-
Ինչ որ շուտով պիտի ըլլայՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
Հաղորդակցութեան Խողովակը
5. Յայտնութիւնը ի՞նչպէս հաղորդուեցաւ Յովհաննէս առաքեալին եւ ապա ժողովքներուն։
5 Յայտնութիւն 1։1բ, 2–ը կը շարունակէ ըսել. «[Յիսուս] իր հրեշտակին ձեռքով [Յայտնութիւնը] ղրկելով՝ իր Յովհաննէս ծառային [«նշաններով», ՆԱ] իմացուց, որ Աստուծոյ խօսքին վկայութիւնը ըրաւ ու Յիսուս Քրիստոսին վկայութիւնը՝ ինչ որ տեսաւ»։ Ուրեմն, Յովհաննէս հրեշտակի մը, պատգամաբերի մը միջոցաւ ստացաւ ներշնչեալ արձանագրութիւնը։ Զայն գալարի մը վրայ գրեց եւ իր օրուան ժողովքներուն փոխանցեց։ Բարեբախտաբար, Աստուած զայն պահպանեց, որպէս քաջալերութիւն ծառայելու ներկայիս երկրի վրայ իր միակամ ծառաներէն բաղկացած շուրջ 100,000 ժողովքներուն։
6. Յիսուս ի՞նչպէս նկարագրեց այն խողովակը զոր պիտի գործածէ ներկայիս իր «ծառաներուն» հոգեւոր սնունդ տալու համար։
6 Յովհաննէսի օրերուն, Աստուած Յայտնութիւնը հաղորդելու խողովակ մը ունէր, եւ Յովհաննէս այդ խողովակին երկրային մասը կը կազմէր։ Նոյն կերպով, Աստուած ներկայիս իր «ծառաներուն» հոգեւոր սնունդ տալու համար իր խողովակը ունի։ Իրերու դրութեան վախճանի մասին իր մեծ մարգարէութեան մէջ, Յիսուս այս խողովակին երկրային մասը բնորոշեց որպէս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէս զի ատենին անոնց կերակուր տայ»։ (Մատթէոս 24։3, 45-47) Ան այս Յովհաննէս դասակարգը կը գործածէ, մարգարէութեան իմաստը քօղազերծելու համար։
7. (ա) Յայտնութեան մէջի նշանները ի՞նչպէս պէտք է ազդեն մեզի։ (բ) Յովհաննէս դասակարգէն ոմանք ո՞րքան ժամանակէ ի վեր Յայտնութեան տեսիլքներուն կատարման կը մասնակցին։
7 Յովհաննէս առաքեալ կը գրէ որ Յիսուս Յայտնութիւնը տուած է «նշաններ»ով, կամ խորհրդանիշներով։ Անոնց քննութիւնը ոգեւորիչ եւ խայտալի է։ Անոնք կը նկարագրեն շատ ուժեղ գործունէութիւններ, որոնք իրենց կարգին պէտք է մեզ դրդեն որ այս մարգարէութիւնը ու անոր իմաստը ջանանք եռանդունօրէն ուրիշներուն գիտցնել։ Յայտնութիւնը մեզի կը ներկայացնէ քանի մը ցնցիչ տեսիլքներ, որոնց իւրաքանչիւրին Յովհաննէս մասնակցեցաւ, կա՛մ անոր մէջ գործօն բաժին բերելով եւ կամ որպէս դէտ։ Յովհաննէս դասակարգին պատկանողները՝ որոնցմէ ոմանք տասնեակ տարիներէ ի վեր այդ տեսիլքներուն կատարման մէջ բաժին ունեցած են՝ ուրախ են որ Աստուծոյ հոգին յայտնած է անոնց իմաստը, որպէսզի կարենան զայն ուրիշներուն բացատրել։
-
-
Ինչ որ շուտով պիտի ըլլայՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
9. (ա) Յովհաննէս դասակարգը ի՞նչ կեցուածք ունեցած է Յովհաննէսի նման։ (բ) Յովհաննէս ի՞նչպէս ուրախ ըլլալու ճամբան ցոյց տուաւ մեզի։
9 Յովհաննէս հաւատարմօրէն վկայութիւն տուաւ այդ պատգամին մասին, զոր Աստուած Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ իրեն տուաւ։ Ան մանրամասնօրէն նկարագրեց «ինչ որ տեսաւ»։ Յովհաննէս դասակարգը առաջնորդութեան համար միշտ Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի նայած է, մարգարէութիւնը լիովին հասկնալու եւ անոր գեղեցիկ կէտերը Աստուծոյ ծառաներուն գիտցնելու համար։ Օծեալ ժողովքին (ինչպէս նաեւ, Աստուծոյ կողմէ մեծ նեղութենէն ողջ պահուելիք միջազգային մեծ բազմութեան) օգտին համար, Յովհաննէս գրեց. «Երանի՜ անոր որ կը կարդայ ու անոնց որ կը լսեն այս մարգարէութեան խօսքերը եւ կը պահեն ինչ որ անոր մէջ գրուած է. վասն զի [«որոշուած», ՆԱ] ժամանակը մօտ է»։—Յայտնութիւն 1։3
-