-
Յայտնութիւնը եւ դո՛ւքՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
15. Ի՞նչ է Յիսուսի հետեւեալ խօսքերուն իմաստը. «Այս բաներուն վկայութիւն տուողը» եւ «Շուտով կու գամ ես»։
15 Արդ, Յիսուս քաջալերական վերջին խօսք մը կ’աւելցնէ. «Այս բաներուն վկայութիւն տուողը կ’ըսէ. ‘Այո՛, շուտով կու գամ ես’»։ (Յայտնութիւն 22։20ա) Յիսուս «հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան» է։ (Յայտնութիւն 3։14) Եթէ ան Յայտնութեան տեսիլքներուն համար կը վկայէ, ուրեմն անոնք ճշմարիտ պէտք է ըլլան։ Թէ՛ ինք եւ թէ Եհովա Աստուած կրկնակիօրէն կը շեշտեն որ «շուտով» կու գան. հոս հինգերորդ անգամն է որ Յիսուս ասիկա կ’ըսէ։ (Յայտնութիւն 2։16. 3։11. 22։7, 12, 20) Անոնք ‘կու գան’ դատաստան ի գործ դնելու համար մեծ պոռնիկին, քաղաքական «թագաւորներուն» եւ «մեր Տէրոջը [Եհովայի] ու իր Օծեալին» թագաւորութեան մնացեալ բոլոր հակառակորդներուն վրայ։—Յայտնութիւն 11։15. 16։14, 16. 17։1, 12-14
16. Գիտնալով որ Եհովա Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոս շուտով կու գան, ի՞նչ վճռական քայլ մը պէտք է առնէք։
16 Եհովա Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի շուտով գալը գիտնալը ձեզ պէտք է քաջալերէ որ «Աստուծոյ օրուանը գալ»ը ձեր մտքէն չհանէք։ (Բ. Պետրոս 3։12) Սատանայի իրերու դրութեան երկրին որեւէ երեւութական կայունութիւն՝ խաբուսիկ է։ Սատանայի իշխանութեան ներքեւ եղող աշխարհի կառավարիչներու երկնքին կողմէ իրագործուած որեւէ յաջողութիւն՝ կարճատեւ է։ Այս բաները անցնելու վրայ են։ (Յայտնութիւն 21։1) Միակ մնայուն բաներն են Եհովան, Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած իր Թագաւորութիւնը եւ իր խոստացած նոր աշխարհը։ Ասիկա բնաւ մի՛ մոռնաք։—Ա. Յովհաննու 2։15-17
-
-
Յայտնութիւնը եւ դո՛ւքՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
19. Տարեց Յովհաննէս առաքեալի եզրակացութիւնը ի՞նչ է, եւ ի՞նչպէս կ’ընդառաջէք այդ խօսքերուն։
19 Ուստի, մենք ալ Յովհաննէսի հետ ջերմեռանդօրէն աղօթենք. «Ամէ՛ն, եկո՛ւր, Տէր Յիսուս»։ Իսկ տարեց Յովհաննէս առաքեալը կ’աւելցնէ. «Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէ՛ն»։ (Յայտնութիւն 22։20բ, 21) Անիկա ըլլայ նաեւ բոլոր անոնց հետ, որոնք այս գիրքը կը կարդան։ Հաւատացէք որ Յայտնութեան հոյակապ յանգումը մօ՛տ է, որպէսզի դուք ալ մեզի միանաք ու սրտանց ըսէք. «Ամէ՛ն»։
-