-
Թոյլ մի՛ տար, որ որեւէ բան քեզ Եհովայէն հեռացնէԴիտարան 2013 | Յունուար 15
-
-
Թոյլ մի՛ տար, որ որեւէ բան քեզ Եհովայէն հեռացնէ
«Ձեզի ընտրեցէք այսօր թէ ո՞վ պիտի պաշտէք» (ՅԵՍ. 24։15)։
1-3. ա) Յեսուն ինչո՞ւ լաւ օրինակ մըն է մեզի համար։ բ) Ի՞նչ պէտք է յիշենք երբ որոշումներ կը կայացնենք։
ՄԵՐ կատարած ընտրութիւնները շատ կարեւոր են, որովհետեւ ատոնցմով կրնանք մեր կեանքին ուղղութիւններ տալ։ Լուսաբանենք. երեւակայէ թէ քալելուդ ատեն ճամբան երկու մասի կը բաժնուի։ Ո՞ր ուղղութիւնը կը բռնես։ Եթէ միտք ունիս որոշ տեղ մը հասնիլ, կ’ընտրես այն ուղին որ քեզ այդ վայրին աւելի կը մօտեցնէ քան թէ կը հեռացնէ։
2 Աստուածաշունչը կը խօսի շատերու մասին, որոնք կարեւոր որոշումներ պէտք է կայացնէին։ Կայէնը, զոր օրինակ, պիտի ընտրէր իր բարկութիւնը զսպել կամ ոչ (Ծն. 4։6, 7)։ Յեսուն պիտի ընտրէր կա՛մ ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայել, կամ ալ չաստուածները պաշտել (Յես. 24։15)։ Յեսուն նպատակադրած էր Եհովային մօտիկ մնալ. ուստի իր նպատակին համեմա՛տ ընտրութիւն ըրաւ։ Բայց Կայէն այդպիսի միտք չունէր. ուստի ընտրութիւն մը ըրաւ որ զինք Եհովայէն հեռացուց։
3 Մենք ալ երբեմն կարեւոր որոշումներ պէտք է կայացնենք՝ ճիշդ ճամբուն մէջ մնալու համար։ Պէտք է յիշենք որ մեր ընտրութիւնները կրնան կա՛մ Եհովային փառք բերել ու մեզի օգնել որ իրեն մօտիկ մնանք, կամ ալ մեզ իրմէ հեռացնել (կարդա՛ Եբրայեցիս 3։12)։ Այս եւ յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք կեանքի եօթը մարզեր, ուր թոյլ պէտք չէ տանք որ որեւէ բան մեզ Եհովայէն հեռացնէ։
ԳՈՐԾ
4. Գործը ինչո՞ւ կարեւոր է։
4 Քրիստոնեաները պէտք է աշխատին՝ իրենք զիրենք եւ իրենց ընտանիքները հոգալու համար։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ ով որ իր ընտանիքին չ’ուզեր հոգ տանիլ, անհաւատէ մըն ալ գէշ է (Բ. Թես. 3։10. Ա. Տիմ. 5։8)։ Ուստի գործը կարեւոր է։ Բայց եթէ ուշադիր չըլլաս, գործի վերաբերեալ առած որոշումներդ կրնան քեզ Եհովայէն հեռացնել։ Ինչպէ՞ս։
5. Գործ մը ընդունելէ առաջ, ի՞նչ բաներ հաշուի պէտք է առնես։
5 Եթէ գործ կը փնտռես եւ երկրիդ մէջ գործ գտնելը դժուար է, թերեւս ասիկա քեզ փորձութեան մէջ ձգէ որ ընդունիս որեւէ գործ որ քեզի կ’առաջարկեն։ Ի՞նչ պիտի ընես եթէ գտած գործդ հակասէ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն։ Ի՞նչ պիտի ընես եթէ այդ գործին ժամերը կամ աշխատավայրիդ երթուդարձը խլէ այն ժամերդ, որոնք կը տրամադրես ժողովքիդ կամ ընտանիքիդ համար։ Պէ՞տք է արդեօք գործը ընդունիս՝ խորհելով որ բնաւ չունենալէն աւելի աղէկ է։ Յիշէ՛, ընտրութիւնդ կրնայ կա՛մ քեզի օգնել որ Եհովային մօտիկ մնաս, կամ ալ քեզ հեռացնել իրմէ (Եբ. 2։1)։ Եթէ գործ կը փնտռես կամ կը մտածես գործդ փոխել, ինչպէ՞ս կրնաս իմաստուն որոշում մը կայացնել։
6, 7. ա) Անհատ մը ի՞նչ երկու պատճառներով կրնայ գործ մը ընդունիլ։ բ) Ո՞ր պատճառը ցոյց կու տայ, թէ ան կ’ուզէ՛ Եհովային մօտիկ մնալ։ Ինչո՞ւ։
6 Ընտրութիւնդ կախեալ է այն բանէն, թէ ինչպէ՛ս կ’ուզես կեանքդ գործածել։ Դուն քեզի հարց տուր. «Ո՞ւր կ’ուզեմ հասնիլ այս գործով»։ Եթէ գործ աշխատելուդ գլխաւոր պատճառն է ինքզինքդ եւ ընտանիքդ հոգալ որպէսզի կարենաս շարունակաբար Եհովային ծառայել, ապա ան քեզ պիտի օրհնէ (Մատ. 6։33)։ Եհովան գիտէ՛ ինչպէս քեզի օգնել, երբ յանկարծ գործազուրկ ըլլաս կամ երբ երկրին տնտեսութիւնը վատթարանայ (Եսա. 59։1)։ Ան «գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել» (Բ. Պետ. 2։9)։
7 Իսկ եթէ գլխաւոր պատճառդ շատ դրամ շահիլն է, թերեւս կարենաս ասոր հասնիլ. բայց միայն հարստանալու համար աշխատելուն մէջ վտանգ կայ (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10)։ Եթէ դրամն ու գործը կեանքիդ կարեւորագոյն բաներն են, ապա ինքզինքդ Եհովայէն հեռացուցած պիտի ըլլաս։
8, 9. Ծնողներն ի՞նչ հարց պէտք է տան իրենց գործին մասին. բացատրէ՛։
8 Եթէ ծնող մըն ես, մի՛ մոռնար որ զաւակներդ կը սորվին այն կերպէն որով որոշումներ կը կայացնես։ Եթէ իրենց հարցնես թէ կեանքիդ կարեւորագոյն բանը ի՛նչ է, ի՞նչ կը պատասխանեն. գո՞րծդ թէ Եհովայի հետ քու բարեկամութիւնդ։ Եթէ շարունակ ջանաս երեւելի ըլլալ կամ հարստանալ, չե՞ս խորհիր որ զաւակներդ ալ նոյնանման վատ ընտրութիւն մը պիտի ընեն երբոր մեծնան։ Չե՞ս խորհիր որ թերեւս անոնք քեզի հանդէպ իրենց յարգանքը կորսնցնեն։ Քրիստոնեայ պատանուհի մը կ’ըսէ. «Որքան որ կրնամ յիշել, հայրս միշտ գործին մէջ թաղուած կ’ըլլար։ Նախ, այնպէս կը թուէր թէ ան ծանր կ’աշխատէր քանի որ կ’ուզէր որ մեր ընտանիքը լաւագոյն կեանքը վայելէ։ Ան կ’ուզէր մեզի լաւ կերպով հոգ տանիլ։ Բայց վերջին տարիներուն, բան մը փոխուեր է»։ Պատանուհիին հայրը ամէն ատեն կ’աշխատի եւ սուղ պիտոյքներ կը բերէ տուն, որոնց ընտանիքը պէտք չունի։ Առ ի հետեւանք, անոնք ճանչցուած են որպէս հարուստ ընտանիք եւ ոչ թէ որպէս ընտանիք մը, որ ուրիշներուն հոգեւոր նպատակակէտեր կը քաջալերէ։ Աղջիկը կ’ըսէ թէ շա՛տ աւելի ուրախ պիտի ըլլար, եթէ իր հայրը շատ դրամ շահելու տեղ, ծանր աշխատէր իր ընտանիքը հոգեւորապէս զօրացնելու համար։
9 Ծնողնե՛ր, ուշադիր եղէք որ ձեր գործը ձեզ Եհովայէն չհեռացնէ։ Ձեր զաւակներուն համար օրինա՛կ եղէք։ Իրենց ցոյց տուէք թէ ի՛րապէս կը հաւատաք, որ Եհովային հետ փոխյարաբերութիւն ունենալը շա՛տ աւելի կարեւոր է քան նիւթական բաները (Մատ. 5։3)։
10. Պատանի մը ի՞նչ բաներ նկատի պիտի առնէ, առաջ որ գործի ասպարէզ մը ընտրէ։
10 Եթէ պատանի ես եւ կը մտածես թէ ի՛նչ պիտի աշխատիս երբ մեծնաս, ինչպէ՞ս կրնաս ճիշդ ուղին ընտրել։ Ինչպէս որ արդէն քննարկեցինք, ընտրութիւնդ կախեալ պիտի ըլլայ այն բանէն, թէ կեանքդ ինչպէ՛ս պիտի գործածես։ Եթէ կը մտածես որոշ արհեստի մը համար մարզուիլ, այդ մարզումը քեզի պիտի օգնէ՞ որ Թագաւորութեան շահերը լիովին հետապնդես, թէ ոչ պատճառ պիտի ըլլայ որ Եհովայէն հեռանաս (Բ. Տիմ. 4։10)։ Կ’ուզե՞ս ընդօրինակել աշխարհի այն մարդիկը, որոնց ուրախութիւնը դրամատան մէջ իրենց հաշիւներուն հետ կ’ելլէ–կ’իջնէ, թէ ոչ Եհովային պիտի ապաւինիս ինչպէս որ Դաւիթ ըրաւ։ Ան գրեց. «Տղայ էի ու ծերացայ, բայց արդարը անտես եղած չտեսայ, կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող» (Սաղ. 37։25)։ Յիշէ՛. մէկ ուղին քեզ Եհովայէն պիտի հեռացնէ, իսկ միւս ուղին քեզ լաւագոյն կեանքին պիտի առաջնորդէ (կարդա՛ Առակաց 10։22. Մաղաքիա 3։10)։ Ո՞ր ուղին պիտի ընտրեսa։
ԺԱՄԱՆՑ ԵՒ ԶԲՕՍԱՆՔ
11. ա) Աստուածաշունչը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ ժամանցի եւ զբօսանքի մասին։ բ) Ի՞նչ պէտք է յիշենք։
11 Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ զուարճանալը սխալ է, ոչ ալ կ’ըսէ թէ զբօսանքը ժամանակի կորուստ է։ Պօղոս Տիմոթէոսին ըսաւ որ «մարմնին վարժութիւնը քիչ բանի օգտակար է» (Ա. Տիմ. 4։8)։ Աստուածաշունչը նոյնիսկ կ’ըսէ թէ «ծիծաղելու» եւ «կաքաւելու ժամանակ» կայ. նաեւ կը քաջալերէ որ բաւարար չափով հանգստանանք (Ժող. 3։4. 4։6)։ Բայց եթէ ուշադրութիւն չընես, ժամանցն ու զուարճութիւնը կրնայ քեզ Եհովայէն հեռացնել։ Ինչպէ՞ս։ Վտանգը երկու կէտ կը պարփակէ. ի՛նչ տեսակ ժամանց կ’ընտրես եւ որքա՛ն ժամանակ կը տրամադրես ատոր։
Ճիշդ տեսակ եւ ճիշդ չափով ժամանց վայելելը թարմացուցիչ է
12. Ի՞նչ բաներու շուրջ պէտք է մտածես, երբ ժամանց կ’ընտրես։
12 Նախ նկատի առնենք ժամանցին տեսակը։ Վստահաբար, զուարճութեան լաւ տեսակներ եւ օգտակար ժամանց գտնելը կարելի է։ Սակայն, աշխարհի զուարճութիւններուն մեծամասնութիւնը կը փառաւորէ բաներ, որոնք Աստուած կ’ատէ, ինչպէս՝ բռնութիւն, ոգեհարցութիւն եւ անբարոյութիւն։ Ուստի հարկ է որ ուշադի՛ր ըլլաս թէ ինչ տեսակ ժամանց կ’ընտրես։ Այսպիսի հարցումներու շուրջ մտածէ. այս ժամանցը ինծի ինչպէ՞ս կ’ազդէ։ Զիս կը քաջալերէ՞ որ բռնի ըլլամ կամ ազգովս հպարտանամ։ Մէջս մրցակցութեան հոգի կը զարգացնէ՞ (Առ. 3։31)։ Դրամներս կը սպառէ՞։ Կրնա՞յ ուրիշներուն գայթակղութիւն ըլլալ (Հռով. 14։21)։ Ի՞նչ տեսակի անհատներու հետ պիտի ընկերակցիմ այս ժամանցին միջոցով (Առ. 13։20)։ Զիս կը մղէ՞ որ սխալ բան մը ընեմ (Յակ. 1։14, 15)։
13, 14. Ինչո՞ւ նկատի պէտք է առնես այն ժամանակը որ կը տրամադրես ժամանցի համար։
13 Նաեւ նկատի առ այն ժամանակը որ կը տրամադրես ժամանցի եւ զբօսանքի համար։ Դուն քեզի հարց տուր. «Զբօսանքի համար շատ ժամանակ կը յատկացնե՞մ, այնպէս որ դաշտի ծառայութեան եւ ժողովներու տրամադրած ժամանակս պակսի»։ Եթէ չափազանց ժամանակ տաս զբօսանքի համար, անկէ շատ հաճոյք պիտի չառնես։ Իրականութեան մէջ, անոնք որոնք իրենց զբօսանքի ժամանակին վրայ կը հսկեն, ժամանցը աւելի՛ կը վայելեն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ գիտեն թէ նա՛խ ուշադրութիւն ընծայեցին ‘աւելի կարեւոր բաներուն’. ուստի զուարճանալու ատեն յանցաւոր չեն զգար (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 1։10, 11)։
14 Թէեւ զբօսանքի համար շատ ժամանակ տրամադրելը կրնայ հրապուրիչ ըլլալ, սակայն այս մէկը կրնայ քեզ Եհովայէն հեռացնել։ Քիմ անունով 20 ամեայ քոյր մը փորձառութեամբ գիտցաւ ասոր ճիշդ ըլլալը։ Ան կ’ըսէ. «Ես բոլոր խնճոյքներուն կ’երթայի։ Ամէն ուրբաթ, շաբաթ եւ կիրակի մեծ ծրագիր մը կ’ըլլար։ Սակայն այժմ կը տեսնեմ թէ շատ աւելի կարեւոր բաներ կան ընելու։ Օրինակ, ռահվիրայ ըլլալով, առաւօտեան ժամը 6–ին կ’արթննամ դաշտի ծառայութեան համար. ուստի չեմ կրնար ուշ գիշեր մինչեւ ժամը 1 կամ 2՝ խնճոյքի մը մնալ։ Գիտեմ թէ ընկերային ժամանցներու լաւ տեսակներ ալ կան, սակայն ատոնք կրնան խոչընդոտ մը ըլլալ»։ Քոյրը սորվեցաւ թէ ուշադիր պէտք է ըլլայ որ ընկերային ժամանցներուն չափէ դուրս ժամանակ չտրամադրէ։
15. Ծնողներն ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել, որ լաւ ժամանցներ ընտրեն։
15 Ծնողները նիւթական գետնի վրայ հոգ պէտք է տանին իրենց ընտանիքին։ Անոնք նաեւ պատասխանատուութիւնը ունին իրենց ընտանիքին օգնելու, որ Եհովային մօտիկ մնան եւ ուրախ ու սիրուած զգան։ Եթէ ծնող մըն ես, մի՛ կարծեր թէ բոլոր ժամանցներն ալ գէշ են։ Անշուշտ, վատ ժամանցի եւ զբօսանքի տեսակներ կան (Ա. Կոր. 5։6)։ Բայց եթէ նախապէս ուշադրութեամբ մտածես թէ ի՛նչ ժամանց պիտի ընտրես, կրնաս կերպեր գտնել որ ընտանիքդ միասնաբար լաւ ժամանակ անցընէb։ Այս կերպով, դուն եւ զաւակներդ ուղի մը բռնած պիտի ըլլաք, որ ձեզ Եհովային աւելի կը մօտեցնէ։
ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
16, 17. ա) Ծնողներէն շատեր ի՞նչ տխուր պարագայէ մը անցած են։ բ) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Եհովան կը հասկնայ անոնց տխրութիւնը։
16 Ծնողի եւ զաւակի միջեւ եղած կապը այնքան զօրաւոր է որ Եհովան այդ փոխյարաբերութիւնը գործածեց, որ բացատրէ իր ունեցած սէրը իր ժողովուրդին հանդէպ (Եսա. 49։15)։ Ուստի բնական է խորին ցաւ զգալ, երբ ընտանիքէն սիրելի մը Եհովան կը ձգէ։ «Սիրտս կոտրեցաւ», կ’ըսէ քոյր մը, որուն աղջիկը վտարուեցաւ։ «Հարց տուի. ‘Աղջիկս ինչո՞ւ Եհովան ձգեց’։ Ինքզինքս յանցաւոր զգացի եւ անձս մեղադրեցի»։
17 Եհովան կը հասկնայ թէ ինչո՛ւ կը ցաւիս։ Նոյնի՛նքն «իր սրտին մէջ տրտմեցաւ», երբ իր մարդկային ընտանիքին առաջին անդամը եւ ետքը՝ նախաջրհեղեղեան մարդոց մեծամասնութիւնը ըմբոստացան (Ծն. 6։5, 6)։ Անոնք որոնք այս պարագայէն չեն անցած, թերեւս չհասկնան թէ ասիկա որչափ ցաւ կը պատճառէ։ Բայց ինքզինքդ վտանգի առջեւ դրած կ’ըլլաս, եթէ թոյլ տաս որ ընտանիքիդ վտարուած անդամին սխալ վարքը քեզ Եհովայէն հեռացնէ։ Արդ, ինչպէ՞ս կրնաս տխրութեան զգացումներդ հակակշռել, երբ ընտանիքէն մէկը Եհովան կը ձգէ։
18. Ծնողներն ինչո՞ւ ինքզինքնին պէտք չէ մեղադրեն, երբ իրենց զաւակը Եհովան կը ձգէ։
18 Պատահածին համար ինքզինքդ մի՛ մեղադրեր։ Ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ որ նուիրուած ու մկրտուած է, «իր բեռը պիտի կրէ»՝ ընտրելով Եհովային ծառայել կամ ոչ (Գաղ. 6։5)։ Եհովան մեղանչո՛ղը պատասխանատու կը սեպէ՝ իր առած որոշումին համար։ Աստուած քեզ չի մեղադրեր (Եզեկ. 18։20)։ Ասկէ զատ, յանցանքը ուրիշներու վրայ մի՛ նետեր, հապա յարգէ՛ այն կերպը որով Եհովան իր ժողովուրդը կը կրթէ։ Մի՛ մեղադրեր երէցները, որոնք ժողովքը կը պաշտպանեն, հապա Բանսարկուին դէմ կեցիր ու թոյլ մի՛ տար որ այս պարագան քեզ Եհովայէն հեռացնէ (Ա. Պետ. 5։8, 9)։
Սխալ չէ յուսալ որ սիրելի մը Եհովային վերադառնայ
19, 20. ա) Վտարուած զաւակի մը ծնողները ինչպէ՞ս կրնան գլուխ ելլել իրենց տխրութեան հետ։ բ) Այս ծնողներն ի՞նչ բանի պէտք է յուսան։
19 Ի՞նչ պիտի պատահէր, եթէ ընտրէիր Եհովայէն զայրանալ քու զաւակիդ վտարուելուն համար։ Զգացումներդ կրնային քեզ Եհովայէն հեռացնել։ Իրականութեան մէջ, ընտանիքիդ այս թանկագին անդամը պէտք է գիտնայ, որ դուն վճռած ես Եհովան շատ աւելի՛ սիրել քան ընտանիքդ։ Ուստի տխրութեանդ հետ գլուխ ելլելու համար, ջա՛նք թափէ որ Եհովայի հետ փոխյարաբերութիւնդ զօրաւոր մնայ։ Կանոնաւորաբար ընկերակցէ հաւատարիմ եղբայրներուդ եւ քոյրերուդ հետ (Առ. 18։1)։ Աղօթէ՛ Եհովային, անկեղծօրէն ըսելով թէ ինչպէս կը զգաս (Սաղ. 62։7, 8)։ Պատճառներ մի՛ փնտռեր ընտանիքիդ վտարուած անդամին հետ ընկերակցելու, զոր օրինակ՝ հեռաձայնով կամ ել–մակով (Ա. Կոր. 5։11)։ Փոխարէնը, հոգեւոր գործունէութիւններու մէջ մխրճուէ (Ա. Կոր. 15։58)։ Վերոնշեալ քոյրը կ’ըսէ. «Գիտեմ, թէ պէ՛տք է որ Եհովայի ծառայութեան մէջ զբաղած մնամ եւ հոգեւոր վիճակս զօրաւոր պահեմ, որպէսզի աղջիկս երբ Եհովային վերադառնայ, պատրա՛ստ ըլլամ իրեն օգնելու»։
20 Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ սէրը «ամէն բանի կը յուսայ» (Ա. Կոր. 13։4, 7)։ Սխալ չէ որ յուսաս որ սիրելիդ Եհովային վերադառնայ։ Ամէն տարի, վտարուած անհատներէն շատեր կը զղջան եւ Եհովայի կազմակերպութեան կը վերադառնան։ Եհովան ոխ չի պահեր անոնց դէմ, որոնք կը զղջան։ Ընդհակառակը, ան «ներող» Աստուած է (Սաղ. 86։5)։
ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ ԸՆՏՐԷ
21, 22. Ազատ կամքդ ինչպէ՞ս պիտի գործածես։
21 Եհովան մարդ արարածին ազատ կամք տուած է (կարդա՛ Բ. Օրինաց 30։19, 20)։ Բայց այդ ազատութիւնը իրեն հետ պատասխանատուութիւն կը բերէ։ Ամէն քրիստոնեայ ինքն իրեն հարց պէտք է տայ. «Ո՞ր ուղին բռնած եմ։ Թոյլ տուա՞ծ եմ, որ գործը, ժամանցն ու զբօսանքը եւ ընտանեկան փոխյարաբերութիւնները զիս Եհովայէն հեռացնեն»։
22 Եհովան անդադար կը սիրէ իր ժողովուրդը։ Ուստի միակ կերպը, որով կրնանք Եհովայէն հեռանալ, սխալ ուղի ընտրելն է (Հռով. 8։38, 39)։ Սակայն պէտք չէ որ այդպէս պատահի։ Վճռականօրէն թոյլ մի՛ տար, որ որեւէ բան քեզ Եհովայէն հեռացնէ։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ ա՛յլ չորս մարզեր, ուր հարկ է որ ուշադիր ըլլանք մեր ընտրութիւններուն։
a Գործ մը ընտրելու առնչութեամբ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ, հատոր 2, գլուխ 38 (անգլերէն)։
b Լաւ ժամանցներ եւ զբօսանքներ ընտրելու մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Դիտարան–ի 1 մարտ 2006 թիւը, էջ 21։
-
-
Շարունակէ՛ Եհովային մօտենալԴիտարան 2013 | Յունուար 15
-
-
Շարունակէ՛ Եհովային մօտենալ
«Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (ՅԱԿ. 4։8)։
1, 2. ա) Սատանային «խորհուրդները» ի՞նչ են։ բ) Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ Աստուծոյ մօտենանք։
ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ մարդ արարածին մէջ իրեն մօտենալու կարիքը զետեղեց։ Բայց Սատանան կ’ուզէ որ խորհինք թէ Եհովային պէտք չունինք։ Սատանան կը փորձէ այս կէտը մարդոց համոզել տալ Եդեմի օրերէն ի վեր, երբ Եւան խաբեց (Ծն. 3։4-6)։ Եւ մինչեւ օրս շատեր խորհած են թէ Աստուծոյ պէտք չունինք։
2 Մենք միեւնոյն սխալին մէջ իյնալու ստիպուած չենք, քանի որ «անոր խորհուրդները գիտենք» (Բ. Կոր. 2։11)։ Սատանան կը փորձէ մեզ Եհովայէն հեռացնել, դրդելով որ սխալ ընտրութիւններ ընենք։ Նախորդ յօդուածը բացատրեց թէ ինչպէ՛ս կրնանք ճիշդ ընտրութիւններ ընել մեր գործին, զբօսանքին ու ժամանցին եւ մեր ընտանիքին առնչութեամբ։ Այս յօդուածը յաւելեալ չորս մարզեր պիտի նշէ, որոնցմով Սատանան կը ջանայ մեզ փորձութեան մէջ ձգել,– ելեկտրոնական սարքեր, առողջութիւն, դրամ եւ հպարտութիւն։ Եթէ այս մարզերուն մէջ լաւ ընտրութիւններ ընենք, կրնանք ‘Աստուծոյ մօտենալ’ (Յակ. 4։8)։
ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉՆԵՐ ԵՒ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՐՔԵՐ
3. Բացատրէ՛ թէ համակարգիչներն ու համանման սարքերը ինչպէս լաւ եւ գէշ կերպով կարելի է գործածել։
3 Համակարգիչներ եւ ելեկտրոնական սարքեր օգտագործողներուն թիւը հետզհետէ կ’աւելնայ։ Երբ այս սարքերը ճիշդ կերպով գործածենք, կրնանք անոնցմէ օգտուիլ։ Բայց եթէ սխալ կերպով գործածենք, ատոնք կրնան մեր երկնաւոր Հօրմէն հեռացնել մեզ։ Նկատի առ համակարգիչները։ Մեր եղբայրները համակարգիչներու միջոցով կը գրեն եւ կը հրատարակեն այս Դիտարան–ը։ Համակարգիչները կրնան մեզի օգնել որ պրպտումներ ընենք, հաղորդակցինք եւ զուարճանանք։ Բայց եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք համակարգիչին գերի դառնալ։ Շատ մը գովազդներ կ’ըսեն թէ հի՛մա ձեռք ձգէ ամէն նորագոյն սարք։ Պատանիի մը սիրտը ա՛յնքան փափաքեցաւ մասնայատուկ համակարգիչ մը ունենալ որ գաղտնաբար իր մէկ երիկամունքը ծախեց, որպէսզի այդ սարքը գնէ։ Ի՜նչ կարճատես զոհողութիւն։
4. Եղբայր մը համակարգիչը չափազանց գործածելու իր գէշ սովորութիւնը ինչպէ՞ս փոխեց։
4 Շատ աւելի ցաւալի է, եթէ Եհովայի հետ փոխյարաբերութեանդ վնասես՝ ելեկտրոնական սարքերը սխալ կերպով կամ շատ յաճախ գործածելով։ Եոնa անունով եղբայր մը, որ գրեթէ 30 տարեկան է, կ’ըսէ. «Գիտե՛մ թէ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ պէտք է ‘ժամանակը ծախու առնենք’ հոգեւոր բաներու համար, բայց ինչ կը վերաբերի համակարգիչներուն, ես իմ անձիս տէրը չեմ»։ Յաճախ, ան մինչեւ ուշ գիշեր համացանցը կը գործածէր։ «Ո՛րքան աւելի յոգնած ըլլայի, ա՛յնքան աւելի դժուար կ’ըլլար, որ ցանցազրոյցը դադրեցնէի կամ կարճ տեսաֆիլմեր չդիտէի,– թէեւ անոնցմէ ոմանք օգտակար չէին», կը պատմէ ան։ Այս գէշ սովորութենէն ձերբազատուելու համար, Եոն այնպէս մը ըրաւ որ իր համակարգիչը ինքնիրեն մարէր այն ժամուն, երբ պէտք էր որ քնանար (կարդա՛ Եփեսացիս 5։15, 16)։
Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն օգնեցէք որ ելեկտրոնական սարքերը իմաստութեամբ գործածեն
5, 6. ա) Ծնողներն ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին իրենց զաւակներուն հանդէպ։ բ) Ծնողներն ինչպէ՞ս կրնան վստահ ըլլալ, որ իրենց զաւակները բարի ընկերակցութիւն կը վայելեն։
5 Ծնողնե՛ր, պէտք չունիք ձեր զաւակներուն իւրաքանչիւր քայլը մանրադիտակով դիտելու, բայց եւ այնպէս, հարկ է որ հսկէ՛ք թէ ինչպէս կը գործածեն համակարգիչը։ Մի՛ ձգէք որ պոռնկագրական եւ ոգեհարցական ցանցակայքեր մտնեն, վայրագ խաղեր խաղան կամ գէշ անհատներու հետ առցանց ընկերակցին։ Որովհետեւ եթէ ձգէք որ ուզածնին ընեն, պարզապէս որ ազատ ժամանակ ունենաք, անոնք թերեւս սա եզրակացութեան յանգին. «Եթէ պապայիս ու մամայիս հոգը չէ, ըսել է թէ վնաս մը չունի»։ Ո՛վ ծնողներ, ձեր պարտականութիւնն է ձեր զաւակները,– եւ պատանիները,– պաշտպանել որեւէ բանէ, որ կրնայ զանոնք Եհովայէն հեռացնել։ Անասունները անգամ կը պաշտպանեն իրենց ձագերը։ Երեւակայեցէք թէ մայր արջ մը ի՛նչ կրնայ ընել, եթէ մէկը իր ձագերուն սպառնայ (համեմատէ՛ Ովսէէ 13։8)։
6 Ձեր զաւակներուն օգնեցէք որ ամէն տարիքի եւ օրինակելի եղբայրներու ու քոյրերու հետ ընկերակցին։ Յիշեցէք. ձեր զաւակները ձեզի՛ հետ կ’ուզեն ժամանակ անցընել։ Ուստի ժամանակ ստեղծեցէք, անոնց հետ խնդալու, խաղալու, աշխատելու եւ ‘Աստուծոյ մօտենալու’b։
ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆ
7. Ինչո՞ւ բոլորս կ’ուզենք առողջ մնալ։
7 «Ինչպէ՞ս է առողջութիւնդ»։ Այս ընդհանրացած հարցումը ցաւալի իրողութիւն մը կը բացայայտէ։ Որո՛վհետեւ Ադամն ու Եւան թոյլ տուին որ Սատանան զիրենք Եհովայէն հեռացնէ, բոլորս ալ հիւանդութեան ենթակայ եղանք։ Հիւանդութիւնը Սատանայի նպատակին կը ծառայէ, քանի որ երբ հիւանդանանք, Եհովային ծառայելը աւելի դժուար կ’ըլլայ։ Իսկ եթէ մեռնինք, բնաւ չենք կրնար իրեն ծառայել (Սաղ. 115։17)։ Ուստի, բնականաբար կ’ուզենք մեր կարելին ընել՝ առողջ մնալու համարc։ Ասկէ զատ, պէտք է մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն առողջութեամբ ալ հետաքրքրուած ըլլանք։
8, 9. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք մեր առողջութեան առնչութեամբ ծայրայեղութեան չերթալ։ բ) Ուրախութիւն մշակելուն օգուտները ի՞նչ են։
8 Սակայն, պէտք չէ ծայրայեղութեան երթանք։ Ոմանք որոշ սննդականոններու, դարմանումներու կամ գեղեցկագիտական պիտոյքներու մասին աւելի՛ նախանձախնդրութեամբ կը խօսին, քան Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։ Թերեւս անկեղծաբար խորհին թէ ուրիշներուն կ’օգնեն։ Այսուհանդերձ, ժողովներէն առաջ կամ ետք, Թագաւորութեան սրահներու կամ համաժողովասրահներու մէջ առողջապահական կամ գեղեցկագիտական պիտոյքներու եւ սովորութիւններու մասին խօսիլը տեղին չէ։ Ինչո՞ւ։
9 Մենք մէկտեղ կը հաւաքուինք հոգեւո՛ր նիւթեր քննարկելու եւ աւելցնելու մեր ուրախութիւնը, որ Աստուծոյ սուրբ հոգիէն կու գայ (Գաղ. 5։22)։ Ժողովներուն նպատակը չէ խօսիլ առողջապահական դարմանումներու եւ դեղերու մասին,– նո՛յնիսկ եթէ ուրիշ մէկը ուզէ խօսիլ ատոնց մասին։ Կրնանք պատճառ ըլլալ որ ուրիշները իրենց ուրախութիւնը կորսնցնեն (Հռով. 14։17)։ Մարդիկ իրե՛նք պէտք է կայացնեն իրենց առողջապահական որոշումները։ Ասկէ զատ, մէկը չկայ որ բոլոր հիւանդութիւններուն լուծումը ունենայ։ Ամենամասնագէտ բժիշկներն անգամ կը ծերանան, կը հիւանդանան, եւ ի վերջոյ կը մահանան։ Եւ մեր առողջութեամբ չափազանց մտահոգուելով չե՛նք կրնար մեր կեանքը երկարել (Ղուկ. 12։25)։ Միւս կողմէ, «ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է» (Առ. 17։22)։
10. ա) Ո՞ր յատկութիւնները գեղեցիկ են Եհովայի աչքին։ բ) Ե՞րբ կատարեալ առողջութիւն պիտի ունենանք։
10 Նմանապէս, մեր տեսքով ալ հետաքրքրուած պէտք է ըլլանք։ Բայց պէտք չունինք ճիգ թափելու, որ աւելի երիտասարդ երեւնանք։ Ծերութեան նշանները կրնան ապացուցանել անհատի մը հասունութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ ներքին գեղեցկութիւնը։ Օրինակի համար, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մազի ճերմկութիւնը փառաց պսակ է, եթէ անիկա արդարութեան ճամբուն մէջ գտնուի» (Առ. 16։31)։ Եհովան կը սեպէ որ մեր ներքին անձնաւորութիւնը աւելի կարեւոր է քան մեր դրսերեւոյթը. մենք ալ իրեն պէս պէտք է խորհինք (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։3, 4)։ Ուստի հարկ կա՞յ վտանգաւոր դարմանումներու կամ գործողութիւններու միջոցով մեր առողջութիւնը կամ կեանքը վտանգելու, պարզապէս քանի որ կ’ուզենք մեր արտաքին երեւոյթը բարելաւել։ Անկախ մեր տարիքէն կամ առողջութենէն, իսկակա՛ն գեղեցկութիւնը «Տէրոջը ուրախութիւնը» ունենալէն յառաջ կու գայ (Նէ. 8։10)։ Միայն նոր աշխարհին մէջ կատարելապէս առողջ պիտի ըլլանք եւ պիտի երիտասարդանանք (Յոբ 33։25. Եսա. 33։24)։ Բայց մինչեւ այդ օրը գայ, հարկ է որ իմաստուն որոշումներ կայացնենք եւ Եհովայի խոստումներուն հաւատք ընծայենք։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ կեանքը հի՛մա վայելենք եւ առողջապահական հարցերով շատ չմտահոգուինք (Ա. Տիմ. 4։8)։
ԴՐԱՄ
11. Դրամը ինչպէ՞ս կրնայ ծուղակ մը ըլլալ։
11 Դրամ ունենալը կամ շահիլը սխալ չէ (Ժող. 7։12. Ղուկ. 19։12, 13)։ Բայց «արծաթսիրութիւնը» մեզ Եհովայէն պիտի հեռացնէ (Ա. Տիմ. 6։9, 10)։ «Աշխարհիս զբաղմունքը» կը նշանակէ՝ կեանքի անհրաժեշտ բաները ապահովելու նկատմամբ չափազանց մտահոգուիլ. եւ այս բանը կրնայ մեզ հոգեւորապէս խեղդել։ Իսկ «հարստութեան խաբէութիւնը» կը նշանակէ թէ կրնանք խաբուիլ՝ կարծելով որ դրամը մեզ պիտի ուրախացնէ եւ մեր կեանքը ապահովէ (Մատ. 13։22)։ Յիսուս ըսաւ թէ «մարդ մը չի կրնար» ծառայել թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ դրամին (Մատ. 6։24)։
12. ա) Մարդիկ ի՞նչ կերպերով կը փորձեն արագօրէն շատ դրամ շահիլ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք սխալ ընտրութիւններ ընելէ խուսափիլ։
12 Եթէ խորհինք թէ դրամը կարեւորագոյն բանն է, թերեւս սխալ արարքներ գործենք (Առ. 28։20)։ Ոմանք ուզած են արագօրէն շատ դրամ շահիլ, ուստի վիճակահանութեան տոմսեր գնած են։ Կարգ մը եղբայրներ կը մտնեն առեւտրական գործերու մէջ, որոնց մասին կ’ըսուի թէ շահաւէտ ձեռնարկներ են. եւ մինչեւ իսկ ժողովքի միւս անդամներուն կը խոստանան որ եթէ անոնք ալ իրենց միանան, շատ դրամ պիտի շահին։ Ուրիշ առիթներով, որոշ եղբայրներ ժողովքի անդամներէն ուզած են գործի մը համար փոխ առնել, խոստանալով որ շատ դրամ պիտի վերադարձնեն անոնց։ Եթէ ագահութիւն ունինք, թերեւս ընդունինք առեւտրական ձեռնարկ մը, որ կրնայ մեր դրամները սպառել։ Ուստի ուշադի՛ր եղիր որ ագահ չըլլաս։ Արագ կերպով շատ դրամ շահիլը սովորաբար կարելի չէ։
13. Եհովան կ’ուզէ որ մենք դրամը ի՞նչ աչքով դիտենք։
13 Եհովան ապրուստ ճարելու մեր ջանքերը պիտի օրհնէ, եթէ առաջին տեղը դնենք «թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը» (Մատ. 6։33. Եփ. 4։28)։ Ան չ’ուզեր որ ժողովներու ընթացքին մեր քունը գայ այն պատճառով որ գործին մէջ շատ կը յոգնինք. ոչ ալ կ’ուզէ որ Թագաւորութեան սրահին մէջ մեր ուշքը դրամին վրայ ըլլայ։ Աշխարհին մէջ, շատեր կը խորհին թէ իրենց ձեռքէն եկածը պէտք է ընեն դրամ շահելու համար։ Անոնք չեն ուզեր աշխատիլ իրենց յառաջացած տարիքին մէջ. եւ յաճախ իրենց զաւակներն ալ կը քաջալերեն որ նոյն բանը ընեն։ Բայց Յիսուս ցոյց տուաւ թէ այս մտածելակերպը անտրամաբանական է (կարդա՛ Ղուկաս 12։15-21)։ Գէեզին կարծեց թէ կրնայ թէ՛ ագահ ըլլալ եւ թէ Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալ (Դ. Թագ. 5։20-27)։
14, 15. Ինչո՞ւ իմաստութիւն չէ խորհիլ, որ դրամը ապահովութիւն է. օրինակ մը տուր։
14 Տեղեկագրուած է թէ որոշ արծիւներ խեղդուած են քանի որ փորձած են ծանր ձուկեր բռնել եւ կրել։ Համանման բան մը կրնայ մեզի պատահիլ եթէ անխոնջօրէն ջանանք հարստանալ։ Ալեքս անունով երէց մը բացատրեց թէ շատ ուշադրութեամբ դրամ կը ծախսէ. ան մինչեւ իսկ օճառը կը խնայէ։ Բայց օր մը ան մտածեց որ եթէ յաւելեալ դրամ շահի, կրնայ իր գործը ձգել եւ ռահվիրայութեան սկսիլ։ Ուստի սորվեցաւ ինչպէ՛ս արժեթուղթեր գնել ու ծախել, եւ իր ամբողջ դրամով կրցածին չափ արժեթուղթեր գնեց։ Ան մինչեւ իսկ պարտքի դրամ առաւ՝ յաւելեալ արժեթուղթեր գնելու համար։ Բայց իր գնած արժեթուղթերը արժէքէ ինկան։ Ալեքս ըսաւ. «Ես վճռեր էի կորսնցուցած դրամիս տեղը հանել»։ Ան խորհեցաւ որ եթէ սպասէր, արժեթուղթերը վերստին պիտի սղէին։
15 Ալեքսին խելքն ու միտքը իր արժեթուղթերուն վրայ եղաւ. չկրցաւ Եհովայի ծառայութիւնը առաջին տեղը դնել եւ իր քունը փախաւ։ Իսկ արժեթուղթերուն գինը բնաւ չբարձրացաւ։ Ալեքսն իր ամբողջ գումարը կորսնցուց եւ ստիպուեցաւ իր տունը ծախել։ Ան կ’ըսէ թէ իր ընտանիքին գլխու ցաւ եղաւ։ Բայց եւ այնպէս, ան կարեւոր դաս մը սորվեցաւ։ «Այժմ գիտեմ թէ ո՛վ որ Սատանայի աշխարհին ապաւինի, խորապէս յուսախաբ պիտի ըլլայ», ըսաւ ան (Առ. 11։28)։ Եթէ ամբողջովին դրամին կամ դրամ շահելու մեր կարողութեան ապաւինինք, խորքին մէջ ապաւինած կ’ըլլանք ‘այս աշխարհի աստուծոյն’՝ Սատանային (Բ. Կոր. 4։4. Ա. Տիմ. 6։17)։ Ալեքսն այժմ փոփոխութիւններ մտցուցած է իր կեանքին մէջ, որպէսզի աւելի ժամանակ յատկացնէ բարի լուրը քարոզելուն։ Ասիկա զինք եւ իր ընտանիքը աւելի ուրախացուցած է եւ օգնած է որ Եհովային աւելի մօտենան (կարդա՛ Մարկոս 10։29, 30)։
ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ
16. Պարծանքը ինչպէ՞ս կը տարբերի հպարտութենէն։
16 Ճիշդ բաներով պարծենալը կրնայ լաւ ըլլալ։ Օրինակ, մեզի համար պարծանք է Եհովայի վկայ կոչուիլը (Եր. 9։24)։ Այս պատճառով, միշտ կը ջանանք լաւ որոշումներ կայացնել եւ Աստուծոյ բարձր չափանիշներուն հետեւիլ։ Բայց պէտք է ուշադիր ըլլանք որ չհպարտանանք, խորհելով որ Եհովայէն աւելի լաւ կը հասկնանք։ Ինչո՞ւ. քանի որ այս կեցուածքը կրնայ մեզ Եհովայէն հեռացնել (Սաղ. 138։6. Հռով. 12։3)։
Ժողովքիդ մէջ նշանակում մը ստանալու մասին հոգ ընելու տեղ, ծառայութենէ՛դ հաճոյք առ
17, 18. ա) Խոնարհ եւ հպարտ մարդոց օրինակներ տո՛ւր Աստուածաշունչէն։ բ) Եղբայր մը ինչպէ՞ս թոյլ չտուաւ, որ հպարտութիւնը զինք Եհովայէն հեռացնէր։
17 Աստուածաշունչը կը պատմէ թէ՛ հպարտ եւ թէ խոնարհ մարդոց մասին։ Դաւիթ թագաւորը խոնարհութեամբ Եհովայէն ուղղութիւն խնդրեց եւ օրհնուեցաւ (Սաղ. 131։1-3)։ Միւս կողմէ, Եհովան պատժեց Բաբելոնի հպարտ թագաւորները՝ Նաբուգոդոնոսորը եւ Բաղտասարը (Դան. 4։30-37. 5։22, 30)։ Այսօր ալ պարագաներ կը ծագին, որոնց ներքեւ խոնարհ մնալը մարտահրաւէր կը դառնայ։ Ռայըն անունով 32 ամեայ օգնական ծառայ մը իր ժողովքը փոխեց։ Ան կը պատմէ. «Ես ակնկալեցի որ շուտով երէց կը յանձնարարուիմ, բայց մէկ տարի անցաւ եւ բան մը չեղաւ»։ Արդեօք Ռայընը պիտի զայրանա՞ր, խորհելով թէ երէցները զինք չեն յարգած։ Արդեօք պիտի դադրէ՞ր ժողովներուն յաճախելէ, թոյլ տալով որ հպարտութիւնը զինք Եհովայէն եւ ժողովքէն հեռացնէր։ Դո՞ւն ինչ կ’ընէիր։
18 «Մեր հրատարակութիւններուն մէջ ի՛նչ որ կրցայ գտնել ուշացած յոյսին մասին, կարդացի», կը մտաբերէ Ռայընը (Առ. 13։12)։ «Ես անդրադարձայ որ պէտք է սորվիմ համբերել եւ խոնարհ ըլլալ։ Կարիք ունէի որ Եհովան զիս մարզէր»։ Ռայըն իր անձին վրայ կեդրոնանալու տեղ, սկսաւ ուրիշներուն օգնել ու ծառայել, ըլլայ ժողովքին մէջ թէ դաշտին մէջ։ Շատ չանցած, ան արդէն շատ մը յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ կը վարէր։ «Երբ մէկուկէս տարի ետք երէց նշանակուեցայ, անակնկալի եկայ», կ’ըսէ ան։ «Ես ատոր մասին բնաւ հոգ չէի ըներ, քանի որ ծառայութենէս շատ հաճոյք կ’առնէի» (կարդա՛ Սաղմոս 37։3, 4)։
ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՄՕՏԻ՛Կ ՄՆԱՆՔ
19, 20. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ այս յօդուածներուն մէջ քննարկուած բաները բնաւ մեզ Եհովայէն պիտի չհեռացնեն։ բ) Աստուածաշունչէն ովքե՞ր գիտենք, որոնք Եհովային մօտիկ մնացին։
19 Եօթը բաներն ալ որ այս յօդուածներուն մէջ քննարկեցինք, սխալ չեն։ Մենք կը պարծենանք Եհովայի վկայ ըլլալով, ընտանեկան երջանիկ կեանքն ու լաւ առողջութիւնը Եհովայէն պարգեւներ են, մեր գործն ու դրամը անհրաժեշտ են մեր եւ մեր ընտանիքին ապրուստին համար, ժամանցը մեզ կը թարմացնէ եւ ելեկտրոնական սարքերը կրնան օգուտի ծառայել։ Բայց հարկ է որ յիշենք, որ եթէ որեւէ բան սխալ ժամանակին, սխալ չափով կամ սխալ կերպով ընենք, կրնանք Եհովայէն հեռանալ։
Թոյլ մի՛ տար, որ որեւէ բան քեզ Եհովայէն հեռացնէ
20 Սատանան կ’ուզէ որ Եհովայէն հեռանաս։ Բայց դուն կրնա՛ս ծանր աշխատիլ, որ անձդ եւ ընտանիքդ պաշտպանես (Առ. 22։3)։ Շարունակէ՛ Եհովային մօտենալ։ Աստուածաշունչին մէջ բազմաթիւ անհատներ կը նշուին որ այս մէկը ըրին։ Ենովքն ու Նոյը «Աստուծոյ հետ քալեց[ին]» (Ծն. 5։22. 6։9)։ Մովսէս «համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր» (Եբ. 11։27)։ Յիսուս միշտ իր Հօր ուզածը ըրաւ եւ ասոր համար օրհնուեցաւ (Յովհ. 8։29)։ Օրինա՛կ առ այս անհատներէն։ «Ամէն ատեն ուրախ եղէ՛ք։ Անդադար աղօթք ըրէ՛ք։ Ամէն բանի մէջ գոհութիւն տուէ՛ք» (Ա. Թես. 5։16-18)։ Թոյլ մի՛ տար, որ որեւէ բան քեզ Եհովայէն հեռացնէ։
-