-
Յովհաննէս կը տեսնէ փառաւորուած ՅիսուսըՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
12. Ի՞նչ է «սրած երկբերան սուր»ին իմաստը։
12 «Եւ իր աջ ձեռքին մէջ եօթը աստղ ունէր ու իր բերնէն սրած երկբերան սուր մը կ’ելլէր եւ իր երեսը արեւու պէս էր՝ որ իր զօրութիւնովը կը փայլի։ Երբ տեսայ զանիկա, իր ոտքը ինկայ մեռելի պէս»։ (Յայտնութիւն 1։16, 17ա) Յիսուս քիչ մը անդին կը բացատրէ եօթը աստղերուն իմաստը։ Բայց ուշադրութիւն ըրի՞ք թէ իր բերնէն ինչ կ’ելլէր. «սրած երկբերան սուր մը»։ Ի՜նչ յարմար պատկեր մը։ Քանի որ Յիսուս նշանակուած է որպէսզի Եհովայի վերջին դատաստանները արձակէ Իր թշնամիներուն դէմ։ Իր բերնէն ելած վճռական հրամանները բոլոր չարերուն համար բնաջնջում պիտի նշանակեն։—Յայտնութիւն 19։13, 15
13. (ա) Յիսուսի փայլուն, շողշողուն դէմքը մեզի ի՞նչ կը յիշեցնէ։ (բ) Յիսուսի մասին Յովհաննէսի նկարագրութիւնը ընդհանուր ի՞նչ տպաւորութիւն կը ձգէ մեր վրայ։
13 Յիսուսի փայլուն եւ շողշողուն դիմագիծը մեզի կը յիշեցնէ Մովսէսը, որուն դէմքը կը փայլէր Սինա Լերան վրայ Եհովա իրեն հետ խօսելէ յետոյ։ (Ելից 34։29, 30) Յիշեցէք նաեւ որ Յիսուս շուրջ 2,000 տարի առաջ իր երեք առաքեալներուն դիմաց այլակերպած ժամանակ, «իր երեսը փայլեցաւ արեգակի պէս ու իր հանդերձները ճերմկցան լոյսի պէս»։ (Մատթէոս 17։2) Արդ, տէրունական օրուան ընթացքին Յիսուսը ներկայացնող տեսիլքին մէջ, անոր դէմքը դարձեալ շքեղօրէն կը ճառագայթէ, որպէս մէկը որ Եհովայի ներկայութիւնը կը վայելէ։ (Բ. Կորնթացիս 3։18) Արդարեւ, Յովհաննէսի տեսիլքին հաղորդած ընդհանուր պատկերը լուսաճաճանչ փառք մըն է. ձիւնի նման սպիտակ մազեր, բոցավառ աչքեր, լուսափայլ դէմք ու շողշողուն ոտքեր։ Իրապէս անբաղդատելի տեսիլք մը անոր՝ որ հիմա ‘անմերձենալի լոյսի մէջ կը բնակի’։ (Ա. Տիմոթէոս 6։16) Ա՛յնքան իրական ու կենսունակ տեսարանին դիմաց ի՞նչ կ’ըլլայ ահաբեկուած Յովհաննէսի հակազդեցութիւնը։ Առաքեալը մեզի կ’ըսէ. «Երբ տեսայ զանիկա, իր ոտքը ինկայ մեռելի պէս»։—Յայտնութիւն 1։17
-
-
Սրբազան խորհուրդի մը յայտնումըՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
2. (ա) Յիսուս ինքզինք ի՞նչ տիտղոսով կը ներկայացնէ։ (բ) Ի՞նչ է իմաստը Եհովայի հետեւեալ խօսքերուն. «Ե՛ս եմ առաջինը ու ե՛ս եմ վերջինը»։ (գ) Յիսուսի տրուած «Առաջինը ու Վերջինը» տիտղոսը ի՞նչ բանի ուշադրութիւն կը հրաւիրէ։
2 Բայց այս ակնածութիւնը, հիւանդագին վախի պէտք չէ վերածուի։ Յիսուս հաւաստիացուց Յովհաննէսը, ինչպէս առաքեալը կը բացատրէ։ «Ու իր աջ ձեռքը իմ վրաս դրաւ ու ըսաւ ինծի. ‘Մի՛ վախնար. ես եմ Առաջինը ու Վերջինը։ Ես կենդանի եմ’»։ (Յայտնութիւն 1։17բ, 18ա) Եսայեայ 44։6–ի մէջ, Եհովա իրաւացիօրէն իր դիրքը կը նկարագրէ որպէս միակ Ամենակալ Աստուածը, ըսելով. «Ե՛ս եմ առաջինը ու ե՛ս եմ վերջինը, ինծմէ զատ Աստուած չկայ»։a Երբ Յիսուս ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս «Առաջինը ու Վերջինը», ան Եհովայի, Մեծ Ստեղծիչին հետ հաւասարութիւն չի դաւանիր։ Ան կը գործածէ տիտղոս մը, որ տեղին ըլլալով Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած է։ Եսայիի գիրքին մէջ, Եհովա որպէս ճշմարիտ Աստուած Իր անզուգական դիրքին ակնարկում կ’ընէր։ Ինք յաւիտենական Աստուած է եւ իրմէ զատ արդարեւ Աստուած գոյութիւն չունի։ (Ա. Տիմոթէոս 1։17) Յայտնութեան մէջ, Յիսուս իրեն պարգեւատրուած տիտղոսին կ’ակնարկէ, իր աննման յարութեան ուշադրութիւն հրաւիրելով։
3. (ա) Ի՞նչ կերպով Յիսուս «Առաջինը ու Վերջին»ն էր։ (բ) Յիսուսի «մահուան ու Հատէսին բանալիները» ունենալը ի՞նչ կը նշանակէ։
3 Արդարեւ, Յիսուս հոգեղէն անմահ կեանքի յարուցուող «Առաջին» մարդ արարածն էր։ (Կողոսացիս 1։18) Նաեւ, ուղղակի Եհովայի կողմէ յարուցանուած «Վերջին» անհատն էր։ Հետեւաբար, ան ‘կենդանի է յաւիտեանս յաւիտենից’։ Ան անմահութիւն ունի։ Այս կերպով Յիսուս կը նմանի իր անմահ Հօրը, որ կոչուած է ‘կենդանի Աստուած’։ (Յայտնութիւն 7։2. Սաղմոս 42։2) Մնացեալ բոլոր մարդոց համար, Յիսուս «յարութիւնն ու կեանք»ն է։ (Յովհաննու 11։25) Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, ան Յովհաննէսի կ’ըսէ. «Ես ա՛ն եմ որ մեռայ եւ ահա կենդանի եմ յաւիտեանս յաւիտենից եւ ես ունիմ մահուան ու դժոխքին [«Հատէսին», ՆԱ] բանալիները»։ (Յայտնութիւն 1։18բ) Եհովա մեռելները յարուցանելու հեղինակութիւն տուած է Յիսուսի։ Անոր համար ան կրնար ըսել թէ ինք բանալիները ունի որպէսզի մահուան ու Հատէսի (գերեզմանին) կապանքներուն ներքեւ եղողներուն համար դռները բանայ։—Համեմատել՝ Մատթէոս 16։18
-