Դատաստանի աթոռին առջեւ ի՞նչ վճիռ պիտի ստանանք
«Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն իր փառաց աթոռը պիտի նստի»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 25։31
1-3. Արդարութեան նկատմամբ լաւատես ըլլալու ի՞նչ պատճառ ունինք։
‘ՅԱՆՑԱՒՈ՞Ր ԹԷ ԱՆՄԵՂ’՝ հարց կու տան շատեր, երբ որոշ դատերու մասին տեղեկագրութիւններ կը լսեն։ Դատաւորներ եւ երդուեալներ թերեւս ջանան պարկեշտ ըլլալ, այսուհանդերձ արդարութիւնը սովորաբար կը գերակշռէ՞։ Դատական գործընթացներու մէջ անարդարութեան եւ անիրաւութեան մասին չէ՞ք լսած։ Այսպիսի անարդարութիւն նոր չէ, ինչպէս կը տեսնենք Ղուկաս 18։1–8–ին մէջ յիշուած Յիսուսի առակէն։
2 Մարդկային արդարութեան հետ ի՛նչ ալ եղած ըլլայ ձեր փորձառութիւնը, Յիսուսի եզրակացութիւնը նկատի առէք. «Աստուած իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի չընէ՞, որոնք ցորեկ ու գիշեր իրեն կ’աղաղակեն ...։ Ձեզի կ’ըսեմ թէ շուտով անոնց իրաւունք պիտի ընէ. բայց Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»։
3 Այո, Եհովա հոգ պիտի տանի որ իր ծառաներուն վերջապէս իրաւունք ըլլայ։ Ասոր մէջ, Յիսուսն ալ պարփակուած է, մանաւանդ հիմա, քանի որ ներկայ ամբարիշտ դրութեան «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք։ Եհովա շուտով իր հզօր Որդին պիտի գործածէ երկրէն չարութիւնը սրբելու համար։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։7, 8. Յայտնութիւն 19։11–16) Կրնանք Յիսուսի դերը ըմբռնել իր տուած վերջին առակներէն մէկը քննելով, որ յաճախ կոչուած է ոչխարներու եւ այծերու առակը։
4. Ոչխարներու եւ այծերու առակին կատարման ժամանակը ինչպէ՞ս հասկցած ենք, բայց հիմա ինչո՞ւ այս առակին ուշադրութիւն պիտի ընծայենք։ (Առակաց 4։18)
4 Վաղուց ի վեր այդ միտքը կար որ այս առակը կը նկարագրէր Յիսուսը, որ իր գահին վրայ կը նստի որպէս Թագաւոր 1914–ին եւ անկէ ի վեր, դատավճիռ կ’արձակէ. ոչխարանման անհատներուն՝ յաւիտենական կեանք, իսկ այծանըմաններուն՝ վերջնական մահ։ Բայց այս առակին վերաքննութիւնը անոր կատարման ժամանակին ու պատկերացուցած նիւթին շուրջ վերաճշդուած հասկացողութեան մը կը մատնանշէ։ Այս նրբութիւնը մեր քարոզչութեան եւ մարդոց ընդառաջումին նշանակութեան կարեւորութիւնը կը շեշտէ։ Առակին այս աւելի խոր հասկացողութեան հիմը ըմբռնելու համար, նկատի առնենք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ ցոյց կու տայ Եհովայի եւ Յիսուսի մասին, որոնք թէ՛ Թագաւորներ եւ թէ Դատաւորներ են։
Եհովա՝ Գերագոյն Դատաւորը
5, 6. Ինչո՞ւ յարմար է Եհովան թէ՛ Թագաւոր մը եւ թէ Դատաւոր մը նկատել։
5 Ամէն բանի վրայ լիազօրութիւն ունենալով, Եհովա տիեզերքին կը տիրէ։ Սկիզբ ու վախճան չունենալով, ան «յաւիտենական Թագաւոր» է։ (Ա. Տիմոթէոս 1։17, ՆԱ. Սաղմոս 90։2, 4. Յայտնութիւն 15։3) Ան կանոններ, կամ՝ օրէնքներ դնելու եւ զանոնք գործադրելու հեղինակութիւն ունի։ Բայց իր հեղինակութիւնը կը բովանդակէ նաեւ Դատաւոր մը ըլլալ։ Եսայեայ 33։22–ը կ’ըսէ. «Մեր Դատաւորը Տէրն է, մեր Օրէնսդիրը Տէրն է, մեր Թագաւորը Տէրն է, անիկա մեզ պիտի ազատէ»։
6 Աստուծոյ ծառաները վաղուց գիտակցած են որ Եհովա դատերու եւ դատավճիռներու Դատաւորն է։ Օրինակի համար, Սոդոմի եւ Գոմորի չարութեան մասին ապացոյցները կշռադատելէ ետք, «բոլոր երկրի Դատաւորը» դատեց որ անոնց բնակիչները կործանումի արժանի էին եւ այդ արդար դատավճիռը գործադրեց։ (Ծննդոց 18։20–33. Յոբայ 34։10–12) Որքա՜ն ապահով պէտք է զգանք գիտնալով որ Եհովա արդար Դատաւոր մըն է, որ ան իր դատաստանները միշտ կը գործադրէ։
7. Իսրայէլին հետ իր գործառնութիւններուն մէջ, Եհովա ինչպէ՞ս Դատաւորի մը նման գործեց։
7 Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, Եհովա երբեմն ուղղակիօրէն դատավճիռ կ’արձակէր։ Եթէ այն ատեն ապրած ըլլայինք, մխիթարուած պիտի չըլլայի՞նք գիտնալով որ կատարեալ Դատաւոր մը հարցերը կ’որոշէր։ (Ղեւտացւոց 24։10–16. Թուոց 15։32–36. 27։1–11) Աստուած նաեւ «կանոններ» ու «դատաստաններ» դրաւ, կամ՝ «դատավճիռներ (ՆԱ)» արձակեց, որոնք բոլորովին լաւ չափանիշներ էին դատելու համար։ (Ղեւտացւոց 25։18, 19. Նէեմեայ 9։13. Սաղմոս 19։9, 10. 119։7, 75, 164. 147։19, 20) Ան «բոլոր երկրի Դատաւոր»ն է. ուստի ասիկա բոլորիս ալ կ’ազդէ։—Եբրայեցիս 12։23
8. Դանիէլ ի՞նչ յարմար տեսիլք ստացաւ։
8 Մենք այս հարցին մասին «ականատես»ի մը վկայութիւնը ունինք։ Դանիէլ մարգարէին կատաղի գազաններու տեսիլք մը տրուեցաւ, որոնք կառավարութիւններ կամ կայսրութիւններ կը ներկայացնէին։ (Դանիէլ 7։1–8, 17) Ան աւելցուց. «Աթոռներ դրուեցան ու Հինաւուրցը նստաւ։ Անոր զգեստը՝ ձիւնի պէս ճերմակ ... էր»։ (Դանիէլ 7։9) Նկատի առէք որ Դանիէլ աթոռներ տեսաւ եւ «Հինաւուրցը [Եհովա] նստաւ»։ Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Դանիէլ հոս Աստուծոյ թագաւոր ըլլա՞լը կը տեսնէր’։
9. ‘Աթոռի մը վրայ նստիլ’ արտայայտութեան իմաստներէն մէկը ի՞նչ է։ Օրինակներ տուէք։
9 Երբ կը կարդանք որ մէկը աթոռի վրայ ‘կը նստի’, կրնանք խորհիլ որ ան թագաւոր կ’ըլլայ, քանի որ Աստուածաշունչը երբեմն այսպիսի ոճ կը գործածէ։ Օրինակի համար, «Երբ [Զամբրի] թագաւոր եղաւ ու իր աթոռը նստաւ, իսկոյն ...»։ (Գ. Թագաւորաց 16։11. Դ. Թագաւորաց 10։30. 15։12. Երեմեայ 33։17) Մեսիական մարգարէութիւն մը կ’ըսէր. «Անիկա ... իր աթոռին վրայ նստելով՝ պիտի կառավարէ»։ Ուստի, ‘աթոռի մը վրայ նստիլ’ արտայայտութիւնը՝ թագաւոր ըլլալ կրնայ նշանակել։ (Զաքարեայ 6։12, 13) Եհովան նկարագրուած է որպէս թագաւոր մը որ աթոռի վրայ կը նստի։ (Գ. Թագաւորաց 22։19. Եսայեայ 6։1. Յայտնութիւն 4։1–3) Ան «ազգերու Թագաւոր»ն է։ Սակայն, քանի որ ան գերիշխանութեան նոր երեսակ մը կը հաստատէր, կրնար ըսուիլ որ ան Թագաւոր եղաւ, որպէս թէ ան իր աթոռը նոր նստեցաւ։—Ա. Մնացորդաց 16։1, 31. Եսայեայ 52։7. Յայտնութիւն 11։15–17. 15։3. 19։1, 2, 6
10. Իսրայելացի թագաւորներու գլխաւոր մէկ պաշտօնը ի՞նչ էր։ Օրինակներ տուէք։
10 Ահաւասիկ բանալի կէտ մը. Վաղեմի թագաւորներու գլխաւոր մէկ պաշտօնն էր դատ ունկնդրել եւ դատավճիռներ արձակել։ (Առակաց 29։14) Յիշենք Սողոմոնի իմաստուն դատաստանը, երբ երկու կիներ կը դաւանէին նոյն մանկիկին մայրը ըլլալ։ (Գ. Թագաւորաց 3։16–28. Բ. Մնացորդաց 9։8) Իր կառավարական կառոյցներէն մէկն էր «Գահին Սրահը ... ուր [ան] դատաստան կ’ընէր», որ նաեւ կոչուած էր «Ատեանի Սրահ»։ (Գ. Թագաւորաց 7։7) Երուսաղէմը նկարագրուած էր որպէս վայր մը ուր «դրուած [էին] դատաստանի աթոռները»։ (Սաղմոս 122։5) Որոշ է, ուրեմն, որ ‘աթոռի վրայ նստիլ’ կրնայ նաեւ նշանակել՝ դատական հեղինակութիւն բանեցնել։—Ելից 18։13. Առակաց 20։8
11, 12. (ա) Դանիէլ 7–րդ գլուխին մէջ յիշուած Եհովայի նստելու նշանակութիւնը ի՞նչ էր։ (բ) Ուրիշ համարներ ինչպէ՞ս կը հաստատեն թէ Եհովա դատելու համար կը նստի։
11 Արդ, վերադառնանք այն տեսարանին, ուր Դանիէլ տեսաւ որ ‘Հինաւուրցը կը նստի’։ Դանիէլ 7։10–ն կ’աւելցնէ. «Ատեանը բազմեցաւ դատելու ու գրքերը բացուեցան»։ Այո, Հինաւուրցը կը նստէր աշխարհի տիրապետութեան մասին դատավճիռ արձակելու եւ Որդի մարդոն իշխելու արժանի դատելու համար։ (Դանիէլ 7։13, 14) Ապա կը կարդանք որ «Յաւիտեան կենդանին [Հինաւուրցը] եկաւ եւ Բարձրեալին սուրբերուն (այսինքն, Որդի մարդոն հետ իշխելու արժանի եղողներուն) իրաւունք տրուեցաւ»։ (Դանիէլ 7։22) Վերջապէս ‘Ատեանը բազմեցաւ’ եւ վերջին աշխարհակալ ոյժին դէմ վճիռ արձակուեցաւ։—Դանիէլ 7։26a
12 Հետեւաբար, երբ Դանիէլ տեսաւ որ Աստուած ‘աթոռին վրայ նստաւ’, ասիկա կը նշանակէ որ ան դատավճիռ արձակելու համար եկաւ։ Դաւիթ նախապէս երգեց. «Դատաստանս ու իրաւունքս դուն [Եհովա] տեսար։ Աթոռին վրայ նստար իբրեւ արդարութեան դատաւոր»։ (Սաղմոս 9։4, 7) Իսկ Յովէլ գրեց. «Ազգերը թող աճապարեն ու Յովսափատի հովիտը գան, քանզի բոլոր շրջակայ ազգերը դատելու համար հոն [ես] պիտի նստիմ»։ (Յովելեայ 3։12. բաղդատել Եսայեայ 16։5։) Յիսուս եւ Պօղոս ալ ատեաններու հետ գործ ունեցան, ուր անհատ մը նստաւ դատը լսելու եւ վճիռ արձակելու համար։b—Յովհաննու 19։12–16. Գործք 23։3. 25։6
Յիսուսի Դիրքը
13, 14. (ա) Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ երաշխաւորութիւն ունէր թէ Յիսուս Թագաւոր պիտի ըլլար։ (բ) Յիսուս ե՞րբ իր աթոռին վրայ նստաւ, եւ ան ի՞նչ առումով կ’իշխէր Հ.Դ. 33–էն ի վեր։
13 Եհովա թէ՛ Թագաւոր եւ թէ Դատաւոր է։ Ի՞նչ կրնանք ըսել Յիսուսի մասին։ Իր ծնունդը աւետող հրեշտակը ըսաւ. «Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը ...։ Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։ (Ղուկաս 1։32, 33) Յիսուս Դաւիթենական թագաւորութեան մնայուն ժառանգորդը պիտի ըլլար։ (Բ. Թագաւորաց 7։12–16) Ան երկնքէն պիտի իշխէր, քանի որ Դաւիթ ըսաւ. «Տէրը [Եհովա] իմ Տէրոջս [Յիսուսին] ըսաւ. ‘Նստէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։ Տէրը [Եհովա] քու զօրութեանդ գաւազանը Սիօնէն պիտի ղրկէ։ ‘Քու թշնամիներուդ մէջտեղը դո՛ւն տիրէ’»։—Սաղմոս 110։1–4
14 Ատիկա ե՞րբ պիտի ըլլար։ Յիսուս մարդ եղած ատեն որպէս Թագաւոր չիշխեց։ (Յովհաննու 18։33–37) Հ.Դ. 33–ին, ան մեռաւ, յարուցանուեցաւ եւ երկինք համբարձաւ։ Եբրայեցիս 10։12–ը կ’ըսէ. «Ասիկա մէկ զոհ մատուցանելով մեղքերու համար, մշտնջենապէս Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ»։ Յիսուս ի՞նչ հեղինակութիւն ստացաւ։ «[Աստուած] նստեցուց [զայն] իր աջ կողմը երկնքի մէջ, ամէն իշխանութեան ու պետութեան եւ զօրութեան ու տէրութեան վրայ ... եւ զանիկա որպէս եկեղեցիին [ժողովքին (ՆԱ)] գլուխը դրաւ բոլոր բաներուն վրայ»։ (Եփեսացիս 1։20, 21) Քանի որ Յիսուս այն ատեն Քրիստոնեաներուն վրայ թագաւորական հեղինակութիւն կը բանեցնէր, Պօղոս կրնար գրել. «[Եհովա] մեզ ազատեց խաւարին իշխանութենէն ու իր սիրելի Որդիին թագաւորութեանը փոխադրեց»։—Կողոսացիս 1։13. 3։1
15, 16. (ա) Ինչո՞ւ կ’ըսենք որ Յիսուս Հ.Դ. 33–ին Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը չեղաւ։ (բ) Յիսուս ե՞րբ սկսաւ Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ իշխել։
15 Սակայն այն ատեն, Յիսուս ազգերուն վրայ որպէս Թագաւոր ու Դատաւոր չգործեց։ Ան Աստուծոյ կողքին նստած էր, սպասելով այն ժամանկին, երբ պիտի գործէր որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։ Պօղոս իր մասին գրեց. «Հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ. ‘Իմ աջ կողմս նստէ՛, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան դնեմ’»։—Եբրայեցիս 1։13
16 Եհովայի Վկաները շատ ապացոյցներ հրատարակած են թէ Յիսուսի սպասելու շրջանը վերջ գտաւ 1914–ին, երբ ան անտեսանելի երկնքին մէջ Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանը եղաւ։ Յայտնութիւն 11։15, 18–ն կ’ըսէ. «Աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը ու իր Օծեալինը եղան։ Ինք պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից»։ «Ազգերը բարկացան, վասնզի եկաւ քու բարկանալու ժամանակդ»։ Այո, Առաջին Աշխարհամարտին ընթացքին, ազգերը իրենց բարկութիւնը իրարու վրայ թափեցին։ (Ղուկաս 21։24) 1914–էն ի վեր մեր տեսած պատերազմները, երկրաշարժները, մահտարաժամները, ուտելիքի պակասը եւ նման բաներ կը հաստատեն որ Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ կ’իշխէ հիմա որ աշխարհին վերջնական վախճանը մօտ է։—Մատթէոս 24։3–14
17. Մինչեւ հիմա ի՞նչ գլխաւոր կէտեր հաստատեցինք։
17 Հակիրճ վերաքաղ մը ընենք. Կարելի է ըսել որ Աստուած աթոռ վրայ կը նստի որպէս Թագաւոր, բայց ուրիշ առումով, ան կրնայ դատելու համար իր աթոռին վրայ նստիլ։ Հ.Դ. 33–ին, Յիսուս Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ եւ ան հիմա Թագաւորութեան Թագաւորն է։ Բայց Յիսուս, որ հիմա կ’իշխէ, նաեւ կը ծառայէ՞ որպէս Դատաւոր։ Իսկ ասիկա ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրէ մեզ, մանաւանդ այս ժամանակին։
18. Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Յիսուս նաեւ Դատաւոր պիտի ըլլար։
18 Եհովա դատաւորներ նշանակելու իրաւունքը ունենալով, Եհովա Յիսուսը ընտրեց որպէս Իր չափանիշները լեցնող Դատաւոր մը։ Յիսուս ասիկա ցոյց տուաւ, երբ հոգեւոր գետնի վրայ կենդանի եղող անհատներու մասին կը խօսէր. «Հայրը մէ՛կը չի դատեր, հապա ամէն դատաստան Որդիին տուաւ»։ (Յովհաննու 5։22) Սակայն, Յիսուսի դատական դերը սովորաբար դատելէն աւելին կը ներկայացնէ, քանի որ ան կենդանիներուն ու մեռելներուն դատաւորն է։ (Գործք 10։42. Բ. Տիմոթէոս 4։1) Պօղոս առիթով մը ըսաւ. «[Աստուած] օր մը սահմանեց, որուն մէջ աշխարհս արդարութեամբ պիտի դատէ այն մարդուն [Յիսուսի] ձեռքով՝ որ որոշեց ու ամենուն հաւատացուց՝ զանիկա մեռելներէն յարուցանելով»։—Գործք 17։31. Սաղմոս 72։2–7
19. Ինչո՞ւ շիտակ է Յիսուսի մասին ըսել թէ ան կը նստի որպէս Դատաւոր։
19 Արդեօք հիմ մը ունի՞նք եզրակացնելու որ Յիսուս փառաց աթոռին վրայ նստած է Դատաւորի մասնայատուկ դերով։ Այո՛։ Յիսուս առաքեալներուն ըսաւ. «Միւս անգամ գալուստին [վերստեղծագործութեան (ՆԱ)]՝ երբ Որդին մարդոյ իր փառաց աթոռը նստի, դուք ալ տասներկու աթոռներու վրայ պիտի նստիք՝ Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու»։ (Մատթէոս 19։28) Թէեւ Յիսուս հիմա Թագաւորութեան Թագաւորն է, սակայն Մատթէոս 19։28–ին մէջ յիշուած իր հետագայ գործունէութիւնը պիտի ներփակէ Հազարամեայի շրջանին աթոռի վրայ նստիլ՝ դատելու համար։ Այդ ժամանակ, ան ամբողջ մարդկութիւնը՝ արդարները եւ մեղաւորները՝ պիտի դատէ։ (Գործք 24։15) Լաւ է ասիկա ի մտի ունենալ, մինչ մեր ուշադրութիւնը Յիսուսի առակներէն մէկուն կը դարձնենք, որ մեր ժամանակին եւ մեր կեանքին հետ յարակցութիւն ունի։
Առակը Ի՞նչ կ’Ըսէ
20, 21. Յիսուսի առաքեալները ի՞նչ հարցուցին, որ մեր ժամանակին հետ յարակցութիւն ունի, եւ ասիկա ի՞նչ հարցում կը յարուցանէ։
20 Յիսուսի մահուընէ քիչ առաջ, իր առաքեալները իրեն հարցուցին. «Ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ [ներկայութեանդ (ՆԱ)] ու աշխարհիս [իրերու դրութեան (ՆԱ)] վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։3) Յիսուս գուշակեց որ երկրի վրայ կարեւոր դէպքեր պիտի ըլլային ‘վերջը գալէ առաջ’։ Անկէ քիչ մը առաջ, ազգերը «պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով»։—Մատթէոս 24։14, 29, 30
21 Սակայն, այս ազգերուն պատկանող անհատներուն վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ, երբ Որդին մարդոյ իր փառքով գայ։ Ասոր պատասխանը փնտռենք ոչխարներու եւ այծերու առակին մէջ, որ սա խօսքերով կը սկսի. «Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն իր փառաց աթոռը պիտի նստի։ Անոր առջեւ պիտի ժողվուին բոլոր ազգերը»։—Մատթէոս 25։31, 32
22, 23. Ո՞ր կէտերը ցոյց կու տան որ ոչխարներու եւ այծերու առակը չսկսաւ 1914–ին կատարուիլ։
22 Այս առակը կը կիրարկուի՞ այն ժամանակին, երբ Յիսուս իր թագաւորական զօրութիւնով նստաւ 1914–ին, ինչպէս վաղուց հասկցած ենք։ Մատթէոս 25։34–ը Յիսուսի մասին կը խօսի որպէս Թագաւոր. ուստի այս առակը տրամաբանօրէն կիրարկում կը գտնէ 1914–ին Յիսուս Թագաւոր ըլլալէ ի վեր։ Բայց ան անկէ անմիջապէս ետք ի՞նչ դատ տեսաւ։ Անիկա «բոլոր ազգեր»ուն դէմ դատ մը չէր։ Այլ, Յիսուս իր ուշադրութիւնը դարձուց անոնց որոնք կը դաւանէին «Աստուծոյ տուն»ը կազմել։ (Ա. Պետրոս 4։17) Մաղաքեայ 3։1–3–ին համաձայն, Յիսուս, որպէս Եհովայի դեսպանը, երկրի վրայ մնացած օծեալ Քրիստոնեանները դատաքննութեան ենթարկեց։ Ժամանակը եկած էր Քրիստոնեայ Աշխարհին դէմ ալ վճիռ արձակելու, որ կեղծօրէն կը դաւանէր «Աստուծոյ տուն»ը ըլլալ։c (Յայտնութիւն 17։1, 2. 18։4–8) Սակայն ոչ մէկ նշում կայ թէ այդ ժամանակ, կամ՝ անկէ ի վեր, Յիսուս բոլոր ազգերու մարդիկը վերջնականապէս որպէս ոչխարներ կամ այծեր դատելու նստաւ։
23 Եթէ առակին մէջ Յիսուսի գործունէութիւնը վերլուծենք, կը նկատենք որ ան վերջապէս բոլոր ազգերը կը դատէ։ Առակը ցոյց չի տար որ այդ դատավարութիւնը երկար տարիներու շրջան մը պիտի տեւէր, որպէս թէ անցեալ տասնամեակներուն ընթացքին մահացած բոլոր անհատները յաւիտենական մահուան կամ յաւիտենական կեանքի արժանի դատուած էին։ Այնպէս կը թուի որ վերջին տասնամեակներուն ընթացքին մահացած մարդոց մեծամասնութիւնը մարդոց հասարակաց գերեզմանը գացած են։ (Յայտնութիւն 6։8. 20։13) Սակայն, առակը կը նկարագրէ այն ժամանակը, երբ Յիսուս «բոլոր ազգեր»ու մարդիկը կը դատէ, մինչ անոնք ողջ են եւ իր դատավճռին գործադրումը կը դիմագրաւեն։
24. Ոչխարներու եւ այծերու առակը ե՞րբ պիտի կատարուի։
24 Ուրիշ խօսքով, առակը ապագային կը մատնանշէ, երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը պիտի գայ։ Ան այդ ատեն ողջ եղող մարդիկը դատելու համար պիտի նստի։ Իր դատաստանը պիտի հիմնուի անոնց ի՛նչպիսի անձնաւորութիւն ցուցաբերած ըլլալնուն վրայ։ Այդ ժամանակ, «արդարին եւ ամբարշտին» միջեւ տարբերութիւնը բացայայտօրէն հաստատուած պիտի ըլլայ։ (Մաղաքեայ 3։18) Դատավճռին արձակումը եւ գործադրումը իրապէս սահմանափակեալ ժամանակի մը մէջ պիտի կատարուին։ Յիսուս արդար դատավճիռներ պիտի արձակէ հիմնուելով անհատներուն ինքնութիւնը հաստատող բաներու վրայ։—Տես նաեւ՝ Բ. Կորնթացիս 5։10։
25. Մատթէոս 25։31–ը ի՞նչ կը նկարագրէ, երբ կ’ըսէ որ Որդին մարդոյ իր փառաց աթոռը կը նստի։
25 Ասիկա կը նշանակէ, ուրեմն, որ Մատթէոս 25։31–ին մէջ յիշուած դատաստանի համար Յիսուսի ‘փառաց աթոռը նստիլը’ ապագային կը կիրարկուի, երբ այս հզօր Թագաւորը ազգերուն դէմ վճիռ արձակելու եւ գործադրելու համար նստի։ Այո, Մատթէոս 25։31–33, 46–ին մէջ Յիսուսը ներփակող դատավարութեան երեւոյթը նման է Դանիէլ 7–րդ գլուխի երեւոյթին, ուր իշխող Թագաւորը՝ Հինաւուրցը՝ նստաւ Դատաւորի իր դերը կատարելու համար։
26. Առակին մասին ի՞նչ նոր բացատրութիւն բացայայտ կ’ըլլայ։
26 Ոչխարներու եւ այծերու առակը այս կերպով հասկնալը ցոյց կու տայ որ ոչխարներու եւ այծերու առնչութեամբ դատավճռի արձակումը տակաւին ապագային պիտի ըլլայ։ Անիկա տեղի պիտի ունենայ Մատթէոս 24։29, 30–ին մէջ նշուած «մեծ նեղութիւնը» պայթելէն եւ ‘Որդին մարդոյ իր փառքով գալ’էն ետք։ (Բաղդատել Մարկոս 13։24–26։) Ապա, ամբողջ ամբարիշտ դրութիւնը, իր վախճանին հասած ըլլալով, Յիսուս ատեան պիտի բանայ եւ իր դատավճիռը պիտի արձակէ ու գործադրէ։—Յովհաննու 5։30. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։7–10
27. Յիսուսի վերջին առակին մասին ի՞նչ գիտնալով պէտք է հետաքրքրուինք։
27 Ասիկա Յիսուսի տուած առակին ժամանակին մասին մեր հասկացողութիւնը կը յստակացնէ, ցոյց տալով որ ոչխարները եւ այծերը ե՛րբ կը դատուին։ Բայց ասիկա ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեզի՝ նախանձախնդրութեամբ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզողներուս։ (Մատթէոս 24։14) Ասիկա մեր գործունէութիւնը նուա՞զ կարեւոր կը դարձնէ, թէ ոչ աւելի մեծ պատասխանատըւութիւն մը կը դնէ մեր վրայ։ Յաջորդ յօդուածով տեսնենք թէ մենք ի՛նչպէս կ’ազդուինք։
[Ստորանիշներ]
a Դանիէլ 7։10, 26–ին մէջ «ատեան» թարգմանուած բառը նաեւ կը գտնուի Եզրասայ 7։26–ին եւ Դանիէլ 4։37–ին, Դանիէլ 7։22–ին մէջ։
b Իրար ատեանի տանող Քրիստոնեաներուն մասին, Պօղոս ըսաւ. «Եկեղեցիին անարգները ձեզի դատաւոր դրէք [բառացիօրէն՝ ‘նստեցուցէք’]»։—Ա. Կորնթացիս 6։4
c Տես՝ Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է խորագրով գիրքը, էջ 56, 73, 235–45, 260, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ, Անգլերէնով։
Կը յիշէ՞ք
◻ Եհովա ինչպէ՞ս կը ծառայէ որպէս Թագաւոր եւ Դատաւոր։
◻ ‘Աթոռի մը վրայ նստիլ’ արտայայտութիւնը կրնայ ի՞նչ կրկնակի իմաստ կրել։
◻ Մատթէոս 25։31–ի ժամանակին մասին նախապէս ի՞նչ կ’ըսէինք, սակայն վերաճշդուած տեսակէտ մը որդեգրելու համար ի՞նչ հիմ ունինք։
◻ Որդին մարդոյ ե՞րբ իր աթոռը կը նստի, ինչպէս մատնանշուած է Մատթէոս 25։31–ին մէջ։