-
Աստուծոյ Թագաւորութեան ծնունդըՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
22, 23. (ա) Վիշապը երկիր նետուելէն ետք, ի՞նչ կը պատահի, ըստ Յովհաննէսի։ (բ) Վիշապը ի՞նչպէս կրնայ հալածել ‘արու զաւակ ծնանող’ կնոջ։
22 Սատանայի աղիտալի կերպով վռնտուելէն ի վեր, տակաւին երկրի վրայ եղող Քրիստոսի եղբայրները իր բուռն զայրոյթին առարկան դարձած են։ Յովհաննէս կը տեղեկագրէ. «Ու երբ վիշապը տեսաւ որ ինք երկրի վրայ ձգուեցաւ, արու զաւակ ծնանող կնոջ ետեւէն ինկաւ։ Այն կնոջ մեծ արծիւի երկու թեւեր տրուեցան, որպէս զի անապատ իր տեղը թռչի օձին երեսէն, ուր պիտի կերակրուէր ժամանակ մը, ժամանակներ ու կէս ժամանակ»։—Յայտնութիւն 12։13, 14
-
-
Աստուծոյ Թագաւորութեան ծնունդըՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
24. Աստուածաշունչի Աշակերտները ի՞նչ փորձառութիւն ունեցան, որ կը նմանէր Եգիպտոսէն ազատագրուող Իսրայելացիներու փորձառութեան։
24 Առաջին Աշխարհամարտի տեւողութեան, Յիսուսի եղբայրները հաւատարմօրէն շարունակեցին կարելի եղածին չափ վկայութիւն տալ։ Ասիկա ըրին Սատանային եւ իր կատաղի սպասաւորներու կողմէ եկած հսկայական հակառակութեանց դիմաց։ Վերջապէս, Աստուածաշունչի Աշակերտներուն հանրային վկայութեան գործը գրեթէ դադրեցաւ։ (Յայտնութիւն 11։7-10) Ասիկա պատահեցաւ, երբ անոնք Եգիպտոսի մէջ մեծապէս հարստահարուած Իսրայելացիներուն նման փորձառութեան մը ենթարկուեցան։ Այն ատենն էր որ Եհովա զանոնք արագօրէն՝ կարծես արծիւի թեւերուն վրայ վերցուած՝ Սինայի ապահով անապատը բերած էր։ (Ելից 19։1-4) Նոյն կերպով, 1918-1919–ի դառն հալածանքներէն ետք, Եհովա ազատեց իր վկաները՝ որոնք իր կինը կը ներկայացնէին՝ եւ զանոնք բերաւ հոգեւոր կացութեան մը մէջ, որ իրենց համար նոյնքան ապահով էր, որքան Իսրայելացիներուն համար՝ անապատը։ Ասիկա անոնց աղօթքներուն պատասխանն էր։—Համեմատել՝ Սաղմոս 55։6-9
25. (ա) Եհովա ի՞նչ բան յառաջ բերաւ 1919–ին, ճիշդ ինչպէս որ անապատին մէջ Իսրայելացիներուն ըրած էր։ (բ) Որոնցմէ՞ կը բաղկանայ այս ազգը, եւ անոր անդամները ի՞նչ բանի մէջ բերուած են։
25 Անապատին մէջ, Եհովա Իսրայելացիները ազգի մը վերածեց, անոնց հոգեւոր եւ ֆիզիքական կարիքները հայթայթելով։ Նմանապէս, 1919–էն սկսեալ, Եհովա կնոջ սերունդը հոգեւոր ազգի մը վերածեց։ Ասիկա պէտք չէ շփոթել Մեսիական Թագաւորութեան հետ, որ 1914–էն ի վեր երկինքի մէջ կ’իշխէ։ Այլ, այս նոր ազգը կը բաղկանայ երկրի վրայ օծեալ վկաներու մնացորդէն, որ 1919–ին հոգեւոր փառաւոր վիճակի մէջ բերուած է։ Արդ, ‘ատենին իրենց ուտելիքը’ ունենալով, անոնք զօրացան իրենց դիմաց գտնուող գործին համար։—Ղուկաս 12։42. Եսայեայ 66։8
26. (ա) Յայտնութիւն 12։6, 14–ի մէջ յիշուած ժամանակամիջոցը ո՞րքան է։ (բ) Երեքուկէս ժամանակը ի՞նչ նպատակի պիտի ծառայէր. անիկա ե՞րբ սկսաւ եւ ե՞րբ վերջացաւ։
26 Աստուծոյ կնոջ սերունդին գործունէութիւնը ո՞րքան ժամանակ ընդմիջուեցաւ։ Յայտնութիւն 12։6–ի համաձայն՝ 1,260 օր։ Յայտնութիւն 12։14–ը այս ժամանակաշրջանը կը կոչէ, ժամանակ, ժամանակներ ու կէս ժամանակ. ուրիշ խօսքով՝ երեքուկէս ժամանակ։ Իրականութեան մէջ երկու արտայայտութիւններն ալ երեքուկէս տարուան կ’ակնարկեն, որ Հիւսիսային Կիսագունդին մէջ սկսաւ 1919–ի գարնան եւ տեւեց մինչեւ 1922–ի աշունը։ Յովհաննէս դասակարգին համար ասիկա վերակազդուրման եւ վերակազմակերպուելու շրջան մը եղաւ։
-