-
Սուրբ Գիրքը վերապրեցաւ՝ իր պատգամը փոխելու փորձերէԴիտարան (հանրամատչելի) 2016 | Թիւ 4
-
-
Երրորդութեան վարդապետութիւնը։ Սուրբ Գիրքը ամբողջովին գրուելէն 300 տարի չանցած, երրորդութեան հաւատացող գրող մը Ա. Յովհաննէս 5։7–ին մէջ աւելցուց այս բառերը. «Երկնքի մէջ. . . Հայրը, Բանը ու Սուրբ Հոգին եւ այս երեքը մէկ են»։ Բուն գրութեան մէջ այս նախադասութիւնը չկար։ Աստուածաշունչի ուսումնական Պրուս Մէցկըր կ’ըսէ, թէ «վեցերորդ դարէն սկսեալ»՝ այս բառերը «երթալէն աւելի յաճախ սկսան երեւիլ Հին լատիներէն–ի եւ Վուլկաթա–յի ձեռագիրներուն մէջ»։
-
-
Սուրբ Գիրքը վերապրեցաւ՝ իր պատգամը փոխելու փորձերէԴիտարան (հանրամատչելի) 2016 | Թիւ 4
-
-
Երկրորդ, այսօր մեծ թիւով ձեռագիրներ կան, որոնք Աստուածաշունչի ուսումնականներուն կ’օգնեն որ սխալները գտնեն։ Օրինակ՝ կրօնական առաջնորդները դարեր շարունակ սորվեցուցին, որ իրենց ունեցած լատիներէն Աստուածաշունչերուն գրութիւնը ճշգրիտ է։ Բայց անոնք Ա. Յովհաննէս 5։7–ին մէջ աւելցուցած էին վերը նշուած արտայայտութիւնը։ Այս սխալը անցած է հայերէն թարգմանութիւններու մէջ, ինչպէս՝ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ–ը։ Բայց երբ ուրիշ ձեռագիրներ գտնուեցան, ի՞նչ մէջտեղ ելաւ։ Պրուս Մէցկըր գրեց. «[Ա. Յովհաննէս 5։7–ի] աւելցուած արտայայտութիւնը չի գտնուիր բոլոր հին թարգմանութիւններուն մէջ (ասորերէն, ղպտերէն, հայերէն, եթովպերէն, արաբերէն, սլաւոներէն), բացի լատիներէնէն»։ Այս պատճառով, այժմ կան Սուրբ Գիրքեր՝ որոնց մէջ հանուած է այդ արտայայտութիւնը, ինչպէս՝ Նոր աշխարհաբար թարգմանութիւն (Անթիլիաս, 2001)։
-