Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ենովք Աստուծոյ հետ քալեց՝ անաստուած աշխարհի մը մէջ
    Դիտարան 2001 | Սեպտեմբեր 15
    • Մարգարէութիւն՝ Ամբարիշտներուն Դէմ

      Երբ ամբարիշտ մարդոցմով շրջապատուած ենք, բարձ չափանիշներ պահպանելը բաւական դժուար կ’ըլլայ։ Սակայն, Ենովք դատաստանական անփոփոխելի պատգամ մըն ալ տուաւ ամբարիշտներուն դէմ։ Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուած, Ենովք մարգարէաբար ըսաւ. «Ահա Տէրը իր բիւրաւոր սուրբերովը եկաւ, ամենուն դատաստան ընելու ու բոլոր ամբարիշտները յանդիմանելու իրենց ըրած բոլոր ամբարիշտ գործերուն համար եւ այն բոլոր խիստ խօսքերուն համար, որոնք ամբարիշտ մեղաւորները անոր դէմ խօսեցան»։—Յուդա 14, 15

      Այդ պատգամը կամակոր անհաւատներուն վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած ըլլալու էր։ Տրամաբանական է ենթադրել թէ այսպիսի խայթիչ խօսքեր Ենովքը անժողովրդական դարձուցին, թերեւս ծաղրանք, անարգանք եւ սպառնալիքներ գրգռելով։ Հաւանաբար ոմանք ուզեցին զինք միանգամընդմիշտ լռեցնել։ Սակայն, Ենովք չվախցաւ։ Ան գիտէր թէ Աբէլի ինչ պատահեցաւ, եւ անոր նման, Ենովք վճռած էր Աստուծոյ ծառայել, ինչ որ ալ պատահէր։

  • Ենովք Աստուծոյ հետ քալեց՝ անաստուած աշխարհի մը մէջ
    Դիտարան 2001 | Սեպտեմբեր 15
    • [Շրջանակ՝ էջ 30]

      Աստուածաշունչը Ենովքի գրքէն մէջբերումներ կ’ընէ՞

      Ենովքի Գիրքը պարականոն եւ փսուտէբիկրաֆական (կեղծ մակագրութեամբ) գրութիւն մըն է։ Անիկա սխալ կերպով վերագրուած է Ենովքի։ Հաւանաբար Հ.Դ.Ա. երկրորդ եւ առաջին դարերուն միջեւ գրուած, անիկա չափազանցուած եւ ոչ–պատմական հրէական առասպելներու հաւաքածոյ մըն է, ակներեւաբար բացատրական մշակումներ են՝ Ենովքի մասին Ծննդոցի ըրած հակիրճ ակնարկութեան վրայ հիմնուած։ Ասիկա ինքնին բաւարար է որ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը սիրողները զայն մերժեն։

      Աստուածաշունչին մէջ, միայն Յուդայի գիրքը կը պարունակէ Ենովքի մարգարէական խօսքերը. «Ահա Տէրը իր բիւրաւոր սուրբերովը եկաւ, ամենուն դատաստան ընելու ու բոլոր ամբարիշտները յանդիմանելու իրենց ըրած բոլոր ամբարիշտ գործերուն համար եւ այն բոլոր խիստ խօսքերուն համար, որոնք ամբարիշտ մեղաւորները անոր դէմ խօսեցան»։ (Յուդա 14, 15) Ուսումնականներէն շատեր կը պնդեն թէ իր ժամանակակիցներուն դէմ ուղղուած Ենովքի մարգարէութիւնը, ուղղակիօրէն մէջբերուած է Ենովքի Գրքէն։ Կարելի՞ է որ Յուդան որպէս իր տեղեկութեան աղբիւրը, անվստահելի պարականոն գիրք մը գործածէր։

      Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ Յուդան ի՛նչպէս տեղեակ եղաւ Ենովքի մարգարէութենէն։ Թերեւս ան պարզապէս հին դարերէն փոխանցուած հասարակաց աղբիւրէ մը՝ վստահելի աւանդութենէ մը՝ մէջբերեց։ Բացայայտօրէն, Պօղոս նման բան մը ըրաւ, Փարաւոնի արքունիքին մէջ Մովսէսի հակառակող կախարդներուն՝ Յանէսի ու Յամրէսի անունները յիշելով, որոնք այլապէս պիտի չգիտնայինք։ Եթէ այսպիսի վաղեմի աղբիւր մը Ենովքի Գրքի հեղինակին մատչելի էր, ինչո՞ւ չընդունիլ որ անիկա Յուդայի ալ մատչելի էր։a—Ելից 7։11, 22. Բ. Տիմոթէոս 3։8

      Ամբարիշտներուն ուղղուած Ենովքի պատգամին տեղեկութիւնը Յուդայի ի՛նչպէս ձեռք ձգած ըլլալը՝ երկրորդական է։ Անոր վստահելի ըլլալը հաստատուած է այն իրողութեամբ թէ՝ Յուդա աստուածային ներշնչման ներքեւ գրեց։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Աստուծոյ սուրբ հոգին հսկեց որ ան ճշգրիտ չեղող տեղեկութիւններ չյիշէր։

      [Ստորանիշ]

      a Ստեփանոս աշակերտն ալ տեղեկութիւններ հայթայթեց, զորս Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ ուրիշ տեղ չենք գտներ։ Ան յիշեց Մովսէսի եգիպտական կրթութիւն ստացած ըլլալը, Եգիպտոսէն փախած ատեն 40 տարեկան ըլլալը, Մադիամի մէջ անոր կեցութեան 40 տարի տեւելը, նաեւ Մովսիսական Օրէնքը փոխանցելու մէջ հրեշտակներուն խաղցած դերը։—Գործք 7։22, 23, 30, 38

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել