-
«Ո՞վ արժանի է այդ գիրքը բանալու»Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
1. Արդ ի՞նչ կը պատահի Յովհաննէսի տեսիլքին մէջ։
ՎԵՀԱՇՈ՜ՒՔ. ԱԿՆԱԾԱԼԻ՜։ Ա՛յս զգացումը կը յառաջացնէ կրակէ լամբարներուն, քերովբէներուն, 24 երէցներուն եւ ապակեղէն ծովուն միջեւ գտնուող Եհովայի աթոռին տեսիլքը։ Բայց Յո՛վհաննէս, ասկէ ետք ի՞նչ կը տեսնես։ Յովհաննէս այս երկնային թատերաբեմին ճիշդ կեդրոնը կը սեւեռէ իր աչքերը ու մեզի կ’ըսէ. «Աթոռին վրայ նստողին աջ ձեռքը գիրք մը տեսայ՝ ներսէն ու դուրսէն գրուած եւ եօթը կնիքով կնքուած։ Զօրաւոր հրեշտակ մը տեսայ, որ մեծ ձայնով կը կանչէր. ‘Ո՞վ արժանի է այդ գիրքը բանալու եւ ատոր կնիքները քակելու’։ Բայց ո՛չ երկնքի մէջ, ո՛չ երկրի վրայ ու ո՛չ երկրի տակ գտնուեցաւ մէկը՝ որ կարող ըլլար այն գիրքը բանալ, ո՛չ ալ անոր նայիլ։ Ես ալ սաստիկ կու լայի՝ քանի որ մէ՛կը արժանի չգտնուեցաւ այն գիրքը բանալու ո՛չ ալ անոր նայելու»։—Յայտնութիւն 5։1-4
-
-
«Ո՞վ արժանի է այդ գիրքը բանալու»Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
3 Հզօր հրեշտակը արդեօք պիտի գտնէ՞ մէկը որ արժանի ըլլայ գիրքը բանալու։ Թագաւորութեան Տողընդմիջեայ Թարգմանութեան համաձայն, գիրքը կը գտնուի Եհովայի «աջ ձեռքին վրայ»։ Ասիկա կը թելադրէ որ իր բաց ափին մէջ բռնած է զայն։ Բայց այնպէս կը թուի որ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ մէկը չկայ որ արժանի ըլլայ գիրքը առնելու ու զայն բանալու։ Նոյնիսկ երկրի տակ գտնուողներէն՝ Աստուծոյ մահացած հաւատարիմ ծառաներուն մէջէն իսկ, ոեւէ մէկը չկայ որ արժանի ըլլայ այս մեծ պատիւին։ Զարմանալի չէ որ Յովհաննէս զգալիօրէն վշտացած է։ Թերեւս բնաւ պիտի չկարենայ գիտնալ «ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ»։ Մեր օրերուն ալ, Աստուծոյ օծեալ ծառաները մեծ ցանկութեամբ կը սպասէին որ Եհովա Յայտնութիւն գրքին վրայ իր լոյսը եւ ճշմարտութիւնը ղրկէր։ Ասիկա պիտի ընէր աստիճանաբար, մարգարէութեանց կատարման համար նշանակուած ժամանակին, որպէսզի իր ժողովուրդը ‘փրկութեան’ ճամբուն մէջ առաջնորդէր։—Սաղմոս 43։3, 5
-