-
Երկու վկաներուն վերակենդանացումըՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
23. (ա) Երեքուկէս օր ետք ի՞նչ կը պատահի երկու վկաներուն, ի՞նչ ազդեցութիւն ձգելով իրենց թշնամիներուն վրայ։ (բ) Յայտնութիւն 11։11, 12–ը եւ չորցած ոսկորներու հովիտին վրայ Եհովայի փչելուն նկատմամբ Եզեկիէլի մարգարէութիւնը ե՞րբ արդի կատարում մը ունեցան։
23 Մամուլը կղերներուն միացաւ Աստուծոյ ծառաները վարկաբեկելու համար։ Լրագիր մը կ’ըսէր. «Կատարուած Խորհուրդ–ը վերջ գտաւ»։ Բայց ասկէ աւելի մեծ սխալ մը չէ՛ր կրնար ըլլալ։ Երկու վկաները մեռած վիճակի մէջ չմնացին։ Կը կարդանք. «Երեք ու կէս օր ետքը Աստուծմէ կենդանութեան հոգի մտաւ անոնց մէջ ու իրենց ոտքերուն վրայ կայնեցան եւ զանոնք տեսնողներուն վրայ մեծ վախ ինկաւ։ Երկնքէն մեծ ձայն մը լսեցին, որ կ’ըսէր անոնց. ‘Վե՛ր ելէք, հո՛ս եկէք’։ Եւ անոնք ամպով երկինք բարձրացան։ Անոնց թշնամիներն ալ զանոնք տեսան»։ (Յայտնութիւն 11։11, 12) Այս կերպով, անոնք տեսիլքի մէջ Եզեկիէլի այցելած հովիտին չորցած ոսկորներուն նման փորձառութիւն մը ունեցան։ Եհովա այդ չորցած ոսկորներուն վրայ փչեց եւ անոնք կենդանացան, Բաբելոնի 70 տարուան գերութենէն ետք Իսրայէլ ազգին վերածնունդը պատկերացնելով։ (Եզեկիէլ 37։1-14) Թէ՛ Եզեկիէլի եւ թէ Յայտնութիւն գրքին այս մարգարէութիւնները ուշագրաւօրէն արդի կատարում մը ունեցան 1919–ին, երբ Եհովա իր «մեռած» վկաները զեղուն կեանքի վերադարձուց։
24. Երկու վկաները ե՞րբ վերականգնեցան եւ ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ անոնց կրօնական հալածիչներուն վրայ։
24 Ասիկա ի՜նչ մեծ ցնցում մը եղաւ այդ հալածիչներուն համար։ Երկու վկաներուն դիակները յանկարծ կենդանացան եւ դարձեալ գործի լծուեցան։ Ասիկա մարսելը դժուար էր կղերներուն համար, մանաւանդ որ այն Քրիստոնեայ ծառաները, որոնց զրպարտութեամբ կրցած էին բանտ նետել տալ, հիմա դարձեալ ազատ էին եւ հետագային ամբողջովին անմեղ պիտի յայտարարուէին։ Անոնք շատ աւելի ցնցուած ըլլալու էին, երբ 1919–ի Սեպտեմբերին, Աստուածաշունչի Աշակերտները համաժողով մը ունեցան Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ (Ա.Մ.Ն.)։ Ճ. Ֆ. Ռատըրֆորտ, որ բանտէն նոր արձակուած էր, հանդիսականները ոգեւորեց Յայտնութիւն 15։2 եւ Եսայեայ 52։7–ի վրայ հիմնուած իր դասախօսութեամբ, որուն խորագիրն էր՝ «Թագաւորութիւնը Ծանուցանենք»։ Յովհաննէս դասակարգէն եղողները անգամ մը եւս սկսան ‘մարգարէութիւն ընել’, կամ հանրապէս քարոզել։ Անոնք հետզհետէ ուռճացան, անվախօրէն քօղազերծելով Քրիստոնեայ Աշխարհի կեղծաւորութիւնը։
-
-
Երկու վկաներուն վերակենդանացումըՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
c Նկատի առէք որ Աստուծոյ ժողովուրդին այդ ժամանակուան փորձառութիւնը քննելով կը տեսնուի որ թէեւ 42 ամիսները երեքուկէս բառացի տարիներ կը ներկայացնէին, բայց երեքուկէս օրը, բառացի 84 ժամուան շրջան մը չի ներկայացներ։ Երեքուկէս օրը որ երկու անգամ յիշուած է (9 եւ 11–րդ համարներուն մէջ), հաւանաբար շեշտելու համար է որ միայն կարճ ժամանակաշրջան մը պիտի տեւէր, համեմատած անոր նախորդող բառացի երեքուկէս տարուան գործունէութեան հետ։
-