-
Աստուծոյ սրբազան խորհուրդը—Անոր փառաւոր յանգո՛ւմըՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
8. (ա) Եօթներորդ փողին հնչուիլը ի՞նչ ազդեցութիւն կ’ունենայ ազգերուն վրայ։ (բ) Ազգերը իրենց բարկութիւնը որո՞նց դէմ արտայայտած են։
8 Միւս կողմէ, եօթներորդ փողին հնչուիլը ազգերուն ուրախութիւն չի բերեր։ Ա՛լ ժամանակը եկած է որ անոնք Եհովայի բարկութիւնը ճաշակեն։ Ինչպէս Յովհաննէս կը պատմէ. «Եւ ազգերը բարկացան, վասն զի եկաւ քու բարկանալու ժամանակդ, երբ պիտի դատես մեռելները, պիտի վարձատրես քու ծառաներդ, մարգարէներդ, սուրբերդ եւ քու անունէդ վախցողները, մեծերն ու պզտիկները եւ պիտի ապականես երկիրը ապականողները [«ոչնչացնելու երկրի կործանիչները», Երուսաղէմ]»։ (Յայտնութիւն 11։18) 1914–էն ի վեր, աշխարհի ազգերը իրենց զայրոյթը արտայայտած են իրարու, Աստուծոյ Թագաւորութեան, իսկ մանաւանդ՝ Եհովայի երկու վկաներուն, դէմ։—Յայտնութիւն 11։3
9. Ազգերը ի՞նչպէս երկիրը կործանած են, եւ Աստուած ի՞նչ որոշած է ընել այս ուղղութեամբ։
9 Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, ազգերը երկիրը աւերած են իրենց յարատեւ պատերազմներով եւ գէշ տնօրինութեամբ։ Սակայն, 1914–էն ի վեր, այս աւերումը ահազանգային վիճակի հասած է։ Ընչաքաղցութեան եւ ապականութեան հետեւանքով անապատները ընդարձակած եւ արգասաբեր հողի հսկայական տարածութիւններ կորսուած են։ Թթուային անձրեւներ եւ շողարձակ ամպեր հսկայական շրջաններ քանդած են։ Ուտելիքի աղբիւրներ ապականած են։ Մեր շնչած օդն ու խմած ջուրը՝ վարակուած են։ Ճարտարարուեստական թափօնները երկրային ու ծովային կեանքին կը սպառնան։ Իսկ ատեն մը, գերուժերը սպառնացին կատարեալ կործանում բերել՝ կորիզային զէնքերով ամբողջ մարդկութիւնը բնաջնջելով։ Բարեբախտաբար, Եհովա ‘երկրի կործանիչները պիտի ոչնչացնէ’. ան դատաստան պիտի բերէ բոլոր հպարտ, անաստուած մարդոց վրայ, որոնք երկրի այս ցաւալի վիճակին պատասխանատու են։ (Բ. Օրինաց 32։5, 6. Սաղմոս 14։1-3) Հետեւաբար, Եհովա պատճառ կ’ըլլայ որ երրորդ վայով, այս յանցագործներէն հաշիւ պահանջուի։—Յայտնութիւն 11։14
Վա՜յ Կործանիչներուն
10. (ա) Ի՞նչ է երրորդ վայը։ (բ) Երրորդ վայը ի՞նչ կերպով տանջանքէն աւելին կը պատճառէ։
10 Ահաւասիկ երրորդ վայը։ Անիկա արագօրէն կու գայ։ Այս միջոցաւ է որ Եհովա կործանում պիտի բերէ իր «պատուանդան»ը եղող այս սիրուն երկիրը սրբապղծողներուն վրայ, ուր մենք կ’ապրինք։ (Եսայեայ 66։1) Այս երրորդ վայը շարժման մէջ կը դրուի Մեսիական Թագաւորութեան՝ Աստուծոյ սրբազան խորհուրդին՝ կողմէ։ Աստուծոյ թշնամիները, մասնաւորաբար Քրիստոնեայ Աշխարհի առաջնորդները, առաջին երկու վայերով տանջուեցան, գլխաւորաբար մարախներու եւ հեծելազօրքի պատուհասներուն որպէս հետեւանք. Բայց երրորդ վայը, զոր Եհովայի Թագաւորութիւնն է որ կը բերէ, տանջանքէն աւելին կը պատճառէ։ (Յայտնութիւն 9։3-19) Անիկա մարդկային կործանիչ ընկերութիւնը եւ անոր կառավարիչները մէջտեղէն վերցնող մահացու հարուածը կու տայ։ Ասիկա պիտի պատահի Արմագեդոնին, որպէս Եհովայի դատաստանին յանգումը։ Ճիշդ ինչպէս որ Դանիէլ մարգարէացաւ. «Այն թագաւորներուն [երկիրը քանդող կառավարիչներուն] օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։ Վեհաշուք լերան մը նման, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի տիրէ փառաւորուած երկրի մը վրայ, Եհովայի գերիշխանութիւնը ջատագովելով եւ մարդկութեան յաւիտենական ուրախութիւն բերելով։—Դանիէլ 2։35, 44. Եսայեայ 11։9. 60։13
11. (ա) Մարգարէութիւնը ուրախ դէպքերու ի՞նչ շարք մը կը նկարագրէ։ (բ) Ի՞նչ շնորհք կը տրուի, ի՞նչպէս եւ որո՞ւ կողմէ։
11 Երրորդ վային կը հետեւի ուրախ դէպքերու շարք մը, որ տէրունական օրուան ընթացքին աստիճանաբար տեղի պիտի ունենան։ Անիկա ժամանակ մըն է, երբ ‘մեռելները պիտի դատուին եւ Աստուած իր ծառաները, մարգարէները եւ սուրբերը եւ իր անունէն վախցողները պիտի վարձատրէ’։ Ուրիշ խօսքով, մեռելները պիտի յարուցանուի՛ն։ Արդէն մահուան մէջ քնացող օծեալ սուրբերուն համար, անիկա տեղի կ’ունենայ տէրունական օրուան սկիզբի շրջանին։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։15-17) Յարմար ժամանակին, մնացեալ սուրբերը վայրկենական յարութեամբ անոնց կը միանան։ Ուրիշներ ալ պէտք է վարձատրուին, մէջը ըլլալով Աստուծոյ երբեմնի մարգարէները եւ Եհովայի անունէն վախցող բոլոր ծառաները, ըլլան անոնք մեծ նեղութենէն վերապրող մեծ բազմութեան անդամները, թէ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին կեանքի բերուած «պզտիկ ու մեծ մեռելներ»ը։ Քանի որ Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորը մահուան ու Հատէսին բանալիները ունի, իր թագաւորական իշխանութիւնը ճամբան կը բանայ որ ան յաւիտենական կեանք տայ բոլոր անոնց որոնք այդ թանկագին հայթայթումին կը տենչան։ (Յայտնութիւն 1։18. 7։9, 14. 20։12, 13. Հռովմայեցիս 6։22. Յովհաննու 5։28, 29) Երկնքի մէջ անմահ կեանք ըլլայ թէ երկրի վրայ յաւիտենական կեանք, կեանքի այս պարգեւը Եհովայի կողմէ մեզի մատուցուած շնորհք մըն է, որու համար անկէ օգտուողները յաւիտեան երախտապարտ կրնան ըլլալ։—Եբրայեցիս 2։9
-
-
Աստուծոյ սրբազան խորհուրդը—Անոր փառաւոր յանգո՛ւմըՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
[Շրջանակ՝ էջ 175]
Երկրին կործանումը
«Իւրաքանչիւր երեք երկվայրկեան, ոտնագնդակի դաշտի մը չափ արեւադարձային անտառ կ’անհետանայ։ . . . Նախնական անտառի մը կորուստով հազարաւոր բոյսեր եւ անասնական տեսակներ կը փճանան»։—Իլըսթրէյթըտ Էթլըս օֆ տը Ուըրլտ (Ռէնտ Մքնէլլի)
«Երկու հարիւր տարի բնակչութիւն հաստատուելէն ետք, [Մեծ Լիճերն] ալ աշխարհի մեծագոյն կոյուղիները եղած են»։—Տը Կլոպ էնտ Մէյլ (Գանատա)
Ապրիլ 1986–ին, Ուքրանիոյ մէջ, Չէրնոպիլի աթոմակայանի մը մէջ տեղի ունեցած պայթումն ու կրակը «կորիզային ամենանշանակալից դէպքն էր . . . Հիրոշիմայի ու Նակազաքիի ռմբակոծումէն ի վեր», որ «ցարդ պայթած կորիզային բոլոր ռումբերէն ու փորձերէն աւելի, երկարատեւ շողարձակումներ արձակեց աշխարհի օդին, հողին եւ ջուրին մէջ»։—ՃԱՄԱ, Տը Նիու Եորք Թայմզ
Մինամաթայի մէջ, Ճափոն, քիմիական գործարան մը մէթիլմէրգիւր թափեց ծոցին մէջ։ Թափօններէն վարակուած ձուկեր եւ խեցեմորթներ ուտելը, Մինամաթայի հիւանդութիւնը (MD) յառաջացուցած է, «ջղային երկարատեւ հիւանդութիւն մը։ . . . Ցարդ (1985), ամբողջ Ճափոնի մէջ 2,578 անհատներու այս հիւանդութենէն վարակուած ըլլալը պաշտօնապէս ստուգուած է»։—Ինթըրնէշընլ Ճըրնըլ օֆ Էփիտէմիոլոճի
[Շրջանակ՝ էջ 176]
Ծանրակշիռ ծանուցումները, որոնք կը գտնուին Յայտնութիւն 11։15-19–ի մէջ, յաջորդող տեսիլքներուն ներածականներն են։ Յայտնութիւն 12–րդ գլուխը, Յայտնութիւն 11։15, 17–ի հոյակապ ծանուցումներուն մանրամասնութեանց վրայ լոյս կը սփռէ։ 13–րդ գլուխը, 11։18–ին գետինը կը պատրաստէ, քանի որ երկիրը քանդած Սատանայի քաղաքական կազմակերպութեան ծագումը եւ զարգացումը կը նկարագրէ։ 14 եւ 15–րդ գլուխները աւելի մանրամասնութիւններ կու տան, Թագաւորութեան դատաստաններուն մասին, որոնք կապ ունին եօթներորդ փողի հնչուելուն եւ երրորդ վային հետ։
-