-
Յայտնութիւնը եւ դո՛ւքՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
3, 4. Հրեշտակը տակաւին ի՞նչ կ’ըսէ Յովհաննէսի, եւ օծեալ մնացորդը ի՞նչպէս հնազանդած է անոր խօսքերուն։
3 Յովհաննէս կը շարունակէ. «Եւ ըսաւ ինծի. ‘Այս գրքին մարգարէութեան խօսքերը մի՛ կնքեր, վասն զի ժամանակը մօտ է։ Ան որ անիրաւութիւն կ’ընէ՝ թող անիրաւութիւն ընէ ու ան որ աղտոտ է՝ թող աղտոտ ըլլայ եւ ան որ արդար է՝ թող արդար ըլլայ ու ան որ սուրբ է՝ թող սուրբ ըլլայ’»։—Յայտնութիւն 22։10, 11
-
-
Յայտնութիւնը եւ դո՛ւքՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
5. (ա) Ի՞նչ պիտի պատահի անոնց որոնք կ’ուզեն անտեսել Յայտնութեան ազդարարութիւններն ու խրատները։ (բ) Խոնարհ ու արդար անհատներուն ընդառաջումը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։
5 Եթէ մարդիկ կ’ուզեն անտեսել Յայտնութեան ազդարարութիւններն ու խրատները, թող անտեսեն։ «Ան որ անիրաւութիւն կ’ընէ՝ թող անիրաւութիւն ընէ»։ Անոնք որ մեր թոյլատու ժամանակաշրջանը յատկանշող պղծութեան մէջ թաւալելէն հաճոյք կ’առնեն, այդ պղծութեան մէջ ալ թող մեռնին։ Շատ շուտով Եհովայի դատաստանները պիտի գործադրուին ամբողջութեամբ, սկսելով Մեծն Բաբելոնի կործանումով։ Խոնարհ անհատներ թող որ մարգարէին հետեւեալ խօսքերուն ժրաջանօրէն անսան. «Տէրը փնտռեցէ՛ք, . . . արդարութի՛ւն փնտռեցէք, խոնարհութի՛ւն փնտռեցէք, թերեւս Տէրոջը բարկութեան օրը ծածկուիք»։ (Սոփոնեայ 2։3) Իսկ անոնք որ արդէն նուիրուած են Եհովայի, «ան որ արդար է՝ թող արդար ըլլայ ու ան որ սուրբ է՝ թող սուրբ ըլլայ»։ Իմաստուն անհատ մը գիտէ թէ մեղքին տուած որեւէ ժամանակաւոր առաւելութիւն կարելի չէ բաղդատել այն մշտատեւ օրհնութիւններուն հետ, զորս արդարութիւն ու սրբութիւն հետապնդողները պիտի վայելեն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք. քննեցէք ձեր անձերը»։ (Բ. Կորնթացիս 13։5) Ձեր ընտրած ու հետեւած ճամբուն համեմատ պիտի վարձատրուիք։—Սաղմոս 19։9-11. 58։10, 11
-