Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • «Ունեցածդ ամուր բռնէ»
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
    • «Քեզի Երկրպագութիւն Պիտի Ընեն»

      11. Յիսուս ի՞նչ օրհնութիւն կը խոստանայ Քրիստոնեաներուն եւ անիկա ի՞նչպէս կ’իրականանայ։

      11 Ուստի, Յիսուս անոնց կը խոստանայ որ իրենց գործին պտուղը պիտի վայելեն. «Ահա ես քեզի կու տամ Սատանային ժողովէն եղողները, որոնք կ’ըսեն թէ իրենք Հրեայ են ու չեն, հապա սուտ կ’ըսեն։ Պիտի ստիպեմ զանոնք որ գան ու երկրպագութիւն ընեն քու ոտքերուդ առջեւ եւ գիտնան թէ ես քեզ սիրեցի»։ (Յայտնութիւն 3։9) Թերեւս Զմիւռնիայի նման, ժողովքը տեղւոյն Հրեաներուն հետ խնդիրներ ունէր։ Յիսուս այդ Հրեաները կը բնորոշէ որպէս «Սատանային ժողով»ը։ Այսուհանդերձ, այդ Հրեաներէն առնուազն ոմանք, սկսած էին գիտակցիլ թէ ինչ որ Քրիստոնեաները կը քարոզէին Յիսուսի մասին՝ ճշմարտութիւն էր։ Անոնց ‘երկրպագութիւն ընելը’ հաւանաբար պիտի ըլլար Ա. Կորնթացիս 14։24, 25–ի մէջ Պօղոսի բացատրած կերպով. իրապէս զղջալով ու Քրիստոնեաներ դառնալով, լիովին գնահատելով Յիսուսի մեծ սէրը, որ իր կեանքը տուաւ իր աշակերտներուն համար։—Յովհաննու 15։12, 13

      12. Ֆիլատելֆիայի հրէական ժողովարանի անդամները ինչո՞ւ հաւանաբար պիտի ապշէին տեղեկանալով որ իրենցմէ ոմանք «երկրպագութիւն» պիտի ընէին տեղւոյն քրիստոնէական համայնքին։

      12 Ֆիլատելֆիայի հրէական ժողովարանի անդամները շատ հաւանաբար պիտի ապշէին տեղեկանալով որ իրենցմէ ոմանք տեղւոյն քրիստոնէական համայնքին ‘երկրպագութիւն պիտի ընէին’։ Իսկ քանի որ անկասկած այդ ժողովքին մէջ բազմաթիւ Հրեայ չեղողներ կային, անոնք պիտի ակնկալէին որ ճիշդ հակառակը պատահէր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եսային նախագուշակեց. «[Ոչ–Հրեայ] թագաւորները քու [Իսրայէլ ազգին] խնամակալներդ պիտի ըլլան, անոնց թագուհիները՝ քու դայեակներդ։ Երեսնին գետինը ծռելով՝ քեզի երկրպագութիւն պիտի ընեն»։ (Եսայեայ 49։23. 45։14. 60։14) Նոյն գծով, Զաքարիան ներշնչման ներքեւ գրեց. «Այն օրերը ազգերուն բոլոր լեզուներէն [ոչ–Հրեայ] տասը մարդ մէկուն քղանցքը պիտի բռնեն՝ այսինքն Հրեայ եղող մարդուն քղանցքը պիտի բռնեն ու ըսեն. ‘Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է’»։ (Զաքարեայ 8։23) Այո, ոչ–Հրեաներն են որ պիտի խոնարհէին Հրեաներուն առջեւ եւ ո՛չ թէ հակառակը։

      13. Վաղեմի Իսրայէլի ուղղուած մարգարէութիւնները ո՞ր Հրեաներուն վրայ պիտի կատարուէին։

      13 Այս մարգարէութիւնները ուղղուած էին Աստուծոյ ընտրեալ ազգին։ Այդ խօսքերը ըսուած ժամանակ, մարմնաւոր Իսրայէլը այդ պատուական դիրքը կը գրաւէր։ Բայց երբ Հրեայ ազգը չընդունեց Մեսիան, Եհովան ալ զինք մերժեց։ (Մատթէոս 15։3-9. 21։42, 43. Ղուկաս 12։32. Յովհաննու 1։10, 11) Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, անոնց տեղ Ան Աստուծոյ ճշմարիտ Իսրայէլը՝ քրիստոնէական ժողովքը, ընտրեց։ Անոր անդամները հոգեւոր Հրեաներն են եւ սրտի իրական թլփատութիւնը ունին։ (Գործք 2։1-4, 41, 42. Հռովմայեցիս 2։28, 29. Գաղատացիս 6։16) Անկէ ետք, մարմնաւոր Հրեայի մը համար Եհովայի հետ դարձեալ հաճելի յարաբերութեան մէջ գալու միակ կերպն էր՝ Յիսուսի հաւատալ որպէս Մեսիա։ (Մատթէոս 23։37-39) Արդարեւ, ասիկա էր որ պիտի ընէին կարգ մը Հրեաներ՝ Ֆիլատելֆիայի մէջ։a

      14. Եսայեայ 49։23 եւ Զաքարեայ 8։23–ը ի՞նչպէս յատկանշական կատարում մը ունին արդի ժամանակներուն։

      14 Արդի ժամանակներուն, Եսայեայ 49։23 եւ Զաքարեայ 8։23–ի նման մարգարէութիւններ շատ իմաստալից կատարում ունեցած են։ Յովհաննէս դասակարգի քարոզչութեան որպէս հետեւանք, հսկայ բազմութիւններ բացուած դռնէն անցնելով, մտած են Թագաւորութեան ծառայութեան մէջ։b Մեծաւ մասամբ անոնք Քրիստոնեայ Աշխարհէն եկած են, որու կրօնքները կեղծօրէն կը դաւանին հոգեւոր Իսրայէլը ըլլալ։ (Համեմատել՝ Հռովմայեցիս 9։6) Ասոնք՝ որպէս մեծ բազմութիւն մը՝ իրենց հանդերձները կը լուան եւ զանոնք կը ճերմկցնեն, Յիսուսի զոհագործական արիւնին հաւատք ընծայելով։ (Յայտնութիւն 7։9, 10, 14) Քրիստոսի թագաւորական իշխանութեան հնազանդելով, անոնք կը յուսան հոս երկրի վրայ անոր օրհնութիւնները ժառանգել։ Անոնք Յիսուսի օծեալ եղբայրներուն կու գան եւ անոնց առջեւ «երկրպագութիւն» կ’ընեն՝ հոգեւոր առումով՝ քանի որ ‘լսած են որ Աստուած իրենց հետ է’։ Անոնք այս օծեալներուն կը ծառայեն, որոնց հետ միանալով համաշխարհային եղբայրակցութիւն մը կազմած են։—Մատթէոս 25։34-40. Ա. Պետրոս 5։9

  • «Ունեցածդ ամուր բռնէ»
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
    • 17 1918–ին, օծեալ Քրիստոնեաներու Յովհաննէս դասակարգը՝ Ֆիլատելֆիայի անսասան ժողովքին նման՝ արդի «Սատանային ժողով»էն հակառակութիւն կրեց։ Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական առաջնորդները, որոնք հոգեւոր Հրեաներ ըլլալ կը դաւանէին, խորամանկութեամբ դրդեցին կառավարիչները, որպէսզի ճշմարիտ Քրիստոնեաները մէջտեղէն վերցնեն։ Սակայն այս վերջինները ճգնեցան, որպէսզի ‘Յիսուսի համբերութեան խօսքը պահեն’. ուստի, հոգեւոր օգնութեամբ, յատկանշական ‘քիչ մը կարողութեամբ’, անոնք վերապրեցան եւ իրենց դիմաց բացուած դռնէն մտնելու համար ոգեւորուեցան։ Ի՞նչ կերպով։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել