-
Անհամար մեծ բազմութիւն մըՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
22. Յովհաննէս ի՞նչ յաւելեալ տեղեկութիւն կը ստանայ մեծ բազմութեան մասին։
22 Աստուածային խողովակով, Յովհաննէս յաւելեալ տեղեկութիւններ կը ստանայ այս մեծ բազմութեան մասին. «[Երէցը] ըսաւ ինծի. ‘Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները, որոնք իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին. անոր համար Աստուծոյ աթոռին առջեւ են եւ իրեն կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ եւ աթոռին վրայ նստողը իր վրանը պիտի տարածէ անոնց վրայ’»։—Յայտնութիւն 7։14բ, 15
-
-
Անհամար մեծ բազմութիւն մըՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
25. (ա) Մեծ բազմութիւնը ի՞նչպէս Եհովայի «կը ծառայեն ցերեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ»։ (բ) Եհովա ի՞նչպէս ‘իր վրանը կը տարածէ’ մեծ բազմութեան վրայ։
25 Ասկէ զատ, անոնք Եհովայի նախանձախնդիր Վկաները եղած են, «եւ իրեն կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ»։ Դուք այս նուիրուած մեծ բազմութեան մաս կը կազմէ՞ք։ Եթէ այո՛, ձեր առանձնաշնորհումն է անդադար Եհովայի ծառայել, իր հոգեւոր մեծ տաճարին երկրային գաւիթին մէջ։ Ներկայիս, օծեալներու առաջնորդութեան ներքեւ, մեծ բազմութիւնը վկայութեան գործին մեծագոյն մասը կը կատարէ։ Աշխարհային պատասխանատուութիւններ ունենալով հանդերձ, անոնցմէ հարիւր հազարաւորներ որպէս ռահվիրաներ լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկած են։ Բայց այդ խումբէն ըլլաք կամ ոչ, որպէս մեծ բազմութեան նուիրուած անդամ մը, ձեր հաւատքին ու գործերուն պատճառաւ կրնաք արդար յայտարարուիլ որպէս Աստուծոյ բարեկամը եւ հիւրասիրուիլ իր վրանին տակ։ (Սաղմոս 15։1-5. Յակոբու 2։21-26) Այս կերպով Եհովա զինք սիրողներուն վրայ ‘իր վրանը կը տարածէ’ եւ որպէս բարի հիւրընկալ՝ կը պաշտպանէ զիրենք։—Առակաց 18։10
-