-
Մարդը վերջնականապէս երկրագունդը պիտի աւերէ՞Դիտարան 2014 | Սեպտեմբեր 1
-
-
Մարդը վերջնականապէս երկրագունդը պիտի աւերէ՞
«Ազգ կ’երթայ եւ ազգ կու գայ, բայց երկիրը միշտ կը կենայ» (ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԱԳԱՒՈՐ, Ք.Ա. 11–ՐԴ ԴԱՐ)a։
Աստուածաշունչի այս գրողին համար, մեծ հակադրութիւն կար մարդուն կեանքին կարճատեւութեան եւ երկրագունդին մշտատեւ ըլլալուն միջեւ։ Իսկապէս, հազարաւոր տարիներէ ի վեր, սերունդներ եկած ու գացած են, սակայն Երկիր մոլորակը հաստատուն կերպով կեանքին թիկունք կանգնած է մինչեւ հիմա։
Բ. Աշխարհամարտին յաջորդող տարիները ոմանց կողմէ նկատուած են որպէս Մեծ արագացումը։ Միայն շուրջ 70 տարուան մէջ, մարդիկ յատկանշական յառաջդիմութիւն տեսած են՝ փոխադրութեան, հաղորդակցութեան եւ այլ արհեստագիտութիւններու մէջ, որոնք տնտեսական աննախընթաց փոփոխութիւններ յառաջ բերած են։ Շատեր այնպիսի կենսամակարդակ ունին, որ նախապէս անկարելի կը թուէր։ Միեւնոյն ժամանակամիջոցին, երկրի բնակչութիւնը գրեթէ եռապատիկ եղած է։
Սակայն այս բոլորը առանց վնասի չեն եղած։ Կ’ըսուի թէ մարդկութեան գործունէութիւնները երկրագունդը այնքան կը վնասեն, որ մօտ ատենէն ա՛լ կարելի պիտի չըլլայ որ անոր բնական շրջանները կեանքը պահպանելու համար պատշաճ կերպով գործեն։ Իրականութեան մէջ, կարգ մը գիտնականներ կ’ըսեն թէ մտած ենք երկրաբանական նոր դարաշրջան մը (Anthropocene), որուն մէջ մարդուն զօրաւոր ազդեցութիւնը Երկիր մոլորակին վրայ հետզհետէ աւելի բացայայտ կը դառնայ։
Աստուածաշունչը նախագուշակեց ժամանակ մը, երբ մարդը ‘երկիրը պիտի ապականէր’ (Յայտնութիւն 11։18)։ Ոմանք հարց կու տան թէ արդեօք այսպիսի ժամանակի մէ՛ջ կ’ապրինք։ Երկիրը որքա՞ն եւս պիտի վնասուի։ Վիճակը անյեղաշրջելի պիտի ըլլա՞յ։ Իրապէս մարդը երկիրը վերջնականապէս պիտի աւերէ՞։
ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՅԵՂԱՇՐՋԵԼԻ՞ Է
Երկրագունդը դէպի անյեղաշրջելի կացութիւն կ’ընթանա՞յ։ Կարգ մը գիտնականներ կը խորհին թէ դժուար է փոփոխութիւններուն ազդեցութիւնը նախատեսել։ Ասոր համար, անոնք մտահոգ են որ թերեւս կը մօտենանք հանգրուանի մը, ուր կլիմայի յանկարծական եւ չնախատեսուած փոփոխութիւններ կրնան աղէտալի արդիւնքներ յառաջ բերել։
Օրինակ՝ նկատի առ Արեւմտեան Անթարքթիքայի սառցակոյտը։ Ոմանք կը խորհին որ եթէ ընդհանրական ջերմացումը շարունակուի, որոշ մէկ հանգրուանին այս սառցակոյտին հալիլը անշրջելի պիտի դառնայ։ Ինչո՞ւ։ Սառոյցը բնականաբար արեւուն ճառագայթը կ’արտացոլէ։ Բայց մինչ սառցակոյտը կը բարակնայ եւ կը պզտիկնայ, անոր տակի ովկիանոսը, որ նուազ արտացոլիչ է, ի վերջոյ ի յայտ կու գայ։ Մութ ովկիանոսի մակերեսը աւելի տաքութիւն կը քաշէ, ինչ որ իր կարգին սառցակոյտը աւելի կը հալեցնէ։ Այս կործանիչ շրջանը անսանձելի դառնալով, հալած սառին ջուրերը ծովու մակերեւոյթը պիտի բարձրացնեն ու հարիւր միլիոնաւոր մարդոց աղէտ պիտի պատճառեն։
-