-
Անհամար մեծ բազմութիւն մըՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
Գլուխ 20
Անհամար մեծ բազմութիւն մը
1. 144,000–ին կնքուիլը նկարագրելէ ետք, Յովհաննէս ուրիշ ո՞ր խումբը կը տեսնէ։
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 144,000–ին կնքուիլը նկարագրելէ ետք, ամբողջ Աստուածաշունչին ամենէն յուզիչ յայտնութիւններէն մէկը կը տեղեկագրէ։ Վստահաբար, ուրախութենէն իր սիրտը ցատկած ըլլալու էր, մինչ կը տեղեկագրէր, ըսելով. «Անկէ ետքը տեսայ մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն, որոնք աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր էին՝ ճերմակ հանդերձներ հագած եւ ձեռքերնին արմաւենիներ բռնած»։ (Յայտնութիւն 7։9) Այո, չորս հովերուն բռնելը առիթ կու տայ որ հոգեւոր Իսրայէլի 144,000 անդամներուն կողքին ուրիշ խումբ մըն ալ փրկուի. բազմալեզու, միջազգային մեծ բազմութիւն մը։a—Յայտնութիւն 7։1
2. Աշխարհային մեկնաբաններ ի՞նչպէս բացատրած են մեծ բազմութիւնը, իսկ Աստուածաշունչի Աշակերտներն անգամ անցեալին ի՞նչպէս կը նկատէին այս խումբը։
2 Աշխարհային մեկնաբաններ այս մեծ բազմութիւնը նկարագրած են որպէս Քրիստոնեայ դարձած մարմնաւոր ոչ–Հրեաներ, կամ՝ երկինք երթալու յոյս ունեցող Քրիստոնեայ նահատակներ։ Անցեալին, նոյնիսկ Աստուածաշունչի Աշակերտները զանոնք կը նկատէին երկնային երկրորդական դասակարգ մը, ինչպէս կը տեսնուի 1886–ին, Սուրբ Գրութիւններու Ուսումնասիրութիւններ, Հատոր Ա., Դարերու Աստուածային Ծրագիրը գրքին մէջ. «Անոնք աթոռներու վրայ նստելու մրցանակը եւ աստուածային բնոյթը կը կորսնցնեն, բայց վերջապէս աստուածային բնոյթէն աւելի ստորադաս հոգեղէն էակներ ըլլալու համար պիտի վերածնին։ Անոնք թէեւ իրապէս նուիրուած են, բայց աշխարհի հոգիէն ազդուած են, այն աստիճան որ իրենց կեանքը չեն զոհեր»։ Իսկ մինչեւ 1930, հետեւեալ գաղափարը արտայայտուած էր Լոյս՝ Հատոր Մէկին մէջ. «Այս մեծ բազմութիւնը կազմողները, Տէրոջ եռանդուն վկաները ըլլալու հրաւէրին չեն ընդառաջեր»։ Անոնք նկարագրուած էին որպէս ինքնարդար խումբ մը, որ ճշմարտութեան գիտութիւնը ունէին, բայց զայն քարոզելու համար շատ քիչ բան կ’ընէին։ Կը խորհէին որ անոնք որպէս երկրորդական դասակարգ մը երկինք պիտի երթային, բայց Քրիստոսի հետ իշխելու մէջ բաժին պիտի չունենային։
3. (ա) Արդարամիտ կարգ մը անհատներու ի՞նչ յոյս մատակարարուեցաւ, որոնք հետագային եռանդուն եղան քարոզչութեան մէջ։ (բ) 1923–ի Դիտարան–ը ի՞նչպէս բացատրեց ոչխարներու եւ այծերու առակը։
3 Սակայն, օծեալ Քրիստոնեաներու ընկերակիցներէն ուրիշներ հետագային քարոզչութեան մէջ շատ եռանդուն եղան։ Անոնք երկինք երթալու տենչ մը չունէին։ Արդարեւ, անոնց յոյսը համաձայն էր այն դասախօսութեան բնաբանին հետ, որ Եհովայի ծառաները ներկայացուցին 1918-1922 տարիներուն, որու խորագիրը սկիզբը հետեւեալն էր. «Աշխարհը Վերջացած Է. Հիմա Ապրող Միլիոնաւորներ Բնաւ Պիտի Չմեռնին»։b Անկէ քիչ ետք, 15 Հոկտեմբեր 1923–ի Դիտարան պարբերաթերթը, Յիսուսի ոչխարներու եւ այծերու առակը բացատրեց (Մատթէոս 25։31-46), ըսելով. «Ոչխարները ազգերուն բոլոր ժողովուրդները կը ներկայացնեն, ոչ թէ հոգիէն ծնածները, այլ անոնք որ արդարութեան հակումներ ունին, որոնք մտքով կ’ընդունին Յիսուս Քրիստոսը որպէս Տէր եւ որոնք կը յուսան իր իշխանութեան ներքեւ աւելի լաւ կեանք մը ունենալ»։
4. Երկրային դասակարգին մասին լոյսը ի՞նչպէս աւելի փայլեցաւ 1931–ին, 1932–ին եւ 1934–ին։
4 Քանի մը տարիներ ետք, 1931–ին Ջատագովում՝ Հատոր Մէկին մէջ, խօսուեցաւ Եզեկիէլ 9–րդ գլուխին մասին, աշխարհի վախճանէն վերապրելու համար իրենց ճակատներուն վրայ նշան ստացող անհատները համեմատելով վերոյիշեալ առակին ոչխարներուն հետ։ 1932–ին լոյս տեսած Ջատագովում՝ Հատոր Երեքին մէջ, կը խօսուէր ոչ–Իսրայելացի Յովնադաբի սրտի ուղիղ վիճակին մասին, որ Իսրայէլի թագաւոր օծուած Յէուի կառքին մէջ ելաւ եւ անոր հետ գնաց, որպէսզի կեղծ կրօնականները կործանելու մէջ անոր նախանձախնդրութիւնը տեսնէ։ (Դ. Թագաւորաց 10։15-17) Գիրքը այս մասին կ’ըսէր. «Յովնադաբ կը ներկայացնէ կամ կը նախագուշակէ մարդոց այն դասակարգը, որ հիմա երկրի վրայ են, այն ժամանակին երբ Յէուի [Եհովայի դատաստանները ծանուցանելու] գործը ընթացքի մէջ է։ Անոնք բարեացակամ անհատներ են, Սատանայի կազմակերպութեան հետ հաշտ չեն, արդարութեան կողմը դիրք բռնած են եւ որոնց Տէրը պիտի պահպանէ Արմագեդոնի ընթացքին, զանոնք այդ նեղութենէն դուրս պիտի հանէ եւ անոնց երկրի վրայ յաւիտենական կեանք պիտի տայ։ Ասոնք ‘ոչխար’ դասակարգը կը կազմեն»։ 1934–ին, Դիտարան–ը յստակօրէն ցոյց տուաւ որ երկրային յոյս ունեցող այս Քրիստոնեաները պէտք է Եհովայի նուիրուին եւ մկրտուին։ Այս երկրային դասակարգին վրայ լոյսը որեւէ ժամանակէ աւելի սկսաւ փայլիլ։—Առակաց 4։18
5. (ա) 1935–ին, մեծ բազմութիւնը ի՞նչպէս բնորոշուեցաւ։ (բ) Երբ 1935–ի համաժողովին Ճ. Ֆ. Ռատըրֆորտ հանդիսականներուն ըսաւ որ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունեցողները ոտքի կանգնին, ի՞նչ պատահեցաւ։
5 Յայտնութիւն 7։9-17–ի հասկացողութիւնը այժմ ամենայն պայծառութեամբ շողալու պատրաստ էր։ (Սաղմոս 97։11) Դիտարան պարբերաթերթը կրկին անգամ արտայայտուեցաւ որ Ուաշինկթըն Տի.Սի.ի (Ա.Մ.Ն.) մէջ յայտագրուած Մայիս 30–էն Յունիս 3, 1935–ի համաժողովը «իսկապէս մխիթարական եւ շահեկան» պիտի ըլլար Յովնադաբով պատկերացուողներուն համար։ Պարագան ճիշդ այդ եղաւ։ Ճ. Ֆ. Ռատըրֆորտ, որ աշխարհածաւալ քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւնը առած էր, «Մեծ Բազմութիւնը» խորագրով ոգեւորիչ դասախօսութիւն մը տալով շուրջ 20,000 հանդիսականներու, Սուրբ Գրութիւններով ապացուցանեց որ արդի ուրիշ ոչխարները եւ Յայտնութիւն 7։9–ի մեծ բազմութիւնը, նոյն դասակարգն են։ Այս դասախօսութիւնը բարձրակէտի մը հասցնելով, դասախօսը հարցուց. «Անոնք որ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունին, կը հաճի՞ն ոտքի ելլել»։ Երբ հանդիսականներու մեծ մաս մը ոտքի ելաւ, դասախօսը ըսաւ. «Ահա՛, մեծ բազմութիւնը»։ Նախ լռութիւն մը եղաւ, որուն յաջորդեց որոտանման ծափահարութիւն։ Ի՜նչ խանդավառ էին Յովհաննէս դասակարգը եւ Յովնադաբ խումբը։ Յաջորդ օրը, 840 նոր Վկաներ մկրտուեցան, մեծամասնութիւնը դաւանելով որ մեծ բազմութենէն է։
Մեծ Բազմութեան Ինքնութիւնը Հաստատել
6. (ա) Ինչո՞ւ յստակօրէն կը հասկնանք որ մեծ բազմութիւնը նուիրուած Քրիստոնեաներու արդի այդ խումբն է, որ կը յուսայ յաւիտեան երկրի վրայ ապրիլ։ (բ) Մեծ բազմութեան ճերմակ հանդերձները ի՞նչ կը խորհրդանշեն։
6 Ի՞նչպէս կրնանք ա՛յսքան հաստատօրէն ըսել թէ մեծ բազմութիւնը նուիրուած Քրիստոնեաներու այն խումբն է, որ ներկայիս կը յուսայ Աստուծոյ ստեղծած երկրին վրայ յաւիտեան ապրիլ։ Նախապէս, Յովհաննէս տեսիլքի մէջ տեսած էր երկնային խումբը, որ ‘ծախու առնուած էր Աստուծոյ համար, ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ’։ (Յայտնութիւն 5։9, 10) Մեծ բազմութիւնը նոյն ծագումը ունի, բայց անոր տարբեր բան մը վիճակուած է։ Աստուծոյ Իսրայէլին հակառակը, անոր թիւը նախասահմանուած չէ։ Ոեւէ մէկը նախապէս չի կրնար ըսել թէ անոնք ո՛րքան պիտի ըլլան։ Անոնց հանդերձները լուացուած ու Գառնուկին արիւնով ճերմկցուած են, ինչ որ կը խորհրդանշէ Յիսուսի զոհագործութեան հանդէպ իրենց հաւատքին պատճառաւ Եհովայի առջեւ իրենց ունեցած արդար կեցուածքը։ (Յայտնութիւն 7։14) Անոնք արմաւենիի ոստեր կը շարժէին, Մեսիան ողջունելով որպէս իրենց Թագաւորը։
7, 8. (ա) Արմաւենիի ոստեր շարժելը անկասկած Յովհաննէս առաքեալին ի՞նչ բան յիշեցուց։ (բ) Մեծ բազմութեան անդամներուն արմաւենիի ոստեր շարժելուն իմաստը ի՞նչ է։
7 Այս տեսիլքին նայած ատեն, Յովհաննէսի խորհուրդները հաւանաբար 60 տարի ետ, երկրի վրայ անցուցած Յիսուսի վերջին շաբթուան գացած ըլլալու էին։ Հ.Դ. 33–ի 9 Նիսանին, երբ ամբոխը Երուսաղէմ մտնող Յիսուսը կ’ողջունէր, անոնք «արմաւենիի ոստեր առին ու ելան զանիկա դիմաւորելու եւ կ’աղաղակէին. ‘Ովսա՛ննա, օրհնեալ է Իսրայէլի թագաւորը՝ որ Տէրոջը անունովը կու գայ’»։ (Յովհաննու 12։12, 13) Նմանապէս, մեծ բազմութեան արմաւենիի ոստեր շարժելը եւ աղաղակելը, Յիսուս որպէս Եհովայի կողմէ նշանակուած Թագաւոր ընդունելու անկաշկանդ ուրախութիւնը ցոյց կու տայ։
8 Անկասկած, արմաւենիի ոստերը եւ ուրախութեան աղաղակները Յովհաննէսի յիշեցուցած ըլլալու էին վաղեմի Իսրայելացիներուն Տաղաւարահարաց Տօնը։ Այս տօնին համար Եհովա պատուիրած էր. «Առաջին օրը ձեզի գեղեցիկ ծառերու պտուղ, արմաւենիի ոստեր ու տերեւախիտ ծառերու ոստեր եւ ձորի ուռիներու ոստեր պէտք է առնէք ու Տէրոջը ձեր Աստուծոյն առջեւ եօթը օր ուրախանաք»։ Արմաւենիի ոստերը ուրախութեան նշան մըն էին։ Ժամանակաւոր տաղաւարները իրենց պիտի յիշեցնէին որ Եհովա իր ժողովուրդը ազատագրած էր Եգիպտոսէն, որպէսզի անապատին մէջ վրաններու տակ ապրէին։ Այս տօնախմբութեան կը մասնակցէին «օտարականը եւ որբն ու որբեւարին»։ Ամբողջ Իսրայէլը ‘ուրախութիւն պէտք էր ընէր’։—Ղեւտացւոց 23։40. Բ. Օրինաց 16։13-15
9. Մեծ բազմութիւնը ո՞ր ուրախ աղաղակին կը մասնակցի։
9 Ուստի, տեղին է որ մեծ բազմութիւնը, հոգեւոր Իսրայէլէն չըլլալով հանդերձ, արմաւենիի ոստեր շարժէ, քանի որ անոր անդամները ուրախութեամբ ու երախտագիտութեամբ յաղթանակը ու փրկութիւնը կը վերագրեն Աստուծոյ եւ Գառնուկին, ինչպէս Յովհաննէս կը տեսնէ հոս. «Եւ մեծաձայն կ’աղաղակէին՝ ըսելով. ‘Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին’»։ (Յայտնութիւն 7։10) Թէեւ անոնք տարբեր ազգութիւններէ եկած են, բայց մեծ բազմութիւնը մէկ ձայնով «մեծաձայն» կ’աղաղակէ։ Հակառակ ազգային ու լեզուական տարբերութիւններու, ասիկա ի՞նչպէս կ’ընեն։
10. Մեծ բազմութիւնը ի՞նչպէս միաձայնութեամբ «մեծաձայն» կ’աղաղակէ, հակառակ ազգային ու լեզուական տարբերութիւններու։
10 Այս մեծ բազմութիւնը, ներկայիս երկրի վրայ գոյութիւն ունեցող միակ իրապէս միացած բազմազգային կազմակերպութեան մաս կը կազմէ։ Ամէն երկիր իր չափանիշը չունի, այլ ո՛ւր որ ապրին, անոնք Աստուածաշունչի շիտակ սկզբունքները հաստատօրէն կը կիրարկեն։ Անոնք ազգայնամոլ, յեղափոխական շարժումներու չեն մասնակցիր, հապա իրապէս իրենց ‘սուրերը խոփերու’ վերածած են։ (Եսայեայ 2։4) Անոնք աղանդներու կամ յարանուանութիւններու բաժնուած չեն, որպէսզի Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքներուն նման շփոթեցուցիչ կամ հակասական պատգամներ աղաղակեն. ոչ ալ կը ձգեն որ արհեստավարժ կղեր դասակարգը իրենց տեղ գոհութիւն մատուցանէ։ Անոնք չեն աղաղակեր որ իրենց փրկութիւնը սուրբ հոգիին կը պարտին, քանի որ երրորդութենական աստուծոյ մը ծառաները չեն։ Համայն երկրի աւելի քան 230 երկիրներու մէջ, անոնք միաբերան Եհովայի անունը կը կանչեն, ճշմարտութեան միակ մաքուր լեզուն խօսելով։ (Սոփոնեայ 3։9, ՆԱ) Տեղին ըլլալով, անոնք հանրապէս կը դաւանին որ իրենց փրկութիւնը կու գայ Եհովայէ՝ փրկութեան Աստուծմէ, փրկութեան իր Գլխաւոր Գործակալին՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով։—Սաղմոս 3։8. Եբրայեցիս 2։10
11. Արդի արուեստագիտութիւնը ի՞նչպէս օգնած է մեծ բազմութեան, որպէսզի իրենց ձայնը աւելի բարձրացնեն։
11 Արդի արուեստագիտութիւնը նպաստած է որ միաբան մեծ բազմութեան ձայնը տակաւին աւելի բարձր լսուի։ Երկրի վրայ ուրիշ ո՛չ մէկ կրօնք կարիքը ունի աւելի քան 400 լեզուներով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող հրատարակութիւններ ի լոյս ընծայելու, քանի որ անոնցմէ որեւէ մէկը միացեալ պատգամով մը, երկրի բոլոր ժողովուրդներուն հասնելով հետաքրքրուած չէ։ Ասոր նպաստելու համար, Եհովայի Վկաներու օծեալ Կառավարիչ Մարմինին հովանաւորութեան ներքեւ, մէջտեղ բերուած է Բազմալեզու Ելեկտրոնիկ Լուսագրաշարութեան Դրութիւնը (ՄԵՓՍ)։ Այս տպագրութեան ժամանակ, ՄԵՓՍ–ի զանազան տեսակներ կը գործածուին երկրի տարածքին՝ աւելի քան 125 վայրերու մէջ, եւ անոր շնորհիւ կարելի եղած է որ կիսամսեայ պարբերաթերթը՝ Դիտարան–ը աւելի քան 130 լեզուներով միաժամանակ հրատարակուի։ Եհովայի ժողովուրդը շատ մը լեզուներով գիրքեր ալ միաժամանակ կը հրատարակէ, ինչպէս սա գիրքը։ Այս կերպով, Եհովայի Վկաները, որոնց հսկայ մեծամասնութիւնը կը կազմէ մեծ բազմութիւնը, ամէն տարի հարիւր միլիոնաւոր հրատարակութիւններ կը ցրուեն բոլոր հանրածանօթ լեզուներով, օգնելով ամէն ցեղի ու լեզուի պատկանող մեծ թիւով ուրիշ անհատներու, որ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրեն եւ իրենց ձայները միացնեն մեծ բազմութեան մեծաձայն աղաղակին։—Եսայեայ 42։10, 12
Երկնքի Մէ՞ջ՝ թէ Երկրի Վրայ
12, 13. Ի՞նչ կերպով մեծ բազմութիւնը «աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր էր»։
12 Ի՞նչպէս գիտենք թէ մեծ բազմութեան ‘աթոռին առջեւ կեցած’ ըլլալը չի նշանակեր որ անոնք երկինքն են։ Ասիկա ապացուցանող շատ փաստեր կան։ Օրինակ, հոս «առջեւ» թարգմանուած Յունարէն բառը (է·նոբի·ոն) բառացիօրէն կը նշանակէ «աչքին առջեւ», եւ շատ անգամ գործածուած է երկրի վրայ մարդոց կապակցաբար, որոնք Եհովայի «առջեւ» կամ անոր «աչքին առջեւ» են։ (Ա. Տիմոթէոս 5։21. Բ. Տիմոթէոս 2։14. Հռովմայեցիս 14։22, ՆԱ. Գաղատացիս 1։20, ՆԱ) Առիթով մը, երբ Իսրայելացիները անապատին մէջ էին, Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին ըսէ՝ ‘Տէրոջը առջեւ մօտեցէ՛ք. վասն զի ձեր տրտունջը լսեցի’»։ (Ելից 16։9) Իսրայելացիները երկինք փոխադրուելու կարիքը չունէին, այդ առիթով Եհովայի առջեւ կայնելու համար։ (Համեմատել՝ Ղեւտացւոց 24։8) Այլ, անոնք հո՛ն, անապատին մէջ, Եհովայի աչքին առջեւ կայնեցան եւ իր ուշադրութիւնը անոնց վրայ էր։
13 Ասկէ զատ, կը կարդանք. «Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ . . . անոր առջեւ պիտի ժողվուին բոլոր ազգերը»։c Մարդկային ամբողջ ցեղը երկինք պիտի չըլլայ այս մարգարէութեան կատարման ժամանակ։ Իսկ «յաւիտենական բնաջնջումի» գացողները վստահաբար երկինքի մէջ պիտի չըլլան։ (Մատթէոս 25։31-33, 41, 46, ՆԱ) Այլ, մարդիկ երկրի վրայ Յիսուսի աչքին առջեւ կը կենան, եւ ան իր ուշադրութիւնը անոնց վրայ կը դարձնէ դատաստանի համար։ Նոյն կերպով, մեծ բազմութիւնը «աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ» է, այն առումով որ անոնք Եհովայի եւ իր Թագաւորին Քրիստոս Յիսուսի աչքին առջեւ են եւ անոնցմէ նպաստաւոր վճիռ մը կը ստանան։
14. (ա) «Աթոռին շուրջը» եւ «[երկնային] Սիօն լերանը վրայ» եղողները որո՞նք են։ (բ) Թէեւ մեծ բազմութիւնը Աստուծոյ կը ծառայէ «իր տաճարին մէջ», բայց ասիկա ինչո՞ւ զիրենք քահանայական դաս մը չի դարձներ։
14 24 երէցները եւ 144,000 օծեալներու խումբը նկարագրուած են որպէս Եհովայի «աթոռին շուրջը» եւ «[երկնային] Սիօն լերանը վրայ»։ (Յայտնութիւն 4։4. 14։1) Մեծ բազմութիւնը քահանայական դասակարգ մը չէ եւ այդ բարձրեալ դիրքին չի հասնիր։ Ճիշդ է որ ետքը՝ Յայտնութիւն 7։15–ի մէջ նկարագրուած է որ անոնք Աստուծոյ կը ծառայեն «իր տաճարին մէջ»։ Բայց այս տաճարը ներքին սրբարանին՝ Սրբութիւն Սրբութեանցին՝ չ’ակնարկեր։ Այլ, անիկա Աստուծոյ հոգեւոր տաճարին երկրային գաւիթն է։ Յունարէն նա·ոս բառը, որ հոս «տաճար» թարգմանուած է, յաճախ լայն առումով Եհովայի պաշտամունքին համար կառուցուած ամբողջ շինարարութեան կ’ակնարկէ։ Ներկայիս, անիկա հոգեւոր կառոյց մըն է, որ երկինքն ու երկիրը կը պարփակէ իր մէջ։—Համեմատել՝ Մատթէոս 26։61. 27։5, 39, 40. Մարկոս 15։29, 30. Յովհաննու 2։19-21, ՆԱ, ստորանիշ։
-
-
Անհամար մեծ բազմութիւն մըՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 121]
-