Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 4/1 էջ 23-27
  • Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ‘Անոր Պատուիրանքները Բեռ Չեն’
  • Աստուծոյ Մասին Գիտութիւն Ստացէք
  • Աստուծոյ Չափանիշներուն Գոհացում Տալ
  • Կեանքի ու Արեան Հանդէպ Յարգանք
  • Եհովայի Կազմակերպուած Ժողովուրդին Հետ Ծառայել
  • «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը»
    «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
  • Կեանքի նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Կեանքը արժեւորէ
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Կեանքը կ’արժեւորե՞ս ինչպէս Աստուած կ’արժեւորէ
    «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 4/1 էջ 23-27

Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ

«Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան [«բեռ», ՆԱ] չեն»։—Ա. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 5։3

1, 2. Ինչո՞ւ չենք զարմանար որ Աստուած իրեն ընդունելի կերպով պաշտել փափաքողներէն կարգ մը բաներ պահանջէ։

«ԻՄ ԿՐՕՆՔՍ լաւ է ինծի համար»։ Ընդհանրապէս մարդիկ այսպէս չե՞ն արտայայտուիր։ Իրականութեան մէջ, պէտք է հարցուի՝ «Իմ կրօնքս Աստուծոյ հաճելի՞ է»։ Այո, մարդոց պաշտամունքը Աստուծոյ ընդունելի ըլլալու համար, Ան որոշ բաներ կը պահանջէ։ Ասիկա մեզ պէ՞տք է զարմացնէ։ Իրականութեան մէջ՝ ո՛չ։ Ենթադրենք որ դուք գեղեցիկ տուն մը ունիք, զոր շատ դրամ ծախսելով վերջերս նորոգեցիք։ Թոյլ պիտի տայի՞ք որ ո՛եւէ մէկը բնակէր հոն։ Անշուշտ ո՛չ։ Վարձակալէն պիտի սպասէիք որ ձեր պահանջներուն գոհացում տար։

2 Նմանապէս, Եհովա Աստուած այս երկրային բնակարանը տուաւ մարդկային ընտանիքին։ Իր Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, երկիրը անմիջապէս պիտի «նորոգուի»՝ վերածուելով գեղեցիկ դրախտի մը։ Եհովան պիտի իրագործէ ասիկա։ Բայց ասիկա սուղի նստաւ իր վրայ, քանի որ զայն կարելի դարձնելու համար իր միածին Որդին տուաւ։ Վստահաբար, Աստուած որոշ բաներ կը պահանջէ անոնցմէ՝ որոնք այդ դրախտին մէջ պիտի ապրին։—Սաղմոս 115։16. Մատթէոս 6։9, 10. Յովհաննու 3։16

3. Աստուծոյ մեզմէ պահանջած բաները Սողոմոն ի՞նչպէս ամփոփեց։

3 Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ ի՛նչ են Աստուծոյ պահանջները։ Եհովա ներշնչեց Սողոմոն իմաստուն Թագաւորը, որ մեզի համար ամփոփէ այդ պահանջները։ Իր հետապնդած բոլոր բաներուն մասին մտածելէ ետք՝ հարստութիւն, շինարարական ծրագիրներ, երաժշտական հետաքրքրութիւններ եւ վիպական սէրը՝ Սողոմոն հետեւեալ եզրակացութեան յանգեցաւ. «Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։ Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։—Ժողովողի 12։13

‘Անոր Պատուիրանքները Բեռ Չեն’

4-6. (ա) «Բեռ» թարգմանուած Յունարէն բառին իմաստը ի՞նչ է։ (բ) Ի՞նչու կրնանք ըսել որ Աստուծոյ պատուիրանքները բեռ չեն։

4 «Անոր պատուիրանքները պահէ՛»։ Աստուած էականօրէն ասիկա կը պահանջէ մեզմէ։ Աստուծոյ ուզածը շատ մե՞ծ բան մըն է։ Բնա՛ւ երբեք։ Յովհաննէս Աստուծոյ պատուիրանքներուն կամ պահանջներուն մասին շատ քաջալերական բան մը կ’ըսէ։ Ան գրեց. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան [«բեռ», ՆԱ] չեն»։—Ա. Յովհաննու 5։3

5 Հոս «բեռ» թարգմանուած Յունարէն բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «ծանր»։ Անիկա կ’ակնարկէ բանի մը որու համաձայն ապրիլը կամ զայն կատարելը դժուար է։ Մատթէոս 23։4–ի մէջ, անիկա գործածուած է, նկարագրելու համար ‘ծանր բեռներ’ը՝ մարդակերտ օրէնքներն ու աւանդութիւնները՝ զորս դպիրներն ու Փարիսեցիները մարդոց վրայ կը բեռցնէին։ Տարեց Յովհաննէս առաքեալի եզրակացութեան իմաստը ըմբռնեցի՞ք։ Աստուծոյ պատուիրանքները ծանր բեռներ չեն, ոչ ալ զանոնք պահելը շատ դժուար է։ (Բաղդատել՝ Բ. Օրինաց 30։11։) Ընդհակառակը, երբ Աստուած կը սիրենք, իր պահանջներուն գոհացում տալը ուրախութիւն կու տայ մեզի։ Անիկա մեզի թանկագին առիթ մը կու տայ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալու։

6 Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալու համար, պէտք է յստակօրէն գիտնանք թէ Աստուած մեզմէ ի՛նչ կ’ակնկալէ։ Հիմա Աստուծոյ պահանջներէն հինգ հատը նկատի առնենք։ Մինչ ասիկա կ’ընենք, ձեր մտքին մէջ պահեցէք Յովհաննէսի խօսքերը. ‘Աստուծոյ պատուիրանքները բեռ չեն’։

Աստուծոյ Մասին Գիտութիւն Ստացէք

7. Մեր փրկութիւնը ի՞նչ բանէ կախեալ է։

7 Առաջին պահանջն է՝ Աստուծոյ մասին գիտութիւն ստանալ։ Նկատի առէք Յովհաննու 17–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը։ Դրուագը տեղի կ’ունենայ որպէս մարդ Յիսուսի կեանքին վերջին գիշերը։ Գիշերուան մեծ մասը Յիսուս իր մեկնումին համար առաքեալները պատրաստելով անցուցած էր։ Ան մտահոգուած էր անոնց ապագայով՝ անոնց յաւիտենական ապագայով։ Իր աչքերը երկինք բարձրացնելով, անոնց համար աղօթեց։ 3–րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Այս կը նշանակէ յաւիտենական կեանք, որ գիտութիւն ստանան միմիայն ճշմարիտ Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի մասին, զոր դուն ղրկեցիր»։ (ՆԱ) Այո, անոնց փրկութիւնը Աստուծոյ ու Քրիստոսի մասին ‘գիտութիւն ստանալ’էն կախեալ էր։ Անիկա մեզի ալ կը կիրարկուի։ Փրկուելու համար՝ պէտք է այսպիսի գիտութիւն ստանանք։

8. Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ մասին ճշգրիտ ‘գիտութիւն ստանալ’։

8 Բայց ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ մասին ‘գիտութիւն ստանալ’։ Հոս ‘գիտութիւն ստանալ’ թարգմանուած Յունարէն բառը կը նշանակէ՝ «ճանչնալ» կամ «լիովին հասկնալ»։ Նկատի առէք նաեւ որ այս համարին մէջ ‘գիտութիւն ստանալ’ բայը շարունակաբար ասիկա ընելու գաղափարը կու տայ։ Ուստի, Աստուծոյ մասին գիտութիւն ստանալ կը նշանակէ զինք ճանչնալ ո՛չ թէ մակերեսային կերպով, այլ մտերմօրէն, իր հետ գիտակից բարեկամութիւն զարգացնելով։ Աստուծոյ հետ անդադար յարաբերութիւն ունենալը իր մասին յաւելեալ գիտութեան պիտի առաջնորդէ մեզ։ Այս ընթացքը կրնայ յաւիտեան շարունակուիլ, քանի որ Եհովայի մասին բնաւ չենք կրնար ամէ՛ն բան գիտնալ։—Հռովմայեցիս 11։33

9. Ստեղծագործութեան գրքէն ի՞նչ կը սորվինք Եհովայի մասին։

9 Աստուծոյ մասին ինչպէ՞ս կրնանք գիտութիւն ստանալ։ Երկու գիրքեր մեզի կ’օգնեն ասիկա ընելու։ Առաջինը՝ ստեղծագործութեան գիրքն է։ Եհովայի ստեղծած բաները՝ անկենդան ու կենդանի՝ որոշ գաղափար մը կու տան թէ Ան ի՛նչպիսի էակ մըն է։ (Հռովմայեցիս 1։20) Կարգ մը օրինակներ նկատի առնենք։ Վեհաշուք ջրվէժ մը, կամ փոթորիկի մը ընթացքին ալիքներուն շառաչիւնը, ջինջ գիշերուան մը ընթացքին աստղազարդ երկինք մը. այսպիսի բաներ մեզի չե՞ն սորվեցներ որ Եհովա «սաստիկ զօրութիւն» ունեցող Աստուած մըն է։ (Եսայեայ 40։26) Իր պոչին հետ խաղցող շնիկ մը, կամ բրդէ կծիկի մը հետ խաղցող փիսիկ մը դիտող երախային խնդուքը չի՞ թելադրեր որ Եհովա՝ ‘ուրախ Աստուած’ը՝ զուարթամտութիւն ունի։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11, ՆԱ) Համադամ ճաշի մը համը, դաշտագետնի մէջ ծաղիկներուն հաճելի բուրմունքը, քնքուշ թիթեռի մը վառ գոյները, գարնան գեղգեղող թռչուններուն ձայնը, սիրելիի մը ջերմ ողջագուրումը, մեզի չե՞ն թելադրեր որ մեր Ստեղծիչը սիրոյ Աստուած մըն է, որ կ’ուզէ որ մենք կեանքը վայելենք։—Ա. Յովհաննու 4։8

10, 11. (ա) Ստեղծագործութեան գրքէն ի՞նչ չենք կրնար սորվիլ Եհովայի եւ իր նպատակներուն մասին։ (բ) Ո՞ր հարցումներուն պատասխանները կը գտնուին միայն Աստուածաշունչին մէջ։

10 Սակայն ստեղծագործութեան գիրքէն Եհովայի մասին մեր ստացած տեղեկութիւնը սահմանափակ է։ Օրինակ, ի՞նչ է Աստուծոյ անունը։ Ան երկիրը ինչո՞ւ ստեղծած եւ մարդը անոր վրայ դրած է։ Աստուած ինչո՞ւ չարութիւնը թոյլատրած է։ Ապագան ի՞նչ վերապահած է մեզի։ Այսպիսի հարցումներու պատասխանելու համար, պէտք է երթանք միւս գրքին, որ մեզի գիտութիւն կու տայ Աստուծոյ մասին, որ է Աստուածաշունչը։ Անոր էջերուն ընդմէջէն, Եհովա ինքն իր մասին բաներ կը յայտնէ մեզի՝ իր անունը, իր անձնաւորութիւնը եւ իր նպատակները՝ տեղեկութիւններ, զորս ուրիշ որեւէ աղբիւրէ չենք կրնար ստանալ։—Ելից 34։6, 7. Սաղմոս 83։18. Ամովսեայ 3։7

11 Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, Եհովա մեզի ուրիշ անհատներու մասին ալ կենսական տեղեկութիւններ կու տայ, որոնց մասին պէտք է տեղեկանանք։ Օրինակ, ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս. ան ի՞նչ դեր կը խաղայ Եհովայի նպատակներուն իրագործման մէջ։ (Գործք 4։12) Ո՞վ է Բանսարկու Սատանան։ Ան ինչպէ՞ս կը մոլորեցնէ մարդիկը։ Ինչպէ՞ս կրնանք իր կողմէ մոլորուելէ խուսափիլ։ (Ա. Պետրոս 5։8) Այս հարցումներուն կեանք փրկող պատասխանները կը գտնուին Աստուածաշունչին մէջ։

12. Ի՞նչպէս կրնաք բացատրել թէ Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին գիտութիւն ստանալը բեռ մը չէ։

12 Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին այսպիսի գիտութիւն ստանալը բե՞ռ մըն է։ Բնա՛ւ։ Կը յիշէ՞ք ի՛նչ զգացիք երբ առաջին անգամ սորվեցաք որ Աստուծոյ անունը Եհովա է, թէ իր Թագաւորութիւնը երկրի վրայ Դրախտը պիտի վերահաստատէ, թէ ան իր սիրելի Որդին որպէս փրկանք տուաւ մեր մեղքերուն համար, եւ տակաւին ուրիշ թանկագին ճշմարտութիւններ։ Ասիկա այն տպաւորութիւնը չտուա՞ւ որպէս թէ տգիտութեան քօղ մը վերցուեցաւ ու առաջին անգամ ըլլալով ամէն բան յստակ տեսաք։ Աստուծոյ մասին գիտութիւն ստանալը բեռ մը չէ, այլ՝ հաճոյք է։—Սաղմոս 1։1–3. 119։97

Աստուծոյ Չափանիշներուն Գոհացում Տալ

13, 14. (ա) Երբ Աստուծոյ մասին գիտութիւն ստանանք, մեր կեանքին մէջ ի՞նչ փոփոխութիւններ պէտք է ընենք։ (բ) Աստուած կ’ուզէ որ ի՞նչպիսի պիղծ սովորութիւններէ հեռու մնանք։

13 Մինչ Աստուծոյ մասին գիտութիւն կը ստանանք, կը գիտակցինք որ պէտք է մեր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնենք։ Ասիկա մեզի երկրորդ պահանջին կը հասցնէ. Շիտակ վարքի շուրջ Աստուծոյ չափանիշներուն գոհացում պէտք է տանք եւ իր ճշմարտութիւնը ընդունինք։ Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը։ Աստուծոյ համար իրապէս կարեւորութիւն ունի՞ թէ ի՛նչ կ’ընենք եւ ի՛նչ բանի կը հաւատանք։ Շատեր չեն խորհիր որ պարագան այս է։ 1995–ին, Անգլիոյ Եկեղեցիին կողմէ հրատարակուած տեղեկագրութիւն մը կը թելադրէր որ առանց ամուսնանալու իրար հետ կենակցիլը, պէտք չէ մեղք նկատել։ «‘Մեղքի մէջ ապրիլ’ նախադասութիւնը՝ ամօթի զգացում կու տայ եւ օգտակար չէ», ըսաւ եպիսկոպոս մը։

14 Ուրեմն, «մեղքի մէջ ապրիլ»ը այլեւս մեղք մը չէ՞։ Եհովա յստակօրէն կ’ըսէ որ ինք ի՛նչ կը խորհի այսպիսի վարքի մասին։ Իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ կ’ըսէ. «Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է. բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները»։ (Եբրայեցիս 13։4) Ազատախոհ կղերներուն եւ եկեղեցի յաճախողներուն համար ամուսնութենէ առաջ սեռային յարաբերութիւնը կրնայ մեղք մը չըլլալ, բայց Աստուծոյ աչքին անիկա լո՜ւրջ մեղք մըն է։ Շնութեան, ազգապղծութեան ու միասեռականութեան պարագան ալ նոյնն է։ (Ղեւտացւոց 18։6. Ա. Կորնթացիս 6։9, 10) Աստուած կը պահանջէ որ իր աչքին պիղծ եղող այսպիսի սովորութիւններէ հեռու մնանք։

15. Աստուծոյ պահանջները ի՞նչպէս կապ ունին թէ՛ ուրիշներու հետ մեր վերաբերմունքին եւ թէ մեր հաւատալիքներուն հետ։

15 Չի բաւեր սակայն, Աստուծոյ աչքին մեղք նկատուած սովորութիւններէ հեռու մնալ։ Աստուծոյ պահանջներուն մէջ կան նաեւ ուրիշներու հետ մեր վերաբերմունքը։ Ընտանիքին մէջ, ան կ’ակնկալէ որ ամուսին եւ կին իրարու հանդէպ սէր եւ յարգանք ունենան։ Աստուած կը պահանջէ որ ծնողներ իրենց զաւակներուն նիւթական, հոգեւոր եւ զգացական կարիքներուն հոգ տանին։ Ան զաւակներուն կ’ըսէ որ իրենց ծնողներուն հնազանդ ըլլան։ (Առակաց 22։6. Կողոսացիս 3։18–21) Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել մեր հաւատալիքներուն մասին։ Եհովա Աստուած կ’ուզէ որ սուտ պաշտամունքէն ծագում առած կամ Աստուածաշունչի յստակ ուսուցումին հակառակ եղող հաւատալիքներէն եւ սովորութիւններէն զգուշանանք։—Բ. Օրինաց 18։9–13. Բ. Կորնթացիս 6։14–17

16. Բացատրեցէք թէ շիտակ վարքի նկատմամբ Աստուծոյ չափանիշներուն գոհացում տալը եւ իր ճշմարտութիւնը ընդունիլը ի՛նչու բեռ մը չէ։

16 Մեզի համար բե՞ռ մըն է շիտակ վարքի շուրջ Աստուծոյ չափանիշներուն գոհացում տալը ու իր ճշմարտութիւնը ընդունիլը։ Բեռ մը չենք նկատեր, եթէ անոնց օգուտները հաշուի առնենք. ամուսնութիւններ՝ ուր ամուսին եւ կին իրարու վրայ սէր եւ վստահութիւն ունին, անհաւատարմութեան պատճառաւ քայքայուած ամուսնութիւններու փոխարէն. տուներ՝ ուր զաւակներ կը զգան որ իրենց ծնողներուն կողմէ սիրուած եւ փափաքելի են, ո՛չ թէ ընտանիքներ, ուր զաւակներ ատուած, անփափաքելի կամ անտեսուած կը զգան. մաքուր խղճմտանք եւ լաւ առողջութիւն, փոխանակ յանցապարտութեան զգացումի, եւ ԱԴԱ–ով (ԷՅՏԾ) կամ սեռայնապէս փոխանցուած ուրիշ հիւանդութիւններով վարակուելու։ Եհովայի պահանջները վստահաբար մեզ չեն զրկեր կեանքը վայելելու համար անհրաժեշտ եղող որեւէ բանէ։—Բ. Օրինաց 10։12, 13

Կեանքի ու Արեան Հանդէպ Յարգանք

17. Եհովա ի՞նչպէս կը նկատէ կեանքը եւ արիւնը։

17 Երբ ձեր կեանքը Աստուծոյ չափանիշներուն հետ ներդաշնակէք, կը սկսիք կեանքին որքա՜ն թանկագին ըլլալը գնահատել։ Հիմա Աստուծոյ երրորդ պահանջին մասին խօսինք։ Պէտք է յարգանք ցոյց տանք կեանքի ու արեան հանդէպ։ Եհովայի համար կեանքը սուրբ է։ Այդպէս պէ՛տք է ըլլայ, քանի որ ի՛նքն է կեանքի Աղբիւրը։ (Սաղմոս 36։9) Եհովայի համար մօրը արգանդին մէջ եղող մանուկին կեա՛նքն անգամ թանկագին է։ (Ելից 21։22, 23) Արիւնը կեանք կը ներկայացնէ։ Հետեւաբար, արիւնն ալ սուրբ է Աստուծոյ աչքին։ (Ղեւտացւոց 17։14) Ուստի մեզ պէտք չէ զարմացնէ որ Աստուած մեզմէ կ’ակնկալէ որ կեանքի եւ արեան նկատմամբ իր տեսակէտը ունենանք։

18. Կեանքի եւ արեան նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը ի՞նչ կը պահանջէ մեզմէ։

18 Կեանքի ու արեան հանդէպ յարգանքը մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ։ Որպէս Քրիստոնեաներ, գրգիռի համար մեր կեանքը անհարկի վտանգի ենթարկող բաներ չենք ըներ։ Բծախնդիր ենք ապահովութեան նկատմամբ, ուստի, հոգ կը տանինք որ մեր տունը եւ ինքնաշարժը լաւ վիճակի մէջ ըլլան։ (Բ. Օրինաց 22։8) Ծխախոտ չենք գործածեր, ոչ ալ հաճոյքի համար միտքը խոտորցնող դեղերու մոլին կը դառնանք։ (Բ. Կորնթացիս 7։1) Իսկ քանի որ մտիկ կ’ընենք, երբ Աստուած մեզի կ’ըսէ որ ‘ետ կենանք արիւնէ’, անոր համար թոյլ չենք տար որ ուրիշի մը արիւնը մեր մարմնին մէջ ներարկուի։ (Գործք 15։28, 29) Թէեւ կեանքը կը սիրենք, բայց չենք փորձեր մեր ներկայ կեանքը փրկել՝ Աստուծոյ օրէնքը բեկանելով եւ այսպիսով յաւիտենական կեանքի մեր ակնկալութիւնը վտանգելով։—Մատթէոս 16։25

19. Բացատրեցէք թէ կեանքի եւ արեան հանդէպ յարգանք ցոյց տալով ի՛նչպէս կրնանք օգտուիլ։

19 Կեանքը եւ արիւնը սուրբ նկատելը մեզի համար բե՞ռ մըն է։ Ո՛չ մէկ կերպով։ Պահ մը խորհեցէք։ Արդեօք ծխախոտի պատճառաւ թոքի քաղցկեղէ զերծ ըլլալը բե՞ռ մըն է։ Վնասակար թմրեցուցիչներու պատճառած մտային եւ ֆիզիքական մոլութենէ խուսափիլը բե՞ռ մըն է։ Արեան ներարկումի պատճառաւ ԷՅՏԾ, լերդատապ կամ ուրիշ հիւանդութիւններէ վարակուելէ պաշտպանուիլը բե՞ռ մըն է։ Որոշ է որ այսպիսի վնասակար սովորութիւններէ հեռու մնալը մեր օգտին համար է։—Եսայեայ 48։17

20. Կեանքի նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը ունենալով ընտանիք մը ի՞նչպէս օգտուեցաւ։

20 Հետեւեալ փորձառութիւնը նկատի առնենք։ Քանի մը տարի առաջ, երեքուկէս ամսու յղի եղող Վկայ մը իրիկուն մը արիւնահոսութիւն ունեցաւ եւ անմիջապէս հիւանդանոց տարուեցաւ։ Բժիշկը զինք քննելէ ետք, հիւանդապահուհիներէն մէկուն ըսաւ որ յղութեան վերջ պէտք է դրուի եւ կինը լսեց ասիկա։ Գիտնալով որ Եհովա ի՛նչպէս կը նկատէ անծիններու կեանքը, կինը վճռականօրէն մերժեց վիժումը ու բժիշկին ըսաւ. «Եթէ ողջ է՝ իր տեղը ձգեցէ՛ք»։ Ան պարբերաբար արիւնահոսութիւն ունեցաւ, բայց քանի մը ամիս ետք, շատ առողջ մանչ երախայի մը ծնունդ տուաւ՝ թէեւ կանխահասօրէն՝ որ հիմա 17 տարեկան է։ Քոյրը կը բացատրէ. «Մեր տղուն այս բոլորը պատմեցինք եւ ան ըսաւ որ ուրախ էր որ զինք աղբանոց չէին նետած։ Ան գիտէ որ մեր Եհովայի ծառաներ ըլլա՛լն է իր ողջ մնալուն միակ պատճառը»։ Վստահաբար, կեանքի հանդէպ Աստուծոյ տեսակէտը ունենալը բեռ մը չեղաւ այս ընտանիքին համար։

Եհովայի Կազմակերպուած Ժողովուրդին Հետ Ծառայել

21, 22. (ա) Եհովա կ’ուզէ որ որո՞նց ընկերակցութեամբ իրեն ծառայենք։ (բ) Աստուծոյ կազմակերպուած ժողովուրդը ի՞նչպէս կրնանք բնորոշել։

21 Միայն մենք չենք որ Աստուծոյ չափանիշներուն հետ ներդաշնակ կեանք մը վարելու համար հարկ եղած փոփոխութիւնները կ’ընենք։ Եհովա երկրի վրայ ժողովուրդ մը ունի եւ կ’ուզէ որ անոր ընկերակցութեամբ իրեն ծառայենք։ Ասիկա մեզ կը հասցնէ չորրորդ պահանջին. Պէտք է Եհովայի ծառայենք իր հոգիէն առաջնորդուած կազմակերպութեան հետ։

22 Բայց ինչպէ՞ս կարելի է բնորոշել Աստուծոյ կազմակերպուած ժողովուրդը։ Աստուածաշունչին մէջ դրուած չափանիշներուն համաձայն, անոնք իրար հանդէպ իրական սէր ու Աստուածաշունչին հանդէպ խոր յարգանք ունին, Աստուծոյ անունը կը պատուեն, անոր Թագաւորութեան մասին կը քարոզեն եւ այս ամբարիշտ աշխարհին մաս չեն կազմեր։ (Մատթէոս 6։9. 24։14. Յովհաննու 13։34, 35. 17։16, 17) Երկրի վրայ միայն մէկ կրօնական կազմակերպութիւն գոյութիւն ունի, որ ճշմարիտ Քրիստոնէութեան այս բոլոր յատկանիշները ունի. Եհովայի Վկաները։

23, 24. Ի՞նչպէս կրնանք բացատրել թէ Եհովայի կազմակերպուած ժողովուրդին հետ Իրեն ծառայելը բեռ մը չէ։

23 Իր կազմակերպուած ժողովուրդին հետ Եհովայի ծառայելը բե՞ռ մըն է։ Արդարեւ ո՛չ։ Ընդհակառակը, թանկագին առանձնաշնորհում մըն է Քրիստոնեայ եղբայրներու ու քոյրերու համաշխարհային ընտանիքին սէրը եւ օժանդակութիւնը վայելել։ (Ա. Պետրոս 2։17) Պահ մը երեւակայեցէք որ նաւաբեկութենէ մը վերապրած էք եւ դուք ձեզ կը գտնէք ջուրին մէջ, պայքարելով որ ջուրին վրայ մնաք։ Երբ կը զգաք որ այլեւս ձեր ոյժը հատած է, ազատարար նաւէ մը ձեռք մը կ’երկարի ձեզի։ Այո, ուրիշ վերապրողներ ալ կան։ Ազատարար նաւուն մէջ դուք եւ ուրիշներ կարգով կը թիավարէք՝ ծովափ հասնելու համար, ձեր ճամբուն վրայ ուրիշ վերապրողներ հաւաքելով։

24 Մենք ալ նոյնանման վիճակի մէջ չե՞նք։ Մենք այս ամբարիշտ աշխարհի վտանգաւոր «ջուրեր»էն հանուած եւ Եհովայի երկրային կազմակերպութեան «ազատարար նաւուն» մէջ եկած ենք։ Անոր մէջ կողք–կողքի կը ծառայենք, մինչ արդար նոր աշխարհի «ափերը» կը դիմենք։ Եթէ կեանքի ճնշումները ճամբու ընթացքին մեզ յոգնեցնեն, ճշմարիտ Քրիստոնեայ ընկերներու օգնութեան եւ մխիթարութեան համար որքա՜ն երախտապարտ կ’ըլլանք։—Առակաց 17։17

25. (ա) Այս ամբարիշտ աշխարհի «ջուրերուն» մէջ գտնուողներուն հանդէպ ի՞նչ պարտաւորութիւններ ունինք։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ Աստուծոյ ո՞ր պահանջին մասին պիտի խօսինք։

25 Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել տակաւին «ջուր»ին մէջ գտնուող պարկեշտ սիրտ ունեցող ուրիշներու մասին։ Մենք պարտաւորուած ենք անոնց օգնելու որ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ գան, այդպէս չէ՞։ (Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4) Անոնք Աստուծոյ պահանջները գիտնալու համար օգնութեան պէտք ունին։ Ասիկա մեզի կը հասցնէ Աստուծոյ հինգերորդ պահանջին. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաւատարմօրէն ծանուցանողներ պէտք է ըլլանք։ Յաջորդ յօդուածով պիտի տեսնենք թէ ասիկա ի՛նչ կը պարփակէ։

Կը Յիշէ՞ք

◻ Աստուծոյ պատուիրանքները ի՞նչու բեռ չեն։

◻ Աստուծոյ գիտութիւնը ի՞նչպէս կը ստանանք։

◻ Շիտակ վարքի շուրջ Աստուծոյ չափանիշներուն գոհացում տալը եւ իր ճշմարտութիւնը ընդունիլը ի՞նչու բեռ մը չեն։

◻ Կեանքի եւ արեան նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ։

◻ Աստուած կ’ուզէ որ որո՞նց ընկերակցութեամբ իրեն ծառայենք եւ ինչպէ՞ս կրնանք զանոնք բնորոշել։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել