-
Լուսափայլ քաղաքըՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
19. (ա) Յովհաննէս ի՞նչպէս կը նկարագրէ մարդկութեան վրայ օրհնութիւններ բերելու մէջ Նոր Երուսաղէմի խաղցած դերը։ (բ) «Կեանքի ջուրի գետ»ը ե՞րբ կը հոսի եւ ասիկա ի՞նչպէս գիտենք։
19 Երկրի վրայ մարդկութեան վրայ տեղալիք հոյակապ օրհնութիւնները պիտի գան լուսափայլ Նոր Երուսաղէմի միջոցաւ։ Այժմ Յովհաննէս այս է որ կը տեսնէ. «Ինծի կեանքի ջուրի գետ մը ցուցուց ակնվանիի պէս պայծառ, որ Աստուծոյ ու Գառնուկին աթոռէն կ’ելլէր։ Այն քաղաքին հրապարակին մէջ»էն։ (Յայտնութիւն 22։1, 2ա) Այս «գետ»ը ե՞րբ կը հոսի։ Քանի որ անիկա «Աստուծոյ ու Գառնուկին աթոռէն» կը հոսի, անիկա միայն տէրունական օրը սկսելէն ետք կրնայ ըլլալ, որ տեղի ունեցաւ 1914–ին։ Ատիկա եօթներորդ փողին հնչուելով յայտարարուած դէպքին եւ հետեւեալ հոյակապ ծանուցման ժամանակն էր. «Հիմա եղաւ մեր Աստուծոյն փրկութիւնը ու զօրութիւնը եւ թագաւորութիւնը ու անոր Օծեալին իշխանութիւնը»։ (Յայտնութիւն 11։15. 12։10) Վերջին ժամանակին ընթացքին, հոգին ու հարսը ուղղաբարոյ անհատները հրաւիրած են որ կենաց ջուրը ձրի առնեն։ Այս գետին ջուրը պիտի շարունակէ այսպիսիներուն մատչելի ըլլալ մինչեւ իրերու ներկայ դրութեան վախճանը, ապա՝ նոր աշխարհին մէջ, երբ Նոր Երուսաղէմը «երկնքէն Աստուծմէ կ’իջնէ»։—Յայտնութիւն 21։2
-
-
Լուսափայլ քաղաքըՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
23. (ա) Կեանքի ջուրի գետը Նոր Երուսաղէմի հրապարակին մէջտեղէն հոսիլը ինչո՞ւ յարմար է։ (բ) Երբ կեանքի ջուրը առատօրէն հոսի, Աբրահամի տուած Աստուծոյ ո՞ր խոստումը պիտի կատարուի։
23 Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին, փրկանքին օգուտները լիովին կը կիրարկուին՝ Յիսուսի եւ իր 144,000 ենթաքահանաներուն քահանայութեան միջոցաւ։ Ուստի, տեղին է որ կեանքի ջուրի գետը հոսի Նոր Երուսաղէմի հրապարակին մէջտեղէն։ Անիկա բաղկացած է հոգեւոր Իսրայէլէ, որ Յիսուսի հետ Աբրահամի իրական սերունդը կը կազմէ։ (Գաղատացիս 3։16, 29) Հետեւաբար, երբ կեանքի ջուրը առատօրէն հոսի այլաբանական քաղաքին հրապարակին մէջէն, «երկրի բոլոր ազգերը» իրապէս առիթը պիտի ունենան իրենք զիրենք օրհնելու Աբրահամի սերունդին միջոցաւ։ Այս կերպով, Աբրահամի տուած Եհովայի խոստումը ամբողջովին պիտի կատարուի։—Ծննդոց 22։17, 18
Կենաց Ծառեր
24. Կեանքի ջուրի գետին երկու ափերուն այժմ Յովհաննէս ի՞նչ կը տեսնէ, եւ անոնք ի՞նչ կը պատկերացնեն։
24 Եզեկիէլի տեսիլքին մէջ գետը նոյնիսկ հեղեղանման յորձանք մը դարձաւ եւ մարգարէն տեսաւ որ անոր երկու ափերուն, ամէն տեսակ պտղատու ծառեր աճեցան։ (Եզեկիէլ 47։12) Բայց Յովհաննէս ի՞նչ կը տեսնէ։ Հետեւեալը. «Ու այն գետին մէկ կողմէն ու միւս կողմէն կենաց ծառ մը կար, որ տասներկու կերպ պտուղ կը բերէր։ Ամէն ամիս իր պտուղը կու տար։ Այն ծառին տերեւները հեթանոսներուն [«ազգերուն», ՆԱ] բժշկութիւն կ’ըլլային»։ (Յայտնութիւն 22։2բ) Այս «կենաց ծառ»երն ալ պէտք է պատկերացնեն հնազանդ մարդկութեան յաւիտենական կեանք տալու համար Եհովայի կարգադրութեան մէկ մասը։
25. Համաշխարհային Դրախտին մէջ, Եհովա ի՞նչ առատաձեռն կարգադրութիւն մը կ’ընէ ընդառաջող մարդոց համար։
25 Եհովա ի՜նչ առատաձեռն հայթայթում մը կ’ընէ ընդառաջող մարդոց համար։ Անոնք ոչ միայն թարմացնող ջուրերէն կրնան խմել, այլ նաեւ կրնան յարատեւ քաղել այդ ծառերուն սննդարար ու այլազան պտուղները։ Ա՜խ, եթէ մեր առաջին ծնողները գոհանային Եդեմի Դրախտին նոյնանման «հաճելի» հայթայթումով. . . ։ (Ծննդոց 2։9) Բայց ահաւասիկ համաշխարհային Դրախտ մը, եւ Եհովա նոյնիսկ կարգադրութիւն կ’ընէ որ այդ այլաբանական ծառերուն տերեւները ‘ազգերուն բժշկութեան’ ծառայեն։c Ներկայիս գործածուած բուսական կամ որեւէ այլ դեղէ գերակայ ըլլալով, այս այլաբանական տերեւներուն գործածութեան տուած հանգստութիւնը, հաւատացեալ մարդկութիւնը հոգեւոր ու մարմնաւոր կատարելութեան պիտի հասցնէ։
26. Կենաց ծառերը ի՞նչ կրնան պարփակել եւ ինչո՞ւ։
26 Այս ծառերը, լաւ ոռոգուած ըլլալով գետէն, կրնան Գառնուկին կնոջ 144,000 անդամները պարփակել։ Իրենց երկրային կեցութեան ընթացքին, անոնք ալ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ կեանքի համար Աստուծոյ ըրած կարգադրութենէն կը խմեն։ Հետաքրքրական է որ Յիսուսի այս հոգիէն–ծնած եղբայրները մարգարէաբար կոչուած են «Արդարութեան բեւեկնիներ»։ (Եսայեայ 61։1-3. Յայտնութիւն 21։6) Անոնք արդէն հոգեւոր առատ պտուղ տուած են, ի փառս Եհովայի։ (Մատթէոս 21։43) Իսկ Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին, անոնք փրկանքի կարգադրութիւնները մատակարարելու պիտի մասնակցին, որոնք մեղքէն ու մահէն պիտի ‘բժշկեն ազգերը’։—Համեմատել՝ Ա. Յովհաննու 1։7
-