«Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները»
«Նորերը ես կը յայտնեմ։ Անոնք դեռ չեղած ձեզի պիտի իմացնեմ»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 42։9
1, 2. (ա) Յիսուսի առաքեալները ի՞նչ հարցուցին ապագային մասին։ (բ) Բաղադրեալ նշանին մասին Յիսուսի պատասխանը ինչպէ՞ս կատարում գտաւ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ուսուցումը ծագում կ’առնէ Եհովա Աստուծմէ, ‘որ վերջինը՝ սկիզբէն կը պատմէ’։ (Եսայեայ 46։10) Ինչպէս նախորդ յօդուածը ցոյց տուաւ, առաքեալները այս ուսուցումը փնտռեցին Յիսուսի քով, իրմէ խնդրելով. «Ըսէ՛ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ ի՞նչ նշան պիտի ըլլայ այդ բաներուն կատարուելու ատենը»։—Մարկոս 13։4
2 Որպէս պատասխան, Յիսուս ապացոյցներ պարունակող բաղադրեալ «նշան» մը տուաւ, որ պիտի փաստէր թէ Հրէական դրութիւնը շուտով վերջ պիտի գտնէր։ Ասիկա կատարուեցաւ Հ.Դ. 70–ին Երուսաղէմի կործանումով։ Սակայն Յիսուսի մարգարէութիւնը հետագային աւելի մեծ կատարում մը պիտի ունենար։ Անգամ մը որ «ազգերուն [սահմանուած] ժամանակները» վերջանային՝ 1914–ին, աւելի մեծ տարողութիւն ունեցող նշան մը ի յայտ պիտի գար ցոյց տալու համար որ ներկայ ամբարիշտ դրութիւնը վերջ պիտի գտնէր ‘մեծ նեղութեան’ մը մէջ։a (Ղուկաս 21։24) Ներկայիս ապրող միլիոնաւորներ կրնան վկայել որ համաշխարհային պատերազմներով եւ այս Ի. դարուն ուրիշ ծանրակշիռ դէպքերով այս նշանը կատարուած է։ Ասիկա կը նշէ նաեւ Յիսուսի մարգարէութեան գլխաւոր կատարման, որու տիպը եղան Հ.Դ. 33–70–ի դէպքերը։
3. Ուրիշ նշանի մը մասին խօսելով, Յիսուս յաւելեալ ի՞նչ իրադարձութիւններ նախագուշակեց։
3 Ղուկաս ազգերուն ժամանակները յիշելէ ետք, Մատթէոսի, Մարկոսի եւ Ղուկասի զուգահեռ պատմութիւնները դէպքերու շարք մը կը նկարագրեն, որ «աշխարհիս վերջին» բաղադրեալ «նշան»ին վրայ աւելցող նշան մը կը կազմէ։ (Մատթէոս 24։3) (Էջ 25–ի վրայ, պատմութեան այս կէտը կրկնակի գծիկով նշուած է։) Մատթէոս կ’ըսէ. «Այն նեղութեան օրերէն յետոյ արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ, աստղերը երկնքէն պիտի իյնան ու երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին։ Այն ատեն Որդի մարդոյ նշանը պիտի երեւնայ երկնքի մէջ ու երկրի բոլոր ազգերը կոծ պիտի ընեն եւ պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով։ Անիկա իր հրեշտակները պիտի ղրկէ մեծաձայն փողով ու պիտի ժողվեն իր ընտրեալները չորս հովերէն, երկնքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը»։—Մատթէոս 24։29–31
Նեղութիւն եւ Երկնային Բներեւոյթներ
4. Յիսուսի յիշած երկնային բներեւոյթներուն մասին ի՞նչ հարցումներ կը յարուցուին։
4 Ասոնք ե՞րբ պիտի կատարուէին։ Երեք Աւետարաններն ալ կը յիշեն այդպէս կոչուած երկնային բներեւոյթներ՝ արեգակին ու լուսնին խաւարումը եւ աստղերուն իյնալը։ Յիսուս ըսաւ որ ասոնք «նեղութեան» պիտի յաջորդէին։ Արդեօք Յիսուս Հ.Դ. 70–ին իր գագաթնակէտին հասած նեղութի՞ւնը ի մտի ունէր, թէ ոչ մեր օրերուն գալիք մեծ նեղութեան մասին կը խօսէր։—Մատթէոս 24։29. Մարկոս 13։24
5. Ժամանակ մը ի՞նչ տեսակէտ կար ներկայիս ըլլալիք նեղութեան մասին։
5 1914–ին, ազգերուն սահմանուած ժամանակները լմննալէն ի վեր, Աստուծոյ ժողովուրդը սուր հետաքրքրութիւն մը ունեցաւ ‘մեծ նեղութեան’ մասին։ (Յայտնութիւն 7։14) Տարիներ, անոնք խորհեցան որ արդի մեծ նեղութիւնը ունէր սկզբնական շրջան մը, որ Ա. Աշխարհամարտի ժամանակին կը համապատասխանէր, միջանկեալ շրջան մը եւ վերջապէս վախճան մը՝ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմ»ը։ Եթէ այս ըլլար պարագան, «աշխարհիս վերջ»ի միջանկեալ տասնամեակներու ընթացքին ի՞նչ տեղի պիտի ունենար։—Յայտնութիւն 16։14. Մատթէոս 13։39. 24։3. 28։20
6. Երկնային բներեւոյթներուն մասին Յիսուսի մարգարէութեան կատարումը ի՞նչ կը կարծուէր ըլլալ։
6 Կը խորհէին որ այդ միջանկեալ շրջանին, բաղադրեալ նշանը պիտի տեսնուէր, մէջը ըլլալով՝ Աստուծոյ հաւաքուած ժողովուրդին կողմէ կատարուած քարոզչութիւնը։ Այնպէս կը կարծուէր որ նախագուշակուած երկնային բներեւոյթները կարելի էր ակնկալել միջանկեալ ժամանակաշրջանի ընթացքին, 1914–1918–ի սկզբնական շրջանէն ետք։ (Մատթէոս 24։29. Մարկոս 13։24, 25. Ղուկաս 21։25) Ուշադրութիւնը կեդրոնացուեցաւ երկնային բառացի բաներու վրայ. անջրպետի հետազօտութեան, հրթիռներու, տիեզերական ալիքներու եւ լուսնի վրայ էջքի կամ կայանի կատարման։
7. Մեծ նեղութեան մասին վերաճշդուած ի՞նչ հասկացողութիւն տրուեցաւ։
7 Սակայն, դիտարան 15 Յունուար 1970–ի թիւը Յիսուսի մարգարէութիւնը վերաքննութեան ենթարկեց, մանաւանդ մօտալուտ մեծ նեղութիւնը։ Անիկա ցոյց տուաւ որ առաջին դարուն պատահած դէպքերուն ի տես, արդի նեղութիւնը չէր կրնար ունենալ սկզբնական շրջան մը՝ 1914–1918–ին, տասնամեակներու ժամանակամիջոց մը եւ ապա վերսկսում մը։ Պարբերաթերթը կ’եզրակացնէր. «‘Մեծ նեղութիւն’ը, որու նմանը պիտի չըլլար, տակաւին մեր դիմաց է, քանի որ անիկա սուտ կրօնքի (մէջը ըլլալով՝ Քրիստոնեայ Աշխարհը) համաշխարհային կայսրութեան կործանումը կը նշանակէ, որու պիտի յաջորդէ ‘Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմ’ը՝ Արմագեդոնը»։
8. Ներկայիս տեղի ունենալիք նեղութեան մասին այս վերաճշդուած տեսակէտին վրայ հիմնուելով, Մատթէոս 24։29–ը ինչպէ՞ս բացատրուեցաւ։
8 Բայց Մատթէոս 24։29–ն կ’ըսէ որ երկնային բներեւոյթները տեղի կ’ունենան «այն նեղութեան օրերէն [անմիջապէս] յետոյ»։ Բայց ասիկա ինչպէ՞ս կարելի է։ Դիտարան Մայիս 1, 1975–ի թիւը կը թելադրէր որ այս համարին մէջ ‘նեղութիւն’ը կ’ակնարկէր այն նեղութեան որ իր գագաթնակէտին հասաւ Հ.Դ. 70–ին։ Բայց ի՞նչ առումով կարելի էր ըսել որ ներկայիս կատարուող երկնային բներեւոյթները Հ.Դ. 70–ի դէպքէ մը «անմիջապէս» յետոյ տեղի ունեցան։ Այդ պատճառաբանութիւնը տրուած էր որ անոնց միջեւ անցած դարերը, Աստուծոյ աչքին, կարճ էին։ (Հռովմայեցիս 16։20. Բ. Պետրոս 3։8) Սակայն, այս մարգարէութիւնը, մանաւանդ Մատթէոս 24։29–31–ը, աւելի խոր կերպով քննելը քիչ մը տարբեր բացատրութեան մը կ’առաջնորդէ մեզ։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ լոյսը ի՛նչպէս «երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ»։ (Առակաց 4։18)b Նկատի առնենք թէ ի՛նչու նոր կամ փոխուած բացատրութիւն մը պատշաճ է։
9. Եբրայերէն Սուրբ Գրութիւնները ինչպէ՞ս թիկունք կը կանգնին երկնային իրադարձութիւններու մասին Յիսուսի խօսքերուն։
9 Յիսուս իր չորս առաքեալներուն տուաւ ‘արեգակին խաւարելուն, լուսնին իր լոյսը չտալուն եւ աստղերուն երկնքէն իյնալուն’ մարգարէութիւնը։ Որպէս Հրեաներ, այս լեզուն անոնց ծանօթ էր Եբրայերէն Գրութիւններէն, ուր Սոփոնեայ 1։15–ին մէջ, զոր օրինակ, Աստուծոյ դատաստանի օրը կոչուած էր «կործանումի ու աւերումի օր, խաւարի ու մէգի օր, ամպի ու մառախուղի օր»։ Եբրայեցի ուրիշ մարգարէներ ալ խօսեցան արեւուն խաւարելուն, լուսնին եւ աստղերուն լոյս չտալուն մասին։ Այսպիսի լեզու մը կրնաք գտնել Բաբելոնի, Եդովմի, Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութեան դէմ արտասանուած աստուածային պատգամներուն մէջ։—Եսայեայ 13։9, 10. 34։4, 5. Երեմեայ 4։28. Եզեկիէլ 32։2, 6–8. Ամովսեայ 5։20. 8։2, 9
10, 11. (ա) Յովել ի՞նչ մարգարէացաւ երկնքի մէջ եղած բաներուն առնչութեամբ։ (բ) Հ.Դ. 33–ին, Յովելի մարգարէութեան ո՞ր երեսակները կատարուեցան եւ որոնք՝ ո՛չ։
10 Երբ Յիսուսի խօսքերը լսեցին, Պետրոս եւ երեք ուրիշներ հաւանաբար յիշեցին Յովելի մարգարէութիւնը որ կը գտնուի Յովելեայ 2։28–31–ին եւ 3։15–ին մէջ. «Իմ հոգիս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ ու ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան, ... Երկնքի մէջ ու երկրի վրայ նշաններ պիտի դնեմ, արիւն, կրակ եւ ծուխի սիւներ։ Արեւը խաւարի պիտի դառնայ ու լուսինը՝ արիւնի, դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած»։ «Արեւն ու լուսինը պիտի խաւարին, աստղերը իրենց պայծառութիւնը պիտի կորսնցնեն»։
11 Ինչպէս Գործք 2։1–4–ին եւ 14–21–ին մէջ ակնարկուած է, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Աստուած սուրբ հոգին թափեց այրերէ ու կիներէ բաղկացած 120 աշակերտներու վրայ։ Պետրոս առաքեալ բացատրեց որ ասիկա Յովելի մարգարէութեան կատարումն էր։ Արդ, ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ‘արեւը խաւարելուն եւ լուսինը արիւն դառնալուն եւ աստղերը իրենց պայծառութիւնը կորսընցնելուն’ մասին։ Ո՛չ մէկ մատնանշում կայ որ ասոնք պատահեցան Հ.Դ. 33–ին կամ իրերու Հրէական դրութեան վախճանին աւելի քան 30 տարիներու տեւողութեան։
12, 13. Յովելի նախագուշակած երկնային բներեւոյթները ինչպէ՞ս կատարուեցան։
12 Բացայայտօրէն Յովելի մարգարէութեան այդ վերջին մասը սերտօրէն կապուած էր «Տէրոջը մեծ ու ահեղ օր»ուան՝ Երուսաղէմի կործանման՝ հետ։ Դիտարան 15 Նոյեմբեր 1966–ի թիւը Երուսաղէմի վրայ եկած Հ.Դ. 70–ի նեղութեան մասին կ’ըսէր. «Երուսաղէմի ու անոր զաւակներուն համար, անիկա վստահաբար ‘Եհովայի օր’ն էր։ Իսկ այդ օրուան կապակցաբար, շատ ‘արիւն, կրակ եւ ծուխ’ կար. ցորեկ ատեն, արեւը չէր փարատեր քաղաքին մթութիւնը, իսկ լուսինէն արիւն կը կաթէր, անիկա գիշերը խաղաղ, արծաթաշող լուսինը չէր»։c
13 Այո, ինչպէս մեր նշած միւս մարգարէութիւններուն մէջ, Յովելի նախագուշակած երկնային բներեւոյթները տեղի պիտի ունենային, երբ Եհովա դատաստան ի գործ դնէր։ Փոխանակ Հրէական դրութեան վախճանին ամբողջ տեւողութեան ի յայտ գալու, արեւուն, լուսնին ու աստղերուն խաւարիլը տեղի ունեցաւ, երբ գործադիր ուժերը Երուսաղէմի վրայ յարձակեցան։ Տրամաբանական է ուրեմն որ Յովելի այդ մարգարէութեան աւելի մեծ կատարում մը ակնկալել, երբ Աստուծոյ մահապատիժը սկսի ներկայ դրութեան վրայ։
Երկնային Բներեւոյթներուն Պիտի Կանխէ Ո՞ր Նեղութիւնը
14, 15. Յովելի մարգարէութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն ունի Մատթէոս 24։29–ի մեր հասկացողութեան վրայ։
14 Յովելի մարգարէութեան կատարումը (նոյն լեզուն գործածող միւս մարգարէութիւններուն հետ ներդաշնակ), մեզի կ’օգնէ հասկնալու Մատթէոս 24։29–ի խօսքերը։ Որոշ է որ ‘արեւուն խաւարելուն եւ լուսինը իր լոյսը չտալուն ու աստղերուն իյնալուն’ մասին ինչ որ Յիսուս ըսաւ չ’ակնարկեր իրերու ներկայ դրութեան վախճանին շատ մը տասնամեակներու տեւողութեան տեղի ունեցած բաներուն, ինչպէս անջրպետային հրթիռներու արձակումը, լուսնի վրայ էջք կատարուիլը եւ նման բաներ։ Ան նշեց այդ բաներուն որոնք առնչութիւն ունէին «Տէրոջը մեծ ու ահեղ օր»ուան՝ տակաւին գալիք կործանման՝ հետ։
15 Ասիկա առնչութիւն ունի ‘նեղութենէն անմիջապէս յետոյ’ տեղի ունենալիք երկնային բներեւոյթներուն մասին մեր հասկացողութեան հետ։ Յիսուս չէր ակնարկեր այն նեղութեան որ իր գագաթնակէտին հասաւ Հ.Դ. 70–ին։ Ընդհակառակը, ան կը նշէր որ աշխարհի դրութեան վրայ գալիք մեծ նեղութեան սկիզբը ապագային պիտի ըլլար, իր «ներկայութեան» խոստումը իր գագաթնակէտին հասցնելով։ (Մատթէոս 24։3, ՆԱ։) Այդ նեղութիւնը տակաւին մեր դիմաց է։
16. Մարկոս 13։24–ը ո՞ր նեղութեան կը մատնանշէր։
16 Իսկ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Մարկոս 13։24–ի խօսքերուն մասին. «Այն օրերը այն նեղութենէն յետոյ արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ»։ Հոս գործածուած «այն» արտայայտութիւնը Յունարէն էգէինոս (ekeinos) ցուցական դերանունի մէկ ձեւն է, որ հեռաւոր բան մը կը մատնանշէ։ Էգէինոսը կրնայ գործածուիլ շատ հեռաւոր անցեալին (կամ նախապէս յիշուած) կամ հեռաւոր ապագային ըլլալիք բանի մը ակնարկելու համար։ (Մատթէոս 3։1. 7։22. 10։19. 24։38. Մարկոս 13։11, 17, 32. 14։25. Ղուկաս 10։12. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։10) Հետեւաբար, Մարկոս 13։24–ի ‘այն նեղութիւն’ը, ոչ թէ Հռովմէացիներուն հրահրած նեղութեան կը նշէ, այլ՝ ներկայ դրութեան վախճանին Եհովայի հզօր արարքին։
17, 18. Յայտնութիւնը ի՞նչ լոյս սփռեց մեծ նեղութեան յաջորդական քայլերուն վրայ։
17 Յայտնութիւն 17–19–րդ գլուխները Մատթէոս 24։29–31–ին, Մարկոս 13։24–27–ին եւ Ղուկաս 21։25–28–ին այս վերաճշդուած հասկացողութեան կը յարմարին եւ զայն կը հաստատեն։ Ի՞նչ կերպով։ Աւետարանները ցոյց կու տան որ այս նեղութիւնը մէկ հարուածով պիտի չսկսի ու վերջանայ։ Անոր սկսելէն ետք, անհնազանդ մարդիկ տակաւին ողջ պիտի ըլլան «Որդին մարդոյ նշանը» տեսնելու եւ անոր հակազդելու համար. կոծ ընելով եւ, ինչպէս նշուած է Ղուկաս 21։26–ին մէջ, ‘իրենց սրտերը նուաղելով իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն’։ Վախը պիտի պատէ զանոնք «նշանը» տեսնելով, որ անոնց անմիջական կործանումը պիտի նշանակէ։
18 Յայտնութեան պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ ապագայ մեծ նեղութիւնը պիտի սկսի, երբ միջազգային «գազան»ին զինուած «եղջիւր»ները «մեծ պոռնիկին»՝ Մեծն Բաբելոնին՝ դէմ դառնան։d (Յայտնութիւն 17։1, 10–16) Բայց շատեր պիտի մնան, քանի որ թագաւորներ, վաճառականներ, նաւավարներ եւ ուրիշներ սուտ կրօնքի վախճանին համար սուգ պիտի ընեն։ Անկասկած, շատեր պիտի անդրադառնան որ յաջորդիւ կարգը իրենցն է։—Յայտնութիւն 18։9–19
Ի՞նչ կը Սպասուի
19. Ի՞նչ կրնանք ակնկալել երբ մեծ նեղութիւնը սկսի։
19 Մատթէոսի, Մարկոսի ու Ղուկասի Աւետարաններուն հատուածներ, Յայտնութիւն 17–18–րդ գլուխներուն միանալով, նկատելի լոյս կը սփռեն շուտով տեղի ունենալիք բաներուն վրայ։ Աստուծոյ որոշած ժամանակին, մեծ նեղութիւնը պիտի սկսի սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան (Մեծն Բաբելոն) վրայ յարձակումով մը։ Այս յարձակումը մասնաւորաբար ուժգին պիտի ըլլայ Քրիստոնեայ Աշխարհի վրայ, որ կը համեմատի անհաւատարիմ Երուսաղէմին։ Նեղութեան այս երեւոյթէն ‘անմիջապէս յետոյ’, «արեգակին եւ լուսնին ու աստղերուն վրայ նշաններ պիտի ըլլան ու երկրի վրայ ազգերը [աննախընթաց] ապշութեամբ պիտի տագնապին»։—Մատթէոս 24։29. Ղուկաս 21։25
20. Երկնային ի՞նչ բներեւոյթներ տակաւին կրնանք ակնկալել։
20 Ի՞նչ իմաստով «արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ, աստղերը երկնքէն պիտի իյնան ու երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին»։ Անկասկած, մեծ նեղութեան սկիզբի մասին մէջ, բազմաթիւ լուսատուներ՝ կրօնական աշխարհի կարկառուն կղերներ՝ պիտի քօղազերծուին եւ «Յայտնութիւն 17։16–ին մէջ յիշուած «տասը եղջիւր»ներուն կողմէ պիտի չքացուին։ Կասկած չվերցներ որ քաղաքական հեղինակութիւններ ալ պիտի շարժին։ Արդեօք ֆիզիքական երկնքին մէջ ալ ահաւոր դէպքեր պիտի պատահի՞ն։ Շատ հաւանաբար եւ որոնք շա՜տ աւելի սարսափազդու պիտի ըլլան քան Հրէական դրութեան վախճանէն քիչ առաջ Յովսեպոսի տուած նկարագրութիւնը։ Գիտենք որ վաղ անցեալին, Աստուած իր զօրութիւնը յայտնաբերած էր աղետալի դէպքեր պատճառելով, ուստի դարձեալ կրնայ ընել։—Ելից 10։21–23. Յեսուայ 10։12–14. Դատաւորաց 5։20. Ղուկաս 23։44, 45
21. Ապագային ի՞նչ «նշան» տեղի պիտի ունենայ։
21 Երբ այս կէտին կը հասնին, երեք Աւետարանիչներն ալ կը գործածեն թօթէ (այն ատեն) յաջորդ իրադարձութիւնները ներկայացնելու համար։ «Այն ատեն Որդի մարդոյ նշանը պիտի երեւնայ երկնքի մէջ»։ (Մատթէոս 24։30. Մարկոս 13։26. Ղուկաս 21։27) Ա. Աշխարհամարտէն ի վեր, Յիսուսի ճշմարիտ աշակերտները նկատած են իր անտեսանելի ներկայութեան բաղադրեալ նշանը, մինչ շատեր անգիտացած են զայն։ Բայց Մատթէոս 24։30–ը ապագային պատահելիք տակաւին ուրիշ «նշան»ի մը կը մատնանշէ, որ է՝ «Որդի մարդոյ» երեւնալը, բան մը՝ որ բոլոր ազգերը ստիպուած պիտի նշմարեն։ Երբ Յիսուս անտեսանելիութիւն խորհրդանշող ամպերով գայ, իր թագաւորական զօրութեան գերբնական ցուցադրութեան պատճառաւ, համայն աշխարհի հակառակորդները պիտի հասկնան անոր ‘գալը’ (Յունարէն՝ էրխօմէնոն)։—Յայտնութիւն 1։7
22. Մատթէոս 24։30–ի «նշանը» տեսնելը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ։
22 Մատթէոս 24։30–ը դարձեալ թօթէ կը գործածէ յաջորդիւ տեղի ունենալիքը ներկայացնելու համար։ Ապա ազգերը, իրենց վիճակին գիտակցելով, պիտի ողբան ու կոծ ընեն, թերեւս անդրադառնալով իրենց վերահաս կործանման։ Որքա՜ն տարբեր է Աստուծոյ ծառաներէն, քանի որ մենք մեր գլուխները պիտի բարձրացնենք, գիտնալով որ փրկութիւնը մօտ է։ (Ղուկաս 21։28) Յայտնութիւն 19։1–6–ը ցոյց կու տայ նաեւ որ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ ճշմարիտ երկրպագուները պիտի ուրախանան մեծ պոռնիկին դատաստանին համար։
23. (ա) Յիսուս ի՞նչ քայլ պիտի առնէ ընտրեալներուն նկատմամբ։ (բ) Մնացորդին երկինք առնուելուն մասին ի՞նչ կարելի է ըսել։
23 Յիսուսի մարգարէութիւնը կը շարունակէ ըսել Մարկոս 13։27–ին մէջ. «Այն ատեն [թօթէ] իր հրեշտակները պիտի ղրկէ եւ իր ընտրեալները պիտի ժողվէ չորս հովերէն, երկրի ծայրէն մինչեւ երկնքի ծայրը»։ Հոս Յիսուս ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ տակաւին երկրի վրայ ողջ եղող 144,000 «ընտրեալներ»ու մնացորդին վրայ։ Իրերու դրութեան վախճանին սկիզբը, Յիսուսի այս օծեալ աշակերտները աստուածպետական միութեան մէջ բերուեցան։ Սակայն, ըստ ներկայացուած յաջորդականութեան, Մատթէոս 24։31–ը ուրիշ բան մը կը նկարագրէ։ «Ընտրեալներ»ու մնացորդը «մեծաձայն փողով» պիտի հաւաքուին երկրի ծայրերէն։ Անոնք ինչպէ՞ս պիտի հաւաքուին։ Աներկբայելիօրէն, անոնք պիտի ‘կնքուին’ եւ Եհովայի կողմէ յստակօրէն պիտի բնորոշուին որպէս «կանչուած ու ընտրուած եւ հաւատարիմ»ներ։ Իսկ Աստուծոյ որոշած ժամանակին, անոնք երկնքի մէջ պիտի հաւաքուին թագաւորներ ու քահանաներ ըլլալու համար։e Ասիկա ուրախութիւն պիտի պատճառէ թէ՛ անոնց եւ թէ անոնց հաւատարիմ ընկերակիցներուն՝ ‘մեծ բամութեան’, որոնք նշան առած պիտի ըլլան, որպէսզի ‘մեծ նեղութենէն դուրս գան եւ դրախտային երկրի մը վրայ օրհնութիւններ վայելեն։—Մատթէոս 24։22. Յայտնութիւն 7։3, 5, 9–17. 17։14. 20։6. Եզեկիէլ 9։4, 6
24. Մատթէոս 24։29–31–ը միջադէպերու ի՞նչ յաջորդականութիւն կը յայտնէ։
24 Երբ առաքեալները ըսին. «Ըսէ մեզի ...», Յիսուսի պատասխանը շատ աւելին կը պարփակէր քան ինչ որ անոնք կրնային կրահել։ Սակայն, իրենց կեանքի տեւողութեան, անոնք այս մարգարէութեան տիպական կատարումը տեսնելով, ուրախացան։ Յիսուսի պատասխանին շուրջ կատարուած այս ուսումնասիրութիւնը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց այս մարգարէութեան մօտ ապագային կատարուելիք բաժնին վրայ։ (Մատթէոս 24։29–31. Մարկոս 13։24–27. Ղուկաս 21։25–28) Արդէն կը տեսնենք որ մեր ազատագրումը աւելի կը մօտենայ։ Հիմա կը սպասենք մեծ նեղութեան սկսելուն, անկէ յետոյ Որդին մարդոյ նշանին եւ անկէ յետոյ Աստուծոյ կողմէ ընտրեալներուն հաւաքման։ Վերջապէս, Արմագեդոնին, մեր Ռազմիկ–Թագաւորը՝ գահակալուած Յիսուս՝ որպէս Եհովայի Դահիճը, պիտի ամբողջացնէ ‘իր յաղթանակը’։ (Յայտնութիւն 6։2) Եհովայի այդ օրը, երբ վրէժխնդրութիւն ի գործ կը դնէ, հոյակապօրէն վերջ մը պիտի դնէ իրերու դրութեան վախճանին, որ 1914–էն ի վեր Տէրունական օրը նշած է։
25. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր մասնակցութիւնը բերել ապագային կատարուելիք Ղուկաս 21։28–ին մէջ։
25 Շարունակեցէք օգտուիլ աստուածային ուսուցումէն, որպէսզի կարենաք ընդառաջել տակաւին մեր դիմաց եղող Յիսուսի հետեւեալ խօսքերուն. «Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասնզի ձեր փրկութիւնը մօտ է»։ (Ղուկաս 21։28) Մինչ Եհովա գործի կը լծուի իր անունը սրբացնելու համար, ի՜նչ հոյակապ ապագայ մը կը սպասէ ընտրեալներուն եւ մեծ բազմութեան։
[Ստորանիշ՝ էջ 26]
a Եհովայի Վկաները հաճոյքով ասոր փաստերը կը հայթայթեն ցոյց տալով որ մեր օրերու ֆիզիքական իրադարձութիւնները Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարումն են։
b Յաւելեալ տեղեկութիւններ լոյս տեսան Աստուծոյ Հազարամեայ Թագաւորութիւնը Մօտեցած Է գրքին մէջ, էջ 296–323, հրատարակուած՝ 1973–ին, Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ. ինչպէս նաեւ Դիտարան 15 Սեպտեմբեր 1982–ի թիւին մէջ, էջ 17–22, Անգլերէնով։
c Երուսաղէմի վրայ Հռովմէացիներու առաջին յարձակման (Հ.Դ. 66) եւ անոր կործանման միջեւ պատահած իրադարձութիւններուն մասին, Յովսեպոս կ’ըսէ. «Գիշերը, կործանարար փոթորիկ մը ծագեցաւ. մոլեգին ոլորամրրիկ մը եւ տեղատարափ մը եղաւ, կայծակներ անվերջ կը փայլատակէին, որոտումները ահաւոր էին, երկիրը խլացուցիչ ոռնացումով շարժեցաւ։ Կառոյցին այս փլուզումը յստակ նախաշուքն էր մարդկային ցեղին վրայ գալիք աղէտին եւ ո՛չ մէկը կրնար կասկածիլ որ նշանները աննախընթաց աղէտ մը կը գուշակէին»։
d Ինչ որ Յիսուս ըսաւ «մեծ նեղութեան» եւ ‘նեղութեան’ մասին, առաջին կիրարկման մէջ կ’ակնարկէր Հրէական դրութեան կործանման։ Բայց միայն մեր օրերուն կիրարկուած համարներուն մէջ, ան գործածեց «ն» որոշիչ յօդը, ‘նեղութենէն’ ըսելով։ (Մատթէոս 24։21, 29. Մարկոս 13։19, 24) Յայտնութիւն 7։14–ը այս ապագայ դէպքը կը կոչէ ‘մեծ նեղութիւն’ը։
e Տես՝ «Հարցումներ Ընթերցողներէն», Դիտարան 15 Օգոստոս 1990–ի թիւին մէջ, Անգլերէնով։
Կը յիշէ՞ք
◻ Յովելեայ 2։28–31–ի եւ 3։15–ի կարգ մը երեսակները ինչպէ՞ս կատարուեցան առաջին դարուն։
◻ Մատթէոս 24։29–ը ո՞ր նեղութեան կ’ակնարկէ, եւ ինչո՞ւ այդ եզրակացութեան կը յանգինք։
◻ Մատթէոս 24։29–ը երկնային ո՞ր բներեւոյթներուն կը մատնանշէ, եւ ասիկա ինչպէ՞ս մեծ նեղութենէն անմիջապէս ետք պիտի ըլլայ։
◻ Ղուկաս 21։26, 28–ը ինչպէ՞ս պիտի կատարուի ապագային։
[Նկար՝ էջ 26, 27]
Տաճարին շրջակայքը
[Վերապահուած Իրաւասութիւն]
Pictorial Archive (Near Eastern History) Est.