Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
    Դիտարան 1997 | Ապրիլ 1
    • 12. Ի՞նչպէս կրնաք բացատրել թէ Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին գիտութիւն ստանալը բեռ մը չէ։

      12 Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին այսպիսի գիտութիւն ստանալը բե՞ռ մըն է։ Բնա՛ւ։ Կը յիշէ՞ք ի՛նչ զգացիք երբ առաջին անգամ սորվեցաք որ Աստուծոյ անունը Եհովա է, թէ իր Թագաւորութիւնը երկրի վրայ Դրախտը պիտի վերահաստատէ, թէ ան իր սիրելի Որդին որպէս փրկանք տուաւ մեր մեղքերուն համար, եւ տակաւին ուրիշ թանկագին ճշմարտութիւններ։ Ասիկա այն տպաւորութիւնը չտուա՞ւ որպէս թէ տգիտութեան քօղ մը վերցուեցաւ ու առաջին անգամ ըլլալով ամէն բան յստակ տեսաք։ Աստուծոյ մասին գիտութիւն ստանալը բեռ մը չէ, այլ՝ հաճոյք է։—Սաղմոս 1։1–3. 119։97

  • Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
    Դիտարան 1997 | Ապրիլ 1
    • 16. Բացատրեցէք թէ շիտակ վարքի նկատմամբ Աստուծոյ չափանիշներուն գոհացում տալը եւ իր ճշմարտութիւնը ընդունիլը ի՛նչու բեռ մը չէ։

      16 Մեզի համար բե՞ռ մըն է շիտակ վարքի շուրջ Աստուծոյ չափանիշներուն գոհացում տալը ու իր ճշմարտութիւնը ընդունիլը։ Բեռ մը չենք նկատեր, եթէ անոնց օգուտները հաշուի առնենք. ամուսնութիւններ՝ ուր ամուսին եւ կին իրարու վրայ սէր եւ վստահութիւն ունին, անհաւատարմութեան պատճառաւ քայքայուած ամուսնութիւններու փոխարէն. տուներ՝ ուր զաւակներ կը զգան որ իրենց ծնողներուն կողմէ սիրուած եւ փափաքելի են, ո՛չ թէ ընտանիքներ, ուր զաւակներ ատուած, անփափաքելի կամ անտեսուած կը զգան. մաքուր խղճմտանք եւ լաւ առողջութիւն, փոխանակ յանցապարտութեան զգացումի, եւ ԱԴԱ–ով (ԷՅՏԾ) կամ սեռայնապէս փոխանցուած ուրիշ հիւանդութիւններով վարակուելու։ Եհովայի պահանջները վստահաբար մեզ չեն զրկեր կեանքը վայելելու համար անհրաժեշտ եղող որեւէ բանէ։—Բ. Օրինաց 10։12, 13

  • Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
    Դիտարան 1997 | Ապրիլ 1
    • 19. Բացատրեցէք թէ կեանքի եւ արեան հանդէպ յարգանք ցոյց տալով ի՛նչպէս կրնանք օգտուիլ։

      19 Կեանքը եւ արիւնը սուրբ նկատելը մեզի համար բե՞ռ մըն է։ Ո՛չ մէկ կերպով։ Պահ մը խորհեցէք։ Արդեօք ծխախոտի պատճառաւ թոքի քաղցկեղէ զերծ ըլլալը բե՞ռ մըն է։ Վնասակար թմրեցուցիչներու պատճառած մտային եւ ֆիզիքական մոլութենէ խուսափիլը բե՞ռ մըն է։ Արեան ներարկումի պատճառաւ ԷՅՏԾ, լերդատապ կամ ուրիշ հիւանդութիւններէ վարակուելէ պաշտպանուիլը բե՞ռ մըն է։ Որոշ է որ այսպիսի վնասակար սովորութիւններէ հեռու մնալը մեր օգտին համար է։—Եսայեայ 48։17

      20. Կեանքի նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը ունենալով ընտանիք մը ի՞նչպէս օգտուեցաւ։

      20 Հետեւեալ փորձառութիւնը նկատի առնենք։ Քանի մը տարի առաջ, երեքուկէս ամսու յղի եղող Վկայ մը իրիկուն մը արիւնահոսութիւն ունեցաւ եւ անմիջապէս հիւանդանոց տարուեցաւ։ Բժիշկը զինք քննելէ ետք, հիւանդապահուհիներէն մէկուն ըսաւ որ յղութեան վերջ պէտք է դրուի եւ կինը լսեց ասիկա։ Գիտնալով որ Եհովա ի՛նչպէս կը նկատէ անծիններու կեանքը, կինը վճռականօրէն մերժեց վիժումը ու բժիշկին ըսաւ. «Եթէ ողջ է՝ իր տեղը ձգեցէ՛ք»։ Ան պարբերաբար արիւնահոսութիւն ունեցաւ, բայց քանի մը ամիս ետք, շատ առողջ մանչ երախայի մը ծնունդ տուաւ՝ թէեւ կանխահասօրէն՝ որ հիմա 17 տարեկան է։ Քոյրը կը բացատրէ. «Մեր տղուն այս բոլորը պատմեցինք եւ ան ըսաւ որ ուրախ էր որ զինք աղբանոց չէին նետած։ Ան գիտէ որ մեր Եհովայի ծառաներ ըլլա՛լն է իր ողջ մնալուն միակ պատճառը»։ Վստահաբար, կեանքի հանդէպ Աստուծոյ տեսակէտը ունենալը բեռ մը չեղաւ այս ընտանիքին համար։

  • Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
    Դիտարան 1997 | Ապրիլ 1
    • 23, 24. Ի՞նչպէս կրնանք բացատրել թէ Եհովայի կազմակերպուած ժողովուրդին հետ Իրեն ծառայելը բեռ մը չէ։

      23 Իր կազմակերպուած ժողովուրդին հետ Եհովայի ծառայելը բե՞ռ մըն է։ Արդարեւ ո՛չ։ Ընդհակառակը, թանկագին առանձնաշնորհում մըն է Քրիստոնեայ եղբայրներու ու քոյրերու համաշխարհային ընտանիքին սէրը եւ օժանդակութիւնը վայելել։ (Ա. Պետրոս 2։17) Պահ մը երեւակայեցէք որ նաւաբեկութենէ մը վերապրած էք եւ դուք ձեզ կը գտնէք ջուրին մէջ, պայքարելով որ ջուրին վրայ մնաք։ Երբ կը զգաք որ այլեւս ձեր ոյժը հատած է, ազատարար նաւէ մը ձեռք մը կ’երկարի ձեզի։ Այո, ուրիշ վերապրողներ ալ կան։ Ազատարար նաւուն մէջ դուք եւ ուրիշներ կարգով կը թիավարէք՝ ծովափ հասնելու համար, ձեր ճամբուն վրայ ուրիշ վերապրողներ հաւաքելով։

  • Ուրիշներուն օգնենք որ Աստուծոյ պահանջները սորվին
    Դիտարան 1997 | Ապրիլ 1
    • Մարտահրաւէր մը Բայց Ոչ՝ Բեռ մը

      4. Ի՞նչպէս կրնանք բացատրել որ բարի լուրը քարոզելու մեր պարտաւորութիւնը մեզի համար բեռ մը չէ։

      4 Այս բարի լուրը քարոզելը բե՞ռ մըն է։ Բնա՛ւ երբեք։ Հետեւեալ օրինակը նկատի առնենք. Հայր մը իր ընտանիքին նիւթական կարիքները հոգալու պարտաւորութիւնը ունի։ Անոր մէջ թերանալը իր քրիստոնէական հաւատքը մերժելու համահաւասար է։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բայց եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։8) Այս պարտաւորութիւնը բե՞ռ մըն է Քրիստոնեային համար։ Ո՛չ՝ եթէ իր ընտանիքը կը սիրէ, քանի որ այդ պարագային կը փափաքի անոնց հոգ տանիլ։

      5. Թէեւ քարոզելու ու աշակերտելու գործը պարտաւորութիւն մըն է, սակայն ի՞նչու հաճոյքով պէտք է մասնակցինք անոր։

      5 Նմանապէս, քարոզելը ու աշակերտելը պարտաւորութիւն մը, պահանջ մըն է, որմէ կախեալ է մեր կեանքը։ Պօղոս հետեւեալ կերպով բացատրեց. «Իմ պարտականութիւնս է. մանաւանդ վայ է ինծի՝ եթէ աւետարանը չքարոզեմ»։ (Ա. Կորնթացիս 9։16. բաղդատել՝ Եզեկիէլ 33։7–9։) Բայց սէրն է որ մեզ կը մղէ քարոզելու եւ ո՛չ թէ՝ պարտաւորութեան զգացումը։ Ամէն բանէ առաջ Աստուած կը սիրենք, բայց մեր դրացիներն ալ կը սիրենք եւ գիտենք որ անոնց համար որքան կարեւոր է բարի լուրը լսել։ (Մատթէոս 22։37–39) Անիկա իրենց ապագայի յոյս կու տայ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով պիտի սրբագրէ եղած անարդարութիւնները, պիտի վերցնէ ամէն հարստահարութիւն եւ պիտի վերահաստատէ խաղաղութիւնն ու միութիւնը, անոր արդար իշխանութեան ենթարկուողներուն յաւիտենական բարօրութեան համար։ Ուրիշներուն հետ այսպիսի բարի լուր մը բաժնելը մեզի համար հաճոյք կամ ցնծութիւն չէ՞։—Սաղմոս 110։3

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել