Փրկութիւնը Եհովայի կը պատկանի
«Աստուած մեզի փրկութեան Աստուած է»։—ՍԱՂՄՈՍ 68։20
1, 2. (ա) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Եհովա փրկութեան Աղբիւր է։ (բ) Ի՞նչպէս կրնաք բացատրել Առակաց 21։31–ը։
ԵՀՈՎԱ զինք սիրողներուն Փրկիչն է։ (Եսայեայ 43։11) Իսրայէլի համբաւաւոր Թագաւորը՝ Դաւիթ, իր անձնական փորձառութեամբ ասիկա գիտցաւ եւ սրտանց երգեց՝ «Փրկութիւնը Տէրոջն է»։ (Սաղմոս 3։8) Յովնան մարգարէն ջերմեռանդ աղօթքի մը մէջ նոյն բառերը գործածեց, մինչ մեծ ձուկի մը փորին մէջ կը գտնուէր։—Յովնանու 2։9
2 Դաւիթի որդին Սողոմոն ալ գիտցաւ որ Եհովա փրկութեան Աղբիւրն է, քանի որ ան ըսաւ. «Ձին պատերազմի համար կը պատրաստուի, բայց փրկութիւնը Տէրոջմէն է»։ (Առակաց 21։31) Վաղեմի Միջին Արեւելքին մէջ, եզներ արօր կը քաշէին, էշեր բեռներ կը տանէին, մարդիկ ջորիներ կը հեծնէին եւ ձին պատերազմի համար կը գործածուէր։ Իսրայելացիները Խոստացեալ Երկիրը մտնելէ առաջ, սակայն, Աստուած պատուիրեց որ իրենց ապագացու թագաւորը ‘իրեն համար ձիեր չշատցնէ’։ (Բ. Օրինաց 17։16) Պատերազմի ձիերու կարիքը պիտի չըլլար, քանի որ Եհովա ի՛նք պիտի փրկէր իր ժողովուրդը։
3. Ո՞ր հարցումները նկատողութեան արժանի են։
3 Գերիշխան Տէր Եհովա «փրկութեան Աստուած է»։ (Սաղմոս 68։20) Ի՜նչ քաջալերական գաղափար մը։ Բայց Եհովա «փրկութեան» ի՞նչ արարքներ ըրած եւ որո՞նց փրկած է։
Եհովա Ուղիղը կը Փրկէ
4. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Եհովա բարեպաշտ անհատները կը փրկէ։
4 Բոլոր անոնք որոնք որպէս Աստուծոյ նուիրուած ծառաներ ուղիղ ընթացքի մը կը հետեւին, Պետրոս առաքեալի խօսքերով կրնան մխիթարուիլ. «Տէրը գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել եւ անիրաւները տանջանքի համար դատաստանի օրուան պահել»։ Այս կէտը շեշտելով, Պետրոս ըսաւ որ Աստուած «առաջուան աշխարհին ալ չխնայեց. միայն թէ Նոյը, ութերորդ անձը, արդարութեան քարոզիչը՝ պահեց, երբ ջրհեղեղը ամբարիշտներուն աշխարհին վրայ բերաւ»։—Բ. Պետրոս 2։5, 9
5. Նոյ ի՞նչ պայմաններու ներքեւ ծառայեց որպէս «արդարութեան քարոզիչ»։
5 Պահ մը դուք ձեզ դրէք Նոյի օրուան կացութեան մէջ։ Նիւթականացած դեւերը երկրի վրայ են։ Այս անհնազանդ հրեշտակներուն սերունդը մարդոց հետ անգթութեամբ կը վարուի եւ ‘երկիրը անիրաւութեամբ լեցուած է’։ (Ծննդոց 6։1-12) Սակայն, Նոյ չի խորհիր Եհովայի ծառայութիւնը անտեսել. ընդհակառակը, ան «արդարութեան քարոզիչ» մըն է։ Ինք եւ իր ընտանիքը տապան մը կը շինեն, բնաւ չկասկածելով որ ամբարշտութիւնը իր օրերուն վերջ պիտի գտնէ։ Նոյի հաւատքը կը դատապարտէ այդ ատենուան աշխարհը։ (Եբրայեցիս 11։7) Ներկայ վիճակները կը նմանին Նոյի օրերուն, նշելով որ ասոնք ներկայ ամբարիշտ իրերու դրութեան վերջին օրերն են։ (Մատթէոս 24։37-39. Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Դուք ալ Նոյի նման որպէս արդարութեան քարոզիչ ձեր հաւատարմութիւնը պիտի փաստէ՞ք, Աստուծոյ ժողովուրդին հետ ծառայելով մինչ Եհովայի փրկութեան կը սպասէք։
6. Բ. Պետրոս 2։7, 8–ը ի՞նչպէս կը փաստէ թէ Եհովա ուղիղը կը փրկէ։
6 Պետրոս յաւելեալ ապացոյցներ կու տայ թէ Եհովա ուղիղը կը փրկէ։ Առաքեալը կ’ըսէ. «[Աստուած] ազատեց արդար Ղովտը, որ անօրէններուն անառակ վարքէն ձանձրացեր էր. (Վասն զի այն արդարը անոնց մէջ կենալով՝ աչքովը տեսնելով ու ականջովը լսելով, օրէ օր իր արդար հոգին կը տանջուէր անոնց անօրէն վարքովը)»։ (Բ. Պետրոս 2։7, 8. Ծննդոց 19։1-29) Այս վերջին օրերուն, անբարոյութիւնը միլիոնաւոր մարդոց ապրելակերպը դարձած է։ Ղովտի նման, դուք ալ այսօր շատերուն ‘անօրէն վարքը տեսնելով կը տանջուի՞ք’։ Եթէ այո, եւ եթէ արդարութիւն կը գործադրէք, դուք ալ կրնաք Եհովայի կողմէ փրկուողներուն մէջ գտնուիլ, երբ իրերու այս դրութեան վերջ դրուի։
Եհովա Իր Ժողովուրդը կը Փրկէ Հարստահարիչներէ
7. Եգիպտոսի մէջ Իսրայելացիներուն հետ Եհովայի վերաբերմունքը ի՞նչպէս կը փաստէ որ ինք իր ժողովուրդը կը փրկէ հարստահարութենէ։
7 Այնքան ատեն որ իրերու այս հին դրութիւնը կը գոյատեւէ, Եհովայի Վկաները հալածանքի եւ թշնամիներու կողմէ ճնշումի պիտի ենթարկուին։ Բայց կրնան վստահ ըլլալ որ Եհովա պիտի ազատագրէ զիրենք, քանի որ անցեալին ան իր հարստահարուած ժողովուրդը փրկեց։ Ենթադրենք որ դուք Մովսէսի օրերուն Եգիպտացիներուն կողմէ հարստահարուած Իսրայելացիներուն մէջ կը գտնուէիք։ (Ելից 1։1-14. 6։8) Աստուած Եգիպտոսը յաջորդական պատուհասներով կը հարուածէ։ (Ելից 8։5–10։29) Երբ տասներորդ պատուհասը Եգիպտացի անդրանիկներուն կեանքը կը պահանջէ, Փարաւոն կ’արտօնէ որ Իսրայէլ մեկնի, բայց ետքը իր զինուորական ուժերը կը հաւաքէ եւ անոնց ետեւէն կ’իյնայ։ Սակայն շուտով ինք եւ իր մարդիկը Կարմիր Ծովուն մէջ կը կործանին։ (Ելից 14։23-28) Դուք ալ կը ձայնակցիք Մովսէսի եւ ամբողջ Իսրայէլի երգած այս երգին. «Տէրը հզօր պատերազմող է. անոր անունը ԵՀՈՎԱ է։ Փարաւոնին կառքերն ու անոր զօրքերը ծովը նետեց եւ անոր ընտիր ոստիկանները Կարմիր ծովուն մէջ ընկղմեցան։ Անդունդները ծածկեցին զանոնք. քարի պէս խորունկը իջան»։ (Ելից 15։3-5) Այս վերջին օրերուն, նոյնանման աղէտ մը կը սպասէ Աստուծոյ ժողովուրդին բոլոր հակառակորդներուն։
8, 9. Դատաւորաց գրքէն օրինակ մը տուէք, ցոյց տալու համար որ Եհովա կ’ազատէ իր ժողովուրդը հարստահարիչներէն։
8 Իսրայելացիները Խոստացեալ Երկիրը մտնելէն ետք, երկար տարիներ դատաւորներ անոնց մէջ արդարութիւն գործադրեցին։ Երբեմն ժողովուրդը տառապեցաւ օտար հարստահարիչներու կողմէ, բայց Աստուած հաւատարիմ դատաւորներ գործածելով զանոնք փրկեց։ Թերեւս մենք ալ նոյն կերպով «նեղութիւն տուողներուն ու չարչարողներուն» պատճառաւ ‘կը հեծենք’, բայց Եհովա մեզ պիտի փրկէ, որպէս իր հաւատարիմ ծառան։ (Դատաւորաց 2։16-18. 3։9, 15) Արդարեւ, Աստուածաշունչի Դատաւորաց գիրքը մեզ կը հաւաստիացնէ որ Աստուած իր նշանակած Դատաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ միջոցաւ մեզ պիտի փրկէ հիմա եւ աւելի մեծ փրկութիւն ալ պիտի տայ ապագային։
9 Հիմա Բարակ Դատաւորի օրերուն վրայ յետադարձ ակնարկ մը նետենք։ Սուտ պաշտամունքի եւ աստուածային տհաճութեան պատճառով, Իսրայելացիները 20 տարի Քանանացի Յաբին Թագաւորին բիրտ իշխանութեան ներքեւ մնացին։ Սիսարան՝ Քանանացի զինուորական մեծ բանակի մը հրամանատարն է։ Սակայն, ‘Իսրայէլի քառասուն հազար զօրքին մէջ վահան կամ նիզակ չերեւցաւ’, թէեւ ազգին համրանքը չորս միլիոնի կը հասնէր։ (Դատաւորաց 5։6-8) Իսրայելացիները զղջումով Եհովայի աղաղակեցին։ Դեբօրա մարգարէուհիին միջոցաւ Աստուած ուղղութիւն տալով, Բարակ 10,000 տղամարդ հաւաքեց Թաբօր լերան վրայ, եւ Եհովա բարձր Թաբօրի ստորոտի ձորին մէջ հաւաքեց թշնամին։ Սիսարայի լեգէոնները եւ 900 ռազմական կառքերը թնթացուցին հարթավայրը եւ Կիսոն հեղեղատը։ Բայց տեղատարափ մը Կիսոնի ջուրերը յորդեցուց։ Մինչ Բարակ եւ իր մարդիկը Թաբօր լեռնէն վար կ’իջնէին փոթորիկի ծածկոցին տակ, անոնք Եհովայի թափուած բարկութեան բերած քանդումին ականատես եղան։ Բարակի մարդիկը սարսափած ու փախուստ տուող Քանանացիները զարկին եւ որեւէ մէկը չազատեցաւ։ Ասիկա մեզ հարստահարողներուն համար շատ լա՛ւ ազդարարութիւն մըն է, որոնք կը յանդգնին Աստուծոյ դէմ կռուիլ։—Դատաւորաց 4։3-16. 5։19-22
10. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուած իր արդի ծառաները պիտի փրկէ իրենց բոլոր հարստահարիչներէն։
10 Եհովա իր արդի ծառաները պիտի փրկէ իրենց բոլոր հարստահարիչ թշնամիներէն, ճիշդ ինչպէս որ ազատեց աստուածավախ Իսրայէլը վտանգաւոր ժամանակներուն։ (Եսայեայ 43։3. Երեմեայ 14։8) Աստուած Դաւիթը ազատագրեց «իր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն»։ (Բ. Թագաւորաց 22։1-3) Ուստի, երբ որպէս Եհովայի ծառաներ հարստահարութիւն կրենք կամ հալածուինք, շարունակենք քաջ ըլլալ, քանի որ իր Մեսիական Թագաւորը մեզ պիտի ազատէ մեր հարստահարիչներէն։ Այո, «տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ։ Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը»։ (Սաղմոս 72։13, 14) Այդ փրկութիւնը արդարե՛ւ մօտ է։
Աստուած կը Փրկէ Իրեն Վստահողները
11. Եհովայի ապաւինելու ի՞նչ օրինակ թողուց Դաւիթ։
11 Եհովայի փրկութիւնը տեսնելու համար, քաջութեամբ իրեն պէտք է վստահինք։ Դաւիթ քաջութեամբ Աստուծոյ ապաւինեցաւ, երբ հսկայ Գողիաթը դիմաւորելու գնաց։ Երեւակայեցէք բարձրահասակ Փղշտացին պատանի Դաւիթի դիմաց կայնած, որ իրեն կ’ըսէ. «Դուն ինծի սրով, նիզակով ու գեղարդով կու գաս, բայց ես զօրութեան Տէրոջը, քու նախատած Իսրայէլին զօրքերուն Աստուծոյն անունովը քեզի կու գամ։ Այսօր Տէրը քեզ իմ ձեռքս պիտի մատնէ ու ես քեզ պիտի մեռցնեմ ու վրայէդ գլուխդ պիտի առնեմ եւ Փղշտացիներուն բանակին դիակները այսօր երկնքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն պիտի տամ. որպէս զի բոլոր երկիր գիտնայ թէ Իսրայէլի մէջ Աստուած կայ։ Եւ այս բոլոր ժողովուրդը գիտնան թէ Տէրը սրով ու նիզակով չազատեր. քանզի պատերազմը Տէրոջն է»։ Գողիաթ շուտով կը մեռնի եւ Փղշտացիները շփոթութեան կը մատնուին։ Բացայայտ կերպով, Եհովա կը փրկէ իր ժողովուրդը։—Ա. Թագաւորաց 17։45-54
12. Ինչո՞ւ Դաւիթի Եղիազար զօրավարը մտաբերելը կրնայ օգտակար ըլլալ։
12 Երբ հալածիչներ դիմագրաւենք, կարիքը կ’ունենանք ‘արիանալու’ եւ ամբողջովին Եհովայի ապաւինելու։ (Եսայեայ 46։8-13, Արարատ. Առակաց 3։5, 6) Ափեսդոմմինի մէջ եղած դէպքը նկատի առէք։ Փղշտացւոց զօրքին դիմաց Իսրայէլ նահանջած էր։ Բայց վախը անշարժութեան չէր մատնած Դաւիթի կարկառուն զօրավարներէն մէկը՝ Եղիազարը։ Ան գարիի դաշտի մը մէջ դիրք կը բռնէ եւ առանձին՝ Փղշտացիները սուրով կը հարուածէ։ Ուստի, ‘Եհովա մեծ փրկութիւն կ’ընէ Իսրայէլի’։ (Ա. Մնացորդաց 11։12-14. Բ. Թագաւորաց 23։9, 10) Ոեւէ մէկէս չ’ակնկալուիր որ առանձին բանակի մը դէմ կռուինք։ Սակայն, կրնայ ըլլալ որ երբեմն առանձին ըլլանք եւ թշնամիներու կողմէ ճնշումի ենթարկուինք։ Արդեօք ջերմեռանդօրէն Եհովայի պիտի ապաւինի՞նք, որպէս փրկութեան Աստուած։ Իր օգնութիւնը պիտի հայցե՞նք, որպէսզի մեր հաւատակիցները հալածիչներու ձեռքը չմատնենք։
Եհովա կը Փրկէ Ուղղամիտ Անհատները
13. Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան մէջ Աստուծոյ հանդէպ ուղղամտութիւն պահելը ինչո՞ւ դժուար էր։
13 Եհովայի կողմէ փրկութեան արժանանալու համար, ամէն գնով մեր ուղղամտութիւնը պէտք է պահենք։ Աստուծոյ վաղեմի ժողովուրդը շատ մը փորձութիւններ ունեցաւ։ Պահ մը խորհեցէք թէ ի՛նչ բաներու կրնայիք ենթարկուիլ, եթէ Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան մէջ ապրած ըլլայիք։ Ռոբովամի բրտութիւնը պատճառ եղած էր որ տասը ցեղերը իրմէ բաժնուին եւ Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութիւնը կազմեն։ (Բ. Մնացորդաց 10։16, 17. 11։13, 14) Անոր բազմաթիւ թագաւորներէ լաւագոյնը Յէուն էր, բայց նոյնիսկ ան «Տէր Աստուծոյն օրէնքին մէջ բոլոր սրտով քալելու զգուշութիւն չըրաւ»։ (Դ. Թագաւորաց 10։30, 31) Այսուհանդերձ, տասը–ցեղեան թագաւորութիւնը ուղղամիտ անհատներ ունեցաւ։ (Գ. Թագաւորաց 19։18) Անոնք հաւատք ունեցան Աստուծոյ վրայ եւ ան ապացուցանեց որ իրենց հետ էր։ Ձեր հաւատքին պատճառաւ ձեր դիմագրաւած փորձութիւններուն մէջ Եհովայի հանդէպ ձեր ուղղամտութիւնը կը պահէ՞ք։
14. Եզեկիա Թագաւորին օրերուն Եհովա ի՞նչ փրկութիւն տուաւ, եւ ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ Բաբելոնացիները Յուդան պարտութեան մատնեն։
14 Աստուծոյ Օրէնքին անտեսումը Իսրայէլի թագաւորութիւնը չարիքներու առաջնորդեց։ Երբ Հ.Դ.Ա. 740–ին Ասորեստան նուաճեց զինք, տասը ցեղէն անհատներ անկասկած փախան Յուդայի երկու–ցեղեան թագաւորութիւնը, ուր կրնային Եհովան պաշտել իր տաճարին մէջ։ Դաւիթի շառաւիղէն եղող 19 թագաւորներէն չորսը՝ Ասա, Յովսափատ, Եզեկիա եւ Յովսիա՝ Աստուծոյ հանդէպ ուշագրաւ նուիրում մը ցոյց տուին։ Ուղղամիտ Եզեկիայի օրերուն, Ասորեստանցիները հզօր բանակով մը Յուդայի դէմ եկան։ Եզեկիայի պաղատանքին ընդառաջելով, Աստուած միայն մէկ հրեշտակ գործածեց, մէկ գիշերուան մէջ 185,000 Ասորեստանցիներ սպաննելու համար. ան այս կերպով իր երկրպագուները փրկեց։ (Եսայեայ 37։36-38) Հետագային, ժողովուրդը Օրէնքը չպահելուն եւ Աստուծոյ մարգարէներուն ազդարարութիւնները անտեսելուն պատճառաւ, Բաբելոնացիները Յուդան պարտութեան մատնեցին եւ անոր մայրաքաղաքը՝ Երուսաղէմն ու անոր տաճարը կործանեցին, Հ.Դ.Ա. 607–ին։
15. Բաբելոնի Հրեայ աքսորեալները ինչո՞ւ համբերութեան կարիքը ունէին, եւ Եհովա վերջապէս ի՞նչպէս ազատագրեց զանոնք։
15 Բաբելոնական գերութեան 70 տարիներու ընթացքին, Հրեայ աքսորեալները համբերութեան կարիքը ունէին Աստուծոյ հանդէպ իրենց ուղղամտութիւնը պահելու համար։ (Սաղմոս 137։1-6) Ուղղամիտ ուշագրաւ անհատներէն մէկն էր Դանիէլ մարգարէն։ (Դանիէլ 1։1-7. 9։1-3) Երեւակայեցէք անոր ուրախութիւնը, երբ Պարսիկ Կիւրոս Թագաւորի հրովարտակը գործադրուեցաւ Հ.Դ.Ա. 537–ին, արտօնելով որ Հրեաները վերադառնան Յուդա՝ տաճարը վերաշինելու համար։ (Եզրասայ 1։1-4) Դանիէլ եւ ուրիշներ տարիներ համբերած էին, բայց վերջապէս տեսան Բաբելոնի տապալումը եւ Եհովայի ժողովուրդին ազատագրումը։ Ասիկա մեզի պէտք է օգնէ որ մենք ալ համբերութիւն ունենանք, մինչ կը սպասենք «մեծ Բաբելոն»ի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ կործանումը։—Յայտնութիւն 18։1-5
Եհովա Միշտ կը Փրկէ Իր Ժողովուրդը
16. Աստուած ի՞նչ փրկութիւն բերաւ Եսթեր Թագուհիին օրերուն։
16 Եհովա միշտ կը փրկէ իր ժողովուրդը, երբ անոնք իր անուան հաւատարիմ ըլլան։ (Ա. Թագաւորաց 12։22. Եսայեայ 43։10-12) Յետադարձ ակնարկ մը նետեցէք Հ.Դ.Ա. հինգերորդ դարուն ապրած Եսթեր Թագուհիին օրերուն վրայ։ Ասուերոս Թագաւորը (Քսերքսէս Ա.) Համանը վարչապետ նշանակած է։ Իրեն առջեւ չխոնարհող Հրեայ Մուրթքէի դէմ զայրացած, Համան կը դաւէ կործանել զինք եւ Պարսկական Կայսրութեան մէջ գտնուող բոլոր Հրեաները։ Ան Հրեաները կը ներկայացնէ որպէս օրինազանց անհատներ, տնտեսական գետնի վրայ պատճառանք մըն ալ աւելցնելով, արտօնութիւն կը ստանայ թագաւորին մատանիով կնքելու անոնց բնաջնջումը հրամայող հրովարտակ մը։ Եսթեր քաջութեամբ որպէս Հրեայ իր ինքնութիւնը կը յայտնէ թագաւորին եւ Համանի մարդասպանական դաւադրութիւնը երեւան կը հանէ։ Անմիջապէս Համան կը կախուի ա՛յն ցիցին վրայ, զոր Մուրթքէն սպաննելու համար պատրաստած էր։ Մուրթքէ վարչապետ կը նշանակուի եւ հեղինակութիւն կը տրուի իրեն որպէսզի Հրեաները իրենք զիրենք պաշտպանեն։ Անոնք իրենց թշնամիներուն վրայ մեծ յաղթանակ կը տանին։ (Եսթերայ 3։1–9։19) Այս դէպքը պէտք է զօրացնէ մեր հաւատքը թէ Եհովա իր արդի հնազանդ ծառաներուն ի նպաստ փրկարար արարքներ պիտի կատարէ։
17. Հնազանդութիւնը ի՞նչ դեր խաղցաւ Հրէաստանի մէջ բնակող առաջին դարու Հրեայ Քրիստոնեաներուն փրկութեան մէջ։
17 Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն հնազանդիլը ուրիշ պատճառ մըն է, որու համար Ան կը փրկէ իր ժողովուրդը։ Դուք ձեզ Յիսուսի առաջին դարու աշակերտներուն տեղը դրէք։ Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է։ Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին»։ (Ղուկաս 21։20-22) Տարիները կը սահին եւ դուք հարց կու տաք թէ այս խօսքերը ե՛րբ պիտի կատարուին։ Ահաւասիկ կու գայ հրէական ապստամբութիւնը՝ Հ.Դ. 66–ին։ Սեսդիոս Գաղիոսի հրամանատարութեան ներքեւ եղող հռովմէական բանակները Երուսաղէմը կը պաշարեն եւ մինչեւ տաճարի պարիսպները կը յառաջանան։ Յանկարծ, առանց երեւութական պատճառի մը, Հռովմէացիները կը նահանջեն։ Հրէաստանի Քրիստոնեաները ի՞նչ պիտի ընէին։ Եւսեբիոս իր Եկեղեցական Պատմութիւն գրքին (Հատոր Գ., գլուխ Ե., 3) մէջ կ’ըսէ թէ անոնք Երուսաղէմէն եւ Հրէաստանէն փախան։ Անոնք խնայուեցան, քանի որ Յիսուսի մարգարէական ազդարարութեան հնազանդեցան։ Դուք ալ, Յիսուսի բոլոր «գերդաստանին» վրայ դրուած ‘հաւատարիմ տնտեսին’ կողմէ տրուած ցուցմունքներուն կը հետեւի՞ք։—Ղուկաս 12։42-44
Փրկութիւն՝ Յաւիտենական Կեանքի Համար
18, 19. (ա) Յիսուսի մահը ի՞նչ փրկութեան պատճառ եղաւ, եւ որո՛նց։ (բ) Պօղոս առաքեալ ի՞նչ ընել վճռած էր։
18 Յիսուսի տուած ազդարարութեան անսալը Հրէաստանի Հրեայ Քրիստոնեաներուն կեանքերը փրկեց։ Բայց Յիսուսի մահը, յաւիտենական կեանքի փրկութիւնը «բոլոր մարդոց» մատչելի կը դարձնէ։ (Ա. Տիմոթէոս 4։10) Մարդկութեան համար փրկանքի կարիքը մէջտեղ եկաւ, երբ Ադամ մեղանչեց, իրեն համար կեանքը կորսնցնելով եւ մարդկութիւնը մեղքի ու մահուան գերութեան ծախելով։ (Հռովմայեցիս 5։12-19) Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ մատուցուած ան ասնական զոհերը մեղքերը միմիայն ժամանակաւորապէս կը ծածկէին։ (Եբրայեցիս 10։1-4) Քանի որ Յիսուս մարդկային հայր մը չունէր եւ Աստուծոյ սուրբ հոգին Մարիամի վրայ ‘հովանաւորութիւն’ ըրաւ, իր յղացումէն մինչեւ Յիսուսի ծնունդը, անոր համար ան զերծ եղաւ մեղքի կամ անկատարութեան ժառանգութենէն։ (Ղուկաս 1։35. Յովհաննու 1։29. Ա. Պետրոս 1։18, 19) Երբ Յիսուս մեռաւ որպէս կատարեալ ուղղամիտ անհատ մը, ան իր կատարեալ կեանքը մատուցանեց մարդկութիւնը վերագնելու եւ ազատագրելու համար։ (Եբրայեցիս 2։14, 15) Հետեւաբար, Քրիստոս «իր անձը ամենուն տեղ [«ինքզինք համապատասխան», ՆԱ] փրկանք տուաւ»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։5, 6) Ամէն մարդ փրկութեան այս կարգադրութենէն պիտի չօգտուի, բայց Աստուած անոր օգուտները կը կիրարկէ անոնց, որոնք հաւատք կ’ընծայեն անոր։
19 Երկնքի մէջ իր փրկանքի զոհին արժէքը Աստուծոյ ներկայացնելով, Քրիստոս վերագնեց Ադամի սերունդը։ (Եբրայեցիս 9։24) Այս կերպով Յիսուս հարս մը ունեցաւ, որ իր 144,000 օծեալ հետեւորդներէն բաղկացած է, որոնք երկնային կեանքի պիտի յարուցանուին։ (Եփեսացիս 5։25-27. Յայտնութիւն 14։3, 4. 21։9) Ան նաեւ «Յաւիտենական Հայր» կ’ըլլայ, անոնց, որոնք իր զոհագործութիւնը կ’ընդունին եւ երկրի վրայ յաւիտենական կեանք կը ստանան։ (Եսայեայ 9։6, 7, ՆԱ. Ա. Յովհաննու 2։1, 2) Ի՜նչ սիրալիր կարգադրութիւն մը։ Անոր հանդէպ Պօղոսի գնահատութիւնը կը տեսնուի Կորնթոսի Քրիստոնեաներուն գրած իր ներշնչեալ երկրորդ նամակէն, ինչպէս յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ։ Արդարեւ, Պօղոս վճռած էր թոյլ չտալ որ որեւէ բան, յաւիտենական կեանքի փրկութեան համար Եհովայի այս հոյակապ կարգադրութիւնը մարդոց մատչելի դարձնելու մէջ անոնց օգտակար ըլլալուն արգելք հանդիսանար։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
◻ Սուրբ գրային ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Աստուած կը փրկէ ուղիղ անհատները։
◻ Ի՞նչպէս գիտենք որ Եհովա կը փրկէ իրեն ապաւինողները եւ իրենց ուղղամտութիւնը պահողները։
◻ Աստուած ի՞նչ կարգադրութիւն ըրած է յաւիտենական կեանքի փրկութեան համար։
[Նկար՝ էջ 12]
Դաւիթ Եհովայի՝ ‘փրկութեան Աստուծոյն’՝ ապաւինեցաւ։ Ձեր պարագան ալ նո՞յնն է