Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սրբազան խորհուրդի մը յայտնումը
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
    • 16. (ա) Քրիստոնեայ Աշխարհի առաջնորդները որո՞նց հանդէպ բուռն ատելութիւն ցոյց տուին։ (բ) Միջին Դարերուն ի՞նչ տեղի ունեցաւ Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ։ (գ) Բողոքական ըմբոստութիւնը կամ Բարեկարգութիւնը, Քրիստոնեայ Աշխարհի հաւատուրաց ընթացքը փոխե՞ց։

      16 Աստուծոյ հօտին հովիւները ըլլալ դաւանելով հանդերձ, Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական եւ աշխարհիկ առաջնորդները, բուռն ատելութիւն ցոյց տուին Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը քաջալերողներուն, կամ իրենց անաստուածաշնչական սովորութիւնները քօղազերծողներուն հանդէպ։ Ճոն Հուս եւ Աստուածաշունչի թարգմանիչ Ուիլիըմ Թինտէյլ հալածուեցան եւ նահատակուեցան։ Խաւարի Միջին Դարերուն, հաւատուրացութեան տիրապետութիւնը սատանայական Կաթողիկէ Հաւատաքննութեամբ գագաթնակէտի մը հասաւ։ Ոեւէ մէկը որ եկեղեցիին ուսուցումներուն կամ հեղինակութեան հակառակէր, անողորմաբար կը հալածուէր. հազարաւոր այդպէս կոչուած հերետիկոսներ մինչեւ մահ չարչարուեցան կամ ցիցերու վրայ այրուեցան։ Այս կերպով Սատանան կը ջանար որ Աստուծոյ կնանման կազմակերպութենէն ոեւէ ճշմարիտ սերունդ շուտով ջախջախուէր։ Երբ Բողոքական ըմբոստութիւնը կամ Բարեկարգութիւնը եկաւ (1517–էն սկսեալ), Բողոքական շատ մը եկեղեցիներ նոյնանման անհանդուրժողութիւն ցոյց տուին։ Անոնք ալ արիւնապարտ եղան, սպաննելով անոնք որոնք կը ջանային հաւատարիմ ըլլալ Աստուծոյ եւ Քրիստոսի։ Իրապէս ‘սուրբերուն արիւնը’ անարգել հոսեցաւ։—Յայտնութիւն 16։6. համեմատել՝ Մատթէոս 23։33-36

  • Սրբազան խորհուրդի մը յայտնումը
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
    • [Նկարներ՝ էջ 31]

      Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքները ծանր արիւնապարտութեան տակ եկած են, հալածելով եւ սպաննելով Աստուածաշունչը թարգմանողները, կարդացողները եւ նոյնիսկ ունեցողները

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել