-
Չորս ձիաւորները որո՞նք ենԴիտարան (հանրամատչելի) 2017 | Թիւ 3
-
-
ՃԵՐՄԱԿ ՁԻՈՒՆ ՁԻԱՒՈՐԸ
Տեսիլքը այսպէս կը սկսի. «Տեսայ ճերմակ ձի մը, որուն վրայ հեծնողը աղեղ մը ունէր։ Պսակ մը տրուեցաւ անոր։ Անիկա յաղթող էր ու յաղթելու գնաց» (Յայտնութիւն 6։2)։
Ճերմակ ձիուն ձիաւորը ո՞վ է։ Ասիկա կրնանք գիտնալ երբ նկատի առնենք Յայտնութիւն գիրքէն ուրիշ հատուած մը, որ այս երկնաւոր ձիաւորը կը կոչէ՝ «Բանն Աստուծոյ» (Յայտնութիւն 19։11-13)։ Այս տիտղոսը՝ Բանը, կը պատկանի Յիսուս Քրիստոսին, քանի որ Աստուծոյ խօսնակն է (Յովհաննէս 1։1, 14)։ Ասկէ զատ, ան կոչուած է՝ «Թագաւոր Թագաւորաց եւ Տէր Տերանց», եւ կը նկարագրուի որպէս «Հաւատարիմ ու Ճշմարիտ» (Յայտնութիւն 19։11, 16)։ Յստակ է թէ ան հեղինակութիւն ունի որ գործէ որպէս պատերազմող թագաւոր։ Եւ ան չարաչար կամ փտած կերպով չի գործածեր իր զօրութիւնը։ Բայց կարգ մը հարցումներ կը ծագին։
Ո՞վ Յիսուսին հեղինակութիւն կու տայ որ յաղթէ (Յայտնութիւն 6։2)։ Դանիէլ մարգարէն տեսիլք մը տեսաւ, ուր յաւիտեան կենդանի եղող Եհովաa Աստուած «իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն» տուաւ Մեսիային, որ «Որդի մարդոյ նման» էր (Դանիէլ 7։13, 14)։ Ուրեմն, Ամենակալ Աստուածն է որ զօրութիւն եւ իրաւունք կու տայ Յիսուսին, որպէսզի իշխէ ու դատաստան ի գործ դնէ։ Ճերմակ ձին յարմարօրէն կը ներկայացնէ Յիսուսին ըրած արդար պատերազմը, քանի որ Սուրբ Գիրքին մէջ ճերմակ գոյնը յաճախ կը գործածուի արդարութիւն ներկայացնելու (Յայտնութիւն 3։4. 7։9, 13, 14)։
Ձիաւորները ե՞րբ սկսան արշաւել։ Նկատէ թէ առաջին ձիաւորը՝ Յիսուս, իր արշաւը կը սկսի երբ պսակ մը կամ թագ մը կը ստանայ (Յայտնութիւն 6։2)։ Լաւ, երկնքին մէջ Յիսուս ե՞րբ սկսաւ թագաւորել։ Ան չթագադրուեցաւ երբ երկինք վերադարձաւ, քանի որ այդ ատեն սկսաւ սպասման ժամանակամիջոց մը (Եբրայեցիս 10։12, 13)։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ թէ ինչպէ՛ս պիտի գիտնային, որ այդ սպասման ժամանակամիջոցը վերջացած է եւ ինք երկնքին մէջ կ’իշխէ։ Ան ըսաւ որ երբ սկսի իշխել, աշխարհին վիճակները լման գէշ պիտի դառնան։ Պիտի ըլլան պատերազմներ, սովեր ու մահտարաժամներ (Մատթէոս 24։3, 7. Ղուկաս 21։10, 11)։ 1914–ին Համաշխարհային Ա. պատերազմը սկսելէ ետք յստակ դարձաւ, որ մարդկութիւնը մտած է այդ տագնապալից ժամանակաշրջանը, որ Սուրբ Գիրքին մէջ կոչուած է «վերջին օրեր» (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5)։
Լաւ, 1914–ին Յիսուս թագաւորելու սկսելէ ետք, վիճակները ինչո՞ւ լաւանալու տեղ աւելի գէշ եղած են։ Քանի որ այդ ժամանակ Յիսուս սկսաւ երկնքին մէջ իշխել, եւ ոչ թէ երկրի վրայ։ Ետքը, երկնքին մէջ պատերազմ եղաւ եւ Յիսուս, որ Միքայէլ կոչուած է, երկիր նետեց Սատանան եւ անոր դեւերը (Յայտնութիւն 12։7-9, 12)։ Ատկէ ի վեր Սատանան շատ բարկացած է, գիտնալով որ իր օրերը քիչ են։ Շատ չանցած, Սատանային նկատմամբ Աստուծոյ կամքը պիտի կատարուի հոս երկրի վրայ (Մատթէոս 6։10)։ Հիմա տեսնենք թէ միւս երեք ձիաւորները ինչպէ՛ս կը փաստեն, որ իրապէս «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք։ Առաջին ձիաւորը յստակօրէն կը ներկայացնէ որոշ անձ մը, բայց միւս երեք ձիաւորները կը ներկայացնեն համաշխարհային վիճակներ, որոնք տիրած են մարդկութեան վրայ։
-