-
Յիսուսի անուան կառչած մնալՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
14. (ա) Սկիզբէն իսկ, քրիստոնէական ժողովքը որո՞նց դէմ պայքար պէտք էր մղէր եւ Պօղոս առաքեալ ի՞նչպէս նկարագրեց զանոնք։ (բ) Անջատականներու խումբի մը հետեւելու հակում ունեցողները Յիսուսի ո՞ր խօսքերուն ուշադրութիւն պէտք է ընծայեն։
14 Սկիզբէն իսկ քրիստոնէական ժողովքը պէտք էր պայքարէր հպարտ առաքեալներու դէմ, որոնք քաղցր ու խաբէական խօսքերով, Եհովայի հայթայթած խողովակէն եկող «վարդապետութենէն դուրս բաժանում կը յառաջացնեն ու գայթակղութիւններ կ’ընեն»։ (Հռովմայեցիս 16։17, 18) Պօղոս առաքեալ գրեթէ իր բոլոր նամակներուն մէջ այս սպառնալիքին դէմ զգուշացուց։a Ներկայիս, Յիսուս ճշմարիտ ժողովքը քրիստոնէական մաքրութեան ու միութեան մէջ բերած ըլլալով, աղանդապաշտութեան վտանգը տակաւին առկայ է։ Հետեւաբար, ոեւէ մէկը որ անջատականներու խումբի մը հետեւելու՝ եւ այսպիսով աղանդ մը կազմելու՝ հակումը ունի, պէտք է Յիսուսի յաջորդ խօսքերուն ականջ տայ. «[Ուստի] ապաշխարէ. եթէ ոչ՝ շուտով պիտի գամ քեզի ու իմ բերնիս սրովը պիտի պատերազմիմ անոնց հետ»։—Յայտնութիւն 2։16
-
-
Յիսուսի անուան կառչած մնալՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
16. (ա) Հաւատուրացներու ազդեցութենէն տատանող անհատ մը ինչո՞ւ անմիջապէս պէտք է զղջայ։ (բ) Չզղջացողներուն ի՞նչ պիտի պատահի։
16 Ոեւէ մէկը որ հաւատուրացներու ազդեցութեան պատճառով կը տատանի, անմիջապէս զղջալու Յիսուսի խրատին պէտք է հետեւի։ Թոյնէ մը խուսափելու նման հաւատուրաց պրոպականդներէ պէտք է խուսափինք։ Անոր հիմը կը կազմեն նախանձն ու ատելութիւնը, հակառակը արդար, մաքուր եւ սիրալիր ճշմարտութիւններուն, որոնցմով Յիսուս կը կերակրէ իր ժողովքը։ (Ղուկաս 12։42. Փիլիպպեցիս 1։15, 16. 4։8, 9) Իսկ անոնք որոնք կը մերժեն զղջալ, Տէր Յիսուս արդարեւ ‘իր բերնին սրովը պիտի պատերազմի անոնց հետ’։ Ան իր ժողովուրդը մաղէ կ’անցընէ, որպէսզի պահէ ա՛յն միութիւնը, որուն համար աղօթեց երկրի վրայ իր աշակերտներուն հետ անցուցած վերջին գիշերը։ (Յովհաննու 17։20-23, 26) Քանի որ հաւատուրացները կը մերժեն Յիսուսի աջ ձեռքին մէջ եղող աստղերուն տուած խրատին հետեւիլ, ան զանոնք կը դատէ ու կը պատժէ ‘չափազանց խստութեամբ’, զանոնք «դուրսի խաւար»ին յանձնելով։ Անոնք կը վտարուին եւ այլեւս Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ թթխմորի նման ազդեցութիւն չեն ունենար։—Մատթէոս 24։48-51, ՆԱ. 25։30. Ա. Կորնթացիս 5։6, 9, 13. Յայտնութիւն 1։16
-