-
Յիսուսի անուան կառչած մնալՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
‘Պահուած Մանանան եւ Ճերմակ Խիճը’
17. ‘Յաղթող’ օծեալ Քրիստոնեաներուն ի՞նչ վարձատրութիւն կը սպասէ եւ Պերգամոնի Քրիստոնեաները ի՞նչ բաներ պէտք էր նուաճէին։
17 Հոյակապ վարձատրութիւն մը կը սպասէ բոլոր անոնց, որոնք Եհովայի սուրբ հոգիին առաջնորդութեամբ տրուած Յիսուսի խրատին ուշադրութիւն կ’ընծայեն։ Մտի՛կ ըրէք. «Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն. ‘Ով որ կը յաղթէ, պահուած մանանայէն ուտել պիտի տամ անոր ու ճերմակ խիճ մը պիտի տամ անոր եւ այն խիճին վրայ նոր անուն մը գրուած, որ մէ՛կը չի գիտեր, բայց միայն ան՝ որ կ’ընդունի’»։ (Յայտնութիւն 2։17) Ուստի, ինչպէս Զմիւռնիոյ, նոյնպէս ալ Պերգամոնի Քրիստոնեաներուն քաջալերութիւն կը տրուի որ ‘յաղթեն’։ Յաջողելու համար, կռապաշտութենէ պէտք է խուսափէին Պերգամոնի մէջ եղողները, ուր Սատանայի աթոռը կար։ Անոնք անբարոյութիւնը, աղանդապաշտութիւնը եւ Բաղակի, Բաղաամի եւ Նիկողայոսի աղանդին առնչուած հաւատուրացութիւնը պէտք էր նուաճէին։ Եթէ այսպէս ընէին, այդ օծեալ Քրիստոնեաները պիտի հրաւիրուէին «պահուած մանանայէն» ուտելու։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէր։
18, 19. (ա) Ի՞նչ էր մանանան որ Եհովա Իսրայելացիներուն տուաւ։ (բ) Ի՞նչ էր պահուած մանանան։ (գ) Պահուած մանանայէն ուտելը ի՞նչ կը խորհրդանշէ։
18 Մովսէսի ժամանակ, Եհովա մանանան հայթայթեց, անապատէ անցնող Իսրայելացիները կերակրելու համար։ Այդ մանանան պահուած չէր, քանի որ ամէն առաւօտ՝ ի բացառեալ Շաբաթ օրերէն՝ հրաշալիօրէն կը տեսնուէր, եղեամի պէս ծածկելով երկիրը։ Անիկա Իսրայելացիները ողջ պահելու համար աստուածային հայթայթում մըն էր։ Եհովան պատուիրեց Մովսէսի որ «[Իսրայէլի] ազգերուն մէջ» յիշատակի համար այս «հաց»էն մաս մը ոսկիէ սափորի մը մէջ պահէ ու զայն դնէ ուխտի սրբազան տապանակին մէջ։—Ելից 16։14, 15, 23, 26, 33. Եբրայեցիս 9։3, 4
19 Ի՜նչ տեղին խորհրդանիշ մը։ Այս մանանան պահուած էր տաղաւարին Սրբութիւն Սրբութեանցին մէջ, ուր Տապանակին կափարիչին վրայ շողացող հրաշալի լոյսը, Եհովայի բուն ներկայութիւնը կը խորհրդանշէր։ (Ելից 26։34) Ո՛չ մէկը արտօնութիւն ունէր այդ սուրբ տեղը մտնելով պահուած մանանան ուտելու։ Սակայն Յիսուս ըսաւ որ իր օծեալ հետեւորդները, որոնք պիտի յաղթէին, պիտի ուտէին «պահուած մանանան»։ Զիրենք կանխող Յիսուսի նման, անոնք «ո՛չ թէ ձեռագործ սրբարանը [կը մտնեն], որ ճշմարտին օրինակն է, հապա բուն երկինքը»։ (Եբրայեցիս 9։12, 24) Յարութեան ժամանակ, անոնք անապականութիւն եւ անմահութիւն կը հագնին. Եհովայի հոյակապ հայթայթումը, որ իրենց տրուած անեղծ «պահուած մանանայ»ով խորհրդանշուած էր։ Յաղթողներու այդ պզտիկ խումբը ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում մը ունի։—Ա. Կորնթացիս 15։53-57
20, 21. (ա) Օծեալ Քրիստոնեաներուն համար ճերմակ խիճ մը ստանալը ի՞նչ կը ներկայացնէ։ (բ) Քանի որ միայն 144,000 ճերմակ խիճ կայ, մեծ բազմութեան յոյսը ի՞նչ է։
20 Անոնք նաեւ «ճերմակ խիճ մը» կը ստանան։ Հռովմի մէջ, խիճը կը գործածուէր դատաստան մը վաւերացնելու համար։b Ճերմակ խիճը անպարտութեան, իսկ սեւ խիճը դատապարտութեան՝ յաճախ մահուան, նշան էր։ Յիսուս Պերգամոնի Քրիստոնեաներուն «ճերմակ խիճ» մը տալով, կը վճռէ որ անոնք անմեղ, անապական ու մաքուր են։ Բայց Յիսուսի խօսքերը ուրիշ իմաստ մըն ալ կրնան ունենալ։ Հռովմէացիներու ժամանակ, դարձեալ խիճեր կը գործածուէին, կարեւոր դէպքերու ներկայ ըլլալու որպէս տոմս։ Ուստի, ճերմակ խիճը շատ մասնայատուկ բան մը կրնայ նշել յաղթող օծեալ Քրիստոնեաներուն համար. երկնքի մէջ, Գառնուկին հարսնիքին մէջ պատուական տեղ մը ստանալ։ Միայն 144,000 այսպիսի խիճեր հայթայթուած են։—Յայտնութիւն 14։1. 19։7-9
21 Ասիկա կը նշանակէ՞ որ եթէ դուք հաւատակիցներու մեծ բազմութեան մէկ անդամն էք, որեւէ ուշադրութեան արժանի չէք։ Վստահաբար ո՛չ։ Թէեւ երկինք մտնելու համար ճերմակ խիճ մը չէք ստանար, բայց եթէ համբերէք, մեծ նեղութենէն պիտի կարենաք ազատուիլ, երկիրը Դրախտի մը վերածելու ուրախ գործին մասնակցելու համար։ Ասոր մէջ ձեզի մասնակից պիտի ըլլան նախաքրիստոնէական շրջանի հաւատարիմ յարուցեալները, ինչպէս նաեւ վերջերս մահացած ուրիշ ոչխարները։ Վերջապէս, փրկանքէն օգտուող մնացեալ բոլոր մեռելները պիտի յարուցանուին դրախտային երկրի մը վրայ ապրելու համար։—Սաղմոս 45։16. Յովհաննու 10։16. Յայտնութիւն 7։9, 14
22, 23. Օծեալ Քրիստոնեաներուն տրուած խիճին վրայ գրուած անուան իմաստը ի՞նչ է եւ ասիկա ի՞նչ քաջալերութիւն պէտք է տայ։
22 Խիճին վրայ գրուած նոր անունը ի՞նչ է։ Անուն մը անհատ մը բնորոշելու եւ զայն ուրիշներէն զատորոշելու կը ծառայէ։ Այս օծեալ Քրիստոնեաները իրենց երկրային ընթացքը յաղթականօրէն աւարտելէն ետքն է որ կը ստանան այս խիճը։ Որոշ է ուրեմն, որ խիճին վրայի անունը, երկնքի մէջ Յիսուսի միանալու առանձնաշնորհումին հետ կապ ունի. արքայական սպասարկութեան մէջ մասնայատուկ դիրք մը, զոր լիովին պիտի գնահատեն ու վայելեն միմիայն անոնք, որոնք երկնային Թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն։ Ուստի անիկա անուն մը, կամ պաշտօնի նշանակում մըն է, «որ մէ՛կը չի գիտեր, բայց միայն ան՝ որ կ’ընդունի»։—Համեմատել՝ Յայտնութիւն 3։12
23 Ի՜նչ դրդապատճառ մը որ Յովհաննէս դասակարգը «լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն» եւ զայն գործադրէ։ Իսկ ասիկա ո՜րքան կը քաջալերէ անոնց ընկերակիցները՝ մեծ բազմութիւնը՝ որպէսզի անոնց հետ հաւատարմօրէն ծառայեն, մինչ տակաւին երկրի վրայ անոնց ընկերակցութիւնը կը վայելեն եւ անոնց հետ Եհովայի Թագաւորութիւնը կը ճանչցնեն։
-
-
Յիսուսի անուան կառչած մնալՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
[Նկար՝ էջ 45]
Մանանայէն մաս մը պահուած էր ուխտի տապանակին մէջ։ Խորհրդանշական պահուած մանանայէն ստանալը յաղթական օծեալներուն համար կը նշանակէ՝ անմահութիւն ստանալ
[Նկար՝ էջ 45]
Ճերմակ խիճը, Գառնուկին հարսնիքին ընդունուածներուն համար է
-