-
«Սատանային ծածուկ բաներ»էն զզուեցէքՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
8. (ա) Յիսուս ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ Թիւատիրի «Յեզաբէլ»ին մասին։ (բ) Արդի ժամանակներուն ալ իգական անպատշաճ ազդեցութիւնը ի՞նչպէս զգալի եղած է։
8 Յիսուս կը շարունակէ Թիւատիրի երէցներուն ըսել. «Ես անոր ժամանակ տուի իր պոռնկութեանը համար ապաշխարելու, բայց չապաշխարեց։ Ահա ես զանիկա անկողին պիտի ձգեմ ու անոր հետ շնութիւն ընողները՝ մեծ նեղութեան մէջ, եթէ իրենց գործերուն համար չապաշխարեն»։ (Յայտնութիւն 2։21, 22) Ինչպէս որ բուն Յեզաբէլ երեւութապէս կը տիրէր Աքաաբի վրայ, ապա Աստուծոյ կողմէ նշանակուած դահիճը՝ Յէուն, արհամարհեց, նմանապէս, այս կիները իրենց ազդեցութիւնը գործածելով թերեւս կը փորձեն իրենց ամուսինները եւ երէցները ղեկավարել։ Այնպէս կը թուի որ Թիւատիրի երէցները կը հանդուրժեն այս անպարկեշտ յեզաբէլական ազդեցութեան։ Հոս Յիսուս ուժեղ ազդարարութիւն մը կը հնչեցնէ անոնց, ինչպէս նաեւ համայն աշխարհի մէջ գտնուող Եհովայի ժողովուրդին արդի ժողովքներուն։ Արդի ժամանակներուն, այսպիսի յանդուգն կարգ մը կիներ ազդեցութիւն բանեցուցած են որ իրենց ամուսինները հաւատուրաց դառնան եւ նոյնիսկ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն վրայ դատեր բացած են։—Համեմատել՝ Յուդա 5-8
-
-
«Սատանային ծածուկ բաներ»էն զզուեցէքՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
10. (ա) Յեզաբէլ եւ իր զաւակները ինչո՞ւ դատապարտութիւն կը ստանան։ (բ) Անոնք որոնք Յեզաբէլի զաւակները կ’ըլլան, իրենք զիրենք ի՞նչ վտանգաւոր վիճակի մէջ կը դնեն, եւ անոնք ի՞նչ պէտք է ընեն։
10 «Յեզաբէլ կնոջ» մասին Յիսուս կը շարունակէ ըսել. «Անոր զաւակները պիտի մեռցնեմ ու բոլոր եկեղեցիները [«ժողովքները», ՆԱ] պիտի գիտնան թէ ես ան եմ՝ որ երիկամունքները ու սրտերը կը քննեմ. իւրաքանչիւրիդ ձեր գործերուն համեմատ պիտի հատուցանեմ»։ (Յայտնութիւն 2։23) Յիսուս ժամանակ տուած էր Յեզաբէլի եւ իր զաւակներուն որ ապաշխարեն կամ զղջան, բայց անոնք իրենց անբարոյութեան մէջ յարատեւեցին, հետեւաբար դատաստանի պէտք է արժանանան։ Հոս ուժեղ պատգամ մը կայ ներկայ Քրիստոնեաներուն։ Անոնք որ Յեզաբէլը կ’ընդօրինակեն՝ այր թէ կին՝ եւ այս կերպով անոր զաւակները կ’ըլլան, գլխաւորութեան եւ բարոյականութեան շուրջ Աստուածաշունչի սկզբունքները խախտելով, կամ յամառութեամբ աստուածպետական կարգ ու կանոնը անտեսելով, հոգեւորապէս վտանգաւոր հիւանդ վիճակի մէջ են։ Ճիշդ է որ եթէ այսպիսի մէկը ժողովքին երէցները կանչէ որպէսզի իրեն վրայ աղօթեն, «հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը ու Տէրը զանիկա ոտքի պիտի հանէ», պայմանաւ որ հեզութեամբ այդ աղօթքներուն համաձայն վարուի։ Ոեւէ մէկը թող չխորհի որ կրնայ Աստուած կամ Քրիստոսը խաբել, փորձելով իր անբարոյ արարքները պահել, կամ եռանդուն կերպով ծառայութեան մասնակցողի երեւոյթ տալով ինքզինքին։—Յակոբու 5։14, 15
11. Ներկայիս ժողովքներուն ի՞նչ օգնութիւն կը տրուի իգական անօրէն ազդեցութեան սպրդումին դէմ արթուն մնալու համար։
11 Բարեբախտաբար, ներկայիս Եհովայի Վկաներու ժողովքներէն շատեր արթուն են այս վտանգին նկատմամբ։ Երէցները կը հսկեն աստուածպետական չեղող վերաբերմունքի կամ յանցագործութեան հակում ունեցողներու վրայ։ Անոնք կը փորձեն օգնել այրերու եւ կիներու, որոնք վտանգաւոր ճամբու մէջ են, որպէսզի անոնք իրենց հոգեւորութիւնը կերտեն եւ բարեփոխումներ ընեն, շատ ուշ ըլլալէ առաջ։ (Գաղատացիս 5։16. 6։1) Այս Քրիստոնեայ տեսուչները սիրալիր բայց վճռական քայլեր կ’առնեն արգելք հանդիսանալու որեւէ իգական խմբաւորումի, որ կիներու ազատագրման նման շարժում մը կը փորձէ յառաջացնել։ Ասկէ զատ, պարբերաբար պատշաճ խրատներ կը տրուին Եհովայի Վկաներու հրատարակութիւններուն մէջ։a
12. Ներկայիս Յովհաննէս դասակարգը ի՞նչպէս Յէուի նման նախանձախնդրութիւն մը ցոյց կու տայ։
12 Սակայն, լուրջ անբարոյութեան պարագային, եւ մանաւանդ երբ անիկա սովորութիւն մը դարձած է, անզեղջ մեղաւորները պէտք է վտարուին։ Յիշեցէք Իսրայէլի մէջէն Յեզաբէլի ազդեցութեան բոլոր հետքերը մաքրելու Յէուի նախանձախնդրութիւնը։ Նմանապէս, Յովհաննէս դասակարգը ներկայիս վճռական քայլեր կ’առնէ, իր ընկերակիցներուն՝ «Յովնադաբներուն»՝ օրինակ հանդիսանալով եւ փաստելով որ իրենք Քրիստոնեայ Աշխարհի թոյլատու քարոզիչներէն շա՜տ տարբեր են։—Դ. Թագաւորաց 9։22, 30-37. 10։12-17
-