’»։ (Մարկոս 13։33–37) Ներկայ աշխարհի խաւարին մէջ վտանգը դարանակալ կը սպասէ։ Մենք պէտք է արթո՛ւն կենանք։—Հռովմայեցիս 13։11–13
6. (ա) Մեր հաւատքը ի՞նչ բանի վրայ պէտք է հաստատենք։ (բ) Ինչպէ՞ս կրնանք «մեր օրերը համրել»։ (գ) «Սերունդ» արտայայտութիւնը գործածելով, Յիսուս գլխաւորաբար ի՞նչ ըսել ուզեց։
6 Ոչ միայն ամբարիշտ դրութեան այս վերջին օրերուն մասին ներշնչուած մարգարէութիւններուն ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք, այլ նաեւ մեր հաւատքը գլխաւորաբար պէտք է հաստատենք Քրիստոս Յիսուսի թանկագին զոհին ու անոր վրայ հիմնուած Աստուծոյ սքանչելի խոստումներուն վրայ։ (Եբրայեցիս 6։17–19. 9։14. Ա. Պետրոս 1։18, 19. Բ. Պետրոս 1։16–19) Այս չար դրութեան վախճանը տեսնելու տենչը ունենալով, Եհովայի ժողովուրդը ‘մեծ նեղութեան’ պայթելուն ժամանակին նկատմամբ երբեմն ենթադրութիւններ ըրած է, նոյնիսկ զայն կապելով 1914–էն ի վեր ապրող սերունդի մը կեանքի երկարութեան հետ։ Սակայն, մենք «սրտի իմաստութիւն [կը] ստանանք», ո՛չ թէ ենթադրութիւններ ընելով թէ սերունդ մը քանի՛ տարիներէ կամ օրերէ կը բաղկանայ, այլ մտածելով թէ ինչպէ՛ս կրնանք ‘մեր օրերը համրել’, Եհովան ուրախութեամբ փառաբանելով։ (Սաղմոս 90։12) Փոխանակ ժամանակ չափելու կանոն մը հայթայթելու, Յիսուսի գործածած «սերունդ» արտայայտութիւնը գլխաւորաբար կ’ակնարկէ պատմական որոշ շրջանի մը ժամանակակից մարդոց, զիրենք բնորոշող յատկանիշներով։b
7. Պատմութեան ուսուցչապետ մը «1914–ի սերունդ»ին մասին ի՞նչ կը գրէ, եւ անոր գրածը ինչպէ՞ս Յիսուսի մարգարէութեան կը յարմարի։
7 Վերոյիշեալ գաղափարին հետ համաձայն ըլլալով, պատմութեան ուսուցչապետ Ռապըրթ Վոլ 1914–ի Սերունդը խորագրով իր գրքին մէջ գրեց. «Պատմական սերունդ մը իր ժամանակագրական սահմաններով չ’որոշուիր։ . . . Անիկա թուագրուած շրջանի մը սահմանուած չէ»։ Բայց ան մատնանշեց որ Ա. Աշխարհամարտը «անցեալէն անջատուած ըլլալու ջախջախիչ զգացում մը» ստեղծեց, ապա ան ըսաւ. «Պատերազմէն վերապրողները բնաւ չեն կրնար այն գաղափարէն ձերբազատուիլ, որ Օգոստոս 1914–ին աշխարհ մը վերջ գտաւ եւ ուրիշ աշխարհ մը սկսաւ»։ Այս խօսքը որքա՜ն շիտակ է։ Անիկա բուն հարցին վրայ կը դնէ իր մատը։ 1914–էն ի վեր մարդկութեան «այս սերունդ»ը սոսկալի փոփոխութիւններ տեսած է։ Անիկա երկիրը միլիոնաւոր անհատներու արիւնով ողողուելուն ականատես եղած է։ Պատերազմը, ցեղասպանութիւնը, ահաբեկչութիւնը, ոճիրը եւ անօրէնութիւնը համայն աշխարհի մէջ տարածուած են։ Սովը, հիւանդութիւնը եւ անբարոյութիւնը մեր երկրագունդը ցնցած են։ Յիսուս մարգարէացաւ. «Նոյնպէս դուք [իր աշակերտները] երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտ է։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս ազգը [սերունդը (ՆԱ)] պիտի չանցնի, մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան»։—Ղուկաս 21։31, 32
8. Եհովայի մարգարէները արթուն կենալու կարիքը ինչպէ՞ս կը շեշտեն։
8 Այո, Մեսիական Թագաւորութեան ամբողջական յաղթանակը մօտ է։ Ուստի, որեւէ օգուտ կը քաղե՞նք թուականներ փնտռելով կամ «սերունդ»ի մը բառացի կեանքի տեւողութիւնը ենթադրելով։ Բնա՛ւ երբեք։ Ամբակումայ 2։3–ը յստակօրէն կ’ըսէ. «Տեսիլքը որոշուած ժամանակի համար է, բայց դէպի վախճանը կ’արտորայ եւ սուտ պիտի չելլէ. եթէ ուշանայ՝ անոր սպասէ, քանզի անշուշտ պիտի գայ, ետ պիտի չմնայ»։ Եհովայի հաշուետուութեան օրը երթալով աւելի կը մօտենայ։—Երեմեայ 25։31–33. Մաղաքեայ 4։1
9. 1914–էն ի վեր ի՞նչ դէպքեր ցոյց կու տան որ ժամանակը կարճ է։
9 1914–ին երբ Քրիստոսի Թագաւորութեան իշխանութիւնը սկսաւ, Սատանան երկրի վրայ ձգուեցաւ։ Ասոր արդիւնքը եղաւ «վա՜յ երկրին . . . վասնզի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։ (Յայտնութիւն 12։12) Սատանայի իշխանութեան հազարաւոր տարիներուն հետ բաղդատած, այդ ժամանակը արդարեւ կարճ է։ Թագաւորութիւնը մօտ է, ինչպէս նաեւ՝ այս ամբարիշտ սերունդին վրայ դատաստան գործադրելու Եհովայի օրն ու ժամը։։—Առակաց 3։25. 10։24, 25
Անցնող «Սերունդ»ը
10. «Այս սերունդ»ը ի՞նչպէս Նոյի օրուան սերունդին նման է։
10 Աւելի մօտէն քննենք Մատթէոս 24։34, 35–ի Յիսուսի խօսքերը. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ այս ազգը [սերունդը (ՆԱ)] պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան։ Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։ Յիսուսի յաջորդ խօսքերը ցոյց կու տան որ «այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր»։ Ասկէ շատ աւելի կարեւորը, Յիսուս կը նշէ որ այս սերունդին մէջ մեզ շրջապատող որոգայթներէն պէտք է խուսափինք։ Ուստի ան կ’աւելցնէ. «Բայց ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Քանզի ինչպէս էին այն օրերը ջրհեղեղէն առաջ՝ կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային՝ մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապանը մտաւ, չգիտցան մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։36–39) Այս խօսքերով, Յիսուս իր օրուան սերունդը բաղդատեց Նոյի օրուան սերունդին հետ։—Ծննդոց 6։5, 9. Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան ստորանիշ։
11. Ինչպէս Մատթէոս եւ Ղուկաս տեղեկագրեցին, Յիսուս ‘սերունդներ’ու միջեւ ի՞նչ բաղդատութիւն ըրաւ։
11 Ասիկա առաջին անգամը չէր որ առաքեալները կը լսէին ‘սերունդներ’ու միջեւ Յիսուսի ըրած այս բաղդատութիւնը, որովհետեւ քանի մը օր առաջ, ան իր անձին մասին ըսած էր. «Որդին մարդոյ . . . պէտք է որ ինք առաջ չարչարանքներ կրէ ու մերժուի այս ազգէն [սերունդէն (ՆԱ)]. ինչպէս Նոյին օրերը եղաւ, այնպէս պիտի ըլլայ Որդի մարդոյ օրերն ալ»։ (Ղուկաս 17։24–26) Հետեւաբար, Մատթէոս 24–րդ գլուխը եւ Ղուկաս 17–րդ գլուխը նոյն բաղդատութիւնը կ’ընեն։ Նոյի օրերուն «երկրի վրայ ամէն մարմին [որ] իր ճամբան ապականեր էր» ու Ջրհեղեղով կործանեցաւ՝ «այս սերունդ»ն էր։ Յիսուսի օրերուն, զինք մերժող հաւատուրաց Հրեայ ժողովուրդը՝ «այս սերունդ»ն էր։—Ծննդոց 6։11, 12. 7։1
12, 13. (ա) Ներկայիս ի՞նչ է «այս սերունդ»ը որ պէտք է անցնի։ (բ) Եհովայի ժողովուրդը ներկայիս այս «կամակոր ու խոտորեալ սերունդին» հետ ինչպէ՞ս գլուխ կ’ելլէ։
12 Հետեւաբար, ներկայիս Յիսուսի մարգարէութեան վերջին կատարման մէջ, «այս սերունդ»ը երեւութապէս կ’ակնարկէ երկրի վրայ ա՛յն մարդոց, որոնք Քրիստոսի ներկայութեան նշանը կը տեսնեն, բայց չեն ուզեր իրենց ճամբաները շտկել։ Ասոր հակառակը, Յիսուսի աշակերտներ ըլլալով, մենք կը մերժենք «այս սերունդ»ին ապրելակերպով կաղապարուիլ։ Թէեւ աշխարհի մէջ ենք, բայց անոր մէկ մասը պէտք չէ ըլլանք, «վասնզի [որոշուած] ժամանակը մօտ է»։ (Յայտնութիւն 1։3, ՆԱ. Յովհաննու 17։16) Պօղոս առաքեալ մեզ կը յորդորէ. «Ամէն բան առանց տրտունջներու ու վիճաբանութիւններու ըրէք. որպէսզի ըլլաք անբիծ ու անարատ, Աստուծոյ որդիներ առանց մեղադրանքի, կամակոր ու խոտորեալ ազգին [սերունդին (ՆԱ)] մէջ, որոնց մէջ դուք լուսաւորներու պէս կը փայլիք աշխարհի մէջ»։—Փիլիպպեցիս 2։14, 15. Կողոսացիս 3։5–10. Ա. Յովհաննու 2։15–17
13 ‘Լուսաւորներու պէս փայլիլ’ը կը պարփակէ ոչ միայն Քրիստոնէական մաքուր անձնաւորութիւն մը յայտնաբերել, այլ, մանաւանդ, Յիսուսի մարգարէական յանձնարարութիւնը կատարել. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։14) Ոչ մէկ մարդ կրնայ ըսել թէ այդ վերջը ե՛րբ է, բայց գիտենք որ ամբարիշտ մարդոց «այս սերունդ»ին վերջը պիտի գայ, երբ Աստուծոյ կողմէ գոհացուցիչ նկատուած չափով վկայութիւն տրուի «մինչեւ երկրին ծայրերը»։—Գործք 1։8
‘Այն Օրը եւ Ժամը’
14. Թէ՛ Յիսուս եւ թէ Պօղոս «այն ժամերուն ու ժամանակներուն» նկատմամբ ի՞նչ յորդոր տուին, եւ մենք ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք։
14 Երբ Եհովայի նպատակադրած չափով համերկրային վկայութիւնը իրագործուի, այս աշխարհի դրութիւնը մէջտեղէն վերցնելու իր ‘օրը եւ ժամը’ հասած պիտի ըլլայ։ Մենք այդ թուականը առաջուընէ գիտնալու կարիք չունինք։ Հետեւաբար, Յիսուսի օրինակին հետեւելով, Պօղոս առաքեալ յորդորեց. «Բայց այն ժամերուն ու ժամանակներուն համար, եղբա՛յրներ, պէտք չէ բան մը գրել ձեզի. քանզի դուք աղէկ գիտէք թէ Տէրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի։ Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի յղիին երկունքին պէս ու պիտի չազատին»։ Նկատի առէք Պօղոսի շեշտած կէտը. ‘Երբ ըսելու ըլլան’։ Այո, երբ ‘խաղաղութեան ու ապահովութեան’ մասին կը խօսուի, երբ Աստուծոյ դատաստանը գրեթէ չակնկալուիր, անիկա յանկարծ ի գործ պիտի դրուի։ Պօղոսի խրատը որքա՜ն տեղին է. «Ուրեմն չքնանանք ինչպէս ուրիշները, հապա արթուն ու զգաստ ըլլանք»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։1–3, 6. նաեւ տես՝ 7–11–րդ համարները. Գործք 1։7։
15, 16. (ա) Ինչո՞ւ պէտք չէ խորհինք որ Արմագեդոնը մեր կարծածէն աւելի հեռու է։ (բ) Մօտ ապագային, Եհովայի գերիշխանութիւնը ինչպէ՞ս պիտի մեծարուի։
15 Արդեօք «այս սերունդ»ին մասին այս աւելի ճշգրիտ տեսակէտը կը նշանակէ՞ որ Արմագեդոնը մեր խորհածէն աւելի հեռու է։ Բնա՛ւ երբեք։ Թէեւ մենք որեւէ ատեն ‘օրը եւ ժամը’ չենք գիտցած, բայց Եհովա Աստուած զանիկա միշտ գիտցած է, եւ Ան չի փոխեր։ (Մաղաքեայ 3։6) Բացայայտ է որ աշխարհը երթալով աւելի կ’ընկղմի դէպի իր վերջնական կործանումը։ Արթուն կենալու կարիքը որեւէ ժամանակէ աւելի ստիպողական է։ Եհովա մեզի յայտնած է «ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ», իսկ մենք ստիպողականութեան խոր գիտակցութեամբ պէտք է ընդառաջենք։—Յայտնութիւն 1։1. 11։18. 16։14, 16
16 Մինչ ժամանակը կը մօտենայ, արթո՛ւն մնանք, քանի որ Եհովա՝ Սատանայի ամբողջ դրութեան վրայ չարիք բերելու վրայ է։ (Երեմեայ 25։29–31) Եհովա կ’ըսէ. «Շատ ազգերու առջեւ պիտի փառաւորուիմ ու սրբուիմ եւ ճանչցուիմ ու պիտի գիտնան թէ՝ ե՛ս եմ Տէրը»։ (Եզեկիէլ 38։23) Եհովայի այդ վճռական «օրը» շա՜տ մօ՛տ է։—Յովելեայ 1։15. 2։1, 2. Ամովսեայ 5։18–20. Սոփոնեայ 2։2, 3
Արդար ‘Նոր Երկինք ու Նոր Երկիր մը’
17, 18. (ա) Ըստ Յիսուսի եւ Պետրոսի, «այս սերունդ»ը ինչպէ՞ս կ’անցնի։ (բ) Վարմունքի ու բարեպաշտութեան նկատմամբ ինչո՞ւ պէտք է արթուն մնանք։
17 ‘Այս ամէն ըլլալիք բաներուն’ մասին Յիսուս ըսաւ. «Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։ (Մատթէոս 24։34, 35) Հաւանաբար Յիսուս «այս սերունդ»ին «երկինք ու երկիր»ը՝ կառավարողներն ու կառավարուողները՝ ի մտի ունէր։ Պետրոս առաքեալ նոյնանման բառեր գործածեց, ակնարկելով հիմակուան ‘երկնքին ու երկրին’, որոնք «պահուած են . . . կրակի համար, մինչեւ դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը»։ Ապա ան կը նկարագրէ որ «Տէրոջը օրը գողի պէս պիտի գայ, այն ատեն [կառավարական] երկինք . . . պիտի անցնի», մարդկային ապականած ընկերութեան՝ կամ ‘երկր’ին՝ եւ իր մեղաւոր գործերուն հետ մէկտեղ։ Ապա, առաքեալը մեզ կը յորդորէ որ ըլլանք «սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն, որուն մէջ երկինք կրակով այրուած պիտի լուծուի, տարրերը բռնկած պիտի հալին»։ Անոր ի՞նչ պիտի յաջորդէ։ Պետրոս մեր ուշադրութիւնը կը դարձնէ «նոր երկնքի ու նոր երկրի մը . . . որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։—Բ. Պետրոս 3։7, 10–13c
18 Այդ ‘նոր երկինք’ը՝ Քրիստոս Յիսուսի եւ իր ընկերակից թագաւորներու Թագաւորական իշխանութիւնը՝ օրհնութիւններ պիտի տեղացնէ մարդկային արդար ընկերութեան «նոր երկրի»ն վրայ։ Այդ ընկերութեան ապագացու մէկ անդա՞մն էք։ Եթէ այո, ձեզի համար վերապահուած հոյակապ ապագային համար ցնծալու պատճառ ունիք։—Եսայեայ 65։17–19. Յայտնութիւն 21։1–5
19. Ի՞նչ մեծ առանձնաշնորհում կրնանք վայելել ներկայիս։
19 Այո, նոյնիսկ հիմա արդար «սերունդ» մը կը հաւաքուի։ Ներկայիս, օծեալ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» աստուածային կրթութիւն կը հայթայթէ, Սաղմոս 78։1, 4–ի խօսքերուն համաձայն. «Ո՛վ իմ ժողովուրդս, մտիկ ըրէք իմ օրէնքիս։ Խոնարհեցուցէք ձեր ականջը իմ բերնիս խօսքերուն։ . . . Յաջորդ սերունդին պիտի պատմենք Տէրոջը փառաւոր գործերն ու անոր զօրութիւնը եւ անոր ըրած հրաշքները»։ (Մատթէոս 24։45–47) 14 Ապրիլ 1995–ին, աւելի քան 75,500 ժողովքներու եւ շուրջ 230 երկիրներու մէջ, համայն աշխարհի մէջ, աւելի քան 13,000,000 անհատներ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ եղան։ Դուք ալ անոնց մէջ կը գտնուէի՞ք։ Շարունակեցէք Քրիստոս Յիսուսի վրայ ձեր հաւատքը հաստատել ու ‘Եհովայի անունը կանչեցէք՝ փրկուելու համար’։—Հռովմայեցիս 10։10–13
20. Քանի որ «մնացած ժամանակը կարճցած է», մենք ինչպէ՞ս պէտք է արթուն մնանք, եւ ի՞նչ հեռանկար ի մտի ունենալով։
20 «[Մնացած (ՆԱ)] ժամանակը կարճցած է», ըսաւ Պօղոս առաքեալ։ Հետեւաբար, հիմա որեւէ ժամանակէ աւելի արթուն եւ Եհովայի գործին մէջ զբաղած պէտք է մնանք, մինչ ամբարիշտ սերունդին կողմէ պարտադրուած փորձութիւններու եւ ատելութիւններու կը տոկանք։ (Ա. Կորնթացիս 7։29. Մատթէոս 10։22. 24։13, 14) Շարունակենք արթուն կենալ, նկատելով «այս սերունդ»ին վրայ եկած բոլոր բաները, զորս Աստուածաշունչը գուշակած է։ (Ղուկաս 21։31–33) Այդ բաներէն ազատուելով եւ Որդի մարդոյ առջեւ աստուածային հաճութեամբ կայնելով, վերջապէս պիտի կարենանք յաւիտենական կեանքի մրցանակին հասնիլ։
[Ստորանիշներ]
a «Եօթը ժամանակ»ներուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ առնելու համար, տես՝ «Քու Թագաւորութիւնդ Գայ» խորագրով գիրքը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ, էջ 127–139, 186–190։
b Տես՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ խորագրով գիրքը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ, Հատոր Ա., էջ 918, Անգլերէնով։
c Նաեւ տես՝ Մեր Մօտալուտ Համաշխարհային Կառավարութիւնը—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը խորագրով գիրքը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ, էջ 152–156 եւ 180–181, Անգլերէնով։
Վերաքաղի հարցումներ.
◻ Դանիէլ 4։32–ին կատարումը նկատած ըլլալով, ներկայիս ինչպէ՞ս պէտք է ‘արթուն կենանք’։
◻ Մատթէոսի եւ Ղուկասի Աւետարանները ինչպէ՞ս կը բնորոշեն «այս սերունդ»ը։
◻ Մինչ այն ‘օրուան եւ այն ժամուն’ կը սպասենք, ի՞նչ կը նկատենք, եւ ինչպէ՞ս պէտք է ընդառաջենք։
◻ Արդար «նոր երկնքի ու նոր երկրի մը» հեռանկարը մեզ ի՞նչ ընելու պէտք է մղէ։
[Նկարներ՝ էջ 15]
Տառապող մարդկութիւնը ամոքում պիտի գտնէ, երբ այս վայրագ, ամբարիշտ սերունդը անցնի
[Նկար՝ էջ 16]
Մարդկային բոլոր ցեղերուն դիմաց փառաւոր ‘նոր երկինք ու նոր երկիր մը’ կը գտնուի