-
Սուրբ Գիրքը յոյս կու տայԿեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
-
-
2. Սուրբ Գիրքը ի՞նչ տեսակ ապագայ կը խոստանայ
Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ ապագային «ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ» (կարդա՛ Յայտնութիւն 21։4)։ Աղքատութիւնը, անարդարութիւնը, հիւանդութիւնն ու մահը եւ ուրիշ խնդիրներ, որոնք մարդիկը անյոյս կը դարձնեն, այլեւս պիտի չըլլան։ Սուրբ Գիրքը կը խոստանայ, որ մարդիկ կեանքը պիտի վայելեն յաւիտեա՛ն Դրախտին մէջ՝ երկրի վրայ։
-
-
Ինչո՞ւ չարութիւն եւ չարչարանք կանԿեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
-
-
7. Աստուած մարդկային ամբողջ չարչարանքին վերջ պիտի դնէ
Կարդացէ՛ք Եսայի 65։17 եւ Յայտնութիւն 21։3, 4 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
Ինչպէ՞ս կը մխիթարուիս գիտնալով, որ Եհովան մարդկութեան տեսած գէշ բաներուն հետեւանքները պիտի ջնջէ։
Գիտէի՞ր
Երբ Սատանան առաջին սուտը խօսեցաւ, Եհովայի անունը աւրեց։ Այսինքն՝ ան Եհովայի բարի անունին վնաս հասցուց, ձգելով որ մարդիկ մտածեն թէ ան արդար եւ հոգատար Կառավարիչ մը չէ։ Երբ մօտ ապագային Եհովան մարդկային չարչարանքը վերցնէ, իր բարի համբաւը ետ պիտի բերէ։ Ուրիշ խօսքով, ան պիտի փաստէ որ իր իշխելու կերպը իրապէս լաւագոյն կերպն է։ Եհովայի անուան սրբացումը տիեզերքին մէջ ամէնէն կարեւոր հարցն է (Մատթէոս 6։9, 10)։
-