Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Վատահամբաւ պոռնիկին դատաստանը
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
    • Գլուխ 33

      Վատահամբաւ պոռնիկին դատաստանը

      Տեսիլք 11—Յայտնութիւն 17։1-18

      Նիւթ. Մեծն Բաբելոնը կարմիր գազանի մը վրայ հեծած է, որ վերջապէս իրեն դէմ կ’ելլէ ու կը կործանէ զինք

      Կատարման ժամանակ. 1919–էն մինչեւ մեծ նեղութիւն

      1. Եօթը հրեշտակներէն մէկը ի՞նչ կը յայտնէ Յովհաննէսի։

      ԵՀՈՎԱՅԻ արդար բարկութիւնը ամբողջութեամբ՝ եօթը սկաւառակները՝ պէտք է թափուին։ Երբ վեցերորդ հրեշտակը իր սկաւառակը պարպեց վաղեմի Բաբելոնի վայրին վրայ, անիկա տեղին ըլլալով կը խորհրդանշէր Մեծն Բաբելոնի վրայ գալիք հարուածը, մինչ դէպքերը արագօրէն իրարու կը յաջորդեն դէպի Արմագեդոնի վերջնական պատերազմը։ (Յայտնութիւն 16։1, 12, 16) Հաւանաբար, այս նոյն հրեշտակն է որ հիմա կը յայտնէ թէ Եհովա ինչո՛ւ եւ ի՛նչպէս կը գործադրէ իր արդար դատաստանները։ Յովհաննէս իր տեսած ու լսած բանէն ապշահար կ’ըլլայ. «Եօթը սկաւառակներ ունեցող եօթը հրեշտակներէն մէկը եկաւ ու ինծի հետ խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Եկո՛ւր ու քեզի ցուցնեմ այն մեծ պոռնիկին դատաստանը, որ շատ ջուրերու վրայ կը նստի. որուն հետ երկրին թագաւորները պոռնկացան ու երկրին բնակիչները անոր պոռնկութեան գինիովը գինովցան’»։—Յայտնութիւն 17։1, 2

      2. Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ «մեծ պոռնիկ»ը (ա) երբեմնի Հռովմը չէ, (բ) մեծ առեւտուրը չէ, (գ) կրօնական ինքնութիւն ունի։

      2 «Մեծ պոռնիկ». ինչո՞ւ այսքան ցնցիչ անուանակոչում մը։ Ո՞վ է ան։ Ոմանք այլաբանական այս պոռնիկը կապած են վաղեմի Հռովմի հետ։ Բայց Հռովմը քաղաքական զօրութիւն մըն էր։ Այս պոռնիկը երկրի թագաւորներուն հետ պոռնկութիւն կ’ընէ եւ ասիկա բացայայտօրէն Հռովմի թագաւորներն ալ կը պարփակէ։ Ասկէ զատ, անոր կործանումէն ետք, ըսուած է որ «երկրին թագաւորները» անոր կործանման համար կը սգան։ Հետեւաբար, անիկա չի կրնար քաղաքական զօրութիւն մը ըլլալ։ (Յայտնութիւն 18։9, 10) Իսկ քանի որ աշխարհի վաճառականներն ալ անոր վրայ կը սգան, անիկա չի կրնար մեծ առեւտուրը պատկերացնել։ (Յայտնութիւն 18։15, 16) Սակայն կը կարդանք որ անոր ‘կախարդութիւնովը բոլոր ազգերը մոլորեցան’։ (Յայտնութիւն 18։23) Ասիկա յստակօրէն ցոյց կու տայ որ մեծ պոռնիկը համաշխարհային կրօնական ինքնութիւն մը ունենալու է։

      3. (ա) Մեծ պոռնիկը ինչո՞ւ միայն Կաթողիկէ կրօնքը կամ նոյնիսկ ամբողջ Քրիստոնեայ Աշխարհը չի խորհրդանշեր։ (բ) Արեւելեան շատ մը կրօնքներուն, ինչպէս նաեւ Քրիստոնեայ Աշխարհի յարանուանութիւններուն մէջ բաբելոնական ի՞նչ վարդապետութիւններ կրնանք գտնել։ (գ) Կաթողիկէ կարդինալ Ճոն Հէնրի Նիումէն ի՞նչ ընդունեց Քրիստոնեայ Աշխարհի շատ մը վարդապետութիւններուն, արարողութիւններուն եւ սովորութիւններուն ծագումին մասին։ (Տես ստորանիշը։)

      3 Ո՞ր կրօնքը կը ներկայացնէ անիկա։ Արդեօք Կաթողիկէ՞ Եկեղեցին է, ինչպէս կը դաւանին ոմանք, թէ ոչ ամբողջ Քրիստոնեայ Աշխարհը։ Եթէ ան բոլոր ազգերը կը մոլորեցնէ, ուրեմն անկէ աւելի լայնապարփակ պէտք է ըլլայ։ Իրականութեան մէջ, անիկա սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնն է։ Անիկա ծագում առած է բաբելոնական խորհուրդներէն, ինչպէս կը տեսնուի համայն երկրի վրայի կրօնքներուն մէջ հասարակաց եղող բաբելոնական վարդապետութիւններէն եւ սովորութիւններէն։ Օրինակի համար, մարդկային հոգիին բնածին անմահութիւնը, տանջանքի դժոխքը եւ աստուածներու երրորդութիւնը կը գտնուին Արեւելեան շատ մը կրօնքներուն, ինչպէս նաեւ Քրիստոնեայ Աշխարհի յարանուանութիւններուն մէջ։ Սուտ կրօնքը, որ աւելի քան 4,000 տարի առաջ ծաղկեցաւ վաղեմի Բաբելոն քաղաքին մէջ, ներկայիս դարձած է վիթխարի, եւ տեղին ըլլալով կոչուած է Մեծն Բաբելոն։a Սակայն, «մեծ պոռնիկ» զզուելի անունը ինչո՞ւ տրուած է անոր։

      4. (ա) Վաղեմի Իսրայէլը ի՞նչ կերպերով պոռնկութիւն ըրաւ։ (բ) Մեծն Բաբելոնը ի՞նչ աչքառու կերպով պոռնկութիւն ըրած է։

      4 Բաբելոնը (որ կը նշանակէ «Խառնակութիւն») Նաբուգոդոնոսորի օրով իր փառքի զենիթին հասաւ։ Անիկա կրօնա–քաղաքական պետութիւն մըն էր, աւելի քան հազար տաճարներով եւ մատուռներով։ Անոր քահանայութիւնը մեծ հեղինակութիւն կը բանեցնէր։ Թէեւ անկէ ի վեր Բաբելոնը շատոնց գոյութենէ դադրած է որպէս աշխարհակալ ոյժ, բայց կրօնական Մեծն Բաբելոնը տակաւին կը գոյատեւէ, եւ իր նախորդին նման տակաւին կը ջանայ քաղաքական գործերուն ազդել ու անոնց ձեւ տալ։ Բայց Աստուած կը հաճի՞ որ կրօնքը քաղաքականութեան միջամուխ ըլլայ։ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ, ըսուած է որ Իսրայէլ պոռնկեցաւ, երբ սուտ պաշտամունքի միջամուխ եղաւ եւ երբ, փոխանակ Եհովայի ապաւինելու, ազգերուն հետ դաշնակցութիւններ ըրաւ։ (Երեմեայ 3։6, 8, 9. Եզեկիէլ 16։28-30) Մեծն Բաբելոնն ալ պոռնկութիւն կ’ընէ։ Անիկա երկրի թագաւորներուն վրայ հեղինակութիւն եւ զօրութիւն բանեցնելու համար, ինչ որ շահաւէտ համարած է՝ ըրած է։—Ա. Տիմոթէոս 4։1

      5. (ա) Կղերականները ի՞նչ երեւելի դիրքեր կը գրաւեն։ (բ) Աշխարհի մէջ կարկառուն դիրքեր գրաւելու փափաքը ինչո՞ւ ուղղակիօրէն հակառակ է Յիսուս Քրիստոսի ըսածին։

      5 Ներկայիս, կրօնական առաջնորդներ յաճախ կառավարական բարձր պաշտօններ ստանալու համար արշաւներ կը ձեռնարկեն, իսկ կարգ մը երկիրներու մէջ ուղղակիօրէն կառավարութեան մաս կը կազմեն, մինչեւ իսկ դահլիճի մէջ պաշտօններ ստանձնելով։ 1988–ին, հանրածանօթ երկու Բողոքական պատուելիներ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան թեկնածութեան ներկայացան։ Մեծն Բաբելոնի առաջնորդները կը սիրեն երեւնալ. անոնց նկարները յաճախ կը տեսնուին թերթերու մէջ, կարկառուն քաղաքագէտներու կողքին։ Յիսուս ճիշդ հակառակը, քաղաքական ամէն միջամտութիւն մերժեց եւ իր աշակերտներուն մասին ըսաւ. «Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ»։—Յովհաննու 6։15. 17։16. Մատթէոս 4։8-10. տես նաեւ՝ Յակոբու 4։4

      Արդի ‘Պոռնկութիւնը’

      6, 7. (ա) Հիթլերի Նացի Կուսակցութիւնը ի՞նչպէս հեղինակութեան գլուխ անցաւ Գերմանիոյ մէջ։ (բ) Նացի Գերմանիոյ հետ Վատիկանի դաշինքը ի՞նչպէս օգնեց Հիթլերի որ աշխարհի տիրապետութեան համար առաջ նետուի։

      6 Քաղաքականութեան միջամուխ ըլլալով, մեծ պոռնիկը մարդկութեան անպատում վիշտեր պատճառած է։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, Գերմանիոյ մէջ Հիթլերի հեղինակութեան գլուխ անցնելուն իրողութիւնները, որոնք ա՛յնքան տգեղ իրողութիւններ են, որ ոմանք պիտի ուզէին պատմութեան գրքերէն սրբել զանոնք։ 1924–ի Մայիսին Նացի Կուսակցութիւնը 32 աթոռ ունէր Գերմանիոյ Խորհրդարանին մէջ։ 1928–ի Մայիսին, անիկա իջած էր 12–ի։ Սակայն, 1930–ի Տնտեսական Մեծ Ձախորդութիւնը աշխարհը պատեց, որմէ ետք Նացիները ուշագրաւօրէն ոտքի կանգնեցան եւ այսպիսով 1932–ի Յուլիսին Գերմանիոյ քուէարկութեան 608 աթոռներուն 230–ը շահեցան։ Անկէ անմիջապէս ետք, նախկին վարչապետ Ֆրանզ վոն Փափէն՝ Պապական Ասպետ մը, Նացիներուն օգնութեան հասաւ։ Պատմաբաններու համաձայն, վոն Փափէնի երազն էր Հռովմէական Սուրբ նոր Կայսրութիւն մը հիմնել։ Որպէս վարչապետ իր կարճատեւ պաշտօնավարութիւնը ձախորդութիւն մը եղած ըլլալով, ան յուսաց Նացիներու միջոցաւ հեղինակութիւն ձեռք ձգել։ Մինչեւ 1933–ի Յունուարը, ան Հիթլերի համար ճարտարարուեստի հսկաներու աջակցութիւնը երաշխաւորեց եւ հնարամտութիւն ու խարդախութիւն գործածելով այնպէս մը ըրաւ որ Հիթլեր Գերմանիոյ վարչապետը ըլլայ 30 Յունուար 1933–ին։ Իսկ ինք փոխ վարչապետ եղաւ եւ Հիթլեր զինք գործածեց Գերմանիոյ Կաթողիկէ հատուածներուն աջակցութիւնը երաշխաւորելու համար։ Հեղինակութեան գլուխ անցնելէն հազիւ երկու ամիս ետք, Հիթլեր խորհրդարանը արձակեց, հակառակ կուսակցութեան գլխաւորներէն հազարաւորներ կեդրոնացման ճամբարներ ուղարկեց եւ Հրեաները ճնշելու բացայայտ արշաւի մը ձեռնարկեց։

      7 20 Յուլիս 1933–ին, Վատիկան հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ նացիական բարձրացող ուժին հանդէպ, երբ Կարդինալ Փաչելլին (որ հետագային Պապ Փիուս ԺԲ. եղաւ) Հռովմի մէջ դաշինք մը ստորագրեց Վատիկանի եւ Նացի Գերմանիոյ միջեւ։ Վոն Փափէնը որպէս Հիթլերի ներկայացուցիչը ստորագրեց վաւերագիրը, իսկ Փաչելլին՝ Փիուսի Կարգի Մեծ Խաչի պապական բարձր շքանշանով պատուեց վոն Փափէնը։b Սէյթըն ին Թոփ Հէթ խորագրով իր գրքին մէջ, Թիպոր Գոէվէս այս մասին կը գրէ, նշելով. «Այս դաշնագիրը մեծ յաղթանակ մըն էր Հիթլերի համար։ Ասիկա բարոյական առաջին աջակցութիւնն էր որ կը ստանար դուրսի աշխարհէն եւ ան ալ շատ բարձր աղբիւրէ մը»։ Դաշնագիրը կը պահանջէր Վատիկանէն որ նեցուկ չկանգնէր Գերմանիոյ Կաթողիկէ Կեդրոնական Կուսակցութեան, այս կերպով վաւերացնելով Հիթլերի միակ կուսակցութիւնը՝ որպէս «ամբողջատիրական պետութիւն»։c Աւելին ըլլալով, 14–րդ յօդուածը կ’ըսէր. «Արքեպիսկոպոսներու, եպիսկոպոսներու եւ նման նշանակումներ վաւերական պիտի ըլլան միմիայն՝ երբ Ռայխի կողմէ դրուած կառավարիչը լիովին վստահ ըլլայ որ անոնց քաղաքական ընդհանուր կարծիքներուն նկատմամբ որեւէ կասկած չկայ»։ 1933–ի վերջաւորութեան (Պապ Փիուս ԺԱ.–ի կողմէ «Սուրբ Տարի» հռչակուած), աշխարհին տիրելու Հիթլերի արշաւին մէջ, Վատիկանի աջակցութիւնը գլխաւոր ազդակը եղած էր։

      8, 9. (ա) Վատիկանը, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցին ու անոր կղերականները ի՞նչպէս հակազդեցին Նացի բռնակալութեան։ (բ) Երբ Բ. Աշխարհամարտը ծագեցաւ, Գերմանացի Կաթողիկէ եպիսկոպոսները ի՞նչ ըսին։ (գ) Կրօնա–քաղաքական յարաբերութեանց հետեւանքը ի՞նչ եղած է։

      8 Թէեւ ափ մը վարդապետներ եւ մայրապետներ Հիթլերի գազանային արարքներուն համար բողոքեցին եւ անոր համար տառապեցան, բայց Վատիկանը, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ անոր կղերներու բանակը, կա՛մ գործնականօրէն եւ կամ լռելեայն թիկունք կանգնեցան Նացի բռնակալութեան, զոր նկատեցին որպէս Համայնավարութեան համաշխարհային յառաջխաղացքին արգելք մը։ Վատիկանի մէջ բազմած Փիուս ԺԲ. Պապը առանց քննադատելու՝ հետեւեցաւ Հրեաներուն Ողջակիզութեան եւ Եհովայի Վկաներու եւ ուրիշներու անգութ հալածանքին։ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը երբ Գերմանիա այցելեց 1987–ի Մայիսին, անկեղծ վարդապետի մը հականացիական կեցուածքը գովեց. ի՜նչ հեգնական արարք մը։ Հազարաւոր Գերմանացի միւս կղերները ի՞նչ կ’ընէին Հիթլերի սարսափազդու իշխանութեան ընթացքին։ 1939–ի Սեպտեմբերին՝ երբ Բ. Աշխարհամարտը պայթեցաւ, Գերմանացի Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու կողմէ հրատարակուած հովուական նամակ մը կը լուսաբանէ այս կէտը։ Անոր մէկ հատուածը կ’ըսէր. «Ճակատագրական այս պահուն, Կաթողիկէ մեր զինուորները կը խրատենք որ իրենց պարտականութիւնը կատարեն, հնազանդելով Ֆիւրըրին, ու իրենց ամբողջ անհատականութիւնը զոհելու պատրաստ ըլլան։ Մենք հաւատացեալներուն կոչ կ’ընենք, որ միասնաբար ջերմեռանդ աղօթքներ մատուցանեն, որպէսզի Աստուածային Նախախնամութիւնը այս պատերազմը յաջողութեամբ պսակէ»։

      9 Կաթողիկէ այսպիսի քաղաքականութիւն մը լաւ կերպով կը պատկերացնէ այն պոռնկութիւնը, որու մասնակից եղած է կրօնքը անցեալ աւելի քան 4,000 տարիներու ընթացքին, քաղաքական Պետութեան հետ քծնելով, որպէսզի հեղինակութիւն եւ ուրիշ օգուտներ շահի։ Կրօնա–քաղաքական այսպիսի յարաբերութիւններ պատերազմներ ու հալածանքներ հրահրած են, ինչպէս նաեւ հսկայական տարողութեամբ մարդոց թշուառութեան նպաստած են։ Մարդկութիւնը ո՜րքան ուրախ կրնայ ըլլալ որ մեծ պոռնիկին վրայ Եհովայի դատաստանը մօտ է։ Կը մաղթենք որ անիկա շուտով կատարուի։

      Շատ Ջուրերու Վրայ Նստած

      10. Ի՞նչ են այն «շատ ջուրեր»ը որոնց վստահած է Մեծն Բաբելոնը պաշտպանութեան համար, եւ անոնց ի՞նչ կը պատահի։

      10 Վաղեմի Բաբելոնը շատ ջուրերու՝ Եփրատ Գետին եւ բազմաթիւ ջրանցքներու վրայ նստած էր։ Այս ջուրերը զինք կը պաշտպանէին, ինչպէս նաեւ վաճառականական աղբիւր մը ըլլալով, հարստութիւն կ’ապահովէին իրեն. բայց մէկ գիշերուան մէջ անոնք ցամքեցան։ (Երեմեայ 50։38. 51։9, 12, 13) Մեծն Բաբելոնն ալ «շատ ջուրերու» կը վստահի, որ զինք պաշտպանեն եւ հարստացնեն։ Այս այլաբանական ջուրերը «ժողովուրդներ են ու բազմութիւններ եւ ազգեր ու լեզուներ», ուրիշ խօսքով, միլիառաւոր մարդիկ՝ որոնց վրայ ան տիրած է եւ որոնցմէ նիւթական օգնութիւն քաղած է։ Բայց այս ջուրերն ալ կը ցամքին, կամ իրենց օգնութիւնը ետ կը քաշեն։—Յայտնութիւն 17։15. համեմատել՝ Սաղմոս 18։4. Եսայեայ 8։7

      11. (ա) Վաղեմի Բաբելոնը ի՞նչպէս ‘բոլոր երկիրը գինովցուցած’ էր։ (բ) Մեծն Բաբելոնը ի՞նչպէս ‘բոլոր երկիրը գինովցուցած’ է։

      11 Ասկէ զատ, երբեմնի Բաբելոնը նկարագրուած էր որպէս «Տէրոջը ձեռքին մէջ բոլոր երկիրը գինովցնող ոսկի գաւաթ» մը։ (Երեմեայ 51։7) Վաղեմի Բաբելոնը դրացի ազգերուն ստիպեց որ Եհովայի բարկութեան արտայայտութիւնները խմեն, երբ զինուորական ուժով զանոնք նուաճեց, գինով մարդոց նման տկարացնելով զանոնք։ Այս կէտին մէջ, ան Եհովայի ձեռքին մէջ գործիք եղաւ։ Մեծն Բաբելոնն ալ յաղթանակներ տարաւ, համաշխարհային կայսրութիւն մը դառնալու աստիճան։ Բայց վստահաբար անիկա Աստուծոյ գործիքը չէ։ Ընդհակառակը, ան «երկրին թագաւորներ»ուն ծառայած է, որոնց հետ կրօնական պոռնկութիւն կ’ընէ։ Ան այս թագաւորները գոհացուցած է, իր սուտ վարդապետութիւնները եւ գերեվարող սովորութիւնները գործածելով ժողովուրդներուն զանգուածները՝ «երկրին բնակիչները», գինով մարդոց նման տկարացնելով, որպէսզի հլու հնազանդ ենթարկուին իրենց կառավարիչներուն։

      12. (ա) Ճափոնի մէջ Մեծն Բաբելոնի մէկ հատուածը ի՞նչպէս Բ. Աշխարհամարտին շատ մեծ արիւնահեղութեան պատճառ եղաւ։ (բ) Մեծն Բաբելոնի թիկունք կանգնող «ջուրեր»ը ի՞նչպէս ցամքած են Ճափոնի մէջ, եւ ի՞նչ արդիւնք տուած է ասիկա։

      12 Շինթոյական Ճափոնը ասոր մէջ ուշագրաւ օրինակ մըն է։ Ճափոնցի զինուորին գլուխը լեցուցած էին որ եթէ իր կեանքը կայսրին՝ Շինթօ գերագոյն աստուծոյ համար տար, անիկա մեծագոյն պատիւն էր։ Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին, շուրջ 1,500,000 Ճափոնցի զինուորներ մեռան պատերազմի մէջ. գրեթէ բոլորին համար, յանձնուիլը անպատուութիւն նկատուած էր։ Սակայն Ճափոնի պարտութեան որպէս հետեւանք, Հիրոհիթօ Կայսրը ստիպուած եղաւ հրաժարիլ ինքզինք աստուած սեպելէ։ Ասիկա պատճառ եղաւ որ Մեծն Բաբելոնի Շինթոյական հատուածին թիկունք կանգնող «ջուրեր»ը ուշագրաւօրէն ցամքին, բայց դժբախտաբար, Շինթոյականութիւնը Խաղաղականի պատերազմի թատերաբեմին վրայ ահաւոր կերպով արիւն թափելու հաւանութիւն տալէն ետք։ Շինթոյականութեան ազդեցութեան այս տկարացումը նաեւ ճամբան բացաւ որ այս վերջին տարիներուն աւելի քան 200,000 Ճափոնցիներ, որոնց մեծամասնութիւնը նախապէս Շինթոյական կամ Պուտտայական էին, Գերիշխան Տէր Եհովայի նուիրուած ու մկրտուած ծառաները ըլլան։

      Պոռնիկը Գազանի մը Վրայ Նստած Է

      13. Երբ հրեշտակը զինք հոգիին զօրութեամբ անապատ կը տանի, Յովհաննէս ի՞նչ ապշեցուցիչ տեսարան մը կը տեսնէ։

      13 Մարգարէութիւնը տակաւին ի՞նչ կը յայտնէ մեծ պոռնիկին ու անոր ճակատագրին մասին։ Յովհաննէս ուրիշ ուշագրաւ տեսարան մը կը նկարագրէ. «Եւ [հրեշտակը] զիս առաւ անապատը տարաւ հոգիով. ուր տեսայ կին մը, որ կարմիր գազանի մը վրայ նստեր էր։ Այն գազանը լեցուն էր հայհոյութեան անուններով ու եօթը գլուխ եւ տասը եղջիւր ունէր»։—Յայտնութիւն 17։3

      14. Ինչո՞ւ յարմար էր որ Յովհաննէս անապատ տարուէր։

      14 Յովհաննէս ինչո՞ւ անապատ կը տարուի։ Վաղեմի Բաբելոնին դէմ եղած դատապարտութեան նախկին ծանուցում մը նկարագրուած էր որպէս «ծովուն անապատին» դէմ ծանուցում մը։ (Եսայեայ 21։1, 9) Ասիկա տեղին ազդարարութիւն մըն էր թէ հակառակ իր բոլոր ջուրերուն տուած պաշտպանութեան, վաղեմի Բաբելոնը անկենդան անապատի պիտի վերածուէր։ Ուստի, յարմար է որ Յովհաննէս իր տեսիլքին մէջ անապատ տարուի տեսնելու համար ինչ որ վիճակուած է Մեծն Բաբելոնի։ Անիկա ալ պիտի ամայանայ ու անապատ պիտի դառնայ։ (Յայտնութիւն 18։19, 22, 23) Սակայն, Յովհաննէս հոն իր տեսած բանով ապշահար կ’ըլլայ։ Մեծ պոռնիկը առանձին չէ։ Ան հսկայ գազանի մը վրայ նստած է։

      15. Յայտնութիւն 13։1–ի եւ Յայտնութիւն 17։3–ի գազաններուն միջեւ ի՞նչ տարբերութիւններ կան։

      15 Այս գազանը եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր ունի։ Ուստի, անիկա նախապէս Յովհաննէսի տեսած եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր ունեցող գազա՞նն է։ (Յայտնութիւն 13։1) Ո՛չ. այս երկուքին միջեւ տարբերութիւններ կան։ Ասոր գոյնը կարմիր է, եւ նախորդ գազանին նման թագեր չունի։ Փոխանակ միայն իր գլուխներուն վրայ հայհոյութեան անուններ ունենալու, անիկա «լեցուն էր հայհոյութեան անուններով»։ Այսուհանդերձ, այս նոր գազանին եւ նախորդ գազանին միջեւ կապ մը պէտք է ըլլայ. անոնց միջեւ նմանութիւնները այնքան ուշագրաւ են որ կարելի չէ զանոնք դիպուածի վերագրել։

      16. Կարմիր գազանին ինքնութիւնը ի՞նչ է, եւ անոր նպատակակէտին մասին ի՞նչ ըսուած է։

      16 Արդ, այս կարմիր գոյնով նոր գազանը ի՞նչ է։ Անիկա պէտք է ըլլայ գազանին պատկերը, զոր գառնուկի նման երկու եղջիւր ունեցող Անգլօ–Ամերիկեան գազանին դրդումով մէջտեղ եկաւ։ Պատկերը շինուելէ ետք, այդ երկեղջիւրաւոր գազանին թոյլատրուեցաւ որ հոգի տայ գազանին պատկերին։ (Յայտնութիւն 13։14, 15) Յովհաննէս հոս կը տեսնէ ապրող, շնչող պատկերը։ Անիկա կը պատկերացնէ Ազգերու Դաշնակցութեան կազմակերպութիւնը, որու երկեղջիւրաւոր գազանը հոգի տուաւ 1920–ին։ Միացեալ Նահանգներու Նախագահը՝ Ուիլսըն, խորհած էր որ այս Դաշնակցութիւնը «բոլոր մարդոց համար արդարութիւն ի գործ դնելու իրաւական ատեանը պիտի ըլլայ եւ պատերազմի սպառնալիքը յաւիտեան պիտի սրբէ»։ Երբ անիկա Բ. Աշխարհամարտէն ետք յարութիւն առաւ որպէս Միացեալ Ազգեր, պայմանագրին համաձայն, անոր նպատակն էր «միջազգային խաղաղութիւնը ու ապահովութիւնը պահպանել»։

      17. (ա) Այլաբանական կարմիր գազանը ի՞նչ կերպով հայհոյութեան անուններով լեցուն է։ (բ) Կարմիր գազանին վրայ ո՞վ նստած է։ (գ) Բաբելոնական կրօնքը ի՞նչպէս սկիզբէն իսկ Ազգերու Դաշնակցութեան ու անոր յաջորդին հետ կապեր ունեցաւ։

      17 Այս այլաբանական գազանը ի՞նչ առումով հայհոյութեան անուններով լեցուն է։ Այն առումով որ մարդիկ այս բազմազգային կուռքը փոխանակեցին Աստուծոյ Թագաւորութեան հետ. անոր վերագրելով այն ինչ որ, ըստ Աստուծոյ, միայն Թագաւորութիւնը կրնայ իրագործել։ (Դանիէլ 2։44. Մատթէոս 12։18, 21) Սակայն, Յովհաննէսի տեսիլքին մէջ ուշագրաւ եղողը այդ էր որ Մեծն Բաբելոնը կարմիր գազանին վրայ նստած էր։ Մարգարէութիւնը շիտակ ելլելով, բաբելոնական կրօնքը, մասնաւորաբար Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ, Ազգերու Դաշնակցութեան ու անոր յաջորդին հետ կապեր ունեցաւ։ 18 Դեկտեմբեր 1918–ին արդէն, ներկայիս ճանչցուած որպէս՝ Ամերիկայի Քրիստոսի Եկեղեցիներու Ազգային Խորհուրդը որոշում մը որդեգրեց, որ մասամբ կ’ըսէր. «Այսպիսի Դաշնակցութիւն մը պարզապէս քաղաքական նպատակի ծառայելու միջոց մը չէ. այլ անիկա երկրի վրայ Աստուծոյ Թագաւորութեան քաղաքական արտայայտութիւնն է։ . . . Եկեղեցին կրնայ բարեացակամութեան հոգի մը յայտնել, առանց որու Ազգերու Դաշնակցութիւնը չի կրնար գոյատեւել։ . . . Ազգերու Դաշնակցութիւնը Աւետարանին վրայ հիմնուած է։ Աւետարանին նման, անոր նպատակակէտն է՝ ‘երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց հանդէպ հաճութիւն’»։

      18. Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները ի՞նչպէս ցոյց տուին որ նեցուկ կը կանգնին Ազգերու Դաշնակցութեան։

      18 2 Յունուար 1919–ին, Սան Ֆրանսիսգօ Քրոնիքլ–ը առաջին էջին վրայ կը կրէր հետեւեալ խորագիրը՝ «Պապը Կոչ կ’Ընէ որ Ուիլսընի Ազգերու Դաշնակցութիւնը Որդեգրուի»։ 16 Հոկտեմբեր 1919–ին, գլխաւոր յարանուանութիւններու 14,450 կղերներու կողմէ ստորագրուած խնդրագիր մը ներկայացուեցաւ Մ.Ն. Ծերակոյտին, յորդորելով որ այդ անձնակազմը «վաւերացնէ ազգերու դաշնակցութեան ուխտը բովանդակող Փարիզի խաղաղութեան դաշինքը»։ Թէեւ Մ.Ն. Ծերակոյտը չվաւերացուց դաշինքը, բայց Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները շարունակեցին իրենց արշաւը ի նպաստ Ազգերու Դաշնակցութեան։ Իսկ Ազգերու Դաշնակցութեան պաշտօնական բացումը ի՞նչպէս եղաւ։ Զուիցերիայէն, 15 Նոյեմբեր 1920 թուակիր հաղորդում մը կ’ըսէր. «Այսօր առաւօտեան ժամը տասնըմէկին Ազգերու Դաշնակցութեան առաջին ժողովի բացումը ծանուցուեցաւ, Ժընեւի մէջ բոլոր եկեղեցիներու կոչնակներուն հնչուելով»։

      19. Երբ կարմիր գազանը երեւան եկաւ, Յովհաննէս դասակարգը ի՞նչ ընթացք բռնեց։

      19 Մեսիական Թագաւորութեան գալը սրտանց ողջունող միակ խումբը երկրի վրայ՝ Յովհաննէս դասակարգը, Քրիստոնեայ Աշխարհին ընկերակցեցա՞ւ կարմիր գազանը մեծարելու համար։ Բնա՛ւ երբեք։ Կիրակի 7 Սեպտեմբեր 1919–ին, Եհովայի ժողովուրդին Սիտըր Փոյնթի (Օհայօ) համաժողովին հետեւեալ խորագրով հանրային դասախօսութիւնը ներկայացուեցաւ՝ «Տառապեալ Մարդկութեան Յոյսը»։ Յաջորդ օրը, Սանտուսգիի Սթար Ճըրնըլ–ը տեղեկագրեց որ Ճ. Ֆ. Ռատըրֆորտ, շուրջ 7,000 անհատներու ուղղելով իր դասախօսութիւնը, «հաւաստիացուց որ Տէրոջը տհաճութիւնը վստահաբար պիտի գայ Ազգերու Դաշնակցութեան վրայ . . . քանի որ Կաթողիկէ եւ Բողոքական կղերները, որոնք կը դաւանին Աստուծոյ ներկայացուցիչները ըլլալ, իր ծրագիրը լքած եւ Ազգերու Դաշնակցութեան թիկունք կանգնած են, զայն ողջունելով որպէս երկրի վրայ Քրիստոսի Թագաւորութեան քաղաքական արտայայտութիւնը»։

      20. Կղերներուն համար ինչո՞ւ հայհոյութիւն էր Ազգերու Դաշնակցութիւնը ողջունել որպէս «երկրի վրայ Աստուծոյ Թագաւորութեան քաղաքական արտայայտութիւն»ը։

      20 Ազգերու Դաշնակցութեան ողորմելի ձախողութիւնը պէտք էր որպէս ազդանշան ծառայէր կղերներուն, թէ մարդակերտ այսպիսի մարմիններ երկրի վրայ Աստուծոյ Թագաւորութեան մէկ մասը չեն կրնար ըլլալ։ Այսպիսի ծանուցում մը ի՜նչ մեծ հայհոյութիւն մըն է։ Անիկա այն տպաւորութիւնը կու տայ թէ Աստուած մասնակից էր Ազգերու Դաշնակցութեան հսկայական ձախորդութեան։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Աստուծոյ, իր «գործը կատարեալ է»։ Խաղաղութիւն բերելու եւ ինչպէս երկինքը, նոյնպէս երկրի վրայ իր կամքը կատարել տալու համար, Եհովա ո՛չ թէ իրարու հետ վիճաբանող քաղաքագէտներ պիտի գործածէ, որոնցմէ շատեր անաստուած են, հապա՝ Քրիստոսի յանձնուած Իր երկնային Թագաւորութիւնը։—Բ. Օրինաց 32։4. Մատթէոս 6։10

      21. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ մեծ պոռնիկը թիկունք կը կանգնի եւ կը հիանայ Ազգերու Դաշնակցութեան յաջորդին՝ Միացեալ Ազգերուն վրայ։

      21 Իսկ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Ազգերու Դաշնակցութեան յաջորդին՝ Միացեալ Ազգերու մասին։ Անոր ծնունդէն իսկ, մեծ պոռնիկը անոր ալ կռնակը հեծած է, բացայայտօրէն ընկերակցելով անոր եւ ջանալով անոր ուղղութիւն տալ։ Օրինակի համար, Յունիս 1965–ին, անոր 20–րդ տարեդարձին առթիւ, Կաթողիկէ Եկեղեցիի եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիի ներկայացուցիչներ, Բողոքականներու, Հրեաներու, Հինտուներու, Պուտտայականներու եւ Մահմետականներու հետ՝ որոնք կը ներկայացնէին երկրի բնակչութեան շուրջ երկու միլիառը, Սան Ֆրանսիսգոյի մէջ հաւաքուեցան, ՄԱԿ–ի աջակցելու եւ անոր հանդէպ իրենց հիացմունքը հռչակելու համար։ Հոկտեմբեր 1965–ին ՄԱԿ–ի այցելութիւն տուած ժամանակ, Պօղոս Զ. Պապը զայն նկարագրեց որպէս «միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն մեծագոյնը» եւ աւելցուց. «Երկրի ժողովուրդները Միացեալ Ազգերուն կը դիմեն, որպէս համերաշխութեան ու խաղաղութեան վերջին յոյսը»։ Ուրիշ մը, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը Հոկտեմբեր 1979–ին ՄԱԿ–ի այցելութիւն տալով ու խօսք առնելով, ըսաւ. «Յոյս ունիմ որ Միացեալ Ազգերը միշտ պիտի մնայ որպէս խաղաղութեան ու արդարութեան գերագոյն ատեանը»։ Յատկանշական է որ Պապը իր քարոզին մէջ շատ քիչ ուշադրութիւն ընծայեց Յիսուս Քրիստոսի կամ Աստուծոյ Թագաւորութեան։ Սեպտեմբեր 1987–ին Միացեալ Նահանգներ տուած իր այցելութեան ընթացքին, Տը Նիու Եորք Թայմզ–ը կը տեղեկագրէ թէ «Յովհաննէս Պօղոս երկար բարակ խօսեցաւ . . . ‘համաշխարհային նոր միասնականութիւն’ քաջալերելու մէջ Միացեալ Ազգերու խաղցած դրական դերին մասին»։

      Անունը մը՝ Խորհուրդ

      22. (ա) Մեծ պոռնիկը ի՞նչպիսի գազանի մը վրայ հեծած է։ (բ) Յովհաննէս ի՞նչպէս կը նկարագրէ այլաբանական պոռնիկը՝ Մեծն Բաբելոնը։

      22 Յովհաննէս առաքեալ շուտով պիտի տեղեկանայ որ մեծ պոռնիկը շատ վտանգաւոր գազանի մը վրայ հեծած է։ Բայց նախ իր ուշադրութեան կը յանձնուի Մեծն Բաբելոնը։ Ան ճոխ կերպով զարդարուած ըլլալով հանդերձ, ո՜րքան զզուելի է։ «Կինը ծիրանի ու կարմիր հագած էր, զարդարուած էր ոսկիով ու պատուական քարերով եւ մարգարիտներով եւ իր ձեռքը ոսկիէ գաւաթ մը ունէր պղծութիւններով ու իր պոռնկութեանը անմաքրութիւններով լեցուն։ Անոր ճակտին վրայ անուն մը գրուած էր. ‘Խորհուրդ՝ Մեծ Բաբելոն՝ պոռնիկներու ու երկրի պղծութիւններուն մայրը’։ Տեսայ այն կինը, որ սուրբերուն արիւնովը ու Յիսուսին վկաներուն արիւնովը գինովցած էր»։—Յայտնութիւն 17։4-6ա

      23. Մեծն Բաբելոնի լման անունը ի՞նչ է եւ անիկա ի՞նչ կը նշանակէ։

      23 Ինչպէս որ սովորութիւն էր երբեմնի Հռովմի մէջ, այս պոռնիկին ինքնութիւնը յայտնի է ճակատին վրայ իր կրած անունով։d Անիկա երկար անուն մըն է. «Մեծ Բաբելոն՝ պոռնիկներու ու երկրի պղծութիւններուն մայրը»։ Այդ անունը «խորհուրդ» մըն է, իմաստը ծածկուած է։ Բայց Աստուծոյ յարմար ժամանակին, այդ խորհուրդը պիտի բացայայտուէր։ Արդարեւ, հրեշտակը Յովհաննէսի բաւարար տեղեկութիւն կու տայ, որպէսզի ներկայիս Եհովայի ծառաները այս նկարագրական անուան իմաստը լիովին կարենան ըմբռնել։ Կը հասկնանք որ Մեծն Բաբելոնը սուտ կրօնքի ամբողջութիւնն է։ Ան ‘պոռնիկներու մայրն’ է, քանի որ աշխարհի՝ մէջը ըլլալով Քրիստոնեայ Աշխարհի, մէջ գտնուող բոլոր անհատական սուտ կրօնքներն ու յարանուանութիւնները իր աղջիկներուն նման են, որոնք հոգեւոր պոռնկութիւն ընելու մէջ զինք կ’ընդօրինակեն։ Ան նաեւ «պղծութիւններուն մայր»ն է, քանի որ կռապաշտութեան, ոգեհարցութեան, գուշակութեան, աստղաբաշխութեան, ձեռնագուշակութեան, մարդկային զոհերու, տաճարի պոռնկութեան, ի պատիւ սուտ աստուածներու գինովութեան եւ ուրիշ պիղծ սովորութիւններու նման գարշելի բաներու ծնունդ տուած է։

      24. Ինչո՞ւ յարմար է որ Մեծն Բաբելոնը ներկայացուած ըլլայ որպէս «ծիրանի ու կարմիր» հագած եւ «զարդարուած . . . ոսկիով ու պատուական քարերով եւ մարգարիտներով»։

      24 Մեծն Բաբելոնը «ծիրանի ու կարմիր» հագած էր, թագաւորական գոյներ, եւ «զարդարուած էր ոսկիով ու պատուական քարերով եւ մարգարիտներով»։ Ի՜նչ յարմար նկարագրութիւն մը։ Պահ մը խորհեցէք հոյակապ շինարարութիւններու, հազուագիւտ արձաններու եւ նկարչութիւններու, անգին սրբանկարներու եւ կրօնական ուրիշ իրերու, ինչպէս նաեւ այս աշխարհի կրօնքներուն հաւաքած անհաշիւ ստացուածքներուն ու դրամին մասին։ Վատիկանի մէջ ըլլայ, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ կեդրոնացած հեռատեսիլի քարոզիչներու կայսրութեան, թէ Արեւելքի մենաստաններուն ու տաճարներուն մէջ, Մեծն Բաբելոնը հսկայական հարստութիւն կուտակած, եւ երբեմն ալ կորսնցուցած է։

      25. (ա) Ի՞նչ կը խորհրդանշէ ‘պղծութիւններով լեցուն ոսկիէ գաւաթը’։ (բ) Այլաբանական պոռնիկը ի՞նչ առումով գինովցած է։

      25 Արդ նայեցէք թէ պոռնիկը իր ձեռքին մէջ ի՛նչ ունի։ Յովհաննէսի շունչը բռնուած ըլլալու է այս երեւոյթէն. ոսկիէ գաւաթ մը, «պղծութիւններով ու իր պոռնկութեանը անմաքրութիւններով լեցուն»։ Այս գաւաթը կը պարունակէ «իր կատաղի պոռնկութեանը գինի»ն, որով բոլոր ազգերը արբեցուց։ (Յայտնութիւն 14։8. 17։4) Անիկա դուրսէն թանկարժէք կ’երեւայ, բայց անոր բովանդակութիւնը նողկալի՝ պիղծ է։ (Համեմատել՝ Մատթէոս 23։25, 26) Անիկա կը պարունակէ բոլոր պիղծ սովորութիւնները եւ սուտերը, զորս մեծ պոռնիկը գործածած է ազգերը հրապուրելու եւ զանոնք իր ազդեցութեան ներքեւ բերելու համար։ Իսկ աւելի ընդվզեցուցիչը այն է՝ որ Յովհաննէս կը տեսնէ որ պոռնիկը գինով է, Աստուծոյ ծառաներուն արիւնովը արբեցած։ Արդարեւ, հետագային կը կարդանք որ «մարգարէներուն ու սուրբերուն ու երկրի վրայ բոլոր սպաննուածներուն արիւնը անոր մէջ գտնուեցաւ»։ (Յայտնութիւն 18։24) Ի՜նչ արիւնահեղութիւն։

      26. Մեծն Բաբելոնի արիւնապարտ ըլլալուն համար ի՞նչ ապացոյց կայ։

      26 Դարերու ընթացքին, սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը հեղեղանման արիւն հոսեցուցած է։ Օրինակ, միջնադարեան Ճափոնի մէջ, Գիյոթոյի տաճարները ամրոցներու վերածուեցան, եւ ռազմիկ–վանականները «Պուտտայի սուրբ անունը» կանչելով իրարու դէմ կռուեցան, մինչեւ որ փողոցները թափուած արիւնով կարմրեցան։ Ի. դարուն, Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները իրենց պատկան երկրին բանակներուն միացան, որոնք զիրար ջարդեցին, առնուազն հարիւր միլիոն կեանքեր խլելով։ 1987–ի Հոկտեմբերին, Մ.Ն. նախկին նախագահը՝ Նիգսըն, ըսաւ. «Քսաներորդ դարը պատմութեան ամենէն արիւնաթոր դարը եղած է։ Այս դարուս պատերազմներուն մէջ շատ աւելի անհատներ մեռած են, քան այս դարը սկսելէն առաջ մղուած բոլոր պատերազմներուն»։ Աշխարհի կրօնքները այս բոլորին մէջ մատ ունենալով, Աստուծոյ կողմէ դատապարտուած են. Եհովայի համար զզուելի են «անմեղ արիւն թափող ձեռքեր»ը։ (Առակաց 6։16, 17) Քիչ առաջ, Յովհաննէս սեղանէն եկող աղաղակ մը լսած էր. «Ո՛վ սուրբ ու ճշմարիտ Տէ՛ր, մինչեւ ե՞րբ պիտի չդատես եւ մեր արեան վրէժը չլուծես երկրի բնակիչներէն»։ (Յայտնութիւն 6։10) Երբ այս հարցումին պատասխանելու ժամանակը գայ, Մեծն Բաբելոնը, պոռնիկներուն ու երկրի պղծութիւններուն մայրը, մեծապէս պարփակուած պիտի ըլլայ։

      [Ստորանիշներ]

      a Հաւատուրաց Քրիստոնեայ Աշխարհի վարդապետութիւններուն, արարողութիւններուն ու սովորութիւններուն մեծամասնութեան ծագումը քրիստոնէական չըլլալը նշելով, ԺԹ. դարու Կաթողիկէ կարդինալ Ճոն Հէնրի Նիումէն՝ Քրիստոնէական Վարդապետութեան Զարգացման Մասին Քննասիրութիւն գրքին մէջ գրեց. «Տաճարներու գործածութիւնը, եւ զանոնք մասնայատուկ սուրբերու նուիրելը, որոշ առիթներու զանոնք ծառերու ճիւղերով զարդարելը. խունկը, ճրագները, եւ մոմերը. հիւանդութենէ մը առողջանալէ ետք ուխտանուէր մատուցանելը. սրբազան ջուրը. որպէս ապաստանարան ծառայելը. տօները եւ եղանակները, օրացոյցի գործածութիւնը, թափօրները, դաշտերը օրհնելը. քահանայական զգեստները, հերախուզութիւնը, ամուսնութեան մատանին, Արեւելք դառնալը, աւելի ուշ մուտք գործած՝ պատկերները, թերեւս եկեղեցական շարականները, եւ Տէ՛ր ողորմեան, այս բոլորը հեթանոսական ծագում ունին, բայց Եկեղեցիին մէջ ներմուծուելով սրբացուած են»։

      Փոխանակ այսպիսի կռապաշտական բաները սրբացնելու, «Ամենակալ Տէրը» Քրիստոնեաներուն հետեւեալ խրատը կու տայ. «Ելէ՛ք անոնց մէջէն ու զատուեցէ՛ք . . . Պիղծ բանի մի՛ դպչիք»։—Բ. Կորնթացիս 6։14-18

      b Ուիլիըմ Լ. Շիրըրի պատմական աշխատասիրութիւնը՝ Երրորդ Ռայխին Բարձրացումն ու Անկումը՝ կը նշէ թէ վոն Փափէն «Հիթլերի իշխանութեան գլուխ անցնելու մէջ շատ աւելի պատասխանատու էր, քան Գերմանիոյ մէջ ոեւէ մէկը»։ 1933–ի Յունուարին, Գերմանիոյ նախկին վարչապետը վոն Շլէյշըր՝ վոն Փափէնի համար ըսած էր. «Ան ա՛յնպիսի դաւաճան մը եղաւ, որու քով Իսկարիովտացի Յուդան սուրբ մըն է»։

      c 14 Մայիս 1929–ին, Մոնտրակոն Քոլէճի աշակերտներուն ուղղելով իր խօսքը՝ Պապ Փիուս ԺԱ. ըսաւ որ ինք մինչեւ իսկ Սատանային հետ համաձայնութիւններ կը կնքէ, եթէ հոգիներու բարիքին համար անիկա հարկ ըլլայ։

      d Համեմատեցէք իր ճամբէն շեղած կրօնաւորուհիի մը ուղղուած Հռովմէացի հեղինակ Սէնէգայի խօսքերը (մէջբերուած Սվէթի կողմէ). «Դո՛ւն, ո՛վ աղջիկ, վատահամբաւ տան մէջ կեցար . . . անունդ ճակատէդ կախուած է. քու անպատուութեանդ փոխարէն դրամ ընդունեցիր»։—Controv. i, 2

      [Շրջանակ՝ էջ 237]

      Չըրչիլ կը քօղազերծէ ‘պոռնկութիւնը’

      Իր գրքին մէջ՝ Կուտակուող Փոթորիկը (1948), Ուինսթըն Չըրչիլ կը տեղեկագրէ որ Հիթլեր Վիեննայի մէջ Ֆրանզ վոն Փափէնը որպէս Գերման դեսպան նշանակեց, «Աւստրիական քաղաքականութեան կարկառուն անձնաւորութիւնները տկարացնելու կամ զանոնք սիրաշահելու համար»։ Չըրչիլ կը մէջբերէ վոն Փափէնի մասին Վիեննայի մօտ Մ.Ն. դեսպանին մէկ խօսքը. «Ամենայն յանդգնութեամբ եւ անպատկառութեամբ . . . Փափէն ինծի ըսաւ որ . . . մտադիր էր որպէս լաւ Կաթողիկէ իր համբաւը օգտագործել Աւստրիացիներուն վրայ հեղինակութիւն ունենալու համար, Կարդինալ Իննիձէրի նման»։

      Աւստրիան անձնատուր ըլլալէ եւ Հիթլերի բուռն յարձակում գործող ջոկատները տողանցելով Վիեննա մտնելէ ետք, Կաթողիկէ կարդինալ Իննիձէր պատուէր տուաւ որ բոլոր Աւստրիական եկեղեցիները կեռխաչի դրօշակը կանգնեցնեն, իրենց կոչնակները հնչեցնեն եւ Ատոլֆ Հիթլերի տարեդարձին առթիւ աղօթեն։

      [Շրջանակ/Նկար՝ էջ 238]

      Այս խորագրին ներքեւ Տը Նիու Եորք Թայմզ–ի 7 Դեկտեմբեր 1941–ի համարին առաջին հրատարակութեան մէջ լոյս տեսաւ հետեւեալ յօդուածը.

      ՌԱՅԽԻ ՀԱՄԱՐ ‘ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԱՂՕԹՔ’

      «Ֆուլտայի Մէջ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսները Օրհնութիւն եւ Յաղթանակ կը Մաղթեն . . . Գերմանացի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Խորհրդաժողովը որ Ֆուլտայի մէջ հաւաքուած էր, յանձնարարեց որ մասնայատուկ ‘պատերազմի աղօթք’ մը ներկայացուի, որ ամէն ժամերգութեան սկիզբը եւ վերջաւորութեան կարդացուի։ Աղօթքը Նախախնամութենէն կը պաղատէր որ օրհնէր գերմանական զէնքերը, անոնց յաղթանակ տալով եւ բոլոր զինուորներուն առողջութեան ու կեանքին վրայ հսկէր։ Եպիսկոպոսները նաեւ հրահանգ տուին Կաթողիկէ կղերներուն որ առնուազն ամիսը անգամ մը Կիրակի օրուան մասնաւոր քարոզով մը յիշեն Գերմանացի զինուորները, որոնք ‘ցամաքի ու ծովու վրայ, եւ օդին մէջ ն’»։

      Այս յօդուածը թերթին յաջորդ հրատարակութիւններէն հանուեցաւ։ 7 Դեկտեմբեր 1941–ին էր որ Նացի Գերմանիոյ դաշնակից Ճափոնը Փըրլ Հարպըրի մէջ Մ.Ն. նաւատորմին վրայ յարձակում գործեց։

      [Շրջանակ՝ էջ 244]

      «Հայհոյութեան անուններ»

      Երբ երկեղջիւրաւոր գազանը Ազգերու Դաշնակցութիւնը քաջալերեց Ա. Աշխարհամարտէն ետք, անոր կրօնական բազմաթիւ սիրուհիները անմիջապէս ջանացին կրօնական հաւանութիւն տալ այս շարժումին։ Որպէս հետեւանք, խաղաղութեան նոր կազմակերպութիւնը ‘հայհոյութեան անուններով լեցուեցաւ’։

      «Քրիստոնէութիւնը կրնայ բարեհաճութիւն եւ զօրութիւն հայթայթել [ազգերու] դաշնակցութեան, եւ այս կերպով այդ դաշնագրութիւնը թուղթի կտորէ մը վերածել Աստուծոյ թագաւորութեան մէկ գործիքին»։—Տը Քրիսչըն Սէնչըրի, Ա.Մ.Ն., 19 Յունիս 1919, էջ 15։

      «Ազգերու Դաշնակցութեան գաղափարն է, Աստուծոյ Թագաւորութեան գաղափարախօսութիւնը միջազգային յարաբերութիւններու վերածել, որպէս բարեհաճութեան համաշխարհային կարգախօս մը։ . . . Բոլոր Քրիստոնեաները ասո՛ր համար կ’աղօթեն, երբ կ’ըսեն. ‘Քու Թագաւորութիւնդ գայ’»։—Տը Քրիսչըն Սէնչըրի, Ա.Մ.Ն., 25 Սեպտեմբեր 1919, էջ 7։

      «Ազգերու Դաշնակցութեան շաղախը՝ Քրիստոսի արիւնն է»։—Տոքթ. Ֆրէնգ Գրէյն, Բողոքական քարոզիչ, Ա.Մ.Ն.։

      «[Ժողովական Եկեղեցիներու Ազգային] Խորհուրդը սատար կը կանգնի [Ազգերու Դաշնակցութեան] Ուխտին, որպէս հիմա ձեռնտու եղող քաղաքական միակ գործիքը, որու միջոցաւ Յիսուս Քրիստոսի Հոգին ազգերու գործերուն մէջ աւելի լայն տարողութեամբ ու գործնական կերպով կրնայ կիրարկուիլ»։—Տը Քանկկրիկէյշընէլիսթ էնտ Ըտվէնս, Ա.Մ.Ն., 6 Նոյեմբեր 1919, էջ 642։

      «Այս համագումարը կոչ կ’ընէ բոլոր Մեթոտականներուն, որ [Ազգերու Դաշնակցութեան] գաղափարախօսութիւնները մեծապէս ջատագովեն ու քաջալերեն, որպէս Հօր Աստուծոյ եւ Աստուծոյ երկրային զաւակներուն կողմէ արտայայտուած գաղափարներ»։—Վէսլէյըն Մեթոտական Եկեղեցի, Բրիտանիա։

      «Երբ այս համաձայնութեան տենչերը, կարելիութիւնները եւ որոշումները նկատի առնենք, կը տեսնենք որ անիկա Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումներուն ծուծը կը կազմէ. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ու անոր արդարութիւնը . . . ուրիշ ոչինչ»։—Գէնթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսին քարոզը, Ժընեւի մէջ Ազգերու Դաշնակցութեան Համաժողովի բացման առթիւ, 3 Դեկտեմբեր 1922։

      «Ազգերու Դաշնակցութեան Ընկերակցութիւնը այս երկրի մէջ, նոյն սուրբ իրաւունքը ունի ինչպէս մարդասիրական միսիոնարութեան ընկերութիւն մը, քանի որ ներկայիս անիկա, ազգերուն մէջ որպէս խաղաղութեան Իշխան՝ Քրիստոսի իշխանութեան ամենէն ազդու գործակալութիւնն է»։—Տոքթ. Կարվի, Ժողովական Եկեղեցիի քարոզիչ, Բրիտանիա։

      [Քարտէս՝ էջ 236]

      (Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը

      Համայն աշխարհի մէջ հաւատացուած սուտ վարդապետութիւնները Բաբելոնէն ծագում առած են

      Բաբելոն

      Երրորդութիւններ կամ եռեակ աստուածներ

      Մարդկային հոգին մահուընէ ետք կը վերապրի

      Ոգեհարցութիւն՝ «մեռելներ»ուն հետ խօսիլ

      Պաշտամունքի մէջ պատկերներու գործածութիւն

      Հմայեակներու գործածութիւն՝ դեւերը մեղմացնելու համար

      Հեղինակաւոր քահանաներու իշխանութիւն

      [Նկար՝ էջ 239]

      Վաղեմի Բաբելոնը շատ ջուրերու վրայ նստած էր

      [Նկար՝ էջ 239]

      Արդի մեծ պոռնիկն ալ «շատ ջուրերու» վրայ նստած է

      [Նկար՝ էջ 241]

      Մեծն Բաբելոնը վտանգաւոր գազանի մը վրայ նստած է

      [Նկարներ՝ էջ 242]

      Կրօնական պոռնիկը երկրի թագաւորներուն հետ պոռնկութիւն ըրած է

      [Նկարներ՝ էջ 245]

      Կինը ‘սուրբերուն արիւնովը գինովցած է’

  • Ահաւոր խորհուրդ մը կը բացայայտուի
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
    • Գլուխ 34

      Ահաւոր խորհուրդ մը կը բացայայտուի

      1. (ա) Յովհաննէս ի՞նչպէս հակազդեց տեսնելով մեծ պոռնիկը եւ ահաւոր գազանը որուն վրայ հեծած էր ան, եւ ինչո՞ւ։ (բ) Ներկայիս Յովհաննէս դասակարգը ի՞նչպէս կը հակազդէ, մարգարէական տեսիլքը կատարող դէպքերուն ընթացքը տեսնելով։

      Ի՞ՆՉ կ’ըլլայ Յովհաննէսի հակազդեցութիւնը, երբ կը տեսնէ մեծ պոռնիկը եւ ահաւոր գազանը, որուն վրայ հեծած էր ան։ Ի՛նք կու տայ պատասխանը. «Երբ տեսայ զանիկա, մեծ զարմանքով զարմացայ»։ (Յայտնութիւն 17։6բ) Զուտ մարդկային երեւակայութիւն մը չի կրնար այսպիսի տեսարան մը յղանալ։ Բայց ահաւասիկ հեռու անապատի մը մէջ, լիրբ պոռնիկ մը որ սարսափելի, կարմիր գազանի մը վրայ բազմած է։ (Յայտնութիւն 17։3) Յովհաննէս դասակարգն ալ այսօր մեծապէս կը զարմանայ, մարգարէական տեսիլքը կատարող դէպքերուն ընթացքը տեսնելով։ Եթէ աշխարհի մարդիկը կարենային տեսնել զայն, պիտի բացագանչէին. «Ա՛նհաւատալի է», իսկ աշխարհի կառավարիչները պիտի ըսէին. «Խելքէ մտքէ դուրս է»։ Բայց տեսիլքը մեր օրերուն ցնցիչ իրողութիւն մը կը դառնայ։ Աստուծոյ ժողովուրդը արդէն յատկանշական մասնակցութիւն մը ունեցած է անոր կատարման մէջ, եւ ասիկա կը վստահեցնէ որ այս մարգարէութիւնը ապշեցուցիչ գագաթնակէտի պիտի հասնի։

      2. (ա) Յովհաննէսի զարմանքը տեսնելով, հրեշտակը ի՞նչ կ’ըսէ անոր։ (բ) Յովհաննէս դասակարգին ի՞նչ կը յայտնուի, եւ ասիկա ի՞նչպէս եղած է։

      2 Հրեշտակը կը նշմարէ Յովհաննէսի զարմանքը։ Յովհաննէս կը շարունակէ. «Հրեշտակը ինծի ըսաւ. ‘Ինչո՞ւ զարմացար. ես քեզի ըսեմ այն կնոջ խորհուրդը ու այն գազանին՝ որ զանիկա իր վրայ կը կրէ ու եօթը գլուխ եւ տասը եղջիւր ունի’»։ (Յայտնութիւն 17։7) Այո, հիմա հրեշտակը պիտի պարզէ խորհուրդը։ Ան ապշահար Յովհաննէսի կը բացատրէ տեսիլքին տարբեր երեսակները եւ տակաւին բացայայտուելիք շշմեցուցիչ դէպքերը։ Այսօր ալ նոյն կերպով, հրեշտակային առաջնորդութեան ներքեւ ծառայելով, արթուն Յովհաննէս դասակարգին յայտնուեցաւ մարգարէութեան հասկացողութիւնը։ «Չէ՞ որ Աստուծոյ կը վերաբերին մեկնութիւնները»։ Հաւատարիմ Յովսէփի նման, մե՛նք ալ ասոր կը հաւատանք։ (Ծննդոց 40։8. համեմատել՝ Դանիէլ 2։29, 30) Աստուծոյ ծառաները որպէս թէ բեմին կեդրոնը կը գտնուին, մինչ Եհովա անոնց կը մեկնէ տեսիլքին իմաստը եւ անոնց կեանքին վրայ անոր ունեցած ազդեցութիւնը։ (Սաղմոս 25։14) Ճիշդ ժամանակին, կնկան եւ գազանին խորհուրդին հասկացողութիւնը պարզած է անոնց։—Սաղմոս 32։8

      3, 4. (ա) Ն. Հ. Նոր հանրային ի՞նչ դասախօսութիւն տուաւ 1942–ին, եւ անիկա ի՞նչպէս կարմիր գազանին ինքնութիւնը կը յայտնէր։ (բ) Ն. Հ. Նոր Յովհաննէսի ուղղուած հրեշտակին ո՞ր խօսքը բացատրեց։

      3 18-20 Սեպտեմբեր 1942–ին, երբ Բ. Աշխարհամարտը իր բարձունքին մէջ էր, Միացեալ Նահանգներու մէջ Եհովայի Վկաները իրենց՝ Նոր Աշխարհի Աստուածպետական Համաժողովը ունեցան։ Օհայոյի Գլէվլէնտ գլխաւոր քաղաքը հեռաձայնային դրութեամբ կապուած էր համաժողով եղող 50–է աւելի ուրիշ քաղաքներու. ունկնդիրներու բարձրագոյն թիւը հասցնելով 129,699–ի։ Համայն աշխարհի մէջ այն շրջանները ուր պատերազմական վիճակները կը թոյլատրէին, նոյն յայտագրով համաժողովներ կազմակերպուեցան։ Այդ ժամանակ, Եհովայի ծառաներէն շատեր կ’ակնկալէին որ այդ պատերազմը պիտի սաստկանար եւ հասցնէր Աստուծոյ Արմագեդոն պատերազմին. հետեւաբար հանրային դասախօսութիւնը շատ հետաքրքրաշարժ էր, որուն խորագիրն էր՝ «Խաղաղութիւն. Անիկա Կրնա՞յ Գոյատեւել»։ Դիտարանի Ընկերութեան նոր նախագահը՝ Ն. Հ. Նոր ի՞նչպէս կրնար խաղաղութեան մասին խօսիլ, երբ այնպէս կը թուէր որ ճիշդ հակառակն էր որ կը սպասէր ազգերուն։a Պատճառը այն էր որ Յովհաննէս դասակարգը «սովորականէն աւելի ուշադրութիւն» կ’ընէր Աստուծոյ մարգարէական Խօսքին։—Եբրայեցիս 2։1, ՆԱ. Բ. Պետրոս 1։19

      4 «Խաղաղութիւն. Անիկա Կրնա՞յ Գոյատեւել» դասախօսութիւնը ի՞նչ լոյս սփռեց մարգարէութեան վրայ։ Յայտնութիւն 17։3–ի կարմիր գազանը յստակօրէն բնորոշելով որպէս Ազգերու Դաշնակցութիւն, Ն. Հ. Նոր խօսեցաւ անոր փոթորկալից ասպարէզին մասին, Յովհաննէսի ուղղուած՝ հրեշտակին սա խօսքերուն հիման վրայ. «Այն գազանը որ տեսար, կար ու չկայ, բայց անդունդէն ելլելու ու կորուստին երթալու վրայ է»։—Յայտնութիւն 17։8ա

      5. (ա) Գազանը ի՞նչպէս «կար» ու ետքը՝ «չկար»։ (բ) Ն. Հ. Նոր ի՞նչպէս պատասխանեց՝ «Դաշնակցութիւնը անդունդին մէջ պիտի մնա՞յ» հարցումին։

      5 «Գազանը . . . կար»։ Այո, անիկա գոյութիւն ունեցաւ որպէս Ազգերու Դաշնակցութիւն, 10 Յունուար 1920–էն սկսեալ, որուն 63 ազգեր մասնակից եղան։ Բայց Ճափոնը, Գերմանիան եւ Իտալիան կարգով քաշուեցան, իսկ նախկին Սովետական Միութիւնը Դաշնակցութենէն դուրս դրուեցաւ։ 1939–ի Սեպտեմբերին, Գերմանիոյ Նացի բռնապետը Բ. Աշխարհամարտին ձեռնարկեց։b Աշխարհի մէջ խաղաղութիւնը պահելու անկարող ըլլալով, Ազգերու Դաշնակցութիւնը իսկապէս անգործունէութեան անդունդը գնաց։ 1942–ին, անիկա անցեալին պատկանած բան մը եղաւ։ Ճակատագրական ճիշդ այդ ժամանակին՝ ո՛չ անկէ առաջ եւ ոչ ալ այդ թուականէն ետք՝ Եհովա տեսիլքին մասին խոր ու ամբողջական հասկացողութիւն տուաւ իր ժողովուրդին։ Նոր Աշխարհի Աստուածպետական Համաժողովին, Ն. Հ. Նոր մարգարէութեան համաձայն կրցաւ ըսել. «Գազանը . . . չկայ»։ Ապա հարցուց. «Դաշնակցութիւնը անդունդին մէջ պիտի մնա՞յ»։ Յայտնութիւն 17։8–ը մէջբերելով, ան պատասխանեց. «Աշխարհի ազգերուն ընկերակցութիւնը դարձեալ պիտի ելլէ»։ Ճիշդ ա՛յս է որ տեղի ունեցաւ, Եհովայի մարգարէական Խօսքը ջատագովուելով։

      Անդունդէն կ’Ելլէ

      6. (ա) Կարմիր գազանը ե՞րբ անդունդէն ելաւ եւ ի՞նչ նոր անունով։ (բ) Ինչո՞ւ Միացեալ Ազգերը իրականութեան մէջ կարմիր գազանին վերակենդանացումն է։

      6 Արդարեւ կարմիր գազանը անդունդէն դուրս եկաւ։ 26 Յունիս 1945–ին, Սան Ֆրանսիսգոյի մէջ, Ա.Մ.Ն., 50 ազգեր աղմկարար փողերախումբի նուագներով քուէարկեցին, որպէսզի ընդունուի Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան Իրաւագիծը։ Այս անձնակազմին նպատակն էր «միջազգային խաղաղութիւնը եւ ապահովութիւնը պահպանել»։ Շատ մը նմանութիւններ կային Ազգերու Դաշնակցութեան եւ ՄԱԿ–ի միջեւ։ Տը Ուըրլտ Պուք Ինսայգլոբիտիա–ն կը նշէ. «Շատ կերպերով ՄԱԿ–ը կը նմանի Ազգերու Դաշնակցութեան, որ Ա. Աշխարհամարտէն ետք կազմակերպուեցաւ . . . ՄԱԿ–ը հիմնող ազգերէն շատեր, Դաշնակցութիւնը հիմնելու ալ մասնակցած էին։ Դաշնակցութեան նման, ՄԱԿ–ը հաստատուեցաւ որ ազգերու միջեւ խաղաղութիւնը պահպանելու նպաստէ։ ՄԱԿ–ի գլխաւոր մարմինները շատ նման են Ազգերու Դաշնակցութեան մարմիններուն»։ Հետեւաբար, ՄԱԿ–ը կարմիր գազանին վերակենդանացումն է։ Անոր աւելի քան 190 անդամ ազգերը, Դաշնակցութեան 63 ազգերէն շատ աւելի են. անիկա իր նախորդէն աւելի մեծ պատասխանատուութիւններ շալկած է։

      7. (ա) Երկրի բնակիչները ի՞նչ կերպով հիացան վերակենդանացած կարմիր գազանին վրայ։ (բ) ՄԱԿ–ը ի՞նչ նպատակակէտի չկրցաւ հասնիլ, եւ անոր ընդհանուր քարտուղարը ի՞նչ ըսաւ այս մասին։

      7 Սկիզբը, շատ մեծ յոյսեր դրուած էին ՄԱԿ–ի վրայ։ Ասիկա հրեշտակին խօսքերուն հետ ներդաշնակ էր. «Երկրի վրայ բնակողները, որոնց անունները աշխարհին սկիզբէն ի վեր կենաց գրքին մէջ գրուած չեն, պիտի զարմանան, երբ տեսնեն այն գազանը որ կար ու չկայ, թէեւ կայ»։ (Յայտնութիւն 17։8բ) Երկրի բնակիչները հիացած էին այս նոր հսկային վրայ, որ Նիւ Եորքի Իսթ Րիվըրի վրայ գտնուող պատկառելի կեդրոնատեղիէն կը գործէր։ Բայց իսկական խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը խոյս տուած էին ՄԱԿ–էն։ Ի. դարու ընթացքին, աշխարհի խաղաղութիւնը պահպանուեցաւ միմիայն «փոխադարձ վստահ կործանում»ի սպառնալիքով (կրճատուած՝ MAD), իսկ զինամրցակցութիւնը շարունակած է վերելք արձանագրել։ Միացեալ Ազգերուն աւելի քան 40 տարուան ջանքերէն ետք, 1985–ին անոր ընդհանուր քարտուղարը Խավիէ Փէրէզ տէ Գուէյար ողբաց. «Մենք մոլեռանդներու դարաշրջանի մը մէջ կ’ապրինք եւ չենք գիտեր թէ ի՛նչ ընենք»։

      8, 9. (ա) ՄԱԿ–ը ինչո՞ւ աշխարհի խնդիրներուն լուծումը չունի, եւ շատ մօտ ատենէն ի՞նչ պիտի պատահի անոր՝ Աստուծոյ վճիռին համաձայն։ (բ) ՄԱԿ–ի հիմնադիրներուն եւ անոր վրայ հիացողներուն անունները ինչո՞ւ պիտի չգրուին Աստուծոյ «կենաց գրքին մէջ»։ (գ) Եհովայի Թագաւորութիւնը ի՞նչ կատարելու մէջ յաջողակ պիտի ըլլայ։

      8 ՄԱԿ–ը հրամցնելիք լուծումներ չունի. ինչո՞ւ։ Քանի որ ամբողջ մարդկութեան կեանք տուողը չէ ՄԱԿ–ի կենսատուն։ Անիկա կարճատեւ կեանք պիտի ունենայ, քանի որ ըստ Աստուծոյ վճիռին, իր «կորուստին երթալու վրայ է»։ ՄԱԿ–ի հիմնադիրներուն եւ անոր վրայ հիացողներուն անունները չեն արձանագրուած Աստուծոյ կենաց գրքին մէջ։ Մեղաւոր, մահկանացու մարդիկ՝ որոնցմէ շատերը Աստուծոյ անունը կը ծաղրեն՝ ի՞նչպէս կրնան ՄԱԿ–ի միջոցաւ իրագործել այն ինչ որ Եհովա Աստուած ըսած է որ շուտով պիտի կատարէ, ո՛չ թէ մարդոց, այլ՝ իր Քրիստոսին Թագաւորութեան միջոցաւ։—Դանիէլ 7։27. Յայտնութիւն 11։15

      9 ՄԱԿ–ը արդարեւ, նախատելի կեղծիքն է Խաղաղութեան Իշխանին, Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութեան, որու իշխանութիւնը վերջ պիտի չունենայ։ (Եսայեայ 9։6, 7) Նոյնիսկ եթէ ՄԱԿ–ը կարենայ ժամանակաւոր խաղաղութիւն հաստատել, շատ չանցած պատերազմները անգամ մը եւս գլուխ պիտի ցցեն։ Ասիկա մեղաւոր մարդոց բնութեան մէջ է։ Անոնց «անունները աշխարհին սկիզբէն ի վեր կենաց գրքին մէջ գրուած չեն»։ Քրիստոսի յանձնուած Եհովայի Թագաւորութիւնը ոչ միայն յաւիտենական խաղաղութիւն պիտի հաստատէ երկրի վրայ, այլ, Յիսուսի փրկանքի զոհին հիման վրայ, Աստուծոյ յիշողութեան մէջ գտնուող արդար ու մեղաւոր մեռելները պիտի յարուցանէ։ (Յովհաննու 5։28, 29. Գործք 24։15) Ասիկա իր մէջ կը պարփակէ բոլոր անոնք որոնք Սատանայի ու իր սերունդին յարձակումներուն դիմաց անսասան մնացած են, ինչպէս նաեւ անոնք որոնք տակաւին իրենց հնազանդութիւնը ցոյց պիտի տան։ Բացայայտ է որ Աստուծոյ կենաց գիրքը բնաւ պիտի չպարունակէ անոնց անունները, որոնք Մեծն Բաբելոնի պահպանողական համակիրներն են, կամ անոնք որոնք կը շարունակեն երկրպագութիւն ընել գազանին։—Ելից 32։33. Սաղմոս 86։8-10. Յովհաննու 17։3. Յայտնութիւն 16։2. 17։5

      Խաղաղութիւն ու Ապահովութիւն. Սին Յոյս մը

      10, 11. (ա) ՄԱԿ–ը ի՞նչ ծանուցանեց 1986–ին եւ ընդառաջումը ի՞նչ եղաւ։ (բ) Իտալիոյ Ասիսի քաղաքին մէջ քանի «կրօնական ընտանիքներ» հաւաքուեցան խաղաղութեան ի նպաստ աղօթելու համար, եւ Աստուած այսպիսի աղօթքներ կը լսէ՞. բացատրեցէք։

      10 Մարդոց յոյսեր տալու համար, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը 1986 տարին «Խաղաղութեան Միջազգային Տարի» հռչակեց, որպէս բնաբան ունենալով՝ «Խաղաղութիւնը եւ Մարդկութեան Ապագան Պահպանել»։ Պատերազմող ազգերուն կոչ ըրաւ որ առնուազն տարի մը իրենց զէնքերը վար առնեն։ Անոնք ի՞նչպէս ընդառաջեցին։ Միջազգային Խաղաղութեան Հետազօտութեան Հաստատութեան մէկ տեղեկագրութեան համաձայն, շուրջ հինգ միլիոն անհատներ պատերազմներու պատճառաւ սպաննուեցան 1986–ին։ Թէեւ մասնայատուկ մետաղադրամներ եւ դրոշմաթուղթեր կոխուեցան, բայց ընդհանուր առմամբ ազգերը գրեթէ ոչինչ ըրին խաղաղութեան իտէալին թիկունք կանգնելու համար։ Սակայն, աշխարհի կրօնքները՝ որոնց մտահոգութիւնը միշտ եղած է ՄԱԿ–ի հետ լաւ յարաբերութիւն մը ունենալ, բազմաթիւ կերպերով ծանուցումներ ըրին այդ տարուան համար։ 1 Յունուար 1986–ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը ՄԱԿ–ի գործը գովաբանեց եւ նոր տարին խաղաղութեան տարի հռչակեց։ Իսկ Հոկտեմբեր 27–ին, Իտալիոյ Ասիսի քաղաքին մէջ հաւաքեց աշխարհի կրօնքներու առաջնորդներէն շատերը, որպէսզի խաղաղութեան համար աղօթեն։

      11 Աստուած կը լսէ՞ խաղաղութեան համար եղած այսպիսի աղօթքներու։ Լաւ, կրօնական այդ առաջնորդները ո՞ր Աստուծոյն կ’աղօթէին։ Եթէ անոնց հարցնէիք, իւրաքանչիւր խումբ տարբեր պատասխան մը պիտի տար։ Միլիոնաւոր աստուածներու պանթէոն մը կա՞յ, որ կրնայ լսել ու պատասխանել բազմաթիւ կերպերով եղած խնդրանքներուն։ Անոր մասնակցողներէն շատեր Քրիստոնեայ Աշխարհի Երրորդութիւնը կը պաշտէին։c Պուտտայականները, Հինտուները եւ ուրիշներ անթիւ աստուածներու աղօթքներ կը տաղերգէին։ Ընդամէնը 12 «կրօնական ընտանիքներ» հաւաքուած էին, որոնք ներկայացուած էին իրենց կրօնքի երեւելիներով, ինչպէս Գէնթըրպըրիի Անգլիքան Արքեպիսկոպոսը, Պուտտայականներու Տալայի Լաման, Ռուս Ուղղափառ արքեպիսկոպոս մը, Թոքիոյի Շինթօ Սրբարանի Ընկերակցութեան նախագահը, Ափրիկեցի Կենսուժականներ (Անիմիստներ), եւ երկու Ամերիկացի Հնդիկներ, զարդարուած իրենց փետրաւոր գլխանոցներով։ Առանց չափազանցելու, կրնանք ըսել որ անիկա երփներանգ խումբ մըն էր, հեռատեսիլի շքեղ յայտագիր մը կազմելու համար։ Խումբերէն մէկը առանց կենալու 12 ժամ աղօթեց։ (Համեմատել՝ Ղուկաս 20։45-47) Բայց արդեօք այդ աղօթքները հոն հաւաքուողներուն վերեւ կուտակուած անձրեւի ամպերէն անդին անցա՞ն։ Կրնանք ո՛չ ըսել, հետեւեալ պատճառներով.

      12. Ի՞նչ պատճառներով Աստուած չպատասխանեց աշխարհի կրօնական առաջնորդներուն խաղաղութեան ի նպաստ մատուցած աղօթքները։

      12 ‘Եհովայի անունով քալողներուն’ հակառակը, այդ կրօնականներէն ո՛չ մէկը Եհովայի՝ ապրող Աստուծոյն, կ’աղօթէր, որուն անունը շուրջ 7,000 անգամ կ’երեւնայ Աստուածաշունչի բնագրին մէջ։ (Միքիայ 4։5, ՆԱ. Եսայեայ 42։8, 12)d Որպէս խումբ մը, անոնք Աստուծոյ չմօտեցան Յիսուսի անունով. անոնց մեծամասնութիւնը նոյնիսկ Յիսուս Քրիստոսի չէր հաւատար։ (Յովհաննու 14։13. 15։16) Անոնցմէ ո՛չ մէկը մեր օրերուն համար Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, որ է համայն աշխարհի մէջ ծանուցանել Աստուծոյ մօտալուտ Թագաւորութիւնը որպէս մարդկութեան միակ յոյսը, եւ ո՛չ թէ՝ ՄԱԿ–ը։ (Մատթէոս 7։21-23. 24։14. Մարկոս 13։10) Անոնց կրօնական կազմակերպութիւնները մեծաւ մասամբ պատմութեան արիւնաթոր պատերազմներուն միջամուխ եղած են, մէջը ըլլալով՝ 20–րդ դարու երկու աշխարհամարտերուն։ Այսպիսիներուն Աստուած կ’ըսէ. «Երբ աղօթքնիդ շատցնէք, պիտի չլսեմ. վասնզի ձեռքերնիդ արիւնով լեցուն են»։—Եսայեայ 1։15. 59։1-3

      13. (ա) Խաղաղութիւն խնդրելու համար աշխարհի կրօնական առաջնորդներուն ՄԱԿ–ի հետ ձեռք ձեռքի տալը ինչո՞ւ նշանակալից է։ (բ) Խաղաղութեան կանչերը Աստուծոյ կողմէ նախագուշակուած ո՞ր բարձրակէտին պիտի յանգին։

      13 Ասկէ զատ, խորապէս նշանակալից է որ աշխարհի կրօնական առաջնորդները Միացեալ Ազգերուն հետ ձեռք ձեռքի տան այս ժամանակին մէջ խաղաղութիւն խնդրելու համար։ Անոնք կ’ուզեն ՄԱԿ–ի վրայ ազդեցութիւն բանեցնել իրենց անձնական շահուն համար, մանաւանդ այս ժամանակին, երբ իրենց մարդիկը կրօնքէն կը հեռանան։ Վաղեմի Իսրայէլի անհաւատարիմ առաջնորդներուն նման, անոնք «խաղաղութիւն, խաղաղութիւն է» կ’աղաղակեն, «երբ խաղաղութիւն չկայ»։ (Երեմեայ 6։14) Անկասկած խաղաղութեան համար անոնց կանչերը պիտի շարունակուին բարձրանալ, Պօղոս առաքեալի մարգարէացած բարձրակէտին մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերելով. «Տէրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի։ Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի յղիին երկունքին պէս ու պիտի չազատին»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2, 3

      14. «Խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» աղաղակը ի՞նչ ձեւ կրնայ ստանալ, եւ ի՞նչպէս կրնանք անկէ չմոլորիլ։

      14 Վերջին տարիներուն, քաղաքագէտներ «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» արտայայտութիւնը գործածած են՝ մարդկային ծրագիրներ նկարագրելու համար։ Արդեօք աշխարհի առաջնորդներուն կողմէ թափուած այս ջանքերը, Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3–ի կատարման սկի՞զբն են, թէ ոչ Պօղոս միայն համայն աշխարհի ուշադրութիւնը գրաւող մասնայատուկ դէպքի մը կ’ակնարկէր։ Ասիկա գիտնալու համար պէտք է սպասենք, քանի որ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները յաճախ լիովին կը հասկցուին՝ միմիայն անոնց կատարումէն ետք, կամ երբ կատարման ընթացքի մէջ են։ Մինչ այդ, Քրիստոնեաները գիտեն թէ ազգերը ի՛նչ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն ալ իրագործեն, իրապէս ոչինչ փոխուած պիտի ըլլայ։ Անձնասիրութիւնը, ատելութիւնը, ոճիրը, ընտանեկան քայքայումը, անբարոյութիւնը, հիւանդութիւնը, վիշտը եւ մահը տակաւին գոյութիւն պիտի ունենան։ Անոր համար «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է» կանչ մը ձեզ պէտք չէ մոլորեցնէ, եթէ աշխարհի դէպքերուն իմաստին նկատմամբ արթուն մնաք եւ Աստուծոյ Խօսքին մարգարէական ազդարարութիւններուն ուշադրութիւն ընծայէք։—Մարկոս 13։32-37. Ղուկաս 21։34-36

      [Ստորանիշներ]

      a Ճ. Ֆ. Ռատըրֆորտ մեռաւ 8 Յունուար 1942–ին, եւ Ն. Հ. Նոր անոր յաջորդեց որպէս Դիտարանի Ընկերութեան նախագահ։

      b 20 Նոյեմբեր 1940–ին, Գերմանիան, Իտալիան, Ճափոնը, եւ Հունգարիան «Ազգերու նոր Դաշնակցութեան մը» համար ստորագրութիւն տուին, որմէ չորս օր ետք Վատիկան Պատարագ մը եւ աղօթք մը ձայնասփռեց, կրօնական խաղաղութեան եւ նոր համակարգութեան համար։ Այդ «նոր Դաշնակցութիւնը» բնաւ չիրականացաւ։

      c Երրորդութեան գաղափարը երբեմնի Բաբելոնէն ծագում առած է, ուր արեւու չաստուածը՝ Շամաշ, լուսնի չաստուածը՝ Սին, եւ աստղի չաստուածը՝ Իշթար, կը պաշտուէին որպէս եռեակ։ Եգիպտոս ալ նոյն օրինակին հետեւեցաւ, Օզիրիս, Իզիս եւ Հորուսը պաշտելով։ Ասորեստանի գլխաւոր աստուածը՝ Ասուր, երեք գլուխով ներկայացուած է։ Նոյն օրինակին հետեւելով, Կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ պատկերներ կան, որոնք երեք գլուխով կը ներկայացնեն Աստուած։

      d 1993–ի Ուէպսթըրի Երրորդ Նոր Բառարան–ը Եհովա Աստուծոյ մասին կը խօսի որպէս «Եհովայի Վկաներուն կողմէ ընդունուած գերագոյն էութիւն մը եւ միակ պաշտուած աստուածը»։

      [Շրջանակ՝ էջ 250]

      «Խաղաղութեան» յարակարծիքը

      Թէեւ 1986–ը Խաղաղութեան Միջազգային Տարի հռչակուեցաւ ՄԱԿ–ի կողմէ, բայց սպառազինութեան անձնասպանական մրցումը աւելի մեծ թափ ստացաւ։ 1986–ի Աշխարհի Զինուորական եւ Ընկերային Ծախսեր տեղեկագրութիւնը հետեւեալ մանրամասնութիւնները կը ներկայացնէ, որոնք խորհիլ կու տան.

      1986–ին, զինուորական համաշխարհային ծախսը հասած էր 900 միլիառ տոլարի։

      Համայն աշխարհի մէջ, զինուորական մէկ ժամուան ծախսերը բաւարար էին, առաջքը առնուելիք փոխանցիկ հիւանդութիւններէն ամէն տարի մեռնող 3.5 միլիոն անհատներ ախտազերծելու։

      Համայն աշխարհի մէջ, հինգէն մէկը ծայրայեղ թշուառութեան մէջ կ’ապրէր։ Սովամահ եղող այս բոլոր մարդիկը մէկ տարի կրնային կերակրուիլ, աշխարհի մէջ միայն երկու օրուան մէջ վատնուած սպառազինութեան ծախսով։

      Աշխարհի կորիզային զէնքերու մթերանոցներուն մէջ գտնուող պայթուցիկ ուժը 160,000,000 անգամ մեծ էր Չէրնոպիլի պայթումէն։

      Կորիզային ռումբ մը կրնար 1945–ին Հիրոշիմայի վրայ ձգուած ռումբէն 500 անգամ աւելի զօրաւոր պայթում յառաջ բերել։

      Կորիզային զինարանները աւելի քան մէկ միլիոն Հիրոշիմաներ կը պարունակէին։ Անոնք Բ. Աշխարհամարտին արձակուած ու 38 միլիոն անհատներու մահուան պատճառ եղած ռումբերէն 2,700 անգամ աւելի պայթուցիկ ուժեր կը ներկայացնէին։

      Պատերազմները շատ աւելի յաճախ եւ շատ աւելի մահացու եղան։ Պատերազմէն մեռնողներուն թիւը ԺԸ. դարուն 4.4 միլիոն էր, ԺԹ. դարուն՝ 8.3 միլիոն, իսկ Ի. դարու առաջին 86 տարիներուն ընթացքին՝ 98.8 միլիոն։ ԺԸ. դարէն սկսեալ, պատերազմին մէջ մեռնողներուն թիւը, աշխարհի բնակչութեան թիւէն վեց անգամ աւելի արագ աւելցած է։ Ի. դարուն, իւրաքանչիւր պատերազմի մէջ տասը անգամ աւելի մահեր եղան, քան ԺԹ. դարուն։

      [Նկարներ՝ էջ 247]

      Ինչպէս մարգարէացուած էր կարմիր գազանին մասին, Ազգերու Դաշնակցութիւնը Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին անդունդը գնաց, բայց վերակենդանացաւ որպէս Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն

      [Նկարներ՝ էջ 249]

      ՄԱԿ–ի «Խաղաղութեան Տարի»ին սատար կանգնելու համար, աշխարհի կրօնքներուն ներկայացուցիչները Իտալիոյ Ասիսի քաղաքին մէջ խառնակ աղօթքներ մատուցանեցին, բայց անոնցմէ ոչ մէկը ապրող Աստուծոյ՝ Եհովայի աղօթեց

  • Մեծն Բաբելոնի մահապատիժին գործադրութիւնը
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
    • Գլուխ 35

      Մեծն Բաբելոնի մահապատիժին գործադրութիւնը

      1. Հրեշտակը ի՞նչպէս կը նկարագրէ կարմիր գազանը, եւ Յայտնութեան խորհրդանիշները հասկնալու համար ի՞նչպիսի իմաստութեան կարիքը ունինք։

      ՅԱՒԵԼԵԱԼ նկարագրութիւն տալով Յայտնութիւն 17։3–ի կարմիր գազանին մասին, հրեշտակը կ’ըսէ Յովհաննէսի. «Հոս պէտք է իմաստութիւն ունեցող միտք մը։ Այն եօթը գլուխը եօթը լեռներ են, որոնց վրայ կինը կը նստի եւ եօթը թագաւորներ են։ Հինգը ինկած են, մէկը կը կենայ եւ միւսը դեռ եկած չէ ու երբ գայ՝ քիչ ատեն պիտի մնայ»։ (Յայտնութիւն 17։9, 10) Հոս հրեշտակը վերին իմաստութիւնը կը հաղորդէ, միակ իմաստութիւնը որ կրնայ Յայտնութիւն գրքի խորհրդանիշները հասկնալի դարձնել։ (Յակոբու 3։17) Այս իմաստութիւնը կը լուսաբանէ Յովհաննէս դասակարգը եւ անոր ընկերակիցները, որ մեր ապրած ժամանակներուն լրջութիւնը ըմբռնեն։ Անիկա անձնուէր սրտերուն մէջ գնահատութիւն կը կերտէ Եհովայի դատաստաններուն հանդէպ, որոնք գործադրուելու վրայ են, եւ Եհովայի հանդէպ առողջ վախ կը դրոշմէ։ Ինչպէս Առակաց 9։10–ը կը նշէ. «Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է ու ամենասուրբին գիտութիւնը հանճար է»։ Աստուածային իմաստութիւնը մեզի ի՞նչ կը յայտնէ գազանին մասին։

      2. Կարմիր գազանին եօթը գլուխներուն իմաստը ի՞նչ է, եւ ի՞նչպէս «հինգը ինկած են, մէկը կը կենայ»։

      2 Այս կատաղի գազանին եօթը գլուխները կը ներկայացնեն եօթը «լեռներ», կամ եօթը «թագաւորներ»։ Սուրբ Գրքին մէջ երկու արտայայտութիւններն ալ գործածուած են կառավարական հեղինակութիւններու ակնարկելու համար։ (Երեմեայ 51։24, 25. Դանիէլ 2։34, 35, 44, 45) Աստուածաշունչը կը յիշէ վեց աշխարհակալ ուժեր, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդին գործերուն խառնուած են. անոնք են՝ Եգիպտոսը, Ասորեստանը, Բաբելոնը, Մարա–Պարսկաստանը, Յունաստանը եւ Հռովմը։ Յովհաննէս Յայտնութիւնը ստացած ժամանակ, անոնցմէ հինգը եկած ու գացած էին, մինչդեռ Հռովմը տակաւին աշխարհակալ ոյժ մըն էր։ Ասիկա լաւ կերպով կը համապատասխանէ՝ «հինգը ինկած են, մէկը կը կենայ» խօսքին։ Իսկ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ այդ «միւս»ին մասին որ պիտի գար։

      3. (ա) Հռովմէական Կայսրութիւնը ի՞նչպէս բաժնուեցաւ։ (բ) Արեւմուտքին մէջ ի՞նչ փոփոխութիւններ եղան։ (գ) Հռովմէական Սուրբ Կայսրութիւնը ի՞նչպէս պէտք է նկատուի։

      3 Հռովմէական Կայսրութիւնը Յովհաննէսէն ետք տակաւին հարիւրաւոր տարիներ գոյատեւեց եւ տարածուեցաւ։ Հ.Դ. 330–ին, Կոստանդին Կայսրը իր մայրաքաղաքը Հռովմէն փոխադրեց Բիւզանդիա, զայն վերանուանելով Կոստանդնուպոլիս։ Հ.Դ. 395–ին, Հռովմէական Կայսրութիւնը Արեւելեան ու Արեւմտեան մասերու բաժնուեցաւ։ Հ.Դ. 410–ին, Հռովմը Վիզիկոթներու (Գերմանացի ցեղախումբ մը, որ Արիական թեքում ունեցող «Քրիստոնէութիւն» որդեգրած էր) Ալարիկ թագաւորին ձեռքը ինկաւ։ Գերմանական ցեղախումբեր (նաեւ «Քրիստոնեայ») Սպանիան եւ Հռովմի պատկանող Հիւսիսային Ափրիկէի հողամասերէն շատերը գրաւեցին։ Դարեր շարունակ, Եւրոպայի մէջ վերիվայրումներ, անկայունութիւն եւ ճշդումներ եղան։ Համբաւաւոր կայսրեր ելան Արեւմուտքէն, ինչպէս Շարլըմանը, որ Թ. դարուն Լեւոն Գ. Պապին հետ դաշինք կնքեց. նաեւ՝ Ֆրետերիք Բ.–ը, որ ԺԳ. դարուն իշխեց։ Բայց անոնց հողամասը Հռովմէական Սուրբ Կայսրութիւն կոչուելով հանդերձ, շատ աւելի փոքր էր իր բարձունքի մէջ եղած Հռովմէական նախկին Կայսրութենէն։ Անիկա աւելի այս հին հեղինակութեան վերահաստատումը կամ շարունակութիւնն էր, քան՝ նոր կայսրութիւն մը։

      4. Արեւելեան Կայսրութիւնը ի՞նչ յաջողութիւն ունեցաւ, սակայն Հիւսիսային Ափրիկէի, Սպանիոյ ու Սուրիոյ մէջ վաղեմի Հռովմի նախկին հողամասերէն շատեր ի՞նչ եղան։

      4 Հռովմի Արեւելեան Կայսրութիւնը որու կեդրոնն էր Կոստանդնուպոլիս, Արեւմտեան Կայսրութեան հետ շատ հաշտ յարաբերութեան մէջ չէր։ Վեցերորդ դարուն, Արեւելքի Յուստինիանոս Ա. կայսրը կրցաւ Հիւսիսային Ափրիկէի մեծ մասը վերագրաւել. ան Սպանիա եւ Իտալիա ալ ներխուժեց։ Եօթներորդ դարուն, Յուստինիանոս Բ. Կայսրութեան վերամիացուց սլավական ցեղախումբերու կողմէ գրաւուած Մակեդոնիայի շրջանները։ Սակայն, ութերորդ դարուն, Հիւսիսային Ափրիկէի, Սպանիոյ եւ Սուրիոյ մէջ վաղեմի Հռովմի նախկին հողամասերէն շատեր իսլամական նոր կայսրութեան ներքեւ եկան, եւ այս կերպով, թէ՛ Կոստանդնուպոլսոյ եւ թէ Հռովմի ձեռքէն առնուեցան։

      5. Թէեւ Հռովմ քաղաքը ինկաւ Հ.Դ. 410–ին, ի՞նչպէս եղաւ որ դարեր տեւեց մինչեւ որ Հռովմէական Կայսրութեան քաղաքական բոլոր հետքերը սրբուին աշխարհի թատերաբեմէն։

      5 Կոստանդնուպոլիս քաղաքը կերպով մը քիչ մը աւելի տոկաց։ Անիկա Պարսիկներէն, Արաբներէն, Պուլկարներէն եւ Ռուսերէն եկած յաճախակի յարձակումներուն դէմ դրաւ, մինչեւ որ 1203–ին վերջապէս ինկաւ, ոչ թէ Մահմետականներու, այլ, Արեւմուտքէն եկած Խաչակիրներուն ձեռքը։ 1453–ին, սակայն, անիկա Մուհամմէտ Բ. Օսման Մահմետական կառավարիչին ձեռքը ինկաւ եւ շուտով Օսմանեան, կամ Թրքական Կայսրութեան մայրաքաղաքը եղաւ։ Այս կերպով, թէեւ Հռովմ քաղաքը ինկաւ Հ.Դ. 410–ին, սակայն դարեր տեւեց որպէսզի Հռովմէական Կայսրութեան քաղաքական բոլոր հետքերը սրբուին աշխարհի թատերաբեմէն։ Նոյնիսկ այն ժամանակ, անոր ազդեցութիւնը տակաւին նկատելի էր Հռովմի պապականութեան եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներուն վրայ հիմնուած կրօնական կայսրութիւններուն մէջ։

      6. Ի՞նչ նոր կայսրութիւններ երեւան եկան, եւ անոնցմէ ո՞ր մէկը ամենէն յաջողակը եղաւ։

      6 ԺԵ. դարուն, սակայն, կարգ մը երկիրներ նոր կայսրութիւններ կը կերտէին։ Թէեւ այս կայսերական նոր իշխանութիւններէն ոմանք Հռովմի նախկին գաղութներու հողամասին վրայ կը գտնուէին, բայց անոնք պարզապէս Հռովմէական Կայսրութեան շարունակութիւնը չէին։ Փորթուկալը, Սպանիան, Ֆրանսան եւ Հոլանտան, բոլորն ալ լայնատարած հողամասերու ոստանները եղան։ Բայց ասոնց մէջէն ամենէն յաջողակը եղաւ Բրիտանիան, որ շատ հսկայ կայսրութեան մը վրայ տիրեց, որուն վրայէն ‘արեւը բնաւ մայր չէր մտներ’։ Տարբեր ժամանակներու, այս կայսրութիւնը տարածուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի, Ափրիկէի, Հնդկաստանի, եւ հարաւ–արեւելեան Ասիոյ մեծ մասերուն վրայ, ինչպէս նաեւ Հարաւային Խաղաղականի տարածքին վրայ։

      7. Տեսակ մը երկեակ աշխարհակալ ոյժ մը ի՞նչպէս գոյացաւ, եւ Յովհաննէսի ըսածին համաձայն, եօթներորդ «գլուխը» կամ աշխարհակալ ուժը ո՞րքան պիտի տեւէր։

      7 ԺԹ. դարուն, Հիւսիսային Ամերիկայի գաղութներէն ոմանք արդէն անջատուած էին Բրիտանիայէն, կազմելու համար անկախ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։ Նոր ազգին եւ նախկին հայրենիքին միջեւ քաղաքական կարգ մը կռիւներ շարունակուեցան։ Այսուհանդերձ, Ա. Աշխարհամարտը ստիպեց որ երկու երկիրները իրենց հասարակաց շահերը նկատի առնեն եւ իրարու միջեւ մասնայատուկ յարաբերութիւն մը զարգացնեն։ Այս կերպով, տեսակ մը երկեակ աշխարհակալ ոյժ մը գոյացաւ, որ բաղկացած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն՝ որ աշխարհի ամենահարուստ ազգը եղած էր, եւ Մեծն Բրիտանիայէն, որ աշխարհի ամենամեծ կայսրութեան ոստանն էր։ Ահաւասիկ ա՛յս է եօթներորդ «գլուխը» կամ աշխարհակալ ուժը, որ մինչեւ վերջին ժամանակը շարունակուած է, այն երկիրներուն մէջ, ուր Եհովայի արդի Վկաները առաջին անգամ հաստատուած են։ Վեցերորդ գլուխին երկար իշխանութեան հետ համեմատած, եօթներորդը միայն ‘քիչ ատեն կը մնայ’, մինչեւ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ազգային բոլոր կառավարութիւնները կործանէ։

      Ինչո՞ւ Կոչուած Է՝ Ութերորդ Թագաւոր

      8, 9. Հրեշտակը ի՞նչ կը կոչէ այլաբանական կարմիր գազանը, եւ անիկա ի՞նչ առումով եօթնէն ծագում կ’առնէ։

      8 Հրեշտակը կը շարունակէ բացատրել Յովհաննէսի. «Գազանը, որ կար ու չկայ, անիկա ալ ութերորդն [«թագաւոր», Անթիլիաս] է որ եօթնէն է ու դէպի կորուստ կ’երթայ»։ (Յայտնութիւն 17։11) Այլաբանական, կարմիր գազանը «եօթնէն է», կամ եօթը գլուխներէն ծագում կ’առնէ. այսինքն, անիկա ծնած է, կամ իր գոյութիւնը կը պարտի ‘ծովէն ելլող [առաջին] գազանին’ գլուխներուն, որու պատկերն է կարմիր գազանը։ Ի՞նչ կերպով։ Լաւ, 1919–ին, տիրող գլուխը Անգլօ–Ամերիկեան ուժն էր։ Նախկին վեց գլուխները ինկած էին, եւ աշխարհակալ ուժի դիրքը այս երկեակ գլուխին անցած ու անոր մէջ կեդրոնացած էր։ Այս եօթներորդ գլուխը, որպէս աշխարհակալ ուժերու շարքին ընթացիկ ներկայացուցիչը, ինքն էր որ դրդեց Ազգերու Դաշնակցութեան հաստատումը եւ տակաւին ինքն է Միացեալ Ազգերու գլխաւոր պաշտպանը եւ նիւթական գետնի վրայ անոր նեցուկ կանգնողը։ Ուստի, այլաբանօրէն, կարմիր գազանը՝ ութերորդ թագաւորը՝ առաջին եօթը գլուխներէն ծագում առած է։ Հարցը այս կողմէն դիտելով, անոր եօթնէն ծագում առնելու մասին եղած արտայայտութիւնը լաւ կերպով կը համապատասխանէ նախկին յայտնութեան, թէ գառնուկի նման երկեղջիւրաւոր գազանը (Անգլօ–Ամերիկեան Աշխարհակալ Ուժը, այդ առաջին գազանին եօթներորդ գլուխը) ինք քաջալերեց որ գազանին պատկերը շինուի եւ անոր հոգի տուաւ։—Յայտնութիւն 13։1, 11, 14, 15

      9 Ասկէ զատ, Ազգերու Դաշնակցութեան նախկին անդամներուն մէջ կային, Մեծն Բրիտանիոյ հետ, այն կառավարութիւնները, որոնք նախորդ կարգ մը գլուխներու հողամասերուն մէջ կ’իշխէին, ինչպէս Յունաստանը, Իրանը (Պարսկաստան) եւ Իտալիան (Հռովմը)։ Վերջապէս, նախկին վեց աշխարհակալ ուժերուն կողմէ ղեկավարուած հողամասերուն վրայ տիրող կառավարութիւնները, գազանին պատկերին նեցուկ կանգնող անդամներ եղան։ Այս առումով ալ կարելի է ըսել որ կարմիր գազանը եօթը աշխարհակալ ուժերէն ծագում առած է։

      10. (ա) Ի՞նչպէս կրնայ ըսուիլ որ կարմիր գազանը ‘ութերորդ թագաւոր’ մըն է։ (բ) Նախկին Սովետական Միութեան առաջնորդ մը ի՞նչ արտայայտուեցաւ Միացեալ Ազգերու սատար կանգնելու մասին։

      10 Նկատի առէք որ կարմիր գազանը ինքն ալ ‘ութերորդ թագաւոր’ մըն է։ Հետեւաբար, ներկայիս Միացեալ Ազգերը աշխարհային կառավարութեան մը նման կը գործէ։ Երբեմն, ուղղակի կառավարութեան մը նման վարուած է, բանակներ ղրկելով ռազմադաշտերը, միջազգային վէճեր լուծելու համար, ինչպէս Քորէայի, Սինա Թերակղզիին, Ափրիկեան կարգ մը երկիրներուն եւ Լիբանանի մէջ։ Բայց անիկա թագաւորի մը միմիայն պատկերն է։ Կրօնական պատկերի մը նման, անիկա իրական ազդեցութիւն մը կամ իշխանութիւն մը չունի. անոր ունեցածը, իր գոյութեան պատճառ եղող եւ զայն պաշտողներուն կողմէ իրեն տրուածն է միայն։ Կարգ մը պարագաներուն, այս այլաբանական գազանը տկար կ’երեւայ. բայց անիկա բռնակալական թեքում ունեցող իր անդամներուն կողմէ բնաւ լիովին երեսի վրայ չէ ձգուած, ինչ որ Ազգերու Դաշնակցութեան պարագային, անոր անդունդին մէջ գլորուելուն պատճառ եղաւ։ (Յայտնութիւն 17։8) Ուրիշ մարզերու մէջ բոլորովին տարակարծիք ըլլալով հանդերձ, նախկին Սովետական Միութեան կարկառուն առաջնորդ մը 1987–ին Հռովմի պապերուն միացաւ ՄԱԿ–ի սատար կանգնելու իր կամեցողութիւնը արտայայտելու համար։ Ան նոյնիսկ կոչ ըրաւ որ ՄԱԿ–ի վրայ հիմնուած «միջազգային ապահովութեան մեծապարփակ համակարգ» մը յառաջ բերուի։ Ինչպէս Յովհաննէս շուտով ականատես պիտի ըլլայ, ժամանակ մը պիտի գայ, երբ ՄԱԿ–ը շատ մեծ հեղինակութեամբ պիտի գործէ։ Ապա, իր կարգին, ինքն ալ ‘կորուստի պիտի երթայ’։

      Տասը Թագաւորներ՝ Մէկ Ժամու Համար

      11. Եհովայի հրեշտակը ի՞նչ ըսաւ այլաբանական կարմիր գազանին վրայի տասը եղջիւրներուն մասին։

      11 Յայտնութեան նախորդ գլուխին մէջ, վեցերորդ ու եօթներորդ հրեշտակները Աստուծոյ բարկութեան սկաւառակները թափեցին։ Ուստի, մեզի տեղեկութիւն տրուած է որ երկրի թագաւորները կը հաւաքուին Աստուծոյ Արմագեդոն պատերազմին համար եւ թէ «Աստուած մեծ Բաբելոնը յիշեց»։ (Յայտնութիւն 16։1, 14, 19) Հիմա աւելի մանրամասնօրէն պիտի սորվինք թէ անոնց վրայ աստուածային դատաստանները ի՛նչպէս պիտի գործադրուին։ Դարձեալ լսեցէք ինչ որ Եհովայի հրեշտակը կ’ըսէ Յովհաննէսի։ «Տասը եղջիւրը որոնք տեսար՝ տասը թագաւորներ են, որոնք դեռ թագաւորութիւն առած չեն, հապա գազանին հետ մէկ ժամու չափ թագաւորներու պէս իշխանութիւն պիտի առնեն։ Անոնք մէկ կամք ունին ու իրենց զօրութիւնը եւ իշխանութիւնը գազանին կու տան։ Ասոնք Գառնուկին հետ պիտի պատերազմին եւ Գառնուկը անոնց պիտի յաղթէ, քանզի անիկա տէրերուն Տէրն է ու թագաւորներուն Թագաւորը եւ անոր հետ եղողները կանչուած ու ընտրուած եւ հաւատարիմ են»։—Յայտնութիւն 17։12-14

      12. (ա) Տասը եղջիւրները ի՞նչ կը պատկերացնեն։ (բ) Այլաբանական տասը եղջիւրները ի՞նչ առումով «դեռ թագաւորութիւն առած չեն»։ (գ) Այլաբանական տասը եղջիւրները ի՞նչպէս հիմա «թագաւորութիւն» ունին եւ ո՞րքան ատեն։

      12 Տասը եղջիւրները կը պատկերացնեն քաղաքական բոլոր ուժերը, որոնք ներկայիս աշխարհի թատերաբեմին վրայ հեղինակութիւն ունին եւ որոնք սատար կը կանգնին գազանին պատկերին։ Հիմա գոյութիւն ունեցող երկիրներէն շատ քիչեր ճանչցուած էին Յովհաննէսի օրերուն։ Իսկ անոնք որոնք կային, ինչպէս Եգիպտոսը եւ Պարսկաստանը (Իրան), ներկայիս քաղաքական բոլորովին տարբեր կառոյց մը ունին։ Անոր համար, առաջին դարուն, ‘տասը եղջիւրները դեռ թագաւորութիւն առած չէին’։ Բայց հիմա, տէրունական օրուան մէջ, անոնք «թագաւորութիւն», կամ քաղաքական իշխանութիւն ունին։ Գաղութային հսկայական կայսրութիւններուն փլուզումով, մասնաւորաբար Բ. Աշխարհամարտէն ետք, բազմաթիւ նոր պետութիւններ ծնած են։ Ասոնք, ինչպէս նաեւ հինէն հաստատուած ուժեր, կարճ ժամանակ մը, միայն «մէկ ժամու չափ» պիտի իշխեն գազանին հետ, նախ քան որ Եհովա Արմագեդոնին աշխարհային բոլոր քաղաքական հեղինակութիւններուն վերջ դնէ։

      13. Տասը եղջիւրները ի՞նչ կերպով «մէկ կամք» ունին, եւ ասիկա Գառնուկին հանդէպ ի՞նչ կեցուածք առնելու պատճառ պիտի ըլլայ։

      13 Ներկայիս, այս տասը եղջիւրները դրդող մեծագոյն ուժերէն մէկը՝ ազգայնականութիւնն է։ Անոնք «մէկ կամք» ունին, որ է իրենց ազգային գերիշխանութիւնը պահպանել, փոխանակ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ընդունելու։ Երբ անոնք Ազգերու Դաշնակցութեան եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան միացան, անոնց նպատակը ա՛յս էր. աշխարհի խաղաղութիւնը պահպանել եւ անով՝ իրենց գոյութիւնը։ Այսպիսի կեցուածք մը անպայմանօրէն պատճառ պիտի ըլլայ որ անոնք Գառնուկին՝ ‘տէրերու Տէրոջը եւ թագաւորներու Թագաւորին’ հակառակին, քանի որ Եհովա նպատակադրած է որ Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած իր Թագաւորութիւնը շուտով այս բոլոր թագաւորութիւններուն տեղը առնէ։—Դանիէլ 7։13, 14. Մատթէոս 24։30. 25։31-33, 46

      14. Աշխարհի կառավարիչները ի՞նչպէս կրնան Գառնուկին հետ պատերազմիլ եւ ի՞նչ արդիւնքով։

      14 Անշուշտ, այս աշխարհի կառավարիչները ուղղակիօրէն Յիսուսի դէմ բա՛ն մը չեն կրնար ընել։ Ան երկինքն է, իրենց հասողութենէն շա՜տ հեռու։ Բայց Յիսուսի եղբայրները՝ կնոջ սերունդին մնացորդը, տակաւին երկրի վրայ են եւ երեւութապէս՝ անպաշտպան։ (Յայտնութիւն 12։17) Այս եղջիւրներէն շատեր արդէն բիրտ հակառակութիւն ցոյց տուած են անոնց հանդէպ, եւ ա՛յս կերպով Գառնուկին հետ պատերազմած են։ (Մատթէոս 25։40, 45) Բայց շուտով պիտի գայ այն ժամանակը, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը «այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ»։ (Դանիէլ 2։44) Այն ատեն, երկրի թագաւորները վճռական կռիւ մը պիտի մղեն Գառնուկին դէմ, ինչպէս քիչ ետք նկատի պիտի առնենք։ (Յայտնութիւն 19։11-21) Բայց արդէն բաւական տեղեկութիւն ունինք գիտնալու համար որ ազգերը պիտի չյաջողին։ Թէեւ իրենք եւ ՄԱԿ–ը պատկերացնող կարմիր գազանը «մէկ կամք» ունին, անոնք չեն կրնար պարտութեան մատնել ‘տէրերուն Տէրը ու թագաւորներուն Թագաւորը’ եւ ‘անոր հետ եղողները, որոնք կանչուած ու ընտրուած եւ հաւատարիմ են’, պարփակելով տակաւին երկրի վրայ եղող իր օծեալ հետեւորդները։ Անոնք ալ պիտի յաղթեն, իրենց ուղղամտութեամբ պատասխան մը տալով Սատանայի ստորին ամբաստանութիւններուն։—Հռովմայեցիս 8։37-39. Յայտնութիւն 12։10, 11

      Պոռնիկին Աւերումը

      15. Հրեշտակը ի՞նչ կ’ըսէ պոռնիկին եւ անոր դէմ տասը եղջիւրներուն եւ գազանին կեցուածքին ու արարքին մասին։

      15 Միայն Աստուծոյ ծառաները չեն որ տասը եղջիւրներուն հակակրանքին կ’արժանանան։ Հրեշտակը անգամ մը եւս Յովհաննէսի ուշադրութիւնը կը դարձնէ պոռնիկին վրայ. «Ու ըսաւ ինծի. ‘Այն ջուրերը որոնք տեսար, որոնց վրայ պոռնիկը նստեր էր, ժողովուրդներ են ու բազմութիւններ եւ ազգեր ու լեզուներ։ Տասը եղջիւրները, որոնք գազանին վրայ տեսար [«եւ գազանը», ՆԱ], անոնք պիտի ատեն պոռնիկը ու զանիկա պիտի մերկացնեն եւ անոր մարմինը պիտի ուտեն ու զանիկա կրակով պիտի այրեն’»։—Յայտնութիւն 17։15, 16

      16. Մեծն Բաբելոնը ինչո՞ւ պիտի չկարենայ պաշտպանութեան համար իր ջուրերուն վստահիլ, երբ քաղաքական կառավարութիւնները իրեն դէմ դառնան։

      16 Ճիշդ ինչպէս որ երբեմնի Բաբելոնը իր ջուրերուն կը վստահէր, ներկայիս Մեծն Բաբելոնը ‘ժողովուրդներէ, բազմութիւններէ, ազգերէ ու լեզուներէ’ բաղկացած իր բազմահամար անդամներուն կը վստահի։ Տեղին ըլլալով, հրեշտակը նախ մեր ուշադրութիւնը անոնց կը դարձնէ, ցնցիչ իրադարձութեան մը մասին խօսելէ առաջ. այս երկրի քաղաքական կառավարութիւնները կատաղի կերպով Մեծն Բաբելոնի դէմ պիտի ելլեն։ Այն ատեն, այս բոլոր ‘ժողովուրդները, բազմութիւնները, ազգերն ու լեզուները’ ի՞նչ պիտի ընեն։ Աստուծոյ ծառաները արդէն ազդարարութիւն կու տան Մեծն Բաբելոնի, թէ Եփրատ Գետին ջուրերը պիտի ցամքին։ (Յայտնութիւն 16։12) Այս ջուրերը վերջապէս բոլորովին պիտի ցամքին։ Անոնք որեւէ կերպով սատար պիտի չկրնան կանգնիլ այս տարեց զզուելի պոռնիկին, երբ անոր ամենաշատ կարիքը պիտի ունենայ։—Եսայեայ 44։27. Երեմեայ 50։38. 51։36, 37

      17. (ա) Մեծն Բաբելոնի հարստութիւնը ինչո՞ւ պիտի չկարենայ փրկել զինք։ (բ) Մեծն Բաբելոնի վախճանը ի՞նչպէս անպատուաբեր կերպով պիտի ըլլայ։ (գ) Տասը եղջիւրներէն կամ անհատական ազգերէն զատ, ո՞վ ալ կը միանայ Մեծն Բաբելոնի վայրագ կործանման։

      17 Մեծն Բաբելոնի նիւթական հսկայական հարստութիւնը վստահաբար պիտի չկարենայ փրկել զինք։ Թերեւս անիկա նոյնիսկ արագացնէ անոր կործանումը, քանի որ տեսիլքը ցոյց կու տայ որ երբ գազանը եւ տասը եղջիւրները իրենց ատելութիւնը թափեն պոռնիկին վրայ, անոնք անոր վրայէն պիտի հանեն իր ծիրանի հագուստները եւ բոլոր գոհարեղէնները։ Անոր հարստութիւնը պիտի կողոպտեն։ Զայն «պիտի մերկացնեն», անոր իսկական ինքնութիւնը երեւան պիտի հանեն, ամօթալի վիճակի մէջ ձգելով զինք։ Ի՜նչ աւերում։ Ան ամօթալի վախճան մըն ալ պիտի ունենայ։ Զայն պիտի կործանեն, «անոր մարմինը պիտի ուտեն», անկենդան կմախքի մը վերածելով զինք։ Վերջապէս, «զանիկա կրակով պիտի այրեն»։ Ան ժանտահարի մը նման պիտի այրուի, առանց շնորհքով թաղումի մը արժանանալու։ Միայն տասը եղջիւրներով պատկերացուած ազգերը չեն որ կը կործանեն մեծ պոռնիկը, այլ՝ «գազանը», այսինքն ՄԱԿ–ն ալ անոնց կը միանայ այս կատաղի արարքին մէջ։ Ան իր հաւանութիւնը պիտի տայ սուտ կրօնքի կործանման համար։ ՄԱԿ–ի աւելի քան 190 ազգերուն մեծամասնութիւնը, քուէարկութեամբ արդէն կրօնքի դէմ թշնամութիւն ցուցաբերած են, մանաւանդ Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքներուն դէմ։

      18. (ա) Ազգերը բաբելոնական կրօնքին դէմ դառնալու ի՞նչ հաւանականութիւն ցոյց տրուած է արդէն։ (բ) Մեծ պոռնիկին վրայ ամբողջական յարձակում կատարելու հիմնական պատճառը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

      18 Ազգերը իրենց նախկին սիրուհիին հետ ինչո՞ւ այսքան վայրագ կերպով կը վարուին։ Ընթացիկ պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ ազգերը բաբելոնական կրօնքին դէմ ելլելու հաւանականութիւնը կայ։ Կառավարական պաշտօնական հակառակութեան հետեւանքով նախկին Սովետական Միութեան եւ Չինաստանի նման երկիրներու մէջ կրօնքին ազդեցութիւնը մեծապէս նուազած է։ Եւրոպայի Բողոքական հատուածներուն մէջ, ընդհանրացած անտարբերութիւնն ու կասկածները պատճառ եղած են որ եկեղեցիները պարպուին, այնպէս որ կրօնքը գրեթէ մեռած է։ Կաթողիկէ հսկայ կայսրութիւնը պառակտուած է ըմբոստութիւններով եւ անհամաձայնութիւններով, որոնց հետ չեն կրցած գլուխ ելլել անոր առաջնորդները։ Սակայն, պէտք չէ մոռնանք որ Մեծն Բաբելոնի վրայ գալիք այս վերջնական եւ ամբողջական յարձակումը, մեծ պոռնիկին վրայ Աստուծոյ անփոփոխելի դատաստանին արտայայտութիւնն է։

      Աստուծոյ Կամքը Կատարել

      19. (ա) Մեծ պոռնիկին վրայ գալիք Եհովայի դատաստանին գործադրումը ի՞նչպէս կարելի է բացատրել Հ.Դ.Ա. 607–ին հաւատուրաց Երուսաղէմի վրայ իր դատաստանով։ (բ) Հ.Դ.Ա. 607–էն ետք Երուսաղէմի աւերուած, ամայացած վիճակը ի՞նչ կը նախապատկերացնէ մեր օրերուն համար։

      19 Եհովա այս դատաստանը ի՞նչպէս կը գործադրէ։ Ասիկա իր երբեմնի հաւատուրաց ժողովուրդին դէմ իր առած քայլերով կարելի է բացատրել, որոնց մասին ըսաւ. «Երուսաղէմի մարգարէներուն մէջ սոսկալի բան մը տեսայ. անոնք շնութիւն կ’ընեն ու ստութեան մէջ կը քալեն, չարագործներուն ձեռքերը կ’ուժովցնեն, որպէս զի ետ չդառնան իրենց չարութենէն. անոնք ինծի Սոդոմի պէս ու անոր բնակիչները Գոմորի պէս եղան»։ (Երեմեայ 23։14) Հ.Դ.Ա. 607–ին, Եհովա գործածեց Նաբուգոդոնոսորը, որպէսզի հոգեւորապէս շնացող քաղաքը իր ‘հանդերձներէն մերկացնէ, անոր թանկագին զարդերը առնէ, զինք մերկ ու անծածկոյթ թողու’։ (Եզեկիէլ 23։4, 26, 29) Այդ ժամանակուան Երուսաղէմը ներկայ Քրիստոնեայ Աշխարհի նախապատկերն էր, եւ ինչպէս Յովհաննէս նախկին տեսիլքներուն մէջ տեսաւ, Եհովա Քրիստոնեայ Աշխարհին եւ սուտ կրօնքի մնացեալ մասերուն վրայ նոյնանման պատիժ մը պիտի բերէ։ Հ.Դ.Ա. 607–էն ետք, Երուսաղէմի աւերուած, ամայացած վիճակը ցոյց կու տայ թէ երբ Քրիստոնեայ Աշխարհը իր հարստութենէն մերկանայ եւ ամօթալի կերպով քօղազերծուի, ի՛նչ բանի պիտի նմանի։ Իսկ Մեծն Բաբելոնի մնացեալ մասերուն վիճակը անկէ լաւ պիտի չըլլայ։

      20. (ա) Յովհաննէս ի՞նչպէս ցոյց կու տայ որ Եհովա անգամ մը եւս մարդկային կառավարիչներ պիտի գործածէ դատաստան ի գործ դնելու համար։ (բ) Ի՞նչ է Աստուծոյ «կամքը»։ (գ) Ազգերը իրենց ‘միակամութիւնը’ ի՞նչ կերպով պիտի կատարեն, բայց իրականութեան մէջ որո՞ւ կամքն է որ պիտի կատարուի։

      20 Եհովա անգամ մը եւս մարդկային կառավարիչներ կը գործածէ, իր դատաստանը գործադրելու համար։ «Վասն զի Աստուած անոնց սրտին մէջ դրաւ, որ իր կամքը կատարեն ու միակամ ըլլան եւ իրենց թագաւորութիւնը գազանին տան, մինչեւ Աստուծոյ խօսքերը կատարուին»։ (Յայտնութիւն 17։17) Ի՞նչ է Աստուծոյ «կամքը»։ Անոր կամքն է այնպէս ընել որ Մեծն Բաբելոնի դահիճները իրարու միանան զայն ամբողջովին կործանելու համար։ Անշուշտ, այս յարձակման մէջ կառավարիչներուն նպատակն է «միակամ»օրէն գործել։ Անոնք պիտի խորհին որ մեծ պոռնիկին դէմ ելլելը իրենց ազգային շահերուն համար է։ Թերեւս անոնք իրենց գերիշխանութեան դէմ սպառնալիք մը պիտի նկատեն, իրենց սահմաններէն ներս կազմակերպուած կրօնքներուն գոյատեւումը։ Բայց իրականութեան մէջ, Եհովան է որ խնդիրներուն ուղղութիւն պիտի տայ. Իր կամքն է որ պիտի կատարեն անոնք, մէկ հարուածով կործանելով իր դարաւոր, շնացող թշնամին։—Համեմատել՝ Երեմեայ 7։8-11, 34

      21. Քանի որ կարմիր գազանը պիտի գործածուի Մեծն Բաբելոնը կործանելու համար, ազգերը բացայայտօրէն ի՞նչ պիտի ընեն Միացեալ Ազգերուն։

      21 Այո, ազգերը կարմիր գազանը՝ Միացեալ Ազգերը, պիտի գործածեն, Մեծն Բաբելոնը կործանելու համար։ Անոնք ինքնագլուխ պիտի չգործեն, քանի որ Եհովա անոնց սրտին մէջ պիտի դնէ որ «միակամ ըլլան եւ իրենց թագաւորութիւնը գազանին տան»։ Երբ ժամանակը գայ, ազգերը բացայայտօրէն Միացեալ Ազգերը զօրացնելու կարիքը պիտի տեսնեն։ Կարծես անոր ակռաներ պիտի տան, իրենց ունեցած ամէն հեղինակութիւնը ու զօրութիւնը անոր յանձնելով, որպէսզի սուտ կրօնքին դէմ ելլէ, եւ յաջող կերպով անոր դէմ կռուի, «մինչեւ Աստուծոյ խօսքերը կատարուին»։ Այս կերպով, երբեմնի պոռնիկը իր ամբողջական վախճանին պիտի հասնի։ Վերջապէ՜ս անոր ձեռքէն պիտի ազատինք։

      22. (ա) Յայտնութիւն 17։18–ի մէջ, հրեշտակին վկայութեան եզրափակութեան կերպը ի՞նչ կը նշէ։ (բ) Խորհուրդին պարզուիլը ի՞նչ ընելու կը մղէ Եհովայի Վկաները։

      22 Կարծես՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան վրայ Եհովայի դատաստանի գործադրութեան ստոյգ ըլլալը շեշտելու համար է որ հրեշտակը իր վկայութիւնը կ’եզրափակէ, ըսելով. «Եւ կինը որ տեսար, այն մեծ քաղաքն է, որ կը թագաւորէ երկրի թագաւորներուն վրայ»։ (Յայտնութիւն 17։18) Բաղտասարի ժամանակուան Բաբելոնին նման, Մեծն Բաբելոնը ‘կշիռքով կշռուած ու պակաս գտնուած է’։ (Դանիէլ 5։27) Անոր մահապատիժի գործադրութիւնը արագ եւ վերջնական պիտի ըլլայ։ Իսկ Եհովայի Վկաները մեծ պոռնիկին եւ կարմիր գազանին խորհուրդին պարզուիլը տեսնելով ի՞նչպէս կ’ընդառաջեն։ Անոնք եռանդով կը ծանուցանեն Եհովայի դատաստանի օրը, ճշմարտութիւնը անկեղծօրէն փնտռողներուն «շնորհալի» պատասխաններ տալով։ (Կողոսացիս 4։5, 6, Անթիլիաս. Յայտնութիւն 17։3, 7) Ինչպէս յաջորդ գլուխին մէջ պիտի տեսնենք, անոնք որ կը փափաքին մեծ պոռնիկին մահապատիժի գործադրութենէն վերապրիլ, անմիջապէս պէտք է գործի լծուին։

      [Նկարներ՝ էջ 252]

      Աշխարհակալ եօթը ուժերուն յաջորդականութիւնը

      ԵԳԻՊՏՈՍ

      ԱՍՈՐԵՍՏԱՆ

      ԲԱԲԵԼՈՆ

      ՄԱՐԱ–ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆ

      ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

      ՀՌՈՎՄ

      ԱՆԳԼՕ–ԱՄԵՐԻԿԱ

      [Նկարներ՝ էջ 254]

      «Անիկա ալ ութերորդ թագաւոր է»

      [Նկար՝ էջ 255]

      Իրենց կռնակը Գառնուկին դարձնելով, «իրենց զօրութիւնը եւ իշխանութիւնը գազանին կու տան»

      [Նկար՝ էջ 257]

      Մեծն Բաբելոնի գլխաւոր հատուածը՝ Քրիստոնեայ Աշխարհը՝ երբեմնի Երուսաղէմին պիտի նմանի. հիմնովին պիտի քանդուի

  • Մեծ քաղաքին աւերումը
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
    • Գլուխ 36

      Մեծ քաղաքին աւերումը

      Տեսիլք 12—Յայտնութիւն 18։1–19։10

      Նիւթ. Մեծն Բաբելոնի անկումը եւ կործանումը. Գառնուկին ամուսնութեան ծանուցումը

      Կատարման ժամանակ. 1919–էն մինչեւ մեծ նեղութենէն ետք

      1. Մեծ նեղութիւնը ի՞նչ դէպքով պիտի սկսի։

      ՅԱՆԿԱՐԾԱԿԻ, ապշեցուցիչ եւ քանդիչ. Մեծն Բաբելոնի աւերումը ա՛յսպէս պիտի ըլլայ։ Անիկա ամբողջ պատմութեան ամենէն աղիտալի դէպքը պիտի ըլլայ, նշելով ‘մեծ նեղութեան’ սկիզբը, «որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ»։—Մատթէոս 24։21

      2. Թէեւ քաղաքական կայսրութիւններ բարձրացած եւ ինկած են, սակայն ի՞նչպիսի կայսրութիւն մը գոյատեւած է։

      2 Սուտ կրօնքը երկար ժամանակէ գոյութիւն ունի։ Անիկա առանց ընդմիջուելու շարունակուած է արիւնարբու Նեբրովթի օրերէն ի վեր, որ Եհովայի հակառակող մըն էր եւ մարդոց քաջալերեց որպէսզի Բաբելոնի Աշտարակը շինեն։ Երբ Եհովա այդ ըմբոստներուն լեզուները խառնակեց եւ բոլոր երկրի երեսին վրայ ցրուեց զանոնք, Բաբելոնի սուտ կրօնքը անոնց հետ ճամբորդեց։ (Ծննդոց 10։8-10. 11։4-9) Անկէ ի վեր, քաղաքական կայսրութիւններ բարձրացած ու ինկած են, սակայն բաբելոնական կրօնքը գոյատեւած է։ Անիկա շատ ձեւեր ու կերպարներ առած է, դառնալով սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւն մը՝ մարգարէացուած Մեծն Բաբելոնը։ Անոր ամենէն կարկառուն մասը Քրիստոնեայ Աշխարհն է, որ բաբելոնական սկզբնական ուսուցումներուն եւ հաւատուրաց «քրիստոնէական» վարդապետութիւններուն ձուլումն է։ Քանի որ Մեծն Բաբելոնը դարաւոր պատմութիւն ունի, շատեր չեն հաւատար որ անիկա օր մը կը կործանի։

      3. Յայտնութիւնը ի՞նչպէս կը հաստատէ սուտ կրօնքի դատապարտութիւնը։

      3 Ուստի, յարմար է որ Յայտնութիւնը հաստատէ սուտ կրօնքին դատապարտութիւնը, անոր անկումին եւ անոր ամբողջական կործանումին առաջնորդող յաջորդական դէպքերուն մասին մանրամասնուած երկու նկարագրութիւններ տալով։ Արդէն տեսանք որ անիկա ներկայացուած է որպէս «մեծ պոռնիկը», որ վերջապէս կը բնաջնջուի իր քաղաքական նախկին սիրահարներուն կողմէ։ (Յայտնութիւն 17։1, 15, 16) Հիմա, ուրիշ տեսիլքի մը մէջ զինք պիտի տեսնենք որպէս քաղաք մը, երբեմնի Բաբելոնին կրօնական հակատիպը։

      Մեծն Բաբելոնի Անկումը

      4. (ա) Յովհաննէս ի՞նչ տեսիլք կը տեսնէ։ (բ) Հրեշտակին ո՛վ ըլլալը ի՞նչպէս կրնանք գիտնալ եւ ինչո՞ւ յարմար է որ ինք ծանուցանէ Մեծն Բաբելոնի անկումը։

      4 Յովհաննէս կը շարունակէ պատմել, ըսելով. «Ասկէ ետքը [«ուրիշ», ՆԱ] հրեշտակ մը տեսայ, որ երկնքէն կ’իջնէր եւ մեծ իշխանութիւն ունէր ու երկիր անոր փառքով լուսաւորուեցաւ։ Ան զօրաւոր ձայնով աղաղակեց՝ ըսելով. ‘Ինկա՛ւ, ինկա՜ւ մեծ Բաբելոնը’»։ (Յայտնութիւն 18։1, 2ա) Ասիկա երկրորդ անգամն է որ Յովհաննէս կը լսէ հրեշտակային այս ծանուցումը։ (Տես՝ Յայտնութիւն 14։8) Սակայն այս անգամ, երկնային հրեշտակին շքեղութիւնը այդ ծանուցումին աւելի մեծ իմաստ մը կու տայ, քանի որ ամբողջ երկիր անոր փառքով կը լուսաւորուի։ Ո՞վ կրնայ ըլլալ ան։ Դարեր առաջ, Եզեկիէլ մարգարէն երկնային տեսիլքի մը մասին տեղեկութիւն տալով, նշեց որ «երկիրը անոր [Եհովայի] փառքէն լուսաւորուեցաւ»։ (Եզեկիէլ 43։2) Միակ հրեշտակը որ Եհովայի փառքին նման փառքով մը կը շողայ, պէտք է Տէր Յիսուսը ըլլայ, որ «[Աստուծոյ] փառքին լոյսն է եւ իր էութեան՝ բուն պատկերը»։ (Եբրայեցիս 1։3) 1914–ին, Յիսուս երկնային Թագաւոր եղաւ, եւ անկէ ի վեր որպէս Եհովայի ընկերակից Թագաւոր ու Դատաւոր, երկրի վրայ իշխանութիւն կը բանեցնէ։ Հետեւաբար, տեղին է որ ի՛նք ըլլայ Մեծն Բաբելոնի անկումը ծանուցանողը։

      5. (ա) Հրեշտակը որո՞նց կը գործածէ Մեծն Բաբելոնի անկումը հրատարակելու համար։ (բ) Երբ «Աստուծոյ տուն»ը ըլլալ դաւանողներէն սկսաւ դատաստանը, Քրիստոնեայ Աշխարհին ի՞նչ պատահեցաւ։

      5 Մեծ հեղինակութիւն ունեցող այս հրեշտակը որո՞նք կը գործածէ, մարդկութեան այսպիսի ապշեցուցիչ լուր մը ծանուցանելու համար։ Անշուշտ այդ անհատները, որոնք այս անկումին պատճառաւ ազատագրուած են, այսինքն, երկրի վրայ օծեալներու մնացորդը՝ Յովհաննէս դասակարգը։ Անոնք Մեծն Բաբելոնի ձեռքէն մեծապէս տառապեցան 1914-1918, բայց 1918–ին, Տէր Եհովա եւ իր «[Աբրահամական] ուխտին հրեշտակը»՝ Յիսուս Քրիստոս, դատաստանը սկսան «Աստուծոյ տունէն»՝ Քրիստոնէութիւն դաւանողներէն։ Ուստի հաւատուրաց Քրիստոնեայ Աշխարհը դատի քաշուեցաւ։ (Մաղաքեայ 3։1. Ա. Պետրոս 4։17) Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին իր վրայ եկած արիւնապարտութիւնը, Եհովայի հաւատարիմ վկաներուն հալածանքին մէջ իր մեղսակցութիւնը եւ իր բաբելոնական հանգանակները, դատաստանի ժամանակ պիտի չկարենան օգնել իրեն. Մեծն Բաբելոնի միւս մասերն ալ Աստուծոյ հաճութեան պիտի չարժանանան։—Համեմատել՝ Եսայեայ 13։1-9

      6. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Մեծն Բաբելոնը ինկաւ 1919–ին։

      6 Այսպէս է որ 1919–ին Մեծն Բաբելոնը ինկաւ, ճամբան բանալով որ Աստուծոյ ծառաները ազատագրուին եւ հոգեւոր բարգաւաճութեան իրենց երկրին մէջ վերահաստատուին, որպէս թէ մէկ օրուան մէջ։ (Եսայեայ 66։8) Այդ տարին, Եհովա Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոս՝ Մեծագոյն Դարեհը եւ Մեծագոյն Կիւրոսը, հարցերը այնպիսի կերպով մը ուղղեցին որ սուտ կրօնքը այլեւս չկարենար կաշկանդել Եհովայի ծառաները։ Անիկա այլեւս չէր կրնար արգելք ըլլալ որ անոնք Եհովայի ծառայէին ու մտիկ ընել ուզողներուն գիտցնէին թէ պոռնկանման Մեծն Բաբելոնը դատապարտուած է եւ Եհովայի գերիշխանութեան ջատագովումը մօտ է։—Եսայեայ 45։1-4. Դանիէլ 5։30, 31

      7. (ա) Թէեւ Մեծն Բաբելոնը 1919–ին չկործանեցաւ, սակայն Եհովա ի՞նչպէս նկատեց զինք։ (բ) Երբ Մեծն Բաբելոնը 1919–ին ինկաւ, Եհովայի ժողովուրդին համար արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

      7 Ճիշդ է որ Մեծն Բաբելոնը 1919–ին չկործանեցաւ, ինչպէս որ վաղեմի Բաբելոնը Հ.Դ.Ա. 539–ին չկործանեցաւ, երբ Պարսիկ Կիւրոսի բանակներուն կողմէ ինկաւ։ Բայց Եհովայի տեսանկիւնէն դիտուած, այդ կազմակերպութիւնը ինկած էր։ Անիկա դատականօրէն դատապարտուած էր եւ իր մահապատիժի գործադրման կը սպասէր. հետեւաբար, սուտ կրօնքը այլեւս չէր կրնար Եհովայի ծառաները գերութեան մէջ պահել։ (Համեմատել՝ Ղուկաս 9։59, 60) Անոնք ազատագրուեցան որպէսզի ծառայեն որպէս Տէրոջ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան, ատենին հոգեւոր կերակուր հայթայթելու համար։ Անոնք նպաստաւոր վճիռ մը ստացան. «Ապրի՛ս» ըսուեցաւ անոնց, եւ յանձնարարութիւն տրուեցաւ որ Եհովայի գործով դարձեալ զբաղած մնան։—Մատթէոս 24։45-47. 25։21, 23. Գործք 1։8

      8. Եսայեայ 21։8, 9–ի դէտը ի՞նչ դէպք կը ծանուցանէ, եւ ներկայիս ան որո՞ւ նախաշուքն է։

      8 Հազարաւոր տարիներ առաջ, Եհովա ուրիշ մարգարէներ գործածեց, որպէսզի պատմութեան էջերուն անցնելիք այս դէպքը նախագուշակեն։ Եսային խօսեցաւ դէտի մը մասին, որ «աղաղակեց առիւծի պէս. ‘Ո՛վ Տէր, ես ցորեկը միշտ իմ դիտանոցիս մէջ կը կայնիմ ու բոլոր գիշերը իմ պահպանութեանս տեղը կը կենամ’»։ Իսկ այդ դէտը ի՞նչ կը նկատէր ու կը ծանուցանէր առիւծանման քաջութեամբ։ Հետեւեալը. «Ինկաւ Բաբելոն, ինկաւ ու անոր աստուածներուն բոլոր արձանները կոտրտեցան ու գետինը նետուեցան»։ (Եսայեայ 21։8, 9) Այս դէտը իրապէս նախաշուքն էր ներկայ զգաստ ու արթուն Յովհաննէս դասակարգին, որ Դիտարան պարբերաթերթը եւ աստուածպետական ուրիշ հրատարակութիւններ գործածելով ամէնուրեք կը ծանուցանէ այն լուրը թէ Բաբելոնը ինկած է։

      Մեծն Բաբելոնի Նուաստացումը

      9, 10. (ա) Բաբելոնական կրօնքին ազդեցութիւնը ի՞նչպէս նուազած է Ա. Աշխարհամարտէն ի վեր։ (բ) Հզօր հրեշտակը ի՞նչպէս կը նկարագրէ Մեծն Բաբելոնի ինկած վիճակը։

      9 Հ.Դ.Ա. 539–ին վաղեմի Բաբելոնի անկումը, երկար նուաստացումի սկիզբն էր, որ վերջապէս իր աւերումին առաջնորդեց։ Նոյն կերպով, Ա. Աշխարհամարտէն ի վեր, բաբելոնական կրօնքին ազդեցութիւնը աշխարհի տարածքին ուշագրաւօրէն նուազած է։ Ճափոնի մէջ, Բ. Աշխարհամարտէն ետք, շինթոյական կայսրին պաշտամունքը արգիլուեցաւ։ Չինաստանի մէջ, Համայնավար կառավարութիւնը կրօնական բոլոր նշանակումներուն ու գործունէութեան վրայ կը հսկէ։ Բողոքական հիւսիսային Եւրոպայի մէջ, մարդոց մեծամասնութիւնը կրօնքի նկատմամբ անտարբեր է։ Իսկ Կաթողիկէ Եկեղեցին պառակտումներով ու ներքին անհամաձայնութիւններով տկարացած է։—Համեմատել՝ Մարկոս 3։24-26

      10 Այս բոլոր հոսանքները անկասկած մաս կը կազմեն ‘Եփրատ Գետի ցամքելուն’, Մեծն Բաբելոնի վրայ մօտալուտ զինուորական յարձակման համար պատրաստութիւն տեսնուելով։ Այս ‘ցամքումը’ կ’արտացոլացուի նաեւ 1986–ի Հոկտեմբերին Պապին ըրած ծանուցման մէջ, թէ եկեղեցին պէտք է «դարձեալ մուրացկան դառնայ», եկամուտի հսկայական բացին պատճառաւ։ (Յայտնութիւն 16։12) Մասնաւորաբար 1919–էն ի վեր, Մեծն Բաբելոնը հանրութեան ուշադրութեան յանձնուած է որպէս հոգեւոր գետնի վրայ ամայացած վայր մը, ճիշդ ինչպէս հզօր հրեշտակը կը ծանուցանէ հոս. «Եւ դեւերու բնակարան եղաւ ու բոլոր պիղծ ոգիներուն՝ արգելանոց եւ բոլոր պիղծ ու ատելի թռչուններուն՝ վանդակ»։ (Յայտնութիւն 18։2բ) Շատ շուտով ան բառացիօրէն ամայի վայր մը պիտի ըլլայ, ճիշդ այժմու Իրաքի մէջ գտնուող Բաբելոնի աւերակներուն նման։—Տես նաեւ՝ Երեմեայ 50։25-28

      11. Մեծն Բաբելոնը ի՞նչ առումով ‘դեւերու բնակարան ու բոլոր պիղծ ոգիներու ու ատելի թռչուններուն արգելանոց’ եղած է։

      11 Հոս գործածուած «դեւեր» բառը հաւանաբար «այծամարդեր» (սէի·րիմ) բառին անդրադարձումն է, զոր Եսայի գործածեց երբ ինկած Բաբելոնը նկարագրեց. «Հոն վայրենի կատուներ պիտի պառկին ու անոնց տուները ոռնացող անասուններով պիտի լեցուին եւ հոն ջայլամներ պիտի բնակին ու հոն այծամարդեր պիտի կաքաւեն»։ (Եսայեայ 13։21) Հաւանաբար անիկա բառացի դեւերու չ’ակնարկեր, այլ անապատի մէջ բնակող գզուամազ անասուններու, որոնց երեւոյթը տեսնողներուն խորհիլ կու տար որ դեւեր են։ Մեծն Բաբելոնի աւերակներուն մէջ, այսպիսի անասուններու այլաբանական գոյութիւնը, ինչպէս նաեւ ապականած, թունաւոր օդը («պիղծ ոգիներ») եւ ատելի թռչունները կը նշեն որ ան հոգեւորապէս մեռած վիճակ մը ունի։ Անիկա չի կրնար կեանքի որեւէ յոյս տալ մարդկութեան։—Համեմատել՝ Եփեսացիս 2։1, 2

      12. Մեծն Բաբելոնի կացութիւնը ի՞նչպէս կը համեմատի Երեմեայ 50–րդ գլուխի մարգարէութեան։

      12 Անոր կացութիւնը Երեմիայի մարգարէութեան հետ ալ կը համեմատի. «Տէրը կ’ըսէ թէ Քաղդէացիներուն վրայ ու Բաբելոնի բնակիչներուն վրայ եւ անոր իշխաններուն ու իմաստուններուն վրայ սուր պիտի գայ։ . . . Անոր ջուրերուն վրայ չորութիւն պիտի գայ ու պիտի ցամքին։ Քանզի անիկա կուռքերու երկիր է ու իրենց կուռքերովը կը յիմարանան։ Անոր համար հոն վայրենի կատուներ ու բորենիներ պիտի բնակին ու հոն ջայլամներ պիտի բնակին։ Եւ հոն անգամ մըն ալ մարդ պիտի չբնակի ու ազգէ ազգ հոն բնակիչ պիտի չըլլայ»։ Կռապաշտութիւնը եւ կրկնուած աղօթքներու տաղերգութիւնը չեն կրնար Մեծն Բաբելոնը փրկել Սոդոմի ու Գոմորի կործանումը յիշեցնող աստուածային պատիժէն։—Երեմեայ 50։35-40

      Կիրք Գրգռող Գինի

      13. (ա) Հզօր հրեշտակը ի՞նչպէս ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Մեծն Բաբելոնի չափազանց զեղխութեան վրայ։ (բ) Վաղեմի Բաբելոնին մէջ տիրող ի՞նչպիսի անբարոյութիւն կը գտնուի նաեւ Մեծն Բաբելոնի մէջ։

      13 Հզօր հրեշտակը ապա ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Մեծն Բաբելոնի չափազանց զեղխութեան վրայ, ըսելով. «Վասն զի անոր կատաղի [«կիրք գրգռող», ՆԱ, ստորանիշ] պոռնկութեան գինիէն խմեցին բոլոր ազգերը ու երկրին թագաւորները անոր հետ պոռնկացան եւ երկրին վաճառականները անոր չափազանց զեղխութենէն հարստացան»։ (Յայտնութիւն 18։3) Ան իր կրօնական պիղծ ճամբաները բոլոր ազգերուն ուսուցանած է։ Հերոդոտոս Յոյն պատմաբանին համաձայն, վաղեմի Բաբելոնին մէջ, իւրաքանչիւր կնոջմէ պահանջուած էր որ իր կեանքի ընթացքին մէկ անգամ, որպէս պաշտամունք տաճարի մէջ պոռնկութիւն գործէր։ Մինչեւ օրս, ընդվզեցուցիչ սեռային պղծութիւններ պատկերացուած են Գամպոտիայի, պատերազմէն վնասուած Անկգոր Ուաթի քանդակներուն մէջ։ Իսկ Հնդկաստանի Խաժուրահոյի տաճարներուն մէջ, ցոյց կը տրուի Հինտու Վիշնու աստուածը, շրջապատուած տռփական զզուելի տեսարաններով։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, անբարոյութեան քօղազերծումը, որ հեռատեսիլի աւետարանիչներուն աշխարհը ցնցեց 1987–ին, ապա 1988–ին, ինչպէս նաեւ կրօնաւորներու մէջ լայնատարած սովորութիւն դարձած միասեռականութեան երեւան հանուիլը, ցոյց կու տան որ նոյնիսկ Քրիստոնեայ Աշխարհը կը հանդուրժէ իր անդամներուն կատարած բառացի ու գայթակղեցուցիչ պոռնկութեան։ Սակայն բոլոր ազգերը շատ աւելի լուրջ պոռնկութեան մը զոհ գացած են։

      14-16. (ա) Ֆաշիստական Իտալիոյ մէջ հոգեւորապէս անօրէն եղող կրօնա–քաղաքական ի՞նչ յարաբերութիւն զարգացաւ։ (բ) Երբ Իտալիա Հապէշիստան ներխուժեց, Կաթողիկէ Եկեղեցիին եպիսկոպոսները ի՞նչ արտայայտութիւններ ունեցան։

      14 Արդէն աչքէ անցուցինք կրօնա–քաղաքական անօրէն յարաբերութիւնը, որ Նացի Գերմանիոյ մէջ Հիթլերի իշխանութեան գլուխ անցնելու զարկ մը տուաւ։ Աշխարհիկ գործերուն մէջ կրօնքը իր քիթը մտցնելուն որպէս հետեւանք, ուրիշ ազգեր ալ տառապած են։ Օրինակ՝ ֆաշիստական Իտալիոյ մէջ, 11 Փետրուար 1929–ին Մուսոլինի եւ Կարդինալ Կասբառի՝ Լաթէրանի Դաշինքը ստորագրեցին, Վատիկան Քաղաքը ինքնավար պետութիւն մը դարձնելով։ Փիուս ԺԱ. Պապը ըսաւ որ ինք «Իտալիան ետ Աստուծոյ եւ Աստուած ետ Իտալիոյ տուած» էր։ Ասիկա ճի՞շդ էր։ Նկատի առէք թէ վեց տարի ետք ի՛նչ պատահեցաւ։ 3 Հոկտեմբեր 1935–ին, Իտալիան Հապէշիստան ներխուժեց, պատճառաբանելով որ ան «բարբարոս երկիր մըն էր, ուր տակաւին գերեվարութիւն կը գործադրուէր»։ Իրականութեան մէջ ո՞վ էր բարբարոսը։ Կաթողիկէ Եկեղեցին Մուսոլինիի բարբարոսութիւնը դատապարտե՞ց։ Մինչ Պապը երկդիմի ծանուցումներ կ’ընէր, իր եպիսկոպոսները բարձրաձայն կ’օրհնէին իրենց «հայրենիքին»՝ Իտալիոյ, զինեալ ուժերը։ Վատիկանը՝ Բռնաւորներու Դարուն իր գրքին մէջ, Էնթընի Ռոտզ կը տեղեկագրէ.

      15 «19 Հոկտեմբեր [1935] թուակիր իր Հովուական Կոնդակով, Ուտինէի [Իտալիա] Եպիսկոպոսը գրեց. ‘Մեզի համար ո՛չ ժամանակն է եւ ոչ ալ տեղին է այս հարցին շիտակ կամ սխալ ըլլալուն մասին կարծիք յայտնել։ Որպէս Իտալացիներ եւ, աւելին ըլլալով, որպէս Քրիստոնեաներ, մեր պարտականութիւնն է մեր զէնքերուն յաջողութեան նպաստել’։ Փատուայի Եպիսկոպոսը 21 Հոկտեմբերին գրեց. ‘Այս դժուար ժամերուն, որոնց մէջէն կ’անցնինք, ձեզմէ կը խնդրենք որ հաւատաք մեր պետական մարդոց եւ զինեալ ուժերուն’։ 24 Հոկտեմբերին, Գրէմոնայի Եպիսկոպոսը գնդային դրօշակներ սրբագործեց եւ ըսաւ. ‘Աստուծոյ օրհնութիւնը այս զինուորներուն հետ ըլլայ, որոնք Ափրիկեան հողին վրայ պիտի գրաւեն նոր եւ բարեբեր հողամասեր իտալական հանճարին համար, եւ անով անոնց պիտի տանին հռովմէական եւ քրիստոնէական մշակոյթը։ Թող որ Իտալիան անգամ մը եւս համայն աշխարհի Քրիստոնեայ մենտորը (դաստիարակը) ըլլայ’»։

      16 Ուստի, Հապէշիստանը բռնագրաւուեցաւ, Կաթողիկէ կղերներուն օրհնութեամբ։ Անոնցմէ ոեւէ մէկը Պօղոս առաքեալի նման կրնա՞յ ըսել. «Անպարտ եմ ամենուն արիւնէն»։—Գործք 20։26

      17. Իր կղերները ‘իրենց սուրերը խոփեր’ չշինելուն պատճառաւ, Սպանիա ի՞նչպէս տառապեցաւ։

      17 Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Հապէշիստանի վրայ աւելցուցէք ուրիշ երկիր մը որ Մեծն Բաբելոնի պոռնկութեան զոհ գացած է, որ է Սպանիան։ Այդ երկրին մէջ 1936-1939–ի Քաղաքացիական Պատերազմը բռնկեցաւ մասամբ, երբ ժողովրդավարական կառավարութիւնը ուզեց սանձ դնել Կաթողիկէ Եկեղեցիին հսկայական զօրութեան։ Մինչ պատերազմը կը մղուէր, յեղափոխական ուժերու Կաթողիկէ Ֆաշիստ առաջնորդը՝ Ֆրանգոն, ինքզինք նկարագրեց որպէս «Սրբազան Խաչակրութեան Քրիստոնեայ Ընդհանուր Հրամանատար», տիտղոս մը որ հետագային մերժեց։ Այս կռիւներու ընթացքին հարիւր հազարաւոր Սպանիացիներ մեռան։ Ասկէ զատ, պահպանողական հաշուետուութեան մը համաձայն, Ֆրանգոյի Ազգայնամոլները, Ժողովրդային Ճակատի անդամներէն 40,000 հոգի սպաննեցին, իսկ այս վերջինները 8,000 կղերականներ՝ վանականներ, վարդապետներ, մայրապետներ եւ նորընծաներ սպաննեցին։ Քաղաքացիական պատերազմը շատ սարսափելի եւ եղերական եղաւ. ասիկա ցոյց կու տայ Յիսուսի խօսքերուն ուշադրութիւն ընծայելու իմաստութիւնը. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին»։ (Մատթէոս 26։52) Իրապէս զզուելի է որ Քրիստոնեայ Աշխարհը այսպիսի զանգուածային արիւնահեղութեան մասնակից եղած է։ Անոր կղերները արդարեւ ‘իրենց սուրերէն խոփեր շինելու’ մէջ թերացած են։—Եսայեայ 2։4

      Վաճառականները

      18. «Երկրին վաճառականները» որո՞նք են։

      18 «Երկրին վաճառականները» որո՞նք են։ Անկասկած մեր օրերուն զանոնք կը կոչենք առեւտրականներ, վաճառականական հսկաներ, մեծ առուծախերով զբաղողներ։ Ասիկա չի նշանակեր որ օրինաւոր առեւտուր ընելը սխալ է։ Աստուածաշունչը իմաստուն խրատներ կու տայ գործի տէրերուն, զանոնք զգուշացնելով անպարկեշտութեան, ագահութեան եւ նման բաներու դէմ։ (Առակաց 11։1. Զաքարեայ 7։9, 10. Յակոբու 5։1-5) «Աստուածպաշտութիւնը գոհունակութիւնով մէկտեղ մեծ շահավաճառութիւն մըն է»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։6, 17-19) Սակայն, Սատանայի աշխարհը արդար սկզբունքներու չի հետեւիր։ Ապականութիւնը կը վխտայ կրօնքին, քաղաքականութեան եւ մեծ առեւտուրի մէջ։ Պարբերաբար մամուլը պետական բարձր պաշտօնեաներու կողմէ դրամի կորզումի եւ զէնքերու անօրէն առեւտուրի նման խայտառակութիւններ երեւան կը հանէ։

      19. Աշխարհի տնտեսութեան մասին ո՞ր իրողութիւնը մեզի կ’օգնէ բացատրելու թէ երկրի վաճառականները ինչո՛ւ գովասանքով չեն յիշուած Յայտնութիւն գրքին մէջ։

      19 Ամէն տարի զէնքերու միջազգային առեւտուրը հազար միլիառ տոլարը կ’անցնի. միւս կողմէ հարիւր միլիոնաւոր մարդիկ կեանքի անհրաժեշտ բաներէն զրկուած են։ Ասիկա շատ գէշ է։ Բայց կը թուի թէ սպառազինութիւնը աշխարհի տնտեսութեան հիմերէն մէկն է։ 11 Ապրիլ 1987–ին, Լոնտոնի Սփէքթէյթըր շաբաթաթերթը տեղեկագրեց. «Եթէ միմիայն հաշուենք ուղղակիօրէն անոր հետ կապ ունեցող ճարտարարուեստները՝ Մ.Ն. մէջ շուրջ 400,000, իսկ Եւրոպայի մէջ 750,000 անհատներ կը գործեն։ Բայց շատ հետաքրքրականօրէն, մինչ զէնքեր շինելու ընկերային եւ տնտեսական դերը աւելցած է, սակայն զանոնք արտադրողներուն լաւ պաշտպանուած ըլլալու հարցը երկրորդական եղած է»։ Համայն երկրի վրայ, հսկայական շահեր ձեռք ձգուած են ռումբերու եւ ուրիշ զէնքերու առուծախէն, նոյնիսկ՝ հաւանական թշնամիներու։ Օրին մէկը, այս ռումբերը կրնան ողջակիզութեան դուռ բանալ եւ կործանել զանոնք ծախողները։ Ի՜նչ հակասական բաներ։ Ասոր վրայ աւելցուցէք կաշառքը, որ շատ սովորական է զէնքերու ճարտարարուեստին մէջ։ Սփէքթէյթըր–ի համաձայն, միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ, «ամէն տարի Փենթակոնը անբացատրելիօրէն 900 միլիոն տոլարի համարժէք զէնքեր եւ գործիքներ կը կորսնցնէ»։ Զարմանալի չէ որ Յայտնութիւն գրքին մէջ երկրին վաճառականները գովասանքով յիշուած չեն։

      20. Ո՞ր օրինակով կը տեսնուի առեւտրական պիղծ գործունէութիւններու մէջ կրօնքին միջամուխ ըլլալը։

      20 Ինչպէս փառաւոր հրեշտակը նախագուշակեց, կրօնքը այսպիսի առեւտրական պիղծ գործունէութիւններու մէջ թաթախուած է։ Օրինակի համար, 1982–ին, Իտալիոյ Ամպրոսիանօ Դրամատան սնանկացման մէջ Վատիկանը ձեռք ունէր։ 1980–ական թուականներուն այս հարցը քաշկռտուեցաւ, բայց՝ ‘Դրամը ո՞ւր գնաց’ հարցումը անպատասխան մնաց։ 1987–ի Փետրուարին, Միլանի դատաւորները արտօնագիր մը հանեցին Վատիկանի երեք եկեղեցականներ ձերբակալելու համար՝ մէկը Ամերիկացի արքեպիսկոպոս մը, որոնք ամբաստանուած էին որպէս խարդախ սնանկացումի մեղսակիցներ, բայց Վատիկանը մերժեց զանոնք յանձնել։ 1987–ի Յուլիսին, բողոքի բարձր ալիքի մը մէջ, այդ արտօնագրերը չեղեալ համարուեցան Իտալիոյ բարձրագոյն Վերաքննիչ Ատեանին կողմէ, Վատիկանի եւ իտալական կառավարութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող հին համաձայնութեան մը հիման վրայ։

      21. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Յիսուս իր օրուան հարցական եղող առեւտրական գործունէութիւններու հետ առնչութիւն չունեցաւ, իսկ ներկայիս բաբելոնական կրօնքին պարագան ի՞նչ է։

      21 Արդեօք Յիսուս իր օրերուն հարցական եղող առեւտրական գործունէութիւններու միջամուխ եղա՞ւ։ Ո՛չ. ան ստացուածք իսկ չունէր, քանի որ ‘իր գլուխը դնելու տեղ չունէր’։ Յիսուս հարուստ երիտասարդ իշխանի մը հետեւեալ խրատը տուաւ. «Քու բոլոր ունեցածդ ծախէ եւ աղքատներուն բաշխէ ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ եկուր իմ ետեւէս»։ Ատիկա լաւ խրատ մըն էր, քանի որ անհատը պիտի ձերբազատուէր առեւտուրի վերաբերեալ բոլոր մտահոգութիւններէն։ (Ղուկաս 9։58. 18։22) Բայց ասոր հակառակը, Մեծն Բաբելոնը յաճախ մեծ առեւտուրի աշխարհին հետ անախորժ կապեր զարգացուցած է։ Օրինակ, 1987–ին, Էլպանի Թայմզ Եունիըն օրաթերթը տեղեկագրեց որ, Միամիի, Ֆլորիտա (Ա.Մ.Ն.), Կաթողիկէ արքեպիսկոպոսական թեմի ելեւմուտքի խնամակալը ընդունեց որ եկեղեցին՝ կորիզային զէնքեր շինող, 18–էն վար եղողներուն արգիլուած շարժապատկերներ պատրաստող եւ ծխախոտի ընկերութիւններու բաժնեթուղթեր ունի։

      «Ելէ՛ք Ատոր Մէջէն, Իմ Ժողովուրդս»

      22. (ա) Երկինքէն ձայն մը ի՞նչ կ’ըսէ։ (բ) Ի՞նչ բան Աստուծոյ ժողովուրդին ուրախութեան պատճառ եղաւ Հ.Դ.Ա. 537–ին եւ Հ.Դ. 1919–ին։

      22 Յովհաննէսի յաջորդ խօսքերը մարգարէական պատկերին ուրիշ մէկ կատարումը կը նշեն. «Ու երկնքէն ուրիշ ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. ‘Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս, որպէս զի ատոր մեղքերուն հաղորդակից չըլլաք ու ատոր հարուածներէն բաժին չառնէք’»։ (Յայտնութիւն 18։4) Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ վաղեմի Բաբելոնի անկումին մասին մարգարէութիւններն ալ իր ժողովուրդին ուղղուած Եհովայի հետեւեալ պատուէրը կը պարունակեն. «Բաբելոնէն փախէ՛ք»։ (Երեմեայ 50։8, 13) Նմանապէս, Մեծն Բաբելոնի մօտալուտ կործանումին ի տես, Աստուծոյ ծառաներուն այժմ յորդոր տրուած է որ փախչին։ Հ.Դ.Ա. 537–ին, Բաբելոնէն փախչելու պատեհութիւնը շատ մեծ ուրախութիւն պատճառեց հաւատարիմ Իսրայելացիներուն։ Նոյն կերպով, 1919–ին, Աստուծոյ ծառաներն ալ մեծապէս ուրախացան բաբելոնական գերութենէն ազատագրուելով։ (Յայտնութիւն 11։11, 12) Անկէ ի վեր, միլիոնաւորներ հնազանդած են անկէ փախչելու հրամանին։

      23. Երկնքէն եկած ձայն մը ի՞նչպէս կը շեշտէ Մեծն Բաբելոնէն փախչելու ստիպողականութիւնը։

      23 Արդեօք Մեծն Բաբելոնէն փախչիլը, աշխարհի կրօնքներէն մեր անդամակցութիւնը քաշելը եւ ամբողջովին զատուիլը ա՞յդքան ստիպողական է։ Այո՛, քանի որ Մեծն Բաբելոնի՝ կրօնական այս դարաւոր հրէշութեան՝ Աստուծոյ տեսանկիւնէն պէտք է նայիլ։ Ան առանց քաշուելու զինք մեծ պոռնիկ կը կոչէ։ Արդ, երկինքէն եկող ձայնը յաւելեալ տեղեկութիւններ կու տայ Յովհաննէսի, այս վատահամբաւ կնոջ մասին. «Վասն զի ատոր մեղքերը մինչեւ երկինք հասան ու Աստուած ատոր անիրաւութիւնները յիշեց։ Հատուցանեցէք ատոր՝ ինչպէս ինք հատուցանեց ու իր գործերուն համեմատ կրկնապատիկ փոխարինեցէք ատոր։ Այն գաւաթը որ ինք լեցուց՝ կրկնապատիկ լեցուցէք իրեն։ Որչափ որ փառաւորեց զինք եւ զեղխութեամբ ապրեցաւ, այնչափ ալ տանջանք եւ սուգ հատուցանեցէք անոր. վասն զի իր սրտին մէջ կ’ըսէ. ‘Ես թագուհի եմ, որբեւարի չեմ ու բնաւ սուգ պիտի չտեսնեմ’։ Անոր համար մէկ օրուան մէջ պիտի գան ատոր հարուածները՝ մահ ու սուգ եւ սով ու կրակով պիտի այրի. վասն զի հզօր է Տէր Աստուած, որ զանիկա դատեց»։—Յայտնութիւն 18։5-8

      24. (ա) Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ բանէ խուսափելու համար պէտք է փախչի Մեծն Բաբելոնէն։ (բ) Անոնք որոնք Մեծն Բաբելոնէն չեն փախչիր, անոր ո՞ր յանցանքներուն մասնակից պիտի ըլլան։

      24 Ի՜նչ կճող խօսքեր։ Ուստի, պէտք է գործի լծուիլ։ Երեմիան իր օրուան Իսրայելացիները յորդորեց որ գործի լծուին, ըսելով. «Բաբելոնի մէջէն փախէ՛ք։ . . . Քանզի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութեան ժամանակն է, ինք անոր հատուցում պիտի ընէ։ Անոր մէջէն ելէ՛ք, ո՛վ իմ ժողովուրդս եւ ամէն մարդ թող իր անձը ազատէ Տէրոջը սաստիկ բարկութենէն»։ (Երեմեայ 51։6, 45) Նոյն կերպով, երկինքէն եկած ձայնը ներկայիս ալ Աստուծոյ ծառաներուն կ’ազդարարէ որ Մեծն Բաբելոնէն փախչին, որպէսզի անոր հարուածներուն մասնակից չըլլան։ Այս աշխարհի՝ մէջը ըլլալով Մեծն Բաբելոնի, վրայ Եհովայի պատուհասանման դատաստանները կը ծանուցանուին հիմա։ (Յայտնութիւն 8։1–9։21. 16։1-21) Աստուծոյ ծառաները պէտք է բաժնուին սուտ կրօնքէն, եթէ չեն ուզեր այդ պատուհասներուն մասնակից ըլլալ եւ անոր հետ ի վերջոյ բնաջնջուիլ։ Ասկէ զատ, այդ կազմակերպութեան մէջ մնալով անոր մեղքերուն հաղորդ պիտի ըլլան։ Անոնք անոր նման յանցաւոր պիտի ըլլան հոգեւոր պոռնկութեամբ եւ «երկրի վրայ բոլոր սպաննուածներուն» արիւնահեղութեամբ։—Յայտնութիւն 18։24. համեմատել՝ Եփեսացիս 5։11. Ա. Տիմոթէոս 5։22

      25. Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ կերպերով վաղեմի Բաբելոնէն դուրս ելաւ։

      25 Սակայն Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչպէս կ’ելլէ Մեծն Բաբելոնէն։ Վաղեմի Բաբելոնի պարագային, Հրեաները բառացի ճամբորդութիւն մը պէտք էր ընէին Բաբելոն քաղաքէն մինչեւ Խոստացեալ Երկիրը վերադառնալու համար։ Բայց ասկէ շատ աւելին պարփակուած էր անոր մէջ։ Եսայի մարգարէաբար ըսաւ Իսրայելացիներուն. «Քաշուեցէ՛ք, քաշուեցէ՛ք, անկէ ելէ՛ք, պիղծ բանի մի՛ դպչիք, անոր մէջէն ելէ՛ք. մաքուր եղէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը սպասները կրողներ»։ (Եսայեայ 52։11) Այո, անոնք Եհովայի մատուցած իրենց պաշտամունքը արատաւորող բաբելոնական կրօնքին բոլոր անմաքուր բաները պէտք էր լքէին։

      26. Կորնթացի Քրիստոնեաները ի՞նչպէս հնազանդեցան ‘անոնց մէջէն ելէ՛ք, պիղծ բանի մի՛ դպչիք’ խօսքերուն։

      26 Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն գրած իր նամակին մէջ, Եսայիի խօսքերը մէջբերեց, ըսելով. «Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք. քանզի ի՞նչ մասնակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ եւ ի՞նչ հաղորդակցութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ . . . ‘Ասոր համար ելէ՛ք անոնց մէջէն ու զատուեցէ՛ք’, կ’ըսէ Տէրը։ ‘Պիղծ բանի մի՛ դպչիք’»։ Այդ պատուէրին հնազանդելու համար, Կորնթացի Քրիստոնեաները Կորնթոսէն դուրս գալու կարիքը չունէին։ Սակայն, անոնք սուտ կրօնքի պիղծ տաճարներէն բառացիօրէն պէտք էր խուսափէին, ինչպէս նաեւ հոգեւորապէս իրենք զիրենք զատէին այդ կռապաշտներուն անմաքուր արարքներէն։ 1919–ին, Աստուծոյ ժողովուրդը սկսաւ այս կերպով փախչիլ Մեծն Բաբելոնէն, ինքզինք մաքրելով մնացած պիղծ ուսուցումներէն ու սովորութիւններէն։ Ուստի, անոնք կրցան Իրեն ծառայել որպէս իր մաքրուած ժողովուրդը։—Բ. Կորնթացիս 6։14-17. Ա. Յովհաննու 3։3

      27. Ի՞նչ նմանութիւններ կան վաղեմի Բաբելոնին եւ Մեծն Բաբելոնին վրայ եկած դատաստաններուն միջեւ։

      27 Վաղեմի Բաբելոնի անկումը եւ վերջնական աւերումը, անոր մեղքերուն հատուցումն էր։ «Վասնզի անոր դատաստանը մինչեւ երկինք հասաւ»։ (Երեմեայ 51։9) Նմանապէս, Մեծն Բաբելոնի մեղքերը ‘մինչեւ երկինք հասած’ ըլլալով, Եհովայի ուշադրութեան արժանացած է։ Անիկա անիրաւութեամբ, կռապաշտութեամբ, անբարոյութեամբ, հարստահարութեամբ, գողութեամբ եւ սպանութեամբ յանցաւոր է։ Վաղեմի Բաբելոնի անկումը մասամբ Եհովայի տաճարին եւ իր ճշմարիտ երկրպագուներուն իր ըրածին փոխարէն վրէժխնդրութիւն մըն էր։ (Երեմեայ 50։8, 14. 51։11, 35, 36) Մեծն Բաբելոնի անկումը եւ անոր վերջնական կործանումն ալ դարերու ընթացքին ճշմարիտ երկրպագուներուն դէմ իր ըրած բաներուն վրիժառութիւնն է։ Արդարեւ, անոր վերջնական կործանումը, «մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օր»ուան սկիզբը պիտի նշէ։—Եսայեայ 34։8-10. 61։2. Երեմեայ 50։28

      28. Եհովա արդարութեան ի՞նչ չափանիշ կը կիրարկէ Մեծն Բաբելոնի վրայ եւ ինչո՞ւ։

      28 Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ, եթէ Իսրայելացի մը իր քաղաքացիէն բան մը գողնար, առնուազն անոր կրկինը պէտք էր հատուցանէր։ (Ելից 22։1, 4, 7, 9) Մեծն Բաբելոնի մօտալուտ կործանումին, Եհովա նոյնանման արդար չափանիշ մը պիտի կիրարկէ։ Ան իր ըրածին կրկինը պիտի ստանայ։ Որեւէ ողորմութիւն պիտի չցուցաբերուի, քանի որ Մեծն Բաբելոնը որեւէ ողորմութիւն ցոյց չէ տուած իր զոհերուն հանդէպ։ Ան երկրի ժողովուրդներուն հաշւոյն «զեղխութեամբ ապրեցաւ»։ Արդ, տառապանք ու սուգ պիտի վայելէ։ Վաղեմի Բաբելոնը կը խորհէր որ ինք բացարձակապէս ապահով դիրք մը ունէր։ Ան յոխորտալով ըսաւ. «Որպէս որբեւարի պիտի չնստիմ եւ զաւակ պիտի չկորսնցնեմ»։ (Եսայեայ 47։8, 9, 11) Մեծն Բաբելոնն ալ ինքզինք ապահով կը խորհի։ Բայց անոր կործանման հրամանը «հզօր» Եհովայէ ելած ըլլալով, արագ կերպով, որպէս թէ «մէկ օրուան մէջ» պիտի գայ։

      [Շրջանակ՝ էջ 263]

      «Թագաւորները անոր հետ պոռնկացան»

      1800–ական թուականներու սկիզբը Եւրոպացի վաճառականներ ապօրինի կերպով մեծ քանակութեամբ ափիոն կը մտցնէին Չինաստան։ 1839–ի Մարտին, Չինացի պաշտօնեաներ փորձեցին վերջ դնել այս անօրէն առեւտուրին, Բրիտանացի վաճառականներէն 20,000 սնտուկ թմրեցուցիչ գրաւելով։ Ասիկա Բրիտանիոյ եւ Չինաստանի միջեւ լարուած վիճակ մը ստեղծեց։ Երբ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացան, Բողոքական կարգ մը միսիոնարներ հետեւեալին նման նախադասութիւններով քաջալերեցին որ Բրիտանիան պատերազմի ձեռնարկէ.

      «Այս դժուարութիւնները ո՜րքան կ’ուրախացնեն իմ հոգիս, որովհետեւ կը խորհիմ որ անգլիական կառավարութիւնը կրնայ զայրանալ, եւ Աստուած Իր զօրութեամբ կրնայ քանդել այն խոչընդոտները, որոնք արգելք կը հանդիսանան որ Քրիստոսի Աւետարանը Չինաստան մտնէ»։—Հէնրիէթա Շագ, Հարաւային Մկրտչական միսիոնար

      Վերջապէս պատերազմը ծագեցաւ. պատերազմ մը որ ներկայիս ծանօթ է որպէս Ափիոնի Պատերազմ։ Միսիոնարներ սրտանց քաջալերեցին Բրիտանիան, հետեւեալին նման արտայայտութիւններով.

      «Ստիպուած եմ ներկայ կացութեան մասին մտածելու ո՛չ որպէս ափիոնի կամ անգլիական հարց, այլ աւելի, որպէս Նախախնամութեան մեծ ծրագիրը, որ մարդուն չարութիւնը գործածելով Չինաստանի հանդէպ իր ողորմութիւնը ցոյց կու տայ, զինք անջատող պատը քանդելով»։—Փիթըր Փարգըր, Ժողովական Եկեղեցիի միսիոնար

      Ժողովական Եկեղեցիի ուրիշ միսիոնար մը, Սամուէլ Ու. Ուիլիըմզ, աւելցուց. «Աստուծոյ ձեռքը կը տեսնուի պատահած բոլոր ուշագրաւ բաներուն մէջ։ Մենք չենք կասկածիր թէ Ան, որ ըսաւ որ Ինք սուր ձգելու եկած էր երկրի վրայ, եկած է հոս թէ՛ Իր թշնամիները արագօրէն կործանելու եւ թէ Իր թագաւորութիւնը հաստատելու համար։ Ան տակնուվրայ ու տակնուվրայ պիտի ընէ, մինչեւ որ Խաղաղութեան Իշխանը հաստատէ»։

      Ազգութեամբ Չինացի եղողներու ահռելի ջարդին ակնարկելով, միսիոնար մը, Ժ. Լէուիս Շագ գրեց. «Այսպիսի տեսարաններ կը նկատեմ . . . որպէս Տէրոջ կողմէ գործածուած ուղղակի գործիքներ, Աստուածային Ճշմարտութեան յառաջխաղացքին արգելք եղող աղբերը մաքրելու համար»։

      Ժողովական Եկեղեցիի միսիոնար, Էլայժա Գ. Պրիճմէն աւելցուց. «Աստուած Իր թագաւորութեան ճամբան պատրաստելու համար յաճախ աշխարհիկ հզօր բազուկը գործածած է . . . Այս կարեւոր պահերուն գործիքը մարդկային է, իսկ առաջնորդող ուժը՝ աստուածային։ Բոլոր ազգերուն վեհ կառավարիչը Անգլիան գործածած է Չինաստանը պատժելու եւ նուաստացնելու համար»։—Մէջբերումները կատարուած են՝ «Նպատակներ ու Միջոցներ» քննասիրութենէն, Սթուըրտ Գրէյթըն Միլլըրի կողմէ, 1974. հրատարակուած՝ Չինաստանի եւ Ամերիկայի Մէջ Միսիոնարական Ձեռնարկ գրքին մէջ (Հարվըրտական Ուսումնասիրութիւն, խմբագրուած Ճոն Գ. Ֆէյրպէնգի կողմէ)։

      [Նկար՝ էջ 264]

      ‘Վաճառականները հարստացան’

      «1929–էն մինչեւ Բ. Աշխարհամարտի սկսիլը, Վատիկանի ելեւմուտքի խնամակալը՝ [Պերնատինօ] Նոկարան՝ Վատիկանի դրամագլուխը եւ գործակալները Իտալիոյ տնտեսութեան տարբեր մարզերու մէջ աշխատցուց. մասնաւորաբար ելեկտրական հոսանքի, հեռաձայնային հաղորդագրութեանց, վարկի ու դրամատան, պզտիկ երկաթուղիի եւ հողագործական մեքենաներու, շաղախի եւ հիւսուածեղէնի արուեստական թելերու արտադրութեան մէջ։ Այս ներդրումներէն շատերը շահաբեր եղան։

      «Նոկարան ձեռքը դրաւ բազմաթիւ ընկերութիւններու վրայ, մէջը ըլլալով Լա Սոսիէթա Իթալիանա տէլլա Վիզգոզա, Լա Սուբէրթէսսիլէ, Լա Սոսիէթա Մերիտիոնալէ Ինտուստրիէ Թէսսիլի, եւ Լա Սիզարիոն։ Այս բոլորը մէկ ընկերութեան մէջ միաձուլեց, զոր կոչեց CISA-Viscosa եւ զայն յանձնեց Պարոն Ֆրանչէսգօ Մարիա Օտասոյի խնամակալութեան, որ Վատիկանի ամենավստահելի աշխարհականն էր։ Ապա Նոկարան այնպէս մը ըրաւ որ այս նոր ընկերութիւնը Իտալիոյ հիւսուածեղէնի մեծագոյն գործարանին՝ SNIA-Viscosa–ի կողմէ կլանուի։ Վերջապէս SNIA-Viscosa–ի հանդէպ Վատիկանի հետաքրքրութիւնը հետզհետէ աւելցաւ ու ժամանակի ընթացքին իր ղեկավարութեան ներքեւ բերաւ զայն. հետագային Պարոն Օտասոյին անոր փոխ–նախագահ ըլլալը կը վկայէ ասոր։

      «Այս կերպով Նոկարան հիւսուածեղէնի ճարտարարուեստին մէջ մտաւ։ Ան ուրիշ ճարտարարուեստներու մէջ ալ մտաւ գործածելով տարբեր տեսակի աճպարարութիւններ։ Այս անշահախնդիր մարդը . . . Իտալիոյ պատմութեան մէջ հաւանաբար ուրիշ ոեւէ առեւտրականէ աւելի Իտալիոյ տնտեսականութեան կեանք տուաւ . . . Պենիթօ Մուսոլինին իր երազած կայսրութիւնը բնաւ չկրցաւ իրականացնել, բայց թոյլ տուաւ որ Վատիկանը եւ Պերնատինօ Նոկարան ուրիշ տեսակի տէրութիւն մը ստեղծեն»։—Վատիկանի Կայսրութիւնը, Նինօ Լօ Պէլլոյի կողմէ, էջ 71-73։

      Ասիկա միմիայն օրինակ մըն է երկրի վաճառականներուն եւ Մեծն Բաբելոնի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ համագործակցութեան։ Զարմանալի չէ որ այս վաճառականները պիտի ողբան, երբ իրենց առեւտրական լծակիցը մէջտեղէն վերցուի։

      [Նկար՝ էջ 259]

      Երբ մարդիկ ամբողջ երկրի վրայ ցրուեցան, բաբելոնական կրօնքը իրենց հետ տարին

      [Նկարներ՝ էջ 261]

      Յովհաննէս դասակարգը դէտի մը նման կը ծանուցանէ որ Բաբելոնը ինկած է

      [Նկար՝ էջ 266]

      Վաղեմի Բաբելոնի աւերակները կը գուշակեն Մեծն Բաբելոնի աւերումը

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել