-
Յայտնութիւնը եւ դո՛ւքՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
6. Այս մարգարէութեան մէջ վերջին անգամ իր խօսքը ուղղելով, Եհովա ի՞նչ կ’ըսէ Յայտնութիւնը կարդացողներուն։
6 Արդ, յաւիտենականութեան Թագաւորը Եհովա, այս մարգարէութեան մէջ վերջին անգամ ըլլալով իր խօսքը կ’ուղղէ Յայտնութիւնը կարդացողներուն ու կ’ըսէ. «Ահա ես շուտով կու գամ եւ իմ վարձքս ինծի հետ է՝ ամէն մէկուն իր գործին համեմատ հատուցանելու։ Ես եմ Ալֆան ու Օմէղան, Առաջինը ու Վերջինը, Սկիզբը եւ Վախճանը։ Երանելի՜ են անոնք, որ անոր պատուիրանքները կը կատարեն [«որ կը լուան իրենց հագուստները», Երուսաղէմ, ստորանիշ], որպէս զի իշխանութիւն ունենան կենաց ծառին վրայ եւ դռներէն ներս քաղաքը մտնեն։ Բայց դուրս պիտի մնան շուներն ու կախարդները եւ պոռնիկներն ու սպանութիւն ընողները եւ կռապաշտներն ու այն ամէնքը որ ստութիւն կը սիրեն եւ կ’ընեն»։—Յայտնութիւն 22։12-15
-
-
Յայտնութիւնը եւ դո՛ւքՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
8. (ա) Միայն որո՞նք «կենաց ծառէն» ուտելու իրաւունք պիտի ունենան, եւ ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ (բ) Մեծ բազմութիւնը ի՞նչպէս ‘լուացած են իրենց հանդերձները’, եւ անոնք ի՞նչպէս մաքուր կեցուածք մը կը պահեն։
8 Եհովայի աչքին մաքուր մնալու համար ‘իրենց հագուստները լուացած’ օծեալ Քրիստոնեաներն են միայն որ առանձնաշնորհումը պիտի ունենան «կենաց ծառէն» ուտելու։ Ուրիշ խօսքով, իրենց երկնային դիրքին մէջ անմահ կեանք ունենալու իրաւունքն եւ իրաւասութիւնը կը ստանան։ (Համեմատել՝ Ծննդոց 3։22-24. Յայտնութիւն 2։7. 3։4, 5) Երկրի վրայ որպէս մարդ արարածներ մեռնելէ ետք, անոնք յարութեամբ Նոր Երուսաղէմի մէջ կ’ընդունուին։ 12 հրեշտակները կը թոյլատրեն անոնց մուտքը, մինչ դուրս ձգելով այն բոլորը, որոնք երկնային յոյս ունենալ դաւանելով հանդերձ ստութիւն կամ անմաքրութիւն կը գործեն։ Երկրի վրայ մեծ բազմութիւնն ալ ‘իրենց հանդերձները լուացած ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցած’ են. անոնք պէտք է շարունակեն պահել իրենց մաքուր կեցուածքը։ Ասիկա կրնան ընել Եհովայի հոս զգուշացուցած մոլութիւններէն խուսափելով, ինչպէս նաեւ եօթը ժողովքներուն Յիսուսի ղրկած եօթը պատգամներուն մէջի յորդորներուն սրտանց հետեւելով։—Յայտնութիւն 7։14. Գլուխ՝ 2 եւ 3
-