-
Երկրաշարժներ՝ Տէրունական օրուան մէջՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
17. Մեծ երկրաշարժը ի՞նչ ազդեցութիւն կ’ունենայ արեւուն, լուսնին ու աստղերուն վրայ։
17 Ինչպէս Յովհաննէս կը շարունակէ ցոյց տալ, մեծ երկրաշարժին կ’ընկերակցին ահռելի դէպքեր, որոնք նոյնիսկ երկնքին կ’ազդեն։ Ան կ’ըսէ. «Արեւը սեւցաւ մազեղէն քուրձի մը պէս, լուսինը [բոլորովին] արիւնի պէս եղաւ ու երկնքի աստղերը գետինը թափթփեցան, ինչպէս սաստիկ հովէն շարժուած թզենին իր տհաս պտուղները կը թափէ»։ (Յայտնութիւն 6։12բ, 13) Ի՜նչ ապշեցուցիչ բներեւոյթ մը։ Եթէ այս մարգարէութիւնը բառացիօրէն կատարուի, կրնա՞ք երեւակայել անկէ առթած վախազդու խաւարը։ Օրուան ընթացքին, արեւուն ջերմութիւնը եւ հանգստութիւնը չկայ։ Գիշերը, հաճելի արծաթաշող լուսնի լոյսը չկայ։ Իսկ բիւրաւոր աստղեր այլեւս պիտի չպսպղան թաւշային երկնակամարին վրայ։ Փոխարէն, ցուրտ ու անողոք խաւար մը պիտի տիրէ։—Համեմատել՝ Մատթէոս 24։29

20. Երբ մեծ երկրաշարժը հարուածէ, իրերու այս դրութեան ի՞նչ սարսափելի բան կը սպասէ։
20 Նոյն կերպով, երբ մեծ երկրաշարժը հարուածէ, աշխարհի այս ամբողջ դրութիւնը ամբողջական խաւարի մէջ պիտի թաղուի անյոյս կերպով։ Սատանայի երկրային դրութեան պայծառ, շողշողուն լուսաւորները յոյսի նշոյլ մը պիտի չկարենան տալ։ Արդէն ներկայիս երկրի քաղաքական առաջնորդները, մանաւանդ Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ, համբաւաւոր են իրենց զեղծարարութեամբ, ստախօսութեամբ եւ անբարոյական կենցաղով։ (Եսայեայ 28։14-19) Անոնք այլեւս վստահելի չեն։ Անոնց պլպլացող լոյսը բոլորովին պիտի մարի, երբ Եհովա իր դատաստանը ի գործ դնէ։ Յայտնի պիտի ըլլայ որ լուսնին նման երկրի գործերուն վրայ անոնց ունեցած ազդեցութիւնը արիւնալի, մահացու եղած է։ Անոնց աշխարհային գերաստղերը պիտի մարին ինկող ասուպներու նման եւ փոթորիկէն ինկող տհաս թուզերու նման։ Այս ամբողջ երկրագունդը պիտի ցնցուի ‘մեծ նեղութեամբ’, «որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։21) Ի՜նչ վախազդու հեռանկար մը։
-