Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Մեծ քաղաքին աւերումը
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
    • Կիրք Գրգռող Գինի

      13. (ա) Հզօր հրեշտակը ի՞նչպէս ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Մեծն Բաբելոնի չափազանց զեղխութեան վրայ։ (բ) Վաղեմի Բաբելոնին մէջ տիրող ի՞նչպիսի անբարոյութիւն կը գտնուի նաեւ Մեծն Բաբելոնի մէջ։

      13 Հզօր հրեշտակը ապա ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Մեծն Բաբելոնի չափազանց զեղխութեան վրայ, ըսելով. «Վասն զի անոր կատաղի [«կիրք գրգռող», ՆԱ, ստորանիշ] պոռնկութեան գինիէն խմեցին բոլոր ազգերը ու երկրին թագաւորները անոր հետ պոռնկացան եւ երկրին վաճառականները անոր չափազանց զեղխութենէն հարստացան»։ (Յայտնութիւն 18։3) Ան իր կրօնական պիղծ ճամբաները բոլոր ազգերուն ուսուցանած է։ Հերոդոտոս Յոյն պատմաբանին համաձայն, վաղեմի Բաբելոնին մէջ, իւրաքանչիւր կնոջմէ պահանջուած էր որ իր կեանքի ընթացքին մէկ անգամ, որպէս պաշտամունք տաճարի մէջ պոռնկութիւն գործէր։ Մինչեւ օրս, ընդվզեցուցիչ սեռային պղծութիւններ պատկերացուած են Գամպոտիայի, պատերազմէն վնասուած Անկգոր Ուաթի քանդակներուն մէջ։ Իսկ Հնդկաստանի Խաժուրահոյի տաճարներուն մէջ, ցոյց կը տրուի Հինտու Վիշնու աստուածը, շրջապատուած տռփական զզուելի տեսարաններով։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, անբարոյութեան քօղազերծումը, որ հեռատեսիլի աւետարանիչներուն աշխարհը ցնցեց 1987–ին, ապա 1988–ին, ինչպէս նաեւ կրօնաւորներու մէջ լայնատարած սովորութիւն դարձած միասեռականութեան երեւան հանուիլը, ցոյց կու տան որ նոյնիսկ Քրիստոնեայ Աշխարհը կը հանդուրժէ իր անդամներուն կատարած բառացի ու գայթակղեցուցիչ պոռնկութեան։ Սակայն բոլոր ազգերը շատ աւելի լուրջ պոռնկութեան մը զոհ գացած են։

      14-16. (ա) Ֆաշիստական Իտալիոյ մէջ հոգեւորապէս անօրէն եղող կրօնա–քաղաքական ի՞նչ յարաբերութիւն զարգացաւ։ (բ) Երբ Իտալիա Հապէշիստան ներխուժեց, Կաթողիկէ Եկեղեցիին եպիսկոպոսները ի՞նչ արտայայտութիւններ ունեցան։

      14 Արդէն աչքէ անցուցինք կրօնա–քաղաքական անօրէն յարաբերութիւնը, որ Նացի Գերմանիոյ մէջ Հիթլերի իշխանութեան գլուխ անցնելու զարկ մը տուաւ։ Աշխարհիկ գործերուն մէջ կրօնքը իր քիթը մտցնելուն որպէս հետեւանք, ուրիշ ազգեր ալ տառապած են։ Օրինակ՝ ֆաշիստական Իտալիոյ մէջ, 11 Փետրուար 1929–ին Մուսոլինի եւ Կարդինալ Կասբառի՝ Լաթէրանի Դաշինքը ստորագրեցին, Վատիկան Քաղաքը ինքնավար պետութիւն մը դարձնելով։ Փիուս ԺԱ. Պապը ըսաւ որ ինք «Իտալիան ետ Աստուծոյ եւ Աստուած ետ Իտալիոյ տուած» էր։ Ասիկա ճի՞շդ էր։ Նկատի առէք թէ վեց տարի ետք ի՛նչ պատահեցաւ։ 3 Հոկտեմբեր 1935–ին, Իտալիան Հապէշիստան ներխուժեց, պատճառաբանելով որ ան «բարբարոս երկիր մըն էր, ուր տակաւին գերեվարութիւն կը գործադրուէր»։ Իրականութեան մէջ ո՞վ էր բարբարոսը։ Կաթողիկէ Եկեղեցին Մուսոլինիի բարբարոսութիւնը դատապարտե՞ց։ Մինչ Պապը երկդիմի ծանուցումներ կ’ընէր, իր եպիսկոպոսները բարձրաձայն կ’օրհնէին իրենց «հայրենիքին»՝ Իտալիոյ, զինեալ ուժերը։ Վատիկանը՝ Բռնաւորներու Դարուն իր գրքին մէջ, Էնթընի Ռոտզ կը տեղեկագրէ.

      15 «19 Հոկտեմբեր [1935] թուակիր իր Հովուական Կոնդակով, Ուտինէի [Իտալիա] Եպիսկոպոսը գրեց. ‘Մեզի համար ո՛չ ժամանակն է եւ ոչ ալ տեղին է այս հարցին շիտակ կամ սխալ ըլլալուն մասին կարծիք յայտնել։ Որպէս Իտալացիներ եւ, աւելին ըլլալով, որպէս Քրիստոնեաներ, մեր պարտականութիւնն է մեր զէնքերուն յաջողութեան նպաստել’։ Փատուայի Եպիսկոպոսը 21 Հոկտեմբերին գրեց. ‘Այս դժուար ժամերուն, որոնց մէջէն կ’անցնինք, ձեզմէ կը խնդրենք որ հաւատաք մեր պետական մարդոց եւ զինեալ ուժերուն’։ 24 Հոկտեմբերին, Գրէմոնայի Եպիսկոպոսը գնդային դրօշակներ սրբագործեց եւ ըսաւ. ‘Աստուծոյ օրհնութիւնը այս զինուորներուն հետ ըլլայ, որոնք Ափրիկեան հողին վրայ պիտի գրաւեն նոր եւ բարեբեր հողամասեր իտալական հանճարին համար, եւ անով անոնց պիտի տանին հռովմէական եւ քրիստոնէական մշակոյթը։ Թող որ Իտալիան անգամ մը եւս համայն աշխարհի Քրիստոնեայ մենտորը (դաստիարակը) ըլլայ’»։

      16 Ուստի, Հապէշիստանը բռնագրաւուեցաւ, Կաթողիկէ կղերներուն օրհնութեամբ։ Անոնցմէ ոեւէ մէկը Պօղոս առաքեալի նման կրնա՞յ ըսել. «Անպարտ եմ ամենուն արիւնէն»։—Գործք 20։26

      17. Իր կղերները ‘իրենց սուրերը խոփեր’ չշինելուն պատճառաւ, Սպանիա ի՞նչպէս տառապեցաւ։

      17 Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Հապէշիստանի վրայ աւելցուցէք ուրիշ երկիր մը որ Մեծն Բաբելոնի պոռնկութեան զոհ գացած է, որ է Սպանիան։ Այդ երկրին մէջ 1936-1939–ի Քաղաքացիական Պատերազմը բռնկեցաւ մասամբ, երբ ժողովրդավարական կառավարութիւնը ուզեց սանձ դնել Կաթողիկէ Եկեղեցիին հսկայական զօրութեան։ Մինչ պատերազմը կը մղուէր, յեղափոխական ուժերու Կաթողիկէ Ֆաշիստ առաջնորդը՝ Ֆրանգոն, ինքզինք նկարագրեց որպէս «Սրբազան Խաչակրութեան Քրիստոնեայ Ընդհանուր Հրամանատար», տիտղոս մը որ հետագային մերժեց։ Այս կռիւներու ընթացքին հարիւր հազարաւոր Սպանիացիներ մեռան։ Ասկէ զատ, պահպանողական հաշուետուութեան մը համաձայն, Ֆրանգոյի Ազգայնամոլները, Ժողովրդային Ճակատի անդամներէն 40,000 հոգի սպաննեցին, իսկ այս վերջինները 8,000 կղերականներ՝ վանականներ, վարդապետներ, մայրապետներ եւ նորընծաներ սպաննեցին։ Քաղաքացիական պատերազմը շատ սարսափելի եւ եղերական եղաւ. ասիկա ցոյց կու տայ Յիսուսի խօսքերուն ուշադրութիւն ընծայելու իմաստութիւնը. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին»։ (Մատթէոս 26։52) Իրապէս զզուելի է որ Քրիստոնեայ Աշխարհը այսպիսի զանգուածային արիւնահեղութեան մասնակից եղած է։ Անոր կղերները արդարեւ ‘իրենց սուրերէն խոփեր շինելու’ մէջ թերացած են։—Եսայեայ 2։4

  • Մեծ քաղաքին աւերումը
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
    • 1800–ական թուականներու սկիզբը Եւրոպացի վաճառականներ ապօրինի կերպով մեծ քանակութեամբ ափիոն կը մտցնէին Չինաստան։ 1839–ի Մարտին, Չինացի պաշտօնեաներ փորձեցին վերջ դնել այս անօրէն առեւտուրին, Բրիտանացի վաճառականներէն 20,000 սնտուկ թմրեցուցիչ գրաւելով։ Ասիկա Բրիտանիոյ եւ Չինաստանի միջեւ լարուած վիճակ մը ստեղծեց։ Երբ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացան, Բողոքական կարգ մը միսիոնարներ հետեւեալին նման նախադասութիւններով քաջալերեցին որ Բրիտանիան պատերազմի ձեռնարկէ.

      «Այս դժուարութիւնները ո՜րքան կ’ուրախացնեն իմ հոգիս, որովհետեւ կը խորհիմ որ անգլիական կառավարութիւնը կրնայ զայրանալ, եւ Աստուած Իր զօրութեամբ կրնայ քանդել այն խոչընդոտները, որոնք արգելք կը հանդիսանան որ Քրիստոսի Աւետարանը Չինաստան մտնէ»։—Հէնրիէթա Շագ, Հարաւային Մկրտչական միսիոնար

      Վերջապէս պատերազմը ծագեցաւ. պատերազմ մը որ ներկայիս ծանօթ է որպէս Ափիոնի Պատերազմ։ Միսիոնարներ սրտանց քաջալերեցին Բրիտանիան, հետեւեալին նման արտայայտութիւններով.

      «Ստիպուած եմ ներկայ կացութեան մասին մտածելու ո՛չ որպէս ափիոնի կամ անգլիական հարց, այլ աւելի, որպէս Նախախնամութեան մեծ ծրագիրը, որ մարդուն չարութիւնը գործածելով Չինաստանի հանդէպ իր ողորմութիւնը ցոյց կու տայ, զինք անջատող պատը քանդելով»։—Փիթըր Փարգըր, Ժողովական Եկեղեցիի միսիոնար

      Ժողովական Եկեղեցիի ուրիշ միսիոնար մը, Սամուէլ Ու. Ուիլիըմզ, աւելցուց. «Աստուծոյ ձեռքը կը տեսնուի պատահած բոլոր ուշագրաւ բաներուն մէջ։ Մենք չենք կասկածիր թէ Ան, որ ըսաւ որ Ինք սուր ձգելու եկած էր երկրի վրայ, եկած է հոս թէ՛ Իր թշնամիները արագօրէն կործանելու եւ թէ Իր թագաւորութիւնը հաստատելու համար։ Ան տակնուվրայ ու տակնուվրայ պիտի ընէ, մինչեւ որ Խաղաղութեան Իշխանը հաստատէ»։

      Ազգութեամբ Չինացի եղողներու ահռելի ջարդին ակնարկելով, միսիոնար մը, Ժ. Լէուիս Շագ գրեց. «Այսպիսի տեսարաններ կը նկատեմ . . . որպէս Տէրոջ կողմէ գործածուած ուղղակի գործիքներ, Աստուածային Ճշմարտութեան յառաջխաղացքին արգելք եղող աղբերը մաքրելու համար»։

      Ժողովական Եկեղեցիի միսիոնար, Էլայժա Գ. Պրիճմէն աւելցուց. «Աստուած Իր թագաւորութեան ճամբան պատրաստելու համար յաճախ աշխարհիկ հզօր բազուկը գործածած է . . . Այս կարեւոր պահերուն գործիքը մարդկային է, իսկ առաջնորդող ուժը՝ աստուածային։ Բոլոր ազգերուն վեհ կառավարիչը Անգլիան գործածած է Չինաստանը պատժելու եւ նուաստացնելու համար»։—Մէջբերումները կատարուած են՝ «Նպատակներ ու Միջոցներ» քննասիրութենէն, Սթուըրտ Գրէյթըն Միլլըրի կողմէ, 1974. հրատարակուած՝ Չինաստանի եւ Ամերիկայի Մէջ Միսիոնարական Ձեռնարկ գրքին մէջ (Հարվըրտական Ուսումնասիրութիւն, խմբագրուած Ճոն Գ. Ֆէյրպէնգի կողմէ)։

      [Նկար՝ էջ 264]

      ‘Վաճառականները հարստացան’

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել