Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Հոգիի անմահութիւն. վարդապետութեան ծնունդը
    Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք
    • Հոգիի անմահութիւն. վարդապետութեան ծնունդը

      «Իր հոգեկան կեանքին հետ առնչուող ուրիշ ո՛չ մէկ նիւթ մարդուն միտքը այնքան պատած է, որքան մահուընէ ետք իր վիճակը»։—«ԿՐՕՆՔԻ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՅՆԱԳԻՏԱՐԱՆ»։

      1-3. Սոկրատ եւ Պղատոն հոգիի անմահութեան գաղափարը ի՞նչպէս ջատագովեցին։

      ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆԱՄԵԱՅ ուսումնական եւ ուսուցիչ մը անպատկառութեամբ եւ իր ուսուցումով անչափահասներուն մտքերը ապականելու յանցանքով ամբաստանուած է։ Թէեւ ան դատի ժամանակ ճարտար կերպով ինքզինք պաշտպանեց, բայց կանխակալ կարծիք ունեցող դատական կազմը զինք յանցաւոր հանեց եւ մահուան դատապարտեց։ Իր դատապարտութենէն քանի մը ժամ առաջ, այս տարեց ուսուցիչը իր աշակերտները իր շուրջ հաւաքեց եւ շարք մը պատճառաբանութիւններ տուաւ հաստատելու համար որ հոգին անմահ է եւ թէ մահը բան մը չէ, որմէ պէտք է վախնալ։

      2 Այս դատապարտուած մարդը՝ Հ.Դ.Ա. հինգերորդ դարուն ապրած Յոյն իմաստասէր Սոկրատն էր։a Անոր աշակերտը՝ Պղատոն՝ այս դէպքերը արձանագրեց իր Էբոլոճի եւ Ֆէօտօ քննասիրութիւններուն մէջ։ Սոկրատ եւ Պղատոն հոգիի անմահութեան գաղափարին առաջին ջատագովներէն նկատուած են։ Բայց այս ուսուցումին ծնունդ տուողները իրենք չէին։

      3 Ինչպէս պիտի տեսնենք, հոգիի անմահութեան գաղափարին ծագումը, անկէ շա՜տ առաջ էր։ Բայց, Սոկրատ եւ Պղատոն այս միտքը զարդարեցին եւ փիլիսոփայական ուսուցում մը դարձուցին, իրենց օրուան եւ անկէ ետք զարգացած դասակարգերուն աւելի գրաւիչ դարձնելով զայն։

      Պիւթակորասէն՝ Բուրգերը

      4. Սոկրատէն առաջ, Յոյները ի՞նչ կարծիք ունէին Անդէնականին մասին։

      4 Սոկրատէն եւ Պղատոնէն առաջ ապրող Յոյներն ալ կը հաւատային որ մահուընէ ետք հոգին կ’ապրի։ Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն ապրած համբաւաւոր մաթեմատիկոս Պիւթակորաս պաշտպանեց այն գաղափարը թէ հոգին անմահ է եւ՝ այլագաղթումի ենթակայ։ Անկէ առաջ, Մելիտոսի Թալէզը՝ որ կը կարծուի թէ Յոյն ամենահին իմաստասէրն է՝ կը խորհէր որ ոչ միայն մարդոց, անասուններուն եւ բոյսերուն մէջ անմահ հոգի մը գոյութիւն ունի, այլ նաեւ՝ մագնիսի նման իրերու մէջ, քանի որ անիկա կրնայ երկաթը շարժել։ Վաղեմի Յոյները կը դաւանէին որ մեռելներու հոգիները Սթիգս գետին վրայէն նաւարկուելով, ստորերկրեայ աշխարհ կոչուած ոլորտի մը մէջ կը բերուին։ Հոն, դատաւորները հոգիները կը ղրկեն կամ՝ բարձր պատեր ունեցող բանտի մը մէջ տանջուելու, կամ՝ Էլիզիում–ին մէջ երանաւէտ կեանք մը վարելու։

      5, 6. Պարսիկները ի՞նչպէս կը նկատէին հոգին։

      5 Դէպի արեւելք, Իրանի՝ կամ Պարսկաստանի՝ մէջ, Զրադաշտ կոչուող մարգարէ մը երեւան եկաւ Հ.Դ.Ա. եօթներորդ դարուն։ Ան պաշտամունքի կերպ մը ներկայացուց, որ ճանչցուեցաւ որպէս Զրադաշտականութիւն։ Ասիկա Պարսկական Կայսրութեան կրօնքը դարձաւ, որ Յունաստանէն առաջ գլխաւոր պետութիւնն էր։ Զրադաշտական սուրբ գրութիւնները կ’ըսէին. «Անմահութեան մէջ, Արդարին հոգին միշտ Ուրախութեան մէջ պիտի ըլլայ, բայց Ստախօսին հոգին վստահաբար տանջանքի մէջ պիտի ըլլայ։ Իսկ այս Օրէնքները Ահուրա Մազտան [«իմաստուն աստուած մը»] հրամայեց Իր գերիշխան հեղինակութեամբ»։

      6 Հոգիի անմահութեան ուսուցումը նախազրադաշտական Իրանեան կրօնքին մէջ արդէն գոյութիւն ունէր։ Իրանի հին ցեղախումբերը, զոր օրինակ, մեկնողներուն հոգիներուն հոգ կը տանէին, անոնց ուտելիք եւ հագուելիք մատուցանելով, ստորերկրեայ աշխարհին մէջ անոնց օգտակար ըլլալու համար։

      7, 8. Նախկին Եգիպտացիները մարմինին մահուընէ ետք հոգիի վերապրումի մասին ի՞նչ կը հաւատային։

      7 Մահուընէ ետք կեանքի հաւատալը եգիպտական կրօնքին ալ կորիզը կը կազմէր։ Եգիպտացիները կը հաւատային որ մեռած անհատի մը հոգին պիտի դատուի Օզիրիսին կողմէ, որ ստորերկրեայ աշխարհին գլխաւոր չաստուածն էր։ Օրինակ, Հ.Դ.Ա. 14–րդ դարէն նկատուող պապիրոսէ փաստաթուղթ մը ցոյց կու տայ որ Անյուպիսը՝ մեռելներու չաստուածը՝ Հիւնեֆէր դպիրին հոգին կ’առաջնորդէ Օզիրիսին դիմաց։ Կշիռքին վրայ, դպիրին խիղճը ներկայացնող սիրտը կը կշռուի, ճշմարտութեան եւ արդարութեան չաստուածուհիին գլխուն վրայի փետուրով։ Իսկ ուրիշ չաստուած մը՝ Թոթ՝ արդիւնքը կ’արձանագրէ։ Քանի որ Հիւնեֆէրին սիրտը յանցանքով ծանրաբեռնուած չէ, անիկա փետուրէն նուազ կը կշռէ եւ անոր կը թոյլատրուի Օզիրիսի բնագաւառին մէջ մտնել եւ անմահութիւն ստանալ։ Պապիրոսը նաեւ ցոյց կու տար իգական սեռի պատկանող հրէշ մը, որ կշիռքի կողքին կայնած է, պատրաստ՝ լափելու մեռած անհատը, եթէ անոր սիրտը փորձէն չկարենայ անցնիլ։ Եգիպտացիները իրենց մեռելները կը զմռսէին եւ փարաւոններու մարմինները հսկայական բուրգերու մէջ կը պահէին, քանի որ կը հաւատային որ հոգիին վերապրումը մարմնին լաւ պահպանումէն կախեալ է։

      8 Հետեւաբար, վաղեմի զանազան քաղաքակրթութիւններ հասարակաց ուսուցում մը ունէին, որ էր՝ հոգիի անմահութիւնը։ Արդեօք անոնք այս ուսուցումը նո՞յն աղբիւրէն ստացան։

      Մեկնակէտը

      9. Ո՞ր կրօնքը իր ազդեցութիւնը բանեցուց վաղեմի Եգիպտոսի, Պարսկաստանի եւ Յունաստանի վրայ։

      9 Բաբելոնի եւ Ասորեստանի Կրօնքը գիրքը կ’ըսէ. «Վաղեմի աշխարհին մէջ, Եգիպտոս, Պարսկաստան եւ Յունաստան, բաբելոնական կրօնքին ազդեցութիւնը զգացին»։ Այս գիրքը կը շարունակէ ըսել. «Եգիպտոսի եւ Բաբելոնի միջեւ սկիզբէն իսկ եղած շփման ի տես, ինչպէս կը յայտնուի Էլ–Ամառնա սալիկներէն, վստահաբար բազմաթիւ առիթներով եգիպտական աղանդներուն մէջ բաբելոնական տեսակէտներ եւ սովորութիւններ սպրդեցան։ Պարսկաստանի մէջ, Միթրայի աղանդը կը յայտնէ թէ բաբելոնական համոզումներու անվրէպ ազդեցութիւն մը եղած է։ . . . Յունական դիցաբանութեան եւ աղանդներուն մէջ սեմական ուսուցումներու զօրաւոր խառնուրդի մը գոյութիւնը այնքան ընդհանրական կերպով ընդունուած է ուսումնականներու կողմէ, որ յաւելեալ մեկնութիւն չի պահանջուիր։ Այս սեմական ուսուցումները մեծաւ մասամբ գլխաւորաբար բաբելոնական են»։b

      10, 11. Մահուընէ ետք կեանքի մասին Բաբելոնացիներու տեսակէտը ի՞նչ էր։

      10 Սակայն, մահուընէ ետք պատահած բաներուն մասին բաբելոնական տեսութիւնը մեծապէս տարբեր չէ՞ եգիպտական, պարսկական եւ յունական տեսակէտներէն։ Բաբելոնացիներուն պարագային, զոր օրինակ, նկատի առէք Կիլկամէշի Դիւցազներգութիւնը։ Անոր տարեց հերոսը, Կիլկամէշը, մահուան իրողութեամբ տագնապած, անմահութիւնը փնտռելու կ’ելլէ, բայց չի գտներ զայն։ Իր ճամբորդութեան ընթացքին մատռուակուհիի մը կը հանդիպի, որ զինք կը քաջալերէ իր կեանքէն լաւագոյնս օգտուիլ, քանի որ իր փնտռած անվերջ կեանքը պիտի չգտնէ։ Այս դիւցազներգութեան միտք բանին այդ է որ մահը անխուսափելի է, իսկ անմահութեան յոյսը՝ պատրանք։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ Բաբելոնացիները Անդէնականին չէին հաւատար։

      11 Փէնսիլվանիոյ Համալսարանէն Մորիս Ճէսթրօ Կր. ուսուցչապետը, գրեց. «Ո՛չ ժողովուրդը եւ ոչ ալ [Բաբելոնիայի] կրօնական մտքի առաջնորդները դիմագրաւած են ժամանակ մը գոյութիւն ունեցող բանի մը ամբողջական բնաջնջումի հաւանականութիւնը։ [Անոնց տեսակէտով] մահը ուրիշ տեսակ կեանքի մը անցնելու կերպ մըն էր, իսկ անմահութեան հերքումը պարզապէս կը շեշտէր մահուամբ պատճառուած գոյակցութեան փոփոխութենէն խուսափելու անկարելիութիւնը»։ Այո, Բաբելոնացիները նաեւ կը հաւատային որ կեանքը կերպով մը կամ ձեւով մը կը շարունակուի մահուընէ ետք։ Ասիկա կ’արտայայտէին, մեռնողին հետ առարկաներ թաղելով, որոնց պէտք պիտի ունենար Անդէնականին մէջ։

      12-14. (ա) Ջրհեղեղէն ետք, հոգիի անմահութեան ուսուցումը ո՞ւրկէ ծնունդ առաւ։ (բ) Այս վարդապետութիւնը ի՞նչպէս տարածուեցաւ համայն երկրի վրայ։

      12 Որոշ է ուրեմն, որ հոգիի անմահութեան ուսուցումը ետ կ’երթայ մինչեւ վաղեմի Բաբելոն։ Աստուածաշունչի՝ ճշգրիտ պատմութեան կնիքը կրող գրքին համաձայն, Բաբելոն քաղաքը Նեբրովթը հիմնած է, որ Նոյի թոռնորդին էր։c Նոյի օրուան Ջրհեղեղէն ետք, միայն մէկ լեզու եւ մէկ կրօնք կար։ Քաղաքը հիմնելով եւ հոն աշտարակ մը կառուցանելով, Նեբրովթ ուրիշ կրօնքի մը ծնունդ տուաւ։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ որ Բաբելոնի մէջ լեզուները խառնակուելէն ետք, աշտարակը կառուցանողները ձախողելով տարածուեցան եւ նոր սկիզբներ ունեցան, իրենց հետ տանելով իրենց կրօնքը։ (Ծննդոց 10։6-10. 11։4-9) Այս կերպով Բաբելոնի կրօնական ուսուցումները համայն երկրի վրայ տարածուեցան։

      13 Աւանդութեան համաձայն, Նեբրովթ վայրագ մահով մը մեռաւ։ Անոր մահուընէ ետք, Բաբելոնացիները հաւանաբար մեծապէս պատուեցին զինք, որպէս իրենց քաղաքին հիմնադիրը, կառուցանողը եւ առաջին թագաւորը։ Քանի որ Մարովդաք չաստուածը կը կարծուէր Բաբելոնի հիմնադիրը ըլլալ, կարգ մը ուսումնականներ թելադրած են որ Մարովդաքը կը ներկայացնէ աստուածացուած Նեբրովթը։ Եթէ ասիկա ճիշդ է, ուրեմն մարդուն մահուընէ ետք վերապրող անմահ հոգիի մը գաղափարը առնուազն Նեբրովթի մահուան ժամանակ գոյութիւն ունեցած ըլլալու է։ Ամենայնդէպս, պատմութեան էջերը կը յայտնեն որ Ջրհեղեղէն ետք հոգիի անմահութեան ուսուցումը ծնունդ առաւ Բաբելոնէն։

      14 Սակայն, այս վարդապետութիւնը ի՞նչպէս մերօրեայ շատ մը կրօնքներուն կորիզը կազմեց։ Յաջորդ յօդուածով պիտի տեսնենք անոր մուտքը Արեւելեան կրօնքներուն մէջ։

      [Ստորանիշեր]

      a Հ.Դ.Ա. կը նշանակէ «Հասարակ Դարաշրջանէն Առաջ», իսկ՝ Հ.Դ. կը նշանակէ «Հասարակ Դարաշրջան», կամ ինչպէս սովորութիւն է ըսել Յ.Տ., «Յամի Տեառն»։

      b Էլ–Ամառնան եգիպտական Ախէթաթուն քաղաքի աւերակներուն վայրն է, որ կը կարծուի կառուցուած ըլլալ Հ.Դ.Ա. 14–րդ դարուն։

      c Տես՝ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց, էջ 37-54, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

      [Նկարներ՝ էջ 6]

      Ստորերկրեայ աշխարհին մէջ հոգիներու մասին Եգիպտացիներու տեսակէտը

      [Նկար՝ էջ 7]

      Սոկրատ առարկեց որ հոգին անմահ է

  • Գաղափարը մուտք կը գործէ արեւելեան կրօնքներէն ներս
    Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք
    • Գաղափարը մուտք կը գործէ արեւելեան կրօնքներէն ներս

      «Մանկութենէս ի վեր երեւակայութիւնս սնուցանուած է հոգեփոխութեան գաղափարով։ Միշտ կը խորհէի որ հոգիի անմահութիւնը բոլորին կողմէ ընդունուած տիեզերական ճշմարտութիւն մըն է։ Ուստի, մեծապէս ապշեցայ, երբ սորվեցայ որ թէ՛ Արեւելքի եւ թէ Արեւմուտքի կարգ մը մտաւորականներ բուռն կերպով այս համոզումին դէմ խօսած էին։ Արդ, ինծի համար հետաքրքրական է գիտնալ թէ անմահութեան գաղափարը ի՛նչպէս մուտք գործեց Պրահմանականութեան մտայնութեան մէջ»։—ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԸ, ՈՐ ՀԻՆՏՈՒ ԿՐՕՆՔԻՆ ՄԷՋ ՄԵԾՑԱԾ ԷՐ։

      1. Տարբեր կրօնքներու մէջ հոգիի անմահութեան վարդապետութեան զարգացման ու տարածման մասին գիտութիւն ստանալը ինչո՞ւ կը հետաքրքրէ մեզ։

      ՄԱՐԴՈՒՆ անմահ հոգի մը ունենալու գաղափարը ի՞նչպէս մուտք գործած է Պրահմանականութեան եւ Արեւելեան ուրիշ կրօնքներու մէջ։ Այս հարցը կը հետաքրքրէ նաեւ Արեւմուտքի բնակիչները, որոնց շատ ծանօթ չեն այս կրօնքները, որովհետեւ այս հաւատալիքը իւրաքանչիւր անհատի ապագայի հայեացքին վրայ ազդեցութիւն ունի։ Քանի որ ներկայիս շատ մը կրօնքներու մէջ մարդկային անմահութիւնը հասարակաց եզր մըն է, աւելի լաւ հասկացողութիւն եւ հաղորդակցութիւն կրնանք ունենալ, եթէ գիտնանք թէ այս գաղափարը ի՛նչպէս զարգացաւ։

      2. Ինչո՞ւ Հնդկաստանը կրօնական ազդեցութեան յատկանշական աղբիւր մը եղած է Ասիոյ մէջ։

      2 Բրիտանիոյ Լէնգէսթըրի Համալսարանի կրօնական ուսումնասիրութիւններու ուսուցչապետ Նինյըն Սմարթ դիտել կու տայ. «Ասիոյ մէջ կրօնական ազդեցութեան ամենակարեւոր կեդրոնը եղած է Հնդկաստանը։ Ասոր պատճառը միայն այն չէ որ Հնդկաստանէն ծագում առած են որոշ հաւատքներ՝ Պրահմանականութիւնը, Պուտտայականութիւնը, Ճէնականութիւնը, Սիխականութիւնը, եւայլն՝ այլ, ասոնցմէ մէկը, Պուտտայականութիւնը, խոր ազդեցութիւն ունեցաւ Արեւելեան Ասիոյ գրեթէ ամբողջ մշակոյթին վրայ»։ Այս ազդեցութեան ներքեւ եղող շատ մը մշակոյթներ, «տակաւին Հնդկաստանը կը նկատեն իրենց հոգեւոր հայրենիքը», կ’ըսէ Հինտու ուսումնական Նիգիլանընտան։ Արդ, անմահութեան այս ուսուցումը ի՞նչպէս Հնդկաստանի եւ Ասիոյ մնացեալ մասերէն ներս արշաւեց։

      Հոգեփոխութեան Պրահմանական Ուսուցումը

      3. Պատմաբանի մը համաձայն, հոգիներու այլագաղթումի գաղափարը հաւանաբար որո՞նց կողմէ մուտք գործեց Հնդկաստանի մէջ։

      3 Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն, մինչ Յունաստանի մէջ Պիւթակորասը եւ իր հետեւորդները հոգիներու այլագաղթումի տեսութիւնը կը ջատագովէին, Հնդկաստանի մէջ, Ինդոս եւ Գանգէս գետերուն ափին բնակող Հինտու գիտուններ նոյն գաղափարը կը զարգացնէին։ Պատմաբան Արնոլտ Թոյնպիի համաձայն, այս հաւատալիքին միաժամանակ երեւան գալը «յունական եւ հնդկական աշխարհին մէջ՝ դժուար թէ պատահական ըլլար»։ Ան կը նշէ. «[Ազդեցութեան] հաւանական աղբիւրներէն մէկը Եւրասցի թափառական ընկերութիւնն է, որ Ք.Ա. 8–րդ եւ 7–րդ դարերուն իջած է Հնդկաստան, Հարաւ–Արեւմտեան Ասիա, Սեւ Ծովու հիւսիսային ծովափի երկայնքին գտնուող տափաստանային շրջանը, եւ Պալքանեան ու Անատոլէական թերակղզիները»։ Բացայայտօրէն, այս գաղթող Եւրասցի ցեղախումբերը այլագաղթումի գաղափարը իրենց հետ Հնդկաստան տարին։

      4. Հոգիներու այլագաղթումի համոզումը ինչո՞ւ ախորժելի թուեցաւ Հինտու գիտուններուն։

      4 Հնդկաստանի մէջ Պրահմանականութիւնը անկէ առաջ սկսած է, Հ.Դ.Ա. 1500–ի ատենները, Արիական ցեղին հասնելով։ Սկիզբէն իսկ, Պրահմանականութիւնը այն համոզումով էր որ հոգին մարմինէն տարբեր է եւ թէ մահուընէ ետք կը վերապրի։ Հետեւաբար, Հինտուները իրենց նախահայրերը կը պաշտէին եւ իրենց ննջեցեալներուն հոգիներուն համար կերակուր կը դնէին, որպէսզի ուտեն։ Դարեր ետք, երբ հոգիներու այլագաղթումի գաղափարը Հնդկաստան հասաւ, անիկա Հինտու գիտուններուն ախորժելի թուած ըլլալու էր, որոնք չարի եւ մարդկային տառապանքին նման տիեզերական հարցով կը մարտնչէին։ Ասիկա, այդպէս կոչուած Գարմայի՝ պատճառ եւ հետեւանք՝ օրէնքին միացնելով, Հինտու գիտուններ հոգեփոխութեան տեսութիւնը զարգացուցին, որով կեանքի մը մէջի արժանիքներն եւ սխալները, կը վարձատրուին կամ կը պատժուին, յաջորդ կեանքին մէջ։

      5. Պրահմանականութեան համաձայն, հոգիներու վերջնագոյն նպատակակէտը ի՞նչ է։

      5 Բայց ուրիշ գաղափար մըն ալ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ Պրահմանականութեան հոգիի ուսուցման վրայ։ Կրօնքի եւ Բարոյագիտութեան Համայնագիտարան–ը (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Արդարեւ, այնպէս կը թուի թէ այլագաղթումի եւ գարմա–յի վարկածը կազմուած ժամանակ, կամ նոյնիսկ անկէ առաջ, ուրիշ գաղափար մը . . . աստիճանաբար կը զարգանար հիւսիսային Հնդկաստանի մէջ, մտաւորականներու պզտիկ շրջանակէ մը ներս. Պրահման–Աթման–ի [գերագոյն եւ յաւիտենական Պրահմանը, վերջնագոյն իրողութիւնը] փիլիսոփայական յղացումը»։ Այս գաղափարը շաղախուեցաւ հոգեփոխութեան վարկածով, սահմանելու համար Հինտուներու վերջնական նպատակակէտը. այլագաղթումի շրջանէն ազատագրուիլ, որպէսզի վերջնագոյն իրողութեան հետ մէկ ըլլան։ Հինտուներու համաձայն, ասիկա կ’իրագործուի ընկերային գետնի վրայ ընդունելի վարք մը եւ պրահմանական մասնայատուկ գիտութիւնը ունենալու ջանք թափելով։

      6, 7. Արդի Պրահմանականութիւնը ի՞նչ կը հաւատայ Անդէնականին մասին։

      6 Այս կերպով, Հինտու գիտունները հոգիի այլագաղթումի գաղափարը վերածեցին հոգեփոխութեան վարդապետութեան, անոր միացնելով Գարմայի օրէնքը եւ Պրահմանի գաղափարը։ Նոպէլեան մրցանակակիր, բանաստեղծ եւ Հնդկաստանի մօտ Մեքսիկայի նախկին դեսպան Օգթավիօ Փազ կը գրէ. «Պրահմանականութեան հետ գաղափար մըն ալ տարածուեցաւ . . . որ Պրահմանականութեան, Պուտտայականութեան եւ ասիական ուրիշ կրօնքներու առանցքը կը կազմէ. հոգեփոխութիւնը, որ յաջորդական գոյութիւններու մէջ՝ հոգիներու այլագաղթումն է»։

      7 Հոգեփոխութեան վարդապետութիւնը ներկայ Պրահմանականութեան գլխաւոր յենարանն է։ Հինտու իմաստասէր Նիգիլանընտա կ’ըսէ. «Ամէն բարի Հինտուի մը համոզումն է որ անմահութեան հասնիլը միայն քանի մը ընտրեալներու վիճակուած առանձնաշնորհում մը չէ, այլ՝ բոլորին համար բնածին բան մը»։

      Պուտտայականութեան Մէջ Վերածնունդի Շրջանը

      8-10. (ա) Պուտտայականութիւնը ի՞նչպէս կը բացատրէ գոյացութիւն մը։ (բ) Պուտտայական ուսումնական մը ի՞նչպէս կը բացատրէ վերածնունդը։

      8 Պուտտայականութիւնը Հնդկաստանի մէջ հիմնուեցաւ Հ.Դ.Ա. շուրջ 500 թուականին։ Պուտտայական աւանդութեան համաձայն, Պուտտայականութիւնը հիմնուած է Սիտհարթա Կոթամա կոչուող Հնդիկ իշխանի մը կողմէ, որ լուսաւորուելէ ետք ճանչցուեցաւ որպէս Պուտտա։ Քանի որ անիկա ծագում առած է Պրահմանականութենէ, անոր ուսուցումները որոշ չափով նման են Պրահմանականութեան։ Պուտտայականութեան համաձայն, մեր գոյութիւնը վերածնունդի ու մահուան յարատեւ շրջան մըն է, եւ ինչպէս Պրահմանականութիւն մէջ, ընթացիկ կեանքի մէջ իւրաքանչիւր անհատի վիճակը, իր նախկին կեանքին արարքներէն կ’որոշուի։

      9 Բայց Պուտտայականութիւնը գոյացութիւնը չի բացատրեր որպէս մահուընէ ետք վերապրող անձնական հոգի մը։ «[Պուտտան] մարդկային գոյութեան մէջ տեսաւ միայն հոգեկան վիճակներու ոչ–շարունակական վաղանցիկ շարքեր, որոնք իրարու կապուած են միայն ցանկութեամբ», դիտել տուաւ Արնոլտ Թոյնպի։ Սակայն, Պուտտան կը հաւատար որ բան մը՝ վիճակ մը կամ ոյժ մը՝ մէկ կեանքէն միւսին կ’անցնի։ Պուտտայական ուսումնական Տոքթ. Ուալփոլա Ռահուլ կը բացատրէ.

      10 «Գոյութիւն մը պարզապէս ֆիզիքական եւ մտային ուժերու կամ կենսուժերու միացումն է։ Ինչ որ կը սահմանենք որպէս մահ, ֆիզիքական մարմնին ամբողջական անգործութիւնն է։ Այս բոլոր ուժերն եւ կենսուժերը միասնաբար կը դադարի՞ն մարմնին անգործունեայ դառնալով։ Պուտտայականութիւնը ‘Ո՛չ’ կ’ըսէ։ Գոյութիւն ունենալու, շարունակելու, կարելի եղածին չափ շատ կերպարներ առնելու փափաքը, կամեցողութիւնը, ցանկութիւնն ու ծարաւը, հսկայական ոյժ մըն է, որ ամբողջ կեանքեր, ամբողջ գոյութիւններ շարժման մէջ կը դնէ, որ նոյնիսկ ամբողջ աշխարհը կը շարժէ։ Ասիկա աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող մեծագոյն ոյժը, մեծագոյն կենսուժն է։ Պուտտայականութեան համաձայն, այս ոյժը չի դադրիր մարմնի գործունէութիւնը կենալէ ետք, այսինքն մեռնելէ ետք. այլ՝ կը շարունակէ ինքզինք երեւան բերել տարբեր ձեւով, վերագոյակցութիւն մը յառաջ բերելով, որ կը կոչուի վերածնունդ»։

      11. Անդէնականի մասին պուտտայական տեսակէտը ի՞նչ է։

      11 Անդէնականութեան նկատմամբ պուտտայական տեսակէտը հետեւեալն է. Գոյութիւնը յաւիտենական է, ի բացառեալ երբ անհատը հասնի Նիրվանայի վերջնագոյն նպատակակէտին՝ վերածնունդներու շրջանէն ազատագրուելով։ Նիրվանան՝ ո՛չ յաւիտենական երանութեան, ոչ ալ վերջնագոյն իրողութեան հետ մէկ ըլլալու վիճակ մըն է, այլ՝ պարզապէս չգոյութեան վիճակ մը. անհատական գոյութենէն անդին եղող «մահազուրկ վայր» մը։ Ուէպսթըրի Իններորդ Քոլէճական Նոր Բառարան–ը (Անգլերէն) «Նիրվանան» կը սահմանէ որպէս «հոգածութեան, ցաւի կամ դուրսի իրողութիւններու մոռացութեան վայր մը, կամ վիճակ մը»։ Փոխանակ անմահութիւն փնտռելու, Պուտտայականները կը քաջալերուին Նիրվանա հասնելով, անկէ անդին անցնիլ։

      12-14. Պուտտայականութեան տարբեր ձեւեր ի՞նչպէս կը հաղորդեն անմահութեան գաղափարը։

      12 Մինչ Պուտտայականութիւնը Ասիոյ տարբեր մասերը տարածուեցաւ, անիկա իր ուսուցումները բարեփոխեց, որպէսզի տեղւոյն հաւատալիքներուն յարմարի։ Օրինակ, Մահայանա Պուտտայականութիւնը, որ Չինաստանի եւ Ճափոնի մէջ տիրական եղող ձեւ մըն է, երկնային պոտհիսաթվաներու, կամ ապագացու Պուտտաներու կը հաւատայ։ Պոտհիսաթվաները Նիրվանա մուտքը կը յետաձգեն, որպէսզի անհամար վերածնունդներ ունենալով ուրիշներու ծառայեն ու անոնց օգնեն Նիրվանա հասնելու։ Այս կերպով, անհատ մը Նիրվանա հասնելէ ետք իսկ կրնայ ընտրել վերածնունդի շրջանը շարունակել։

      13 Մասնաւորաբար Չինաստանի եւ Ճափոնի մէջ ազդու եղող ուրիշ վերաճշդում մը, Արեւմուտքի Մաքուր Երկրի մը վարդապետութիւնն է, որ ստեղծուած է Ամիթապ կամ Ամիտա Պուտտայի կողմէ։ Պուտտայի անունը հաւատքով կանչողները Մաքուր Երկրին կամ դրախտին մէջ կը վերածնին, ուր վիճակները աւելի նպաստաւոր են վերջնագոյն լուսաւորութեան հասնելու համար։ Այս ուսուցումէն ի՞նչ յառաջ եկած է։ Նախապէս մէջբերուած Սմարթ ուսուցչապետը կը բացատրէ. «Բնականաբար, ժողովուրդին երեւակայութեան մէջ Նիրվանային տեղը առաւ դրախտին սքանչելիքները, որ վառ կերպով բնութագրուած է Մահայանա կարգ մը գրութիւններու մէջ, որպէս գերագոյն նպատակակէտ»։

      14 Թիպէդական Պուտտայականութիւնը ուրիշ տեղական հաւատալիքներ ներմուծած է։ Օրինակ, Թիպէդական մեռելներու գիրքը, վերածնունդէ առաջ անհատի մը միջանկեալ ճակատագիրը կը նկարագրէ։ Կ’ըսուի որ մեռելները վերջնագոյն իրողութեան պայծառ լոյսին կը ցուցադրուին եւ անոնք որ չեն կրնար լոյսը տանիլ, չեն ազատագրուիր, այլ՝ կը վերածնին։ Շատ որոշ կերպով, Պուտտայականութիւնը իր տարբեր ձեւերով անմահութեան գաղափարը կը փոխանցէ։

      Ճափոնական Շինթոյականութեան Մէջ Նախահայրերու Պաշտամունքը

      15-17. (ա) Շինթոյականութեան մէջ նախահայրերու հոգիներուն պաշտամունքը ի՞նչպէս զարգացաւ։ (բ) Շինթոյականութեան մէջ հոգիի անմահութեան գաղափարը ի՞նչպէս հիմնական է։

      15 Հ.Դ. վեցերորդ դարուն Պուտտայականութեան գալէն առաջ, Ճափոնի մէջ կրօնք գոյութիւն ունէր։ Անիկա անանուն կրօնք մըն էր եւ՝ բարոյականի ու մարդոց սովորութիւններուն հետ առնչուող հաւատալիքներէ բաղկացած։ Սակայն, Պուտտայականութիւնը մուտք գործելով, ճափոնական կրօնքը այս օտար կրօնքէն զանազանելու կարիքը տեսնուեցաւ։ Այս կերպով «Շինթօ» անուանակոչումը ծագում առաւ, որ կը նշանակէ՝ «աստուածներու ճամբան»։

      16 Նախնական Շինթոյականութիւնը Անդէնականի մասին ի՞նչ համոզում ունէր։ Ճափոնի Գոտանշա Համայնագիտարան–ին համաձայն, ճախճախուտ կամ խոնաւ հողի վրայ բրինձի մշակութեան ձեռնարկումով, «խոնաւ հողի հողագործութիւնը լաւ կազմակերպուած եւ կայուն համայնքներ կը պահանջէր, իսկ հետագային Շինթոյականութեան մէջ, մեծ դեր խաղցող հողագործական արարողութիւններ զարգացան»։ Մեկնող հոգիներու վախը այդ վաղեմի ժողովուրդները մղեց որ զանոնք հանգստացնելու համար արարողութիւններ հնարեն։ Ասկէ յառաջ եկաւ նախահայրերու հոգիները պաշտելու սովորութիւնը։

      17 Շինթոյականութեան համաձայն, «մեկնող» հոգին տակաւին իր անձնաւորութիւնը ունի, բայց մահուամբ արատաւորուած է։ Երբ սիրելի մը կորսնցնողը յիշատակի արարողութիւններ ընէ, հոգին այն աստիճան կը մաքրուի որ իր վրայէն ամէն չարութիւն կը վերցուի եւ խաղաղ ու բարեսէր նկարագիր մը կը ստանայ։ Ժամանակի ընթացքին, նախահայրերու հոգին կը բարձրանայ մինչեւ նախահայրերու աստուածութեան կամ պահապանի դիրքի։ Քանի որ անիկա Պուտտայականութեան հետ կը գոյակցէր, Շինթոյականութիւնը անկէ կարգ մը ուսուցումներ ներմուծեց, մէջը ըլլալով դրախտի վարդապետութիւնը։ Այսպիսով կը տեսնենք որ անմահութեան գաղափարը Շինթոյականութեան մէջ ալ հիմնական է։

      Անմահութիւնը՝ Թաոյականութեան Մէջ. Նախահայրերու Պաշտամունքը՝ Կոնփիւկիոսականութեան Մէջ

      18. Թաոյականները ի՞նչ կը խորհին անմահութեան մասին։

      18 Թաոյականութիւնը հիմնուած է Լաօ–Ձէիի կողմէ, որ կը կարծուի թէ Չինաստանի մէջ ապրած է Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն։ Թաոյականութեան համաձայն, կեանքի նպատակակէտն է մարդկային գործունէութիւնները ներդաշնակել Թաոյին՝ բնութեան ուղեցոյցին՝ հետ։ Անմահութեան շուրջ Թաոյականութեան գաղափարը հետեւեալ կերպով կարելի է ամփոփել. Թաոն տիեզերքի կառավարող սկզբունքն է։ Ան սկիզբ ու վախճան չունի։ Թաոյի հետ ներդաշնակ ապրելով, անհատ մը անոր մասնակից ու յաւիտենական կ’ըլլայ։

      19-21. Թաոյականներու ենթադրութիւնները ի՞նչ ջանքերու առաջնորդեցին։

      19 Բնութեան հետ միացած ըլլալու իրենց փորձերով, Թաոյականները ժամանակի ընթացքին մասնաւորաբար հետաքրքրուեցան անոր յաւիտենականութեամբ եւ առաձգականութեամբ։ Անոնք ենթադրեցին որ թերեւս Թաոյի՝ կամ բնութեան ուղեցոյցին՝ հետ ներդաշնակ ապրելով, անհատ մը բնութեան գաղտնիքներուն կը թափանցէ ու զերծ կը մնայ ֆիզիքական վնասներէ, ախտերէ եւ նոյնիսկ մահուընէ։

      20 Թաոյականները սկսան փորձել՝ խորհրդածութիւնը, շնչառական մարզանքները եւ սննդականոնը, ենթադրելով թէ ասոնք մարմնին քայքայումը եւ մահը կրնային ուշացնել։ Շուտով սկսան առասպելներ շրջագայիլ անմահներու մասին, որոնք ամպերու վրայ կը թռչին եւ իրենց ուզած ժամանակ կ’երեւան կամ կ’անյայտանան եւ որոնք սրբազան լեռներու կամ հեռաւոր կղզիներու վրայ կ’ապրին անհամար տարիներէ ի վեր, ցօղով կամ կախարդական պտուղներով սնուցանուելով։ Չինական պատմութիւնը կը տեղեկագրէ թէ Հ.Դ.Ա. 219–ին, Չին Շի Հուանկ Թի կայսրը, 3,000 տղաք ու աղջիկներ պարունակող նաւախումբ մը ղրկեց, որպէսզի Փէնկ–լայի առասպելական կղզին՝ անմահներու բնակարանը՝ գտնեն, ետ բերել տալու համար անմահութեան խոտը։ Պէտք չկայ ըսելու որ անոնք առանց կենսաջուրին վերադարձան։

      21 Յաւիտենական կեանքի փնտռտուքը Թաոյականները առաջնորդեց որ ալքիմիայի միջոցաւ անմահութեան դեղահատերու պատրաստութեամբ զբաղին։ Թաոյականներու համաձայն, կեանքը արդիւնքն է իրար հակադրող յին եւ յանկ (իգական եւ արական) ուժերու միացումին։ Ուստի, կապարը (մութ գոյն, կամ յինը) եւ սնդիկը (բաց գոյն, կամ յանկը) իրար խառնելով, ալքիմիկոսները կ’ընդօրինակէին բնութեան գործընթացը եւ կը խորհէին որ արդիւնքը պիտի ըլլար անմահութեան դեղահատ մը։

      22. Չինական կրօնական կեանքին վրայ Պուտտայականներու ազդեցութեան արդիւնքը ի՞նչ եղած է։

      22 Հ.Դ. եօթներորդ դարուն, Պուտտայականութիւնը չինական կրօնական կեանքէն ներս խուժեց։ Հետեւանքը եղաւ Պուտտայականութեան, ոգեհարցութեան եւ նախահայրերու պաշտամունքի տարրերուն միաձուլումը։ Սմարթ ուսուցչապետը կ’ըսէ. «Թէ՛ Պուտտայականութիւնը եւ թէ Թաոյականութիւնը անդէնականի մասին հաւատալիքներու կերպար ու ձեւ տուին, որոնք բաւական տարտամ էին վաղեմի չինական նախահայրերու պաշտամունքի դրութեան մէջ»։

      23. Նախահայրերու պաշտամունքին նկատմամբ Կոնփիւկիոսի դիրքը ի՞նչ էր։

      23 Կոնփիւկիոս՝ որ Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն Չինաստանի կարկառուն ուրիշ մէկ գիտունն էր, որու փիլիսոփայութիւնը Կոնփիւկիոսականութեան հիմը կազմեց՝ շատ բան չխօսեցաւ Անդէնականի մասին։ Այլ, ան շեշտ դրաւ բարոյական բարութեան եւ ընկերային գետնի վրայ ընդունելի վարք մը ունենալու վրայ։ Սակայն, նախահայրերու պաշտամունքին նկատմամբ նպաստաւոր դիրք մը ունէր եւ մեծ շեշտ դրաւ մեկնող նախահայրերու հոգիներուն հետ առնչուած ծէսերու ու արարողութիւններու վրայ։

      Արեւելեան Ուրիշ Կրօնքներ

      24. Ճէնականութիւնը ի՞նչ կը սորվեցնէ հոգիի մասին։

      24 Ճէնականութիւնը Հնդկաստանի մէջ հաստատուեցաւ Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն։ Անոր հիմնադիրը՝ Մէհավիրէ՝ սորվեցուց որ բոլոր ապրող բաները յաւիտենական հոգի ունին եւ թէ Գարմայի կապանքներէն հոգիներուն փրկութիւնը կարելի է միայն ծայր աստիճան ինքնամերժութեամբ եւ ինքնակրթութեամբ եւ բոլոր արարածներուն հանդէպ անվայրագ վարմունքի անթեք կիրարկումով։ Ճէնականները այս հաւատալիքներուն կառչած մնացած են մինչեւ օրս։

      25, 26. Պրահմանական ի՞նչ հաւատալիքներ կը գտնենք նաեւ Սիխականութեան մէջ։

      25 Հնդկաստանը՝ Սիխականութեան ալ օրրանն է, որու կը հետեւին շուրջ 19 միլիոն անհատներ։ Այս կրօնքը սկսաւ ԺԶ. դարուն, երբ Կուրու Նանագը որոշեց Պրահմանականութեան եւ Իսլամութեան լաւագոյն մասերը միաձուլելով միացեալ կրօնք մը հիմնել։ Սիխականութիւնը՝ հոգիի անմահութեան, հոգեփոխութեան եւ Գարմայի պրահմանական հաւատալիքները որդեգրեց։

      26 Ուստի յստակ է թէ մարմնին մեռնելէն ետք կեանքի գոյատեւման հաւատալը Արեւելեան շատ մը կրօնքներու անբաժան մէկ մասն է։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել Քրիստոնեայ Աշխարհի, Հրէականութեան եւ Իսլամութեան մասին։

      [Քարտէս՝ էջ 10]

      (Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

      ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԱՍԻԱ

      ՔԱՇՄԻՐ

      ԹԻՊԷԴ

      ՉԻՆԱՍՏԱՆ

      ՔՈՐԷԱ

      ՃԱՓՈՆ

      Պէնարէս

      ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ

      Պուտ Կէիա

      ՄԻԱՆՄԱՐ

      ԹԱՅԼԱՆՏ

      ԳԱՄՊՈՏԻԱ

      ՍՐԻ ԼԱՆՔԱ

      ՃԱՎԱ

      Հ.Դ.Ա. ԵՐՐՈՐԴ ԴԱՐ

      Հ.Դ.Ա. ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՐ

      Հ.Դ. ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՐ

      Հ.Դ. ՉՈՐՐՈՐԴ ԴԱՐ

      Հ.Դ. ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԴԱՐ

      Հ.Դ. ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ԴԱՐ

      Պուտտայականութիւնը Ասիոյ ամբողջ արեւելքի վրայ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ

      [Նկար՝ էջ 9]

      Հոգեփոխութիւնը՝ Պրահմանականութեան գլխաւոր յենարանն է

      [Նկար՝ էջ 11]

      Բնութեան հետ ներդաշնակ ապրելով, Թաոյականները կը ջանան յաւիտենական ըլլալ

      [Նկար՝ էջ 12]

      Կոնփիւկիոս նախահայրերու պաշտամունքին նկատմամբ նպաստաւոր դիրք մը ունէր

  • Գաղափարը մուտք կը գործէ հրէականութեան, քրիստոնեայ աշխարհի եւ իսլամութեան մէջ
    Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք
    • Գաղափարը մուտք կը գործէ հրէականութեան, քրիստոնեայ աշխարհի եւ իսլամութեան մէջ

      «Կրօնքը, ի միջի այլոց, մարդիկը հաշտեցնելու կերպ մըն է այն իրողութեան հետ թէ օր մը պէտք է մեռնին, գերեզմանէն ետք աւելի լաւ կեանքի, վերածնունդի խոստումը, եւ կամ երկուքը, ունենալով»։—ԿԷՐՀԱՐՏ ՀԷՐՄ, ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ՀԵՂԻՆԱԿ։

      1. Կրօնքներուն մեծամասնութիւնը մահուընէ ետք կեանքի խոստումը ո՞ր հաւատալիքին վրայ հիմնած են։

      ԱՆԴԷՆԱԿԱՆԻ խոստում մը տալով, գրեթէ ամէն կրօնք հիմնուած կ’ըլլայ այն հաւատալիքին վրայ թէ մարդիկ անմահ հոգի մը ունին, որ մահուընէ ետք ուրիշ ոլորտ մը կը ճամբորդէ, կամ ուրիշ արարածի մը մէջ կը գաղթէ։ Ինչպէս նշեցինք նախորդ բաժնին մէջ, մարդկային անմահութեան հաւատալը Արեւելեան կրօնքներուն անբաժան մէկ մասը եղած է, անոնց յղացումէն իսկ։ Բայց ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Հրէականութեան, Քրիստոնեայ Աշխարհի եւ Իսլամութեան մասին։ Այս ուսուցումը ի՞նչպէս այս կրօնքներուն առանցքը դարձած է։

      Հրէականութիւնը կ’Իւրացնէ Յունական Գաղափարներ

      2, 3. Հրէական Համայնագիտարան–ին համաձայն, Եբրայերէն սուրբ գրութիւնները հոգիի անմահութիւն կը սորվեցնե՞ն։

      2 Հրէականութեան արմատը շուրջ 4,000 տարի ետ կ’երթայ, մինչեւ Աբրահամ։ Եբրայերէն սուրբ գրութիւնները սկսան գրուիլ Հ.Դ.Ա. տասնըվեցերորդ դարուն եւ ամբողջացան այն ժամանակները, երբ Սոկրատն ու Պղատոնը հոգիի անմահութեան վարկածին ձեւ կու տային։ Այս Սուրբ Գրութիւնները հոգիի անմահութիւն կը սորվեցնէի՞ն։

      3 Հրէական Համայնագիտարան–ը կը պատասխանէ. «Սուրբ գրային ժամանակներէն ետքն է միայն որ հոգիի անմահութեան որոշ եւ հաստատ հաւատալիք մը բանաձեւուեցաւ . . . եւ հրէական ու քրիստոնէական հաւատքներուն անկիւնաքարերէն մէկը եղաւ»։ Ան նաեւ կը նշէ. «Սուրբ գրային ժամանակներուն, անձ մը որպէս ամբողջութիւն մը կը նկատուէր։ Հետեւաբար հոգին՝ մարմինէն բոլորովին անջատ բան մը չէր»։ Նախկին Հրեաները մեռելներու յարութեան կը հաւատային, եւ ասիկա «հոգիի անմահութեան . . . հաւատալիքէն պէտք է զատորոշել», կ’ըսէ համայնագիտարանը։

      4-6. Հոգիի անմահութեան վարդապետութիւնը ի՞նչպէս Հրէականութեան «անկիւնաքարերէն մէկը» դարձաւ։

      4 Արդ, այս վարդապետութիւնը ի՞նչպէս Հրէականութեան «անկիւնաքարերէն մէկը» դարձաւ։ Պատմութիւնը պատասխանը կու տայ։ Հ.Դ.Ա. 332–ին, Մեծն Աղեքսանդրը կայծակի արագութեամբ գրաւեց Միջին Արեւելքի մեծ մասը։ Երբ Երուսաղէմ հասաւ, Հրեաները գրկաբաց զինք ընդունեցին։ Առաջին դարու Հրեայ պատմաբան Յովսեպոս Ֆլաւիոսի համաձայն, անոնք նոյնիսկ իրեն ցոյց տուին աւելի քան 200 տարի առաջ գրուած Դանիէլի գրքին մարգարէութիւնը, որ յստակօրէն կը նկարագրէր «Յոյներու թագաւոր»ին դերը ունեցող Աղեքսանդրի յաղթանակները։ (Դանիէլ 8։5-8, 21) Աղեքսանդրի յաջորդները հելլենացնելու իր ծրագիրը շարունակեցին, որ էր կայսրութեան բոլոր մասերէն ներս թափանցել տալ յունական լեզուն, մշակոյթը եւ փիլիսոփայութիւնը։ Յունական եւ հրէական երկու մշակոյթներու միաձուլումը անխուսափելի էր։

      5 Հ.Դ.Ա. երրորդ դարուն սկիզբը, Եբրայերէն Գրութիւններու՝ Յունարէնի առաջին թարգմանութիւնը սկսաւ, որ կոչուեցաւ Եօթանասնից։ Անով բազմաթիւ հեթանոսներ հրէական կրօնքին հանդէպ յարգանք եւ ծանօթութիւն ունեցան, ոմանք նոյնիսկ այդ կրօնքը որդեգրեցին։ Միւս կողմէ, Հրեաները հաղորդակցութեան մէջ կու գային յունական միտքերու հետ եւ անոնցմէ ոմանք փիլիսոփաներ դարձան, ինչ որ ամբողջովին նորութիւն մըն էր իրենց համար։ Աղեքսանդրիոյ Փիլոն, Հ.Դ. առաջին դարու այսպիսի Հրեայ փիլիսոփայ մըն էր։

      6 Փիլոն կը մեծարէր Պղատոնը եւ ջանաց Հրէականութիւնը բացատրել յունական փիլիսոփայութեան բառերով։ Երկինք՝ Պատմութիւն մը (Անգլերէն) գիրքը կ’ըսէ. «Պղատոնական փիլիսոփայութեան ու սուրբ գրային աւանդութեան յատուկ համադրութիւն մը ստեղծելով, Փիլոն հետագայ Քրիստոնեայ [ինչպէս նաեւ Հրեայ] մտաւորականներու համար ճամբան հարթեց»։ Իսկ հոգիի մասին ի՞նչ էր Փիլոյի համոզումը։ Գիրքը կը շարունակէ ըսել. «Իրեն համար, մահուամբ հոգին կը վերադառնայ իր նախնական, նախածննդեան վիճակին։ Քանի որ հոգին հոգեւոր աշխարհին կը պատկանի, մարմնի մէջ կեանքը պարզապէս հակիրճ, յաճախ անբախտ միջադէպ մը կը դառնայ»։ Հոգիի անմահութեան հաւատացող Հրեայ ուրիշ մտաւորականներու շարքին են Ժ. դարու հռչակաւոր Հրեայ բժիշկ՝ Այզաք Իսրայէլին եւ ԺԸ. դարու Գերման–Հրեայ փիլիսոփայ՝ Մոզըս Մէնտըլսընը։

      7, 8. (ա) Թալմուտը ի՞նչպէս կը նկարագրէ հոգին։ (բ) Հրէական հետագայ խորհրդապաշտական գրականութիւնը ի՞նչ կ’ըսէ հոգիի մասին։

      7 Հրէական մտքին ու կեանքին վրայ խոր ազդեցութիւն ունեցող գիրք մըն է նաեւ Թալմուտը, որ բերանացի կոչուած օրէնքին գրուած ամփոփումն է՝ Հ.Դ. երկրորդ դարէն մինչեւ Միջին Դարեր ռաբբիներու կողմէ համադրուած, այս օրէնքին հետագայ մեկնաբանութիւններով ու բացատրութիւններով։ Հրէական Համայնագիտարան–ը կ’ըսէ. «Թալմուտի ռաբբիները կը հաւատային մահուընէ ետք հոգիի շարունակական գոյութեան»։ Թալմուտը նոյնիսկ կը խօսի ողջերուն հետ մեռելներու ունեցած շփումին մասին։ Կրօնքի եւ Բարոյագիտութեան Համայնագիտարան–ը (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Հաւանաբար պղատոնական ազդեցութեան որպէս արդիւնք, [ռաբբիները] կը հաւատային հոգիներու նախագոյութեան»։

      8 Հետագային, հրէական խորհրդապաշտական գրականութիւնը՝ Գապալան՝ մինչեւ իսկ հոգեփոխութիւն կ’ուսուցանէր։ Հրէական Նոր ‘Սթենտըրտ’ Համայնագիտարան–ը (Անգլերէն) այս հաւատալիքին մասին կը նշէ. «Այնպէս կը թուի որ գաղափարը Հնդկաստանի մէջ ծագում առաւ։ . . . Գապալայի մէջ, անիկա առաջին անգամ երեւան կու գայ Պահիր գրքին մէջ, եւ ապա Զոհար–էն ետք, սովորաբար ընդունուեցաւ խորհրդապաշտներուն կողմէ, կարեւոր դեր մը խաղալով հասիտական հաւատքին եւ գրականութեան մէջ»։ Ներկայ Իսրայէլի մէջ, հոգեփոխութիւնը ընդհանուրին կողմէ ընդունուած է որպէս հրէական ուսուցում մը։

      9. Ներկայ Հրէականութեան տարբեր հատուածներու մեծամասնութեան տեսակէտը ի՞նչ է հոգիի անմահութեան շուրջ։

      9 Ուրեմն, հոգիի անմահութեան գաղափարը, Հրէականութեան մէջ մտաւ յունական փիլիսոփայութեան ազդեցութեամբ եւ այս յղացումը ներկայիս որպէս իրողութիւն ընդունուած է անոր շատ մը հատուածներուն կողմէ։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ այս ուսուցումին մուտք գործելուն մասին։

      Քրիստոնեայ Աշխարհը կ’Որդեգրէ Պղատոնի Խորհուրդները

      10. Սպանացի կարկառուն ուսումնական մը ի՞նչ եզրակացուց հոգիի անմահութեան շուրջ Յիսուսի հաւատքին մասին։

      10 Ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը սկսաւ Յիսուս Քրիստոսով։ Յիսուսի մասին, Ի. դարու Սպանացի կարկառուն ուսումնական Միկէլ տէ Ունամունօ գրեց. «Ան կը հաւատար մարմնի յարութեան, հրէական կերպին համաձայն, եւ ոչ թէ հոգիի անմահութեան, ըստ [Յոյն] պղատոնական կերպին։ . . . Ասոր ապացոյցը կարելի է տեսնել մեկնաբանութիւն տուող որեւէ պարկեշտ գրքի մէջ»։ Ան եզրակացուց. «Հոգիի անմահութիւնը . . . հեթանոս փիլիսոփայական վարդապետութիւն մըն է»։

      11. Յունական փիլիսոփայութիւնը ե՞րբ ներթափանցեց Քրիստոնէութեան մէջ։

      11 «Հեթանոս փիլիսոփայական [այս] վարդապետութիւն»ը ե՞րբ եւ ի՞նչպէս թափանցեց Քրիստոնէութենէն ներս։ Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը (Անգլերէն) կը նշէ. «Յ.Տ. երկրորդ դարու կէսէն սկսեալ, որոշ չափով յունական փիլիսոփայութեամբ դաստիարակուած կարգ մը Քրիստոնեաներ սկսան իրենց հաւատքը անոր համաձայն արտայայտելու կարիքը զգալ, թէ՛ իրենց մտային յագեցման եւ թէ զարգացած հեթանոսները դարձի բերելու համար։ Անոնք պղատոնական փիլիսոփայութիւնը ամենէն յարմարը գտան»։

      12-14. Որոգինէսը եւ Օգոստինոսը ի՞նչ դեր խաղցած են պղատոնական փիլիսոփայութիւնը Քրիստոնէութեան հետ ձուլելու մէջ։

      12 Այսպիսի երկու փիլիսոփաներ, շատ մեծ ազդեցութիւն բանեցուցին Քրիստոնեայ Աշխարհի վարդապետութիւններուն վրայ։ Անոնցմէ մէկն էր Աղեքսանդրիոյ Որոգինէսը (Հ.Դ. շուրջ 185-254), իսկ միւսը՝ Հիպպոյի Օգոստինոսը (Հ.Դ. 354-430)։ Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարան–ը (Անգլերէն) ասոնց մասին կ’ըսէ. «Միայն, Արեւելքի մէջ Որոգինէսով եւ Արեւմուտքի մէջ Սբ. Օգոստինոսով՝ հոգին հաստատուեցաւ որպէս հոգեղէն նիւթ մը եւ անոր բնոյթին շուրջ փիլիսոփայական գաղափար մը յղացուեցաւ»։ Իսկ Որոգինէսը եւ Օգոստինոսը հոգիի մասին իրենց յղացումները ի՞նչ բանի վրայ հիմնեցին։

      13 Որոգինէսը աշակերտն էր Աղեքսանդրիոյ Կղեմէսի, որ «հոգիի մասին յունական աւանդութիւններէն բացայայտօրէն փոխ առնող առաջին Հայրն էր», կ’ըսէ Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարան–ը։ Որոգինէս խորապէս տպաւորուած ըլլալու էր հոգիի մասին Պղատոնի գաղափարներէն։ «[Որոգինէս] քրիստոնէական վարդապետութեան մէջ հոգիի մասին բոլոր ուսուցումները կերտեց, զորս Պղատոնէն առաւ», կը նշէ աստուածաբան Վէրնէր Ճէյկըր, Հարվըրտի Աստուածաբանական Պարբերաթերթ–ին մէջ։

      14 Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ ոմանք Օգոստինոսը կը նկատեն որպէս միջին դարերու նախորդող ժամանակաշրջանի մեծագոյն մտաւորականը։ 33 տարեկան հասակին «Քրիստոնէութեան» դառնալէն առաջ, Օգոստինոս մեծապէս հետաքրքրուած էր փիլիսոփայութեամբ եւ Նոր–պղատոնականութեան ջատագով մը եղած էր։a Դարձի գալէն ետք, ան շարունակեց մտքով Նոր–պղատոնական մնալ։ «Իր միտքը ձուլարան մըն էր, որու մէջ Նոր Կտակարանի կրօնքը ամբողջովին միաձուլուած էր յունական փիլիսոփայութեան պղատոնական աւանդութեան հետ», կ’ըսէ Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը (Անգլերէն)։ Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարան–ը (Անգլերէն) կ’ընդունի որ Օգոստինոսի «[հոգիի] վարդապետութիւնը, որ մինչեւ ԺԲ. դարու վերջերը Արեւմուտքի մէջ ընդունուած չափանիշ մը եղաւ, շատ բան կը պարտէր . . . Նոր–պղատոնականութեան»։

      15, 16. ԺԳ. դարու Արիստոտէլի ուսուցումներուն նկատմամբ եկեղեցիին հետաքրքրութիւնը, հոգիի անմահութեան մասին անոր տեսակէտը փոխե՞ց։

      15 ԺԳ. դարուն, Արիստոտէլի ուսուցումները Եւրոպայի մէջ շատ մեծ ժողովրդականութիւն սկսած էին շահիլ, մեծաւ մասամբ քանի որ Արիստոտէլի գրութիւններու մասին լայն բացատրութիւններ տուող Արաբ ուսումնականներու գործերը մատչելի էին Լատիներէնով։ Կաթողիկէ ուսումնական Թոմաս Ագուինաս խորապէս տպաւորուած էր Արիստոտէլեան մտքերով։ Ագուինասի գրութիւններուն պատճառաւ, Արիստոտէլի տեսակէտները շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունեցան եկեղեցիի ուսուցումին վրայ, քան՝ Պղատոնինը։ Սակայն այս հոսանքը հոգիի անմահութեան ուսուցումին չազդեց։

      16 Արիստոտէլ սորվեցուց որ հոգին մարմինին անբաժանելի մէկ մասն էր եւ մահուընէ ետք անջատաբար իր գոյութիւնը չէր շարունակեր, իսկ եթէ մարդուն մէջ յաւիտենական բան մը գոյութիւն ունէր, անիկա ալ վերացական, անձնաւորութիւն չունեցող իմացականութիւնն է։ Հոգին այսպէս նկատելը, մահուընէ ետք վերապրող անձնական հոգիներու եկեղեցիին հաւատքին հետ համաձայն չէր։ Հետեւաբար, Ագուինաս բարեփոխեց հոգիի մասին Արիստոտէլի տեսակէտը, պնդելով որ հոգիի անմահութիւնը կարելի է բանաւոր կերպով փաստել։ Այս կերպով, հոգիի անմահութեան մասին եկեղեցիին հաւատալիքը նոյնը մնաց։

      17, 18. (ա) ԺԶ. դարու Բարեկարգութիւնը հոգիի ուսուցումին մէջ բարեկարգում մտցո՞ւց։ (բ) Հոգիի անմահութեան շուրջ Քրիստոնեայ Աշխարհի շատ մը յարանուանութիւններուն դիրքը ի՞նչ է։

      17 ԺԴ. եւ ԺԵ. դարերու ընթացքին, Վերածնունդի սկզբնական շրջանին, Պղատոնի հանդէպ հետաքրքրութիւնը վերարծարծուեցաւ։ Իտալիոյ մէջ հռչակաւոր Մէտիչի ընտանիքը նոյնիսկ Ֆլորանսի մէջ ակադեմիա հաստատուելու մէջ իր նպաստը բերաւ, Պղատոնի փիլիսոփայութեան ուսումնասիրութիւնը յառաջ տանելու համար։ ԺԶ. եւ ԺԷ. դարերուն, Արիստոտէլի հանդէպ հետաքրքրութիւնը նուազեցաւ։ Իսկ ԺԶ. դարու Բարեկարգութիւնը, հոգիի մասին ուսուցումը չբարեկարգեց։ Թէեւ Բողոքական Բարեկարգիչները քաւարանի ուսուցումին դէմ առարկութիւն ըրին, բայց յաւիտենական պատիժի կամ վարձատրութեան գաղափարը ընդունեցին։

      18 Այս կերպով, հոգիի անմահութեան ուսուցումը Քրիստոնեայ Աշխարհի բոլոր յարանուանութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ։ Ասիկա նշմարելով, Ամերիկացի ուսումնական մը գրեց. «Իրականութեան մէջ, Արեւմտեան աշխարհի մարդոց մեծամասնութեան համար, կրօնք պարզապէս կը նշանակէ՝ անմահութիւն։ Աստուած է անմահութեան հայթայթիչը»։

      Անմահութիւնը եւ Իսլամութիւնը

      19. Իսլամական կրօնքը ե՞րբ հաստատուեցաւ եւ որո՛ւ կողմէ։

      19 Իսլամութիւնը սկսաւ, երբ Մուհամմէտ շուրջ 40 տարեկանին մարգարէ մը ըլլալու հրաւէր ստացաւ։ Սովորաբար Մահմետականները կը հաւատան որ ան յայտնութիւններ ստացաւ 20-23 տարիներու շրջանի մը մէջ, Հ.Դ. 610–էն մինչեւ իր մահը՝ Հ.Դ. 632։ Այս յայտնութիւնները արձանագրուած են Գուրանին՝ Մահմետականներու սուրբ գրքին մէջ։ Երբ Իսլամութիւնը կերպար առաւ, հոգիի մասին պղատոնական գաղափարը արդէն ներթափանցած էր Հրէականութեան եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ։

      20, 21. Մահմետականները ի՞նչ կը հաւատան Անդէնականի մասին։

      20 Մահմետականները կը հաւատան որ իրենց հաւատքը՝ հաւատարիմ Եբրայեցիներուն եւ վաղեմի Քրիստոնեաներուն տրուած յայտնութիւններուն վերջնակէտն է։ Գուրանը թէ՛ Եբրայերէն եւ թէ Յունարէն Գրութիւններէն մէջբերումներ կ’ընէ։ Սակայն, հոգիի անմահութեան ուսուցումին մէջ, անիկա այս գրութիւններէն կը շեղի։ Անիկա կը սորվեցնէ որ մարդը հոգի մը ունի, որ մահուընէ ետք կը շարունակէ ապրիլ։ Անիկա նաեւ կը խօսի մեռելներու յարութեան, դատաստանի օրուան եւ հոգիին վերջնական ճակատագրին մասին. կա՛մ երկնային դրախտ պարտէզի մը մէջ կեանք, եւ կամ կրակոտ դժոխքի մը մէջ՝ պատիժ։

      21 Մահմետականները կը հաւատան որ մեռած անհատի մը հոգին կ’երթայ Պէրզէխ, կամ «Բաժանում», «վայր մը կամ վիճակ մը, ուր մարդիկ մահուընէ ետք եւ Դատաստանէն առաջ կը մնան»։ (Սուրա 23։99, 100, Սուրբ Գուրան, ստորանիշ) Հոգին գիտակից է, Պէրզէխ–ի մէջ «Գերեզմանի Պատիժ»ի կ’ենթարկուի՝ եթէ անհատը չար եղած է, կամ՝ ուրախութիւն կը վայելէ, եթէ հաւատարիմ գտնուած է։ Բայց հաւատարիմներն ալ պէտք է քիչ մը տանջուին, իրենց կենդանութեան ժամանակ գործած քանի մը մեղքերուն համար։ Դատաստանի օրը, ամէն մէկը իր յաւիտենական ճակատագրին պիտի ենթարկուի եւ այսպիսով վերջ պիտի գտնէ այդ միջանկեալ վիճակը։

      22. Արաբ կարգ մը փիլիսոփաներ հոգիի ճակատագրին մասին ի՞նչ տարբեր վարկածներ ներկայացուցին։

      22 Հոգիի անմահութեան գաղափարը Հրէականութեան եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ մտած է Պղատոնական ազդեցութեան պատճառաւ, բայց Իսլամութեան մէջ անիկա սկիզբէն կերտուած է։ Ասիկա ըսել չուզեր թէ Արաբ ուսումնականները չեն փորձած միախառնել իսլամական ուսուցումները եւ յունական փիլիսոփայութիւնը։ Արդարեւ, արաբական աշխարհը մեծապէս ազդուած էր Արիստոտէլի գործերէն։ Իսկ Ըպն Սինայի եւ Ըպն Րուշտի նման Արաբ ականաւոր ուսումնականներ Արիստոտէլեան գաղափարներ մեկնած եւ ընդլայնած են։ Սակայն, ջանալով հոգիի մասին յունական միտքերը իսլամական ուսուցումին հետ ներդաշնակել, անոնք նոր վարկածներ զարգացուցին։ Օրինակ, Ըպն Սինան ըսաւ որ անհատի մը հոգին անմահ է։ Սակայն, Ըպն Րուշտը միւս կողմէ այդ տեսակէտին դէմ խօսեցաւ։ Այսպիսի տարբեր տեսակէտներ ըլլալով հանդերձ, Մահմետականները կը շարունակեն հաւատալ հոգիի անմահութեան։

      23. Հոգիի անմահութեան հարցով ի՞նչ կրնանք ըսել Հրէականութեան, Քրիստոնեայ Աշխարհի եւ Իսլամութեան մասին։

      23 Որոշ է ուրեմն, որ Հրէականութիւնը, Քրիստոնեայ Աշխարհը եւ Իսլամութիւնը բոլորն ալ կը սորվեցնեն հոգիի անմահութեան վարդապետութիւնը։

      [Ստորանիշ]

      a Նոր–պղատոնականութիւն. Պղատոնի փիլիսոփայութեան նոր երեսակ մը, զոր Պղոտինոս զարգացուց երրորդ դարու Հռովմի մէջ։

      [Նկար՝ էջ 14]

      Մեծն Աղեքսանդրի յաղթանակը յունական եւ հրէական մշակոյթները միախառնեց

      [Նկարներ՝ էջ 15]

      Որոգինէս, վերեւը, եւ Օգոստինոս ջանացին պղատոնական փիլիսոփայութիւնը միաձուլել Քրիստոնեայ Աշխարհի հետ

      [Նկարներ՝ էջ 16]

      Ըպն Սինա, վերեւը, ըսաւ որ հոգին անմահ է։ Ըպն Րուշտը այս տեսակէտին դէմ արտայայտուեցաւ

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել