Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ99 12/1 էջ 9-14
  • Աբոքալիբս գրքէն «աւետիս»ներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աբոքալիբս գրքէն «աւետիս»ներ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աւետիսի Ծանուցումներ
  • Յայտնութիւնը Ի՞նչ Վերապահած Է Մեզի
  • Յարգարժան Գառնուկը
  • «Ճշմարիտ ու Արդար Են Անոր Դատաստանները»
  • Փառաւոր Հազարամեայ Իշխանութիւնը
  • Յայտնութիւն գրքին ուրախ ընթերցողները եղէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Յայտնութիւն գիրքը ի՞նչ կը նշանակէ
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Յայտնութիւն—Անոր ուրախ յանգումը
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
  • Յայտնութիւնը եւ դո՛ւք
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
դ99 12/1 էջ 9-14

Աբոքալիբս գրքէն «աւետիս»ներ

«Ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ կը թռչէր երկնքի մէջ եւ ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք երկրի վրայ կը բնակին»։—ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 14։6

1. Եհովայի Վկաները Աբոքալիբս գրքին ներշնչեալ ըլլալուն հաւատալով հանդերձ, անոնք ինչո՞ւ «աբոքալիբսական աղանդ» մը չեն։

ԻՐԵՆՑ դէմ եղած ամբաստանութիւններուն հակառակը, Եհովայի Վկաները «Աբոքալիբսական աղանդ» մը կամ «դատաստանի օրուան համայնք» մը չեն։ Սակայն անոնք կ’ընդունին Աբոքալիբսը կամ Յայտնութիւն գիրքը, որպէս Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին մէկ մասը։ Ճիշդ է որ Յայտնութիւնը չարերուն դէմ դատաստանական պատգամներ կը պարունակէ։ Բայց իրենց հանրային վկայութեան մէջ, Աստուծոյ ծառաները գլխաւորաբար կը կեդրոնանան Աստուածաշունչի՝ մէջը ըլլալով Աբոքալիբսի կամ Յայտնութիւն գրքին, պարունակած հոյակապ յոյսին վրայ։ Այսպիսով, անոնք անոր պարունակած մարգարէական խօսքերուն վրայ ո՛չ կ’աւելցնեն, ո՛չ ալ կը պակսեցնեն։

Աւետիսի Ծանուցումներ

2. Եհովայի Վկաները ո՞ր համարները յաճախ կը գործածեն իրենց քարոզչութեան առնչութեամբ։

2 Եհովայի Վկաներու հանրային քարոզչութեան որպէս սուրբ գրային հիմ, յաճախ կը մէջբերուին Յիսուսի խօսքերը. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։14) Իսկ ի՞նչ է «արքայութեան այս աւետարանը»։ Ասոր պատասխանելու համար շատ Վկաներ Յայտնութիւն 20 եւ 21–րդ գլուխներէն համարներ կը թուեն, որոնք կ’ակնարկեն Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան եւ իր թագաւորական կառավարութեան եւ մարդկային ընկերութեան, ուր մահը, սուգը եւ ցաւը ա՛լ ‘պիտի չըլլան’։—Յայտնութիւն 20։6. 21։1, 4

3. Եհովայի Վկաներուն հանրային քարոզչութիւնը ի՞նչ առաքելութեան հետ կարելի է համեմատել։

3 Որպէս այս աւետիսը ծանուցանողներ, Եհովայի Վկաները իրապէս երկնային պատգամաբերին բանբերներն են, որու առաքելութեան մասին ալ կը խօսի Յայտնութիւն գիրքը։ «Ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ կը թռչէր երկնքի մէջ եւ ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք երկրի վրայ կը բնակին»։ (Յայտնութիւն 14։6) «Յաւիտենական աւետիսը» կը բովանդակէ այն ծանուցումը թէ «աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը ու իր Օծեալինը եղան» եւ թէ ‘երկիրը ապականողները ապականելու’ Եհովայի որոշած «ժամանակ»ը եկած է։ (Յայտնութիւն 11։15, 17, 18) Ասիկա իրապէս բարի լուր մը չէ՞։

Յայտնութիւնը Ի՞նչ Վերապահած Է Մեզի

4. (ա) Յայտնութիւն առաջին գլուխին մէջ հիմնական ի՞նչ ճշմարտութիւններ ուրուագծուած են։ (բ) Այս աւետիսէն օգտուիլ փափաքողներէն ի՞նչ կը պահանջուի։

4 Յայտնութիւն գրքին բացման խօսքերը Եհովան կը ներկայացնեն որպէս «‘Ալֆան եւ Օմէղան’, . . . որ է եւ որ էր եւ որ պիտի գայ, Ամենակալը»։ Անոր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը կը ներկայացնէ, որպէս «հաւատարիմ վկան», «մեռելներէն յարութիւն առնողներէն անդրանիկ»ը ու «երկրի թագաւորներուն իշխանը»։ Հոն նաեւ կը խօսի Յիսուսի մասին, որպէս ան «որ մեզ սիրեց ու մեզ իր արիւնովը մեր մեղքերէն լուաց»։ (Յայտնութիւն 1։5, 8) Ուստի, սկիզբէն իսկ, Յայտնութիւնը փրկարար հիմնական ճշմարտութիւններ կը բացատրէ։ ‘Երկրի վրայ բնակողները’ իրենց բերուած աւետիսէն պիտի օգտուին միմիայն, երբ Եհովայի գերիշխանութիւնը ճանչնան, Յիսուսի թափած արեան հաւատք ընծայեն եւ հաւատան որ Եհովա զինք յարուցանեց եւ թէ՝ Քրիստոս հիմա նոր աշխարհի նշանակուած Թագաւորն է։—Սաղմոս 2։6-8

5. Յայտնութիւն 2 եւ 3–րդ գլուխներուն մէջ Քրիստոս ի՞նչ դերով նկարագրուած է։

5 Յաջորդ երկու գլուխները Քրիստոս Յիսուսը կը նկարագրեն որպէս երկրի վրայ իր աշակերտներու ժողովքներուն երկնային սիրալիր Տեսուչը։ Հ.Դ. առաջին դարուն Փոքր Ասիոյ մէջ գտնուած քրիստոնէական եօթը ընտրուած ժողովքներուն յղուած գալարը, խրախուսանքներ եւ զօրաւոր խրատներ կը պարունակէր, որոնք այսօր ալ կիրարկելի են։ Ժողովքներուն ղրկուած պատգամները սովորաբար կը սկսին հետեւեալ խօսքերով՝ «Գիտեմ քու գործերդ», եւ՝ «Գիտեմ քու . . . նեղութիւնդ»։ (Յայտնութիւն 2։2, 9) Այո, Քրիստոս շատ լաւ գիտէր իր աշակերտներուն ժողովքներուն մէջի բոլոր անցուդարձերը։ Ան ոմանց գովեց իրենց սիրոյն, հաւատքին, քարոզչութեան մէջ իրենց աշխատանքին, համբերութեան եւ իր անուան ու խօսքին հանդէպ անոնց ցուցաբերած հաւատարմութեան համար։ Ուրիշները յանդիմանեց, քանի որ անոնք թոյլ տուած էին որ Եհովայի եւ իր Որդւոյն հանդէպ իրենց սէրը պաղի, եւ կամ սեռային անբարոյութեան, կռապաշտութեան կամ հաւատուրաց աղանդապաշտութեան մէջ ինկած էին։

6. 4–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած տեսիլքը մարդոց կ’օգնէ որ ի՞նչ հասկնան։

6 4–րդ գլուխը Եհովա Աստուծոյ երկնային գահին ահաւոր տեսիլքը կու տայ։ Անիկա Եհովայի ներկայութեան փառքին եւ իր գործածելիք երկնային վարչաձեւին վրայ ակնարկ մը կը նետէ։ Թագադրուած իշխանները, որոնց գահերը տիեզերքի կեդրոնական գահին շուրջն էին, մեծարանքով կ’ողջունեն Եհովան եւ կը ծանուցանեն. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։—Յայտնութիւն 4։10բ

7. (ա) Հրեշտակը երկրի բնակիչներուն ի՞նչ ընելու հրաւէր կու տայ։ (բ) Մեր ուսուցումի գործին կարեւոր մէկ մասը ի՞նչ է։

7 Ասիկա մարդոց համար բան մը կը նշանակէ՞ ներկայիս։ Վստա՛հաբար։ Եթէ անոնք կ’ուզեն Հազարամեայ Թագաւորութեան ներքեւ ապրիլ, պէտք է ուշադրութիւն ընծայեն ‘երկնքի մէջ թռչող հրեշտակին’, որ կը ծանուցանէ. «Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասն զի անոր դատաստանին ժամը եկաւ»։ (Յայտնութիւն 14։6, 7) Եհովայի Վկաներու կողմէ կատարուած Աստուածաշունչի ուսուցումի գործին գլխաւոր նպատակներէն մէկն է, ‘երկրի վրայ բնակողներուն’ օգնել որ Եհովան ճանչնան ու զինք պաշտեն, ընդունին իր Արարչութիւնը եւ յօժարակամօրէն իր արդար գերիշխանութեան ենթարկուին։

Յարգարժան Գառնուկը

8. (ա) 5 եւ 6–րդ գլուխներուն մէջ Քրիստոս ի՞նչպէս նկարագրուած է։ (բ) Այս աւետիսը լսողները ի՞նչ կը սորվին այս տեսիլքէն։

8 Յաջորդ երկու գլուխները՝ 5 եւ 6, Յիսուս Քրիստոսը կը ներկայացնեն որպէս Գառնուկ մը, որ եօթը կնիքներ ունեցող գիրքը բանալու արժանի կը գտնուի, փոխաբերական լեզուով մը յայտնելով մեր օրերուն կատարուելիք դէպքերը։ (Համեմատել՝ Յովհաննու 1։29) Երկնային ձայներ այս խորհրդանշական Գառնուկին կ’ըսեն. «Արժանի ես դուն այդ գիրքը առնելու եւ ատոր կնիքները քակելու. վասն զի մորթուեցար ու քու արիւնովդ մեզ ծախու առիր Աստուծոյ համար ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ եւ մեզ մեր Աստուծոյն թագաւորներ ու քահանաներ ըրիր որպէս զի երկրի վրայ թագաւորենք»։ (Յայտնութիւն 5։9, 10) Այս տեսիլքը կը սորվեցնէ որ Քրիստոսի թափած արեան հիման վրայ, ամէն ցեղի պատկանող որոշ անհատներ իր հետ երկնքի մէջ ըլլալու կանչուած են, «որպէս զի երկրի վրայ թագաւորեն»։ (Համեմատել՝ Յայտնութիւն 1։5, 6) Հետագային, Յայտնութիւն գրքին մէջ կը յայտնուի անոնց սահմանափակ թիւը։

9. Քրիստոս ի՞նչպէս ներկայացուած է 6–րդ գլուխին մէջ։

9 Այս նոյն տեսիլքին մէջ, Քրիստոս ներկայացուած է նաեւ որպէս ճերմակ ձիու վրայ հեծած թագադրուած իշխան մը որ ‘յաղթող էր ու իր յաղթանակը ամբողջացնելու կ’երթար’։ Բարեբախտաբար, ան պիտի չէզոքացնէ Աբոքալիբսի մնացեալ երեք հեծեալներով խորհրդանշուած չարիքները, որոնց կատաղի արշաւը պատերազմ, սով եւ մահ բերած է մարդկութեան վրայ, 1914–ի առանցքային տարուընէ ի վեր։ (Յայտնութիւն 6։1-8) Եհովայի Վկաներու սուրբ գրային ուսուցումի գործին գլխաւոր բնաբանն է մարդկութեան փրկութեան եւ Եհովայի հոյակապ նպատակին իրագործման մէջ Քրիստոսի՝ Աստուծոյ Գառնուկին, ունեցած անզուգական դերը։

10. (ա) Ի՞նչ կարեւոր տեղեկութիւն կը հայթայթուի 7–րդ գլուխին մէջ։ (բ) Թագաւորութիւնը ստացողներուն մասին Քրիստոս ի՞նչ ըսաւ։

10 7–րդ գլուխը արդարեւ աւետիս կը պարունակէ։ Միայն Յայտնութիւն գրքին մէջն է որ կը գտնենք Յիսուսի կոչած «պզտիկ հօտ»ին ամբողջական թիւը, որու Գառնուկին Հայրը պիտի տայ Թագաւորութիւնը։ (Ղուկաս 12։32. 22։28-30) Ասոնք Եհովա Աստուծոյ սուրբ հոգիին միջոցաւ կնքուած են։ (Բ. Կորնթացիս 1։21, 22) Յովհաննէս առաքեալ, որ Յայտնութիւնը ստացաւ, կը վկայէ. «Կնքուածներուն համրանքը լսեցի՝ որ էր հարիւր քառասունըչորս հազար»։ (Յայտնութիւն 7։4) Այս ճշգրիտ թիւը հետագայ գլուխի մը մէջ հաստատուած է որպէս ամբողջական թիւը անոնց՝ որոնք «մարդոց մէջէն գնուեցան», որպէսզի Գառնուկին հետ երկնային Սիօն Լեռնէն իշխեն։ (Յայտնութիւն 14։1-4) Մինչ Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիները անորոշ եւ անհամոզիչ բացատրութիւններ կու տան այս թիւին մասին, հետաքրքրականօրէն Աստուածաշունչի ուսումնական Է. Վ. Պուլինկըր այս մասին կ’ըսէ. «Անիկա պարզապէս իրողութիւն մը կը նշէ. որոշ թիւ մը, հակադրուած նոյն գլուխին մէջ գրուած անորոշ թիւին հետ»։

11. (ա) Ի՞նչ աւետիս կը գտնուի 7–րդ գլուխին մէջ։ (բ) Ի՞նչ հեռանկարներ կը բացուին ‘մեծ բազմութեան’ անդամներուն դիմաց։

11 Պուլինկըր ի՞նչ անորոշ թիւի ակնարկում կ’ընէր։ 9–րդ համարին մէջ, Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Անկէ ետքը տեսայ մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն»։ (Յայտնութիւն 7։9) Այս մեծ բազմութիւնը որո՞նցմէ բաղկացած է, ի՞նչ է անոնց ներկայ կեցուածքը Աստուծոյ առջեւ եւ ապագան ի՞նչ վերապահած է անոնց համար։ Աբոքալիբսական պատասխանը աւետիս մը կամ բարի լուր մըն է երկրի բնակիչներուն համար։ Կը կարդանք. «Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները, որոնք իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին»։ Քրիստոսի թափած արեան հաւատք ընծայելով, անոնք պիտի պաշտպանուին ‘մեծ նեղութեան’ ընթացքին։ Քրիստոս «դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ զանոնք եւ Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ անոնց աչքերէն»։ (Յայտնութիւն 7։14-17) Այո, ներկայիս ապրող միլիոնաւոր անհատներ կրնան ներկայ ամբարիշտ դրութեան վախճանէն վերապրելիք այս անհամար բազմութեան մաս կազմել։ Որպէս իր Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին Թագաւոր Յիսուս Քրիստոսի հպատակները, զանոնք պիտի առաջնորդէ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի։ Ասիկա բարի լուր մը չէ՞։

«Ճշմարիտ ու Արդար Են Անոր Դատաստանները»

12, 13. (ա) 8–էն 19–րդ գլուխները ի՞նչ կը բովանդակեն։ (բ) Այսպիսի մարգարէութիւններ ինչո՞ւ պէտք չէ խռովեցնեն ուղղամիտ անհատները։

12 8–էն 19–րդ գլուխները գլխաւորաբար պատասխանատու են սարսափելի աղէտներ նախագուշակող գիրք մը ըլլալու Աբոքալիբս կամ Յայտնութիւն գրքի վայլած համբաւին։ Այդ գլուխները (փողահարութեամբ, պատուհասներով եւ աստուածային բարկութեան սկաւառակներով խորհրդանշուած) դատաստանական ծանրակշիռ պատգամներ կը պարունակեն, որոնք ուղղուած են Սատանայի իրերու դրութեան զանազան տարրերուն դէմ։ Այս դատաստանները պիտի գործադրուին նախ սուտ կրօնքին («Մեծ Բաբելոն»ի), ապա՝ գազաններով խորհրդանշուած քաղաքական ամբարիշտ դրութիւններու վրայ։—Յայտնութիւն 13։1, 2. 17։5-7, 15, 16a

13 Այս գլուխները պատկերաւոր կերպով կը խօսին Սատանան եւ իր դեւերը երկրի շրջակայքը նետուելով երկնքի մաքրագործման մասին։ Ասիկա տրամաբանական միակ բացատրութիւնը կու տայ 1914–էն ի վեր աշխարհի աննախընթաց նեղութիւններուն մասին։ (Յայտնութիւն 12։7-12) Անոնք այլաբանական լեզուով կը նկարագրեն նաեւ երկրի վրայ Սատանայի ամբարիշտ դրութեան կործանումը։ (Յայտնութիւն 19։19-21) Այսպիսի եղերական դէպքեր պէ՞տք է խռովեցնեն ուղղամիտ անհատները։ Ո՛չ, քանի որ Աստուծոյ դատաստաններու գործադրման ընթացքին, երկնային բանակներ կ’աղաղակեն՝ «Ալէլուիա՜. փրկութիւն ու փառք եւ պատիւ ու զօրութիւն մեր Աստուծոյն. վասն զի ճշմարիտ ու արդար են անոր դատաստանները»։—Յայտնութիւն 19։1, 2

14, 15. (ա) Ներկայ ամբարիշտ դրութեան վախճանը ի՞նչպէս արդարութեան ճամբան պիտի հարթէ։ (բ) Աբոքալիբսի այս մասը ինչո՞ւ պէտք է ուրախացնէ ուղղամիտ անհատները։

14 Եհովա արդար իրերու դրութիւն մը պիտի չբերէ, առանց երկիրը մաքրելու զայն աւերողներէն։ (Յայտնութիւն 11։17, 18. 19։11-16. 20։1, 2) Սակայն, ոեւէ մարդ կամ քաղաքական պետութիւն ասիկա իրագործելու հեղինակութիւն կամ զօրութիւն չունի։ Միայն Եհովա եւ իր նշանակած Թագաւորն ու Դատաւորը՝ Քրիստոս Յիսուս, կրնան ասիկա արդարօրէն ընել։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-9

15 Ինչպէս Աբոքալիբսը բաւական յստակօրէն ցոյց կու տայ, Եհովա նպատակադրած է ներկայ ամբարիշտ աշխարհին վերջ դնել։ Այս իրողութիւնը պէտք է ուրախութիւն պատճառէ այն մարդոց ու կիներուն, որոնք ‘եղած բոլոր պղծութիւններուն համար կը հառաչեն ու կ’ողբան’։ (Եզեկիէլ 9։4) Անոնք հրեշտակին ծանուցանած աւետիսին անսալու կարեւորութիւնը պէտք է տեսնեն, որ ըսաւ. «Աստուծմէ վախցէ՛ք . . . վասն զի անոր դատաստանին ժամը եկաւ ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը»։ (Յայտնութիւն 14։7) Թող որ այսպիսի մարդիկ ‘Աստուծոյ պատուիրանքները պահող ու Յիսուսին վկայութիւնը ունեցող’ Վկաներուն կողքին Եհովան պաշտեն ու անոր ծառայեն։—Յայտնութիւն 12։17

Փառաւոր Հազարամեայ Իշխանութիւնը

16. (ա) Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիները ինչո՞ւ մերժած են Հազարամեայ յոյսը։ (բ) Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ կը հաւատան որ տիպար աղօթքը պիտի պատասխանուի։

16 Յայտնութիւն գրքին 20–էն 22–րդ գլուխները Հազարամեայի յուսալու սուրբ գրային հիմը կը պարունակեն։ Ասիկա Աստուածաշունչին մէջ միակ մասն է որ իրապէս կը յիշէ հազարամեայ շրջան մը, որ երկնքի ու երկրի վրայ յաւիտենական ուրախութեան նախերգանքը պիտի ըլլայ։ Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիները Հազարամեայի յոյսը մերժած են։ Քանի որ եկեղեցիի վարդապետութիւնը կ’ըսէ որ արդարները երկինք կ’երթան, իսկ ամբարիշտները՝ դժոխք, անոր մէջ տեղ չկայ երկրային դրախտին համար։ Տիպար աղօթքը, որու մէջ կը խնդրուի՝ «քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ», իր ամբողջ իմաստը կորսնցուցած է Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ եղող շատերուն համար։ (Մատթէոս 6։10) Բայց Եհովայի Վկաներու պարագան նոյնը չէ։ Անոնք իրապէս կը հաւատան որ Եհովա Աստուած երկիրը «պարապ տեղ չստեղծեց, հապա բնակութեան համար կազմեց»։ (Եսայեայ 45։12, 18) Հետեւաբար ներքին ներդաշնակութիւն մը կայ վաղեմի մարգարէութեան, տիպար աղօթքին եւ Հազարամեայի աբոքալիբսական յոյսին միջեւ։ Իր Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին, Քրիստոս հոգ պիտի տանի որ Եհովայի կամքը կատարուի երկրի վրայ, ինչպէս եղած է երկնքի մէջ։

17. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ «հազար տարին» բառացի պէտք է առնուի։

17 «Հազար տարի» արտայայտութիւնը վեց անգամ կը հանդիպի Յայտնութիւն 20–րդ գլուխի առաջին եօթը համարներուն մէջ։ Նկատողութեան արժանի է այն իրողութիւնը թէ հոն չորս անգամ «ն» որոշիչ յօդին հետ գործածուած է (Անթիլիաս), ցոյց տալով որ անիկա կ’ակնարկէ բառացի հազարամեայի մը եւ ոչ թէ չյատկորոշուած երկար ժամանակաշրջանի մը, ինչպէս կ’ուզեն հաւատացնել տալ Քրիստոնեայ Աշխարհի մեկնաբաններէն շատեր։ Հազարամեայի ընթացքին ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ։ Նախ Սատանան անշարժութեան կը մատնուի ամբողջ այդ ժամանակաշրջանի ընթացքին։ (Յայտնութիւն 20։1-3. համեմատել՝ Եբրայեցիս 2։14) Ասիկա ի՜նչ հոյակապ բարի լուր մըն է։

18. (ա) Ինչո՞ւ Հազարամեան դատաստանի «օր» կրնայ կոչուիլ։ (բ) Հազար տարուան վերջաւորութեան ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ։

18 Քանի որ ‘Քրիստոսին հետ հազար տարի թագաւորողներուն’ «դատաւորութիւն» կը տրուի, արդարեւ այս ժամանակաշրջանը հազար տարուան դատաստանի «օր» մըն է։ (Յայտնութիւն 20։4, 6. համեմատել՝ Գործք 17։31. Բ. Պետրոս 3։8) Մեռելները պիտի յարուցանուին եւ «մեծ նեղութենէն» վերապրողներուն հետ, այդ ժամանակամիջոցին իրենց ըրած արարքներուն կամ գործերուն համաձայն պիտի դատուին։ (Յայտնութիւն 20։12, 13) Հազարամեայի վերջաւորութեան, Սատանան կարճ ժամանակ մը պիտի արձակուի, որպէսզի մարդկութիւնը վերջին փորձի մը ենթարկէ, որմէ ետք ինք, իր դեւերը եւ իրեն հետեւած ոեւէ ըմբոստ յաւիտեան պիտի բնաջնջուին։ (Յայտնութիւն 20։7-10) Այն անհատները որոնք փորձէն յաջողապէս պիտի անցնին, իրենց անունները անջնջելի կերպով պիտի գրուին «կեանքի գրքին» մէջ եւ յաւիտենական երանութեան մէջ պիտի մտնեն, դրախտ երկրի մը վրայ Եհովայի ծառայելով ու զինք պաշտելով։—Յայտնութիւն 20։14, 15. Սաղմոս 37։9, 29. Եսայեայ 66։22, 23

19. (ա) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Յայտնութիւն գրքի հոյակապ խոստումները անվրէպ պիտի կատարուին։ (բ) Յաջորդ յօդուածով ի՞նչ բան նկատի պիտի առնուի։

19 Աբոքալիբսին մէջ գտնուած աւետիսները ասոնք են։ Անոնք մարդոց կողմէ տրուած սին խոստումներ չեն։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ան որ աթոռին վրայ կը նստէր, ըսաւ. ‘Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ’ ու ըսաւ ինծի. ‘Գրէ՛, վասն զի այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են’»։ (Յայտնութիւն 21։5) Այս հաճելի աւետիսներուն կատարման մասնակից ըլլալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։ Յայտնութիւն գիրքը շատ խրատներ կը պարունակէ անոնց համար, որոնք կը փափաքին Աստուած հաճեցնել։ Այդ խրատներուն հետեւիլը անսահման ուրախութիւն պիտի պատճառէ հիմա եւ յաւիտեան, ինչպէս յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ։

[Ստորանիշ]

a Յայտնութիւն գիրքը լիովին հասկնալու համար, տես՝ Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է գիրքը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

Վերաքաղի Կէտեր

◻ Յայտնութիւն 4–էն 6–րդ գլուխներուն մէջ գտնուած հիմնական ո՞ր ճշմարտութիւնները տրուած աւետիսին կարեւոր մէկ մասը կը կազմեն։

◻ Յայտնութիւն 7–րդ գլուխը ի՞նչ աւետիս կը պարունակէ։

◻ Ուղղամիտ անհատները ինչո՞ւ պէտք չէ խռովին Յայտնութիւն գրքին մէջ գտնուած դատաստանի պատգամներով։

◻ Ի՞նչ կերպերով Հազարամեան դատաստանի «օր» մը պիտի ըլլայ։

[Նկար՝ էջ 10]

Թագաւոր Յիսուս Քրիստոս երկիրը ամբողջովին պիտի մաքրէ պատերազմէ, սովէ եւ մահէ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել