Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 6/1 էջ 14-15
  • Ո՞վ է հակաքրիստոսը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ո՞վ է հակաքրիստոսը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՀԱԿԱՔՐԻՍՏՈՍԸ ԿԸ ՔՕՂԱԶԵՐԾՈՒԻ
  • «ՍՈՒՏ ՄԱՐԳԱՐԷՆԵՐ» ԵՒ «ԱՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԴԸ»
  • ՀԱԿԱՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԶԳՈՒՇԱՑԻՐ
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 6/1 էջ 14-15

Ո՞վ է հակաքրիստոսը

Վերջերս լոյս տեսած վախազդու ֆիլմի մը խորագիրն էր՝ Հակաքրիստոս (Antichrist)։

Ժողովրդական երաժշտական խումբ մը իր ալպոմներէն մէկը անուանեց՝ Գերաստղ հակաքրիստոս (Antichrist Superstar)։

Ֆրիտրիխ Նիցչէ՝ 19–րդ դարու փիլիսոփայ, իր գիրքերէն մէկը անուանեց՝ Հակաքրիստոսը (The Antichrist)։

Միջին դարերուն, թագաւորներ ու կայսրեր յաճախ իրենց հակառակորդները կը կոչէին՝ հակաքրիստոսներ։

Մարթին Լուտեր՝ Գերմանիոյ մէջ բարեկարգութեան առաջնորդը, հռոմէական կաթողիկէ պապերը կոչեց՝ հակաքրիստոսներ։

ՔԱՆԻ որ «հակաքրիստոս» բառը երկար ժամանակէ ի վեր որպէս պիտակ գործածուեցաւ թէ՛ մարդոց եւ թէ ֆիլմերու համար, բնական է որ հարց տանք. ո՞վ է հակաքրիստոսը։ Անոր ինքնութիւնը ինչո՞ւ մեզ պէտք է հետաքրքրէ։ Բնական է որ մեր պրպտումը սկսինք Աստուածաշունչէն, ուր այս բառը հինգ անգամ կ’երեւնայ։

ՀԱԿԱՔՐԻՍՏՈՍԸ ԿԸ ՔՕՂԱԶԵՐԾՈՒԻ

Յովհաննէս առաքեալ միակ Աստուածաշունչի գրողն էր որ «հակաքրիստոս» կամ «նեռ» բառը գործածեց։ Ան հակաքրիստոսը ինչպէ՞ս նկարագրեց։ Նկատէ թէ ան իր առաջին նամակին մէջ ի՛նչ ըսաւ. «Ո՛րդեակներ, վերջին ժամանակն է ու ինչպէս լսեցիք՝ Նեռը պիտի գայ եւ արդէն շատ նեռեր եկած են, ատկէ կ’իմանանք թէ վերջին ժամանակն է։ Մեզմէ ելան ոմանք՝ բայց մեզմէ չէին. . . Ո՞վ է ստախօս, եթէ ոչ ան, որ կ’ուրանայ թէ Յիսուս՝ Քրիստոսն է. անիկա է Նեռը որ կ’ուրանայ Հայրն ու Որդին» (Ա. Յովհաննէս 2։18, 19, 22)։

Յովհաննէս առաքեալ հասկցած էր թէ հակաքրիստոսները բոլոր անոնք են, որոնք դիտմամբ կրօնական սուտեր կը տարածեն Յիսուս Քրիստոսի եւ անոր ուսուցումներուն մասին

Այդ խօսքերէն ի՞նչ կը սորվինք։ Յովհաննէս նշեց «շատ նեռեր», այսինքն՝ շատ հակաքրիստոսներ, ցոյց տալով թէ հակաքրիստոսը մէկ անհատ չէ, այլ խումբ մը մարդիկ։ Այս մարդիկը կամ կազմակերպութիւնները սուտեր կը տարածեն, կը ժխտեն թէ Յիսուսը Քրիստոսն է եւ կը փորձեն Հօր եւ Որդիին միջեւ փոխյարաբերութիւնը խեղաթիւրել։ Անոնք կը դաւանին թէ իրենք Քրիստոսն են կամ անոր ներկայացուցիչները, բայց քանի որ անոնք «մեզմէ ելան», Աստուածաշունչի ճշմարիտ ուսուցումներէն շեղեցան։ Ասկէ զատ, անոնք գոյութիւն ունէին երբ Յովհաննէս իր նամակը գրեց՝ «վերջին ժամանակ»ին,– ենթադրաբար առաքեալներուն կեանքին վերջաւորութեան։

Յովհաննէս հակաքրիստոսին մասին ուրիշ ի՞նչ գրեց։ Սուտ մարգարէներու մասին խօսելով, ան զգուշացուց. «Ամէն ով որ Յիսուս Քրիստոսը մարմնով եկած կը դաւանի, անիկա Աստուծմէ է եւ ամէն ով որ Յիսուս Քրիստոսը մարմնով եկած չի դաւանիր, անիկա Աստուծմէ չէ ու ասիկա Նեռին հոգին է, որուն համար լսեցիք թէ պիտի գայ ու արդէն աշխարհի մէջ է» (Ա. Յովհաննէս 4։2, 3)։ Ապա իր երկրորդ նամակին մէջ Յովհաննէս նոյն կէտը կրկնեց, ըսելով. «Շատ մոլորեցնողներ ելան աշխարհի մէջ, որոնք Յիսուս Քրիստոսը մարմնով եկած չեն ընդունիր։ Անոնք մոլորեցնող ու Նեռ են» (Բ. Յովհաննէս 7)։ Յստակ է, որ Յովհաննէս հասկցած էր թէ հակաքրիստոսները բոլոր անոնք են, որոնք դիտմամբ կրօնական սուտեր կը տարածեն Յիսուս Քրիստոսի եւ անոր ուսուցումներուն մասին։

«ՍՈՒՏ ՄԱՐԳԱՐԷՆԵՐ» ԵՒ «ԱՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԴԸ»

Ոչխարի հանդերձով գայլ մը

Յիսուս զգուշացուց թէ սուտ մարգարէներ պիտի գային որպէս ‘ոչխարի հանդերձներով յափշտակող գայլեր’

Յովհաննէս այս կրօնական խաբեբաներուն մասին գրելէն շա՜տ առաջ, Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդները խրատեց, ըսելով. «Զգոյշ կեցէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ձեզի կու գան ոչխարի հանդերձներով, բայց ներսէն յափշտակող գայլեր են» (Մատթէոս 7։15)։ Պօղոս առաքեալ նմանապէս Թեսաղոնիկէի քրիստոնեաները զգուշացուց, ըսելով. «Չըլլայ թէ մէկը ձեզ խաբէ կերպով մը. վասն զի այն օրը պիտի չգայ ապստամբութենէն առաջ ու յայտնուի անօրէնութեան մարդը, կորստեան որդին» (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3)։

Հետեւաբար առաջին դարուն, սուտ մարգարէներ եւ հաւատուրացներ արդէն իսկ գոյութիւն ունէին եւ կը ջանային քրիստոնէական ժողովքը տկարացնել։ Յովհաննէսի գործածած «հակաքրիստոս» բառը կը կիրարկուէր բոլոր անոնց, որոնք սուտեր եւ կրօնական խաբէութիւններ կը տարածէին Յիսուս Քրիստոսի եւ իր ուսուցումներուն մասին։ Երբ Պօղոս զանոնք նկարագրեց որպէս «կորստեան որդին», անոնց նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը ի յայտ եկաւ։

ՀԱԿԱՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԶԳՈՒՇԱՑԻՐ

Ի՞նչ կարելի է ըսել մեր մասին այսօր։ Հակաքրիստոսները, ըլլան անոնք մարդիկ կամ կազմակերպութիւններ, տակաւին Քրիստոսին եւ անոր ուսուցումներուն կը հակառակին։ Անոնք դիտմամբ սուտեր ու խաբէութիւններ կը տարածեն, որպէսզի Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ եւ իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսին ինքնութիւնը խեղաթիւրեն։ Լաւ կ’ըլլայ որ այս կրօնական խաբէութիւններէն զգուշանանք։ Տեսնենք երկու օրինակներ։

Դարեր շարունակ, եկեղեցիները Երրորդութեան վարդապետութիւնը տարածեցին, դաւանելով թէ Հայրը եւ Որդին մէկ էութիւն են։ Ուստի հակաքրիստոսը կը պահէ ու կը խեղաթիւրէ Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի ինքնութիւնը։ Իսկ այս բանը անկեղծ մարդիկը ետ կը պահէ Յիսուս Քրիստոսը ընդօրինակելէ եւ Աստուծոյ մօտենալէ,– բան մը որ Աստուածաշունչը կը քաջալերէ ընել (Ա. Կորնթացիս 11։1. Յակոբոս 4։8)։

Ասկէ զատ եկեղեցիները յառաջ կը մղեն գործածութիւնը Աստուածաշունչի այն թարգմանութիւններուն, որոնք Աստուծոյ անձնական անունը՝ «Եհովա», ջնջած են, հակառակ անոր որ Աստուածաշունչի բնագրին մէջ Աստուծոյ անունը շուրջ 7000 անգամ կ’երեւնայ։ Առ ի արդիւնք, ճշմարիտ Աստուծոյ ինքնութիւնը ա՛լ աւելի կը ծածկուի։

Միւս կողմէ, Աստուծոյ անունը ճանչնալը շատ մը ազնուասիրտ մարդոց օգնած է, որ Աստուծոյ աւելի մօտենան։ Այս բանը պատահեցաւ Ռիչըրտին։ Երկու Եհովայի վկաներու հետ իր ունեցած խօսակցութիւնը յիշելով, ան ըսաւ. «Անոնք Աստուածաշունչէն ինծի ցոյց տուին թէ ճշմարիտ Աստուծոյ անունը Եհովա է։ Երբ առաջին անգամ ըլլալով գիտցայ որ Աստուած անձնական անուն մը ունի, սքանչացայ»։ Անկէ ետք, ան իր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցուց, որպէսզի Աստուածաշունչի չափանիշներուն համաձայն ապրի եւ Եհովան հաճեցնէ։ «Աստուծոյ անունը գիտնալը ինծի օգնած է որ իրեն հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն մը մշակեմ», կ’ըսէ ան։

Դարեր շարունակ, հակաքրիստոսը միլիոնաւորներ հոգեւոր խաւարի մէջ պահած է։ Բայց Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը սորվելով, կրնանք հակաքրիստոսին իսկական ինքնութիւնը գիտնալ եւ անոր կրօնական սուտերէն ու խաբէութիւններէն ձերբազատուիլ (Յովհաննէս 17։17)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել