Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Գիտութիւնը ինչպէ՛ս կեանքիդ կ’ազդէ
    Դիտարան 2015 | Յունիս 1
    • Գիտական յառաջդիմութիւններ ինչպէս՝ ինքնաշարժներ, GPS, արբանեակներ, օդանաւեր

      ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽԱՐԻՆԱ՞Ծ Է ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ

      Գիտութիւնը ինչպէ՛ս կեանքիդ կ’ազդէ

      Ըստ բառարանի մը, գիտութիւնը «բնութեան եւ հասարակութեան զարգացման օրէնքները եւ մեզ շրջապատող աշխարհի վրայ ներգործելու միջոցները յայտնող գիտելիքներու ամբողջութիւն»ն է։ Այդ գիտելիքները ձեռք ձգելու աշխատանքը յաճախ դժուար ու ճնշիչ է։ Գիտնականները շաբաթներով, ամիսներով նոյնիսկ տարիներով փորձեր ու հետազօտութիւններ կ’ընեն։ Ճիշդ է որ անոնց ջանքերը երբեմն որեւէ արդիւնք չեն տար, սակայն շատ մը պարագաներու ատոնք մարդկութեան օգուտներ կը բերեն։ Նկատի առ քանի մը օրինակներ։

      Եւրոպական ընկերութիւն մը տոկուն կերպընկալէ զտիչներ շինած է՝ որոնց շնորհիւ կարելի դարձած է որ մարդը ա՛լ ապականած ջուր չխմէ եւ հետեւաբար չհիւանդանայ։ Այս զտիչները գործածուած են բնական աղէտներու ընթացքին, ինչպէս՝ 2010–ին Հայիթիի մէջ պատահած երկրաշարժին ատեն։

      Անջրպետին մէջ, արբանեակներու ցանցեր կը կազմեն ինչ որ կը կոչուի GPS (Global Positioning System)։ Ճիշդ է որ GPS–ը սկիզբը ծրագրուած էր զինուորական նպատակներու համար, սակայն անիկա կ’օգնէ վարորդներուն, օդաչուներուն, նաւավարներուն եւ նոյնիսկ որսորդներուն ու ճեմողներուն որ գիտնան թէ ո՛ր ճամբով ուղղուին։ Գիտնականներուն շնորհիւ, GPS–ը ուղղութիւնդ գտնելը կը դիւրացնէ։

      Հեռախօսիկ, համակարգիչ կամ համացանց կը գործածե՞ս։ Յառաջացած բժշկութեան շնորհիւ առողջութիւնդ բարելաւուա՞ծ է կամ հիւանդութենէ մը ապաքինա՞ծ ես։ Օդանաւով կը ճամբորդե՞ս։ Եթէ այո՛, կ’օգտուիս այն կարգ մը կերպերէն, որոնցմով գիտութիւնը մարդկութեան օգուտ բերած է։ Գիտութիւնը կեանքիդ ազդած է շատ մը դրական կերպերով։

      ԱՐԴԻ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

      Իրենց գիտելիքները շատցնելու նպատակով, գիտնականներ բնութիւնը կը հետազօտեն։ Հիւլէական ուժանիւթի բնագէտները հիւլէին կազմուածքը կ’ուսումնասիրեն, իսկ աստղաբնագէտները կը ջանան տիեզերքին ծագումը գիտնալ։ Մինչ անոնք անտեսանելի հիւլէներ եւ անվերջ տիեզերքը կը քննեն, անոնցմէ ոմանք կը խորհին թէ Աստուածաշունչին Աստուածը գոյութիւն չունի, ապա թէ ոչ կարող պիտի ըլլան զինք գտնել։

      Կարգ մը գիտնականներ ու փիլիսոփաներ աւելի անդին կ’երթան։ Անոնք անընդհատ կը պաշտպանեն գրագէտ Էմիր Տ. Ագզելին կոչած «Աստուծոյ գոյութիւնը հերքող գիտական ապացոյցը»։ Օրինակ, աշխարհահռչակ բնագէտ մը դաւանեցաւ, թէ «քանի որ ապացոյց չկայ թէ գոյութիւն ունի Աստուած մը, որ տիեզերքի գոյութեան մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ, ասիկա ինքնին փաստ մըն է թէ այսպիսի աստուած մը գոյութիւն չունի»։ Ուրիշներ կ’ըսեն թէ Աստուածաշունչի Աստուծոյն գործունէութիւնները «կախարդութիւն» եւ «գերբնական խարդախութիւն» ենa։

      Սակայն հարցում մը կը ծագի. արդեօք գիտութիւնը բաւարար գիտելիքներ ունի՞ որ այսպիսի վճռական եզրակացութիւններու հասնի։ Ո՛չ։ Ճիշդ է որ գիտութիւնը մեծապէս յառաջդիմած է, սակայն շատ մը գիտնականներ կ’ընդունին թէ տակաւին շատ բաներ չեն գիտեր, ոչ ալ պիտի գիտնան։ Բնագէտ եւ Նոպէլեան մրցանակակիր՝ Սթիվըն Ուէնպերկ կ’ըսէ, թէ բնութեան ուսումնասիրութիւնը «անսահման մարզ մըն է»։ Աստղագիտութեան հանրածանօթ բրիտանացի փրոֆէսոր Մարթին Ռիս գրեց. «Բաներ կան որոնք մարդիկ բնա՛ւ պիտի չկարենան հասկնալ»։ Իրողութիւնն այն է, թէ գիտութիւնը տակաւին կարող չէ ըմբռնելու բնութեան մեծ մասը,– մանր բջիջէն մինչեւ ընդարձակ տիեզերքը։ Հետեւեալ օրինակները նկատի առ.

      • DNA

        Կենսաբաններ լիովին չեն հասկնար թէ ապրող բջիջներուն մէջ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ։ Գիտութիւնը տակաւին չէ կրցած լիովին պատասխանել սա հարցումներուն. բջիջները ինչպէ՛ս ուժանիւթ կ’օգտագործեն, ինչպէ՛ս փրոթէին կ’արտադրեն եւ ինչպէ՛ս կը բաժնուին։

      • Տղեկ մը գնդակ կը նետէ

        Թէեւ ձգողական ուժը մեր կեանքի բոլոր երեսակներուն կ’ազդէ, սակայն անիկա բնագէտներուն համար խորհուրդ մըն է։ Անոնք լիովին չեն գիտեր, թէ երբ կը ցատկենք ձգողական ուժը ճիշդ ինչպէ՛ս մեզի վար կը քաշէ կամ թէ անիկա ինչպէ՛ս լուսինը իր ուղեծիրին մէջ կը պահէ։

      • Տիեզերքը

        Տիեզերաբաններ կ’ենթադրեն թէ տիեզերքը կազմող նիւթերուն 95 տոկոսը կարելի չէ գիտական միջոցներով տեսնել եւ երեւան հանել։ Անոնք զայն երկու մասի կը բաժնեն՝ մութ նիւթ եւ մութ ուժանիւթ։ Եւ ասոնց բնոյթը տակաւին անորոշ է։

      Ասոնցմէ զատ շա՛տ բաներ կան որոնք գիտնականները չեն հասկնար։ Հանրածանօթ գրող մը կ’ըսէ. «Մեր չգիտցած բաները շա՛տ աւելի են, քան՝ մեր գիտցած բաները։ Եւ ըստ ինծի, երբ գիտութեան մէջ կը խորանանք՝ զարմանքով կը լեցուինք եւ կ’ուզենք աւելին գիտնալ»։

      Ուստի եթէ հարց կու տաս, թէ արդեօք գիտութիւնը պիտի կարենա՛յ փոխարինել Աստուածաշունչը եւ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքը, նկատի առ այս կէտը. եթէ հմուտ գիտնականներ իրենց յառաջացած գործիքներով կրցած են բնութեան մասին միայն սահմանափակ հասկացողութիւն ձեռք ձգել, տրամաբանական պիտի ըլլա՞ր շուտով մերժել այն ինչ որ գիտութեան հասկացողութենէն վեր է։ Այս առնչութեամբ, աստղաբաշխութեան պատմութեան եւ յառաջդիմութեան մասին երկար յօդուածի մը վերջաւորութեան, համայնագիտարան մը կ’եզրափակէ. «Հիմա որ աստղաբաշխութեան վրայ գրեթէ 4000 տարի անցած է, տիեզերքը տակաւին նոյնքան անըմբռնելի է որքան բաբելոնացիներու օրերուն» (Encyclopedia Britannica)։

      Եհովայի վկաները կը յարգեն այս հարցին շուրջ որոշում կայացնելու իւրաքանչիւր անհատի իրաւունքը։ Սակայն մենք կը ջանանք հետեւիլ Աստուածաշունչի ուղղութեան. «Ձեր քաղցրութիւնը [«բանաւորութիւնը», ՆԱ ] ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ» (Փիլիպպեցիս 4։5)։ Ուստի քեզ կը քաջալերենք, որ քննես թէ ինչպէ՛ս գիտութիւնը եւ Աստուածաշունչը իրարու համապատասխան են եւ զիրար կ’ամբողջացնեն։

      a Ոմանք Աստուածաշունչը կը մերժեն եկեղեցական անցեալի եւ այժմու ուսուցումներուն պատճառով։ Օրինակ եկեղեցին սորվեցուցած է թէ երկրագունդը տիեզերքին կեդրոնն է եւ թէ Աստուած աշխարհը ստեղծեց բառացի 6 օրուան մէջ (տե՛ս «Աստուածաշունչը գիտական իրողութիւններուն կը համապատասխանէ՞» շրջանակը)։

      Աստուածաշունչը գիտական իրողութիւններուն կը համապատասխանէ՞

      Աստուածաշունչը չի դաւանիր թէ ինք գիտական տեղեկութիւններ բովանդակող գիրք մըն է։ Սակայն անոր գրողները տուին կարգ մը գիտական ճշգրիտ տեղեկութիւններ, որոնք գիտնականները կը հետաքրքրեն։ Ահաւասիկ կարգ մը օրինակներ։

      • Տիեզերքը

        Երկրագունդին ու տիեզերքին տարիքը

        Գիտնականները կ’ենթադրեն թէ երկրագունդը շուրջ 4 միլիառ տարի առաջ գոյացած է եւ թէ տիեզերքը մէջտեղ եկած է շուրջ 13-14 միլիառ տարի առաջ։ Աստուածաշունչը չի նշեր թէ երկրագունդը ճիշդ ո՛ր թուականին ստեղծուեցաւ։ Ո՛չ մէկ տեղ կը նշուի թէ երկրագունդը միայն քանի մը հազար տարիէ ի վեր գոյութիւն ունի։ Աստուածաշունչին առաջին համարը կ’ըսէ. «Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց» (Ծննդոց 1։1)։ Այդ համարը թոյլ կու տայ որ գիտնականներ ֆիզիքական աշխարհի տարիքը բնորոշեն՝ հիմնուելով գիտական տրամաբանական սկզբունքներու վրայ։

      • Լեռներ, բուսականութիւն եւ ջուր

        Երկրագունդը պատրաստուած է մարդուն բնակութեան համար

        Ծննդոց գրքին առաջին գլուխը կը գործածէ «օր» բառը ցոյց տալու համար այն հանգրուանները, որոնց ընթացքին երկիրը պատրաստուեցաւ ամէն տեսակ ապրող էակներու բնակութեան համար։ Այս հանգրուաններուն գագաթնակէտն էր մարդ արարածին ստեղծուիլը։ Աստուածաշունչը 6 ստեղծագործական «օրեր»ուն համար որոշ ժամանակաշրջան չի նշեր։ Փոխարէն, անիկա այժմու գիտնականներուն առիթ կու տայ, որ այս հանգրուանները ուսումնասիրեն եւ անոնց տեւողութիւնը գիտնան։ Գիտենք թէ ստեղծագործական «օրերը» 24 ժամէ բաղկացած օրերէն շա՜տ աւելի երկար են։

      • Երկրագունդը

        Երկրագունդը ինչպէ՛ս կախուած է

        Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ երկիրը «ոչինչին վրայ» կախուած է (Յոբ 26։7)։ Որեւէ նշում չկայ թէ մեր երկիրը կեցած է հսկայի մը ուսերուն կամ կրիայի մը վրայ կայնած փիղերու կռնակներուն վրայ,– ինչպէս որ անցեալի հանրածանօթ հեքիաթները կը նկարագրեն։ Փոխարէն, Աստուածաշունչը առիթ կու տայ որ գիտութիւնը յայտնաբերումներ ընէ։ Ժամանակի ընթացքին, Նիքոլաուս Կոպեռնիկոս եւ Եոհաննէս Քէփլըր նկարագրեցին թէ մոլորակները ինչպէ՛ս անտեսանելի ուժով մը արեւին շուրջ կը դառնան։ Իսահակ Նեւտոն յետագային ցոյց տուաւ թէ ինչպէ՛ս ձգողութիւնը անջրպետին մէջ ամէն բանի շարժումը կը ղեկավարէ։

      • Մանրէներ

        Առողջապահական սովորութիւններու առնչուող ուղղութիւններ

        Վարակիչ հիւանդութիւններէ խուսափելու նկատմամբ, Ղեւտացւոց գիրքը կը բովանդակէ իսրայէլ ազգին տրուած ուղղութիւններ, ներառեալ՝ մաքրանոցը։ Իսկ առողջապահութեան նկատմամբ, Բ. Օրինաց 23։12, 13–ին մէջ արձանագրուած օրէնքը իսրայէլացիներուն պատուէր կու տար, որ իրենց աղիքները պարպէին բանակավայրէն դուրս։ Անոնք պէտք էր որ ‘դուրս տրուածը ծածկէին’ հողին մէջ։ Միայն վերջին 200 տարիներուն ընթացքին է որ գիտնականներ ու բժիշկներ այսպիսի չափանիշներու կարեւորութեան անդրադարձած են։

      Աստուածաշունչին մէջ նշուած այս տեղեկութիւնը գրուած է դարե՜ր առաջ։ Այդ գրողները ինչպէ՞ս այսպիսի ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցեցին, երբ այդ ատենուան ամէնէն գիտուն մարդիկը այս իրողութիւնները չէին գիտեր։ Աստուածաշունչին Հեղինակը կը պատասխանէ. «Որչափ երկինք երկրէն բարձր է, այնչափ իմ ճամբաներս ձեր ճամբաներէն բարձր են եւ իմ խորհուրդներս՝ ձեր խորհուրդներէն» (Եսայի 55։9)։

  • Գիտութիւնը իր սահմանափակումները ունի
    Դիտարան 2015 | Յունիս 1
    • Գիտնական մը տարրալուծարանի մը մէջ

      ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽԱՐԻՆԱ՞Ծ Է ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ

      Գիտութիւնը իր սահմանափակումները ունի

      Վերջերս, այժմու անաստուածներուն գաղափարները բացատրող շատ մը գիրքեր հրատարակուեցան։ Այս հրատարակութիւնները շատերու ուշադրութիւնը գրաւած են եւ շատ մը բանավէճերու դուռ բացած են։ Ասոր առնչութեամբ, ջղագէտ Տէյվիտ Իկըլմէն գրեց. «Ընթերցողներէն ոմանք այն տպաւորութիւնը ունին թէ գիտնականները ամէն բան գիտեն»։ Ապա աւելցուց. «Բայց լաւ գիտնականները միշտ լայնամիտ կ’ըլլան, եւ անոնց գործը անակնկալներով լեցուն է»։

      Աստղաբաշխ մը մանրադիտակը կը գործածէ

      Դարերու ընթացքին, հմուտ գիտնականներ բնութեան առնչուող շփոթեցուցիչ հարցումներու պատասխանները գտնելու նկատմամբ հոյակապ իրագործումներ ըրած են։ Սակայն ուրիշներ՝ մեծ սխալներ ըրած են։ Իսահակ Նեւտոն պատմութեան մէջ ամէնէն անուանի գիտնականներէն մէկը եղած է։ Ան ցոյց տուաւ թէ ձգողական ուժը ինչպէ՛ս մոլորակները, աստղերը եւ աստղախումբերը կը համախմբէ։ Ան հնարեց համարողութիւնը (calculus),– ուսողութեան մէջ մարզ մը, որ կը գործածուի համակարգիչ շինելու, անջրպետ երթալու եւ հիւլէական բնագիտութեան մէջ։ Սակայն Նեւտոն նաեւ հետապնդեց ալքիմիա,– կեղծ գիտութիւն մը, որ աստղաբաշխութիւն ու կախարդական ձեւանիշներ կը գործածէ կապարը եւ այլ մետաղներ ոսկիի վերածելու համար։

      Նեւտոնէն աւելի քան 1500 տարի առաջ, յոյն աստղաբաշխ Պտղոմէոս երկինքին մասին փորձեց գիտնալ միայն զայն դիտելով։ Ան գիշերները մոլորակներուն ընթացքը կը դիտէր եւ հմուտ քարտէս շինող էր։ Բայց ան կը հաւատար թէ երկրագունդը ամէն բանի կեդրոնն է։ Աստղաբնագէտ Քարլ Սէյկըն Պտղոմէոսի մասին գրեց. «Անոր այն սխալ գաղափարը թէ երկրագունդը ամէն բանի կեդրոնն է, 1500 տարի ընդունուած էր, եւ ասիկա կը փաստէ թէ նոյնիսկ երբ անհատ մը խելացի է, ան կրնայ մեծապէս սխալած ըլլալ»։

      Գիտնական մը Աստուածաշունչը կը կարդայ

      Այժմ գիտնականներ իրենց հետապնդումներուն մէջ համանման մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։ Արդեօք օր մը օրանց անոնք պիտի կարենա՞ն տիեզերքին մասին լիովին բացատրութիւն տալ։ Ճիշդ է որ գիտութիւնը յառաջդիմած է եւ մեզի օգուտներ բերած է, բայց միեւնոյն ատեն պէտք չէ մոռնանք որ անիկա սահմանափակումներ ունի։ Բնագէտ Փոլ Տէյվիզ դիտել տուաւ. «Անկարելի է տիեզերքին մասին տրամաբանական եւ ներդաշնակ բացատրութիւն տալ»։ Այս խօսքերը կը յայտնեն անժխտելի իրողութիւն մը. մարդիկ չեն կրնար բնութիւնը լիովին հասկնալ։ Ուստի երբ գիտութիւնը կը հաստատէ թէ կարող է բանի մը մասին բացատրութիւն տալ, լաւ կ’ըլլայ որ վերապահ ըլլանք նախքան որ զայն ընդունինք։

      Յստակ է որ Աստուածաշունչը մեր կարիքները կը գոհացնէ այնպիսի կերպերով, որ գիտութիւնը կարող չէ զանոնք գոհացնել

      Աստուածաշունչը բնութեան հրաշալիքներուն մասին կ’ըսէ. «Ահա ասոնք են [Աստուծոյ] ճամբաներուն ծայրերը, բայց անոր վրայով լսածնիս որչա՜փ քիչ է» (Յոբ 26։14)։ Տակաւին շա՜տ գիտելիքներ կան, որոնք մարդը չի կրնար ըմբռնել ու հասկնալ։ Շուրջ 2000 տարի առաջ գրուած Պօղոս առաքեալի խօսքերը որքա՛ն ճիշդ են, երբ ըսաւ. «Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները ու անզննելի են իր ճամբաները» (Հռովմայեցիս 11։33)։

      Ուղղութիւն՝ զոր գիտութիւնը անկարող է հայթայթել

      Մինչ գիտութիւնը մեզ շրջապատող բնութեան մասին գիտելիքներ կը հայթայթէ, Աստուածաշունչը կը բովանդակէ սկզբունքներ եւ ուղղութիւն, որոնք յառաջ կը մղեն խաղաղութիւն եւ մեզի կ’օգնեն որ ուրախ եւ գոհունակ ապրելակերպ մը ունենանք։ Նկատի առ հետեւեալ օրինակները.

      • Կենալու նշան

        Ոճիրի կանխարգիլում

        Կեանքի պարգեւը յարգել

        «Սպանութիւն մի՛ ըներ» (Ելից 20։13)։

        «Ամէն ով որ իր եղբայրը կ’ատէ՝ մարդասպան է» (Ա. Յովհաննէս 3։15)։

        Խաղաղ փոխյարաբերութիւններ պահպանել

        «Չարութենէ հեռացիր ու բարութիւն ըրէ, խաղաղութիւն փնտռէ ու անոր ետեւէն գնա՛» (Սաղմոս 34։14)։

        «Արդարութեան պտուղը խաղաղութիւնով կը սերմանուի անոնց՝ որոնք խաղաղութիւն կ’ընեն» (Յակոբոս 3։18)։

        Բռնութիւնը մերժել

        «Տէրը կը քննէ արդարը. բայց անոր անձը կ’ատէ ամբարիշտը ու բռնութիւն սիրողը» (Սաղմոս 11։5)։

        «Բռնաւոր մարդուն մի՛ նախանձիր ու անոր ճամբաները բնաւ մի՛ ընտրեր, վասն զի ծուռ մարդը Տէրոջը առջեւ պիղծ է» (Առակաց 3։31, 32)։

      • Ընտանիք մը

        Ընտանեկան ուրախութիւն

        Ծնողքին հնազանդիլ

        «Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք Տէրոջմով, վասն զի այդ է արժանը։ Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, (որ առաջին պատուիրանքն է խոստումով,) որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ ու երկար կեանք ունենաս երկրի վրայ» (Եփեսացիս 6։1-3)։

        Զաւակները կրթել

        «Ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» (Եփեսացիս 6։4)։

        «Ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, որպէս զի չվհատին» (Կողոսացիս 3։21)։

        Կողակիցը սիրել եւ յարգել

        «Ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը ու կինը իր այրէն ակնածի» (Եփեսացիս 5։33)։

      • Ծառ մը

        Բնութեան պաշտպանութիւն

        Վաղեմի իսրայէլ ազգին մէջ գտնուող ապականիչներուն համար, Աստուածաշունչը նշեց. «Երկիրը իր բնակիչներուն կողմէ պղծուեցաւ. . . Անոր մէջ բնակողները իրենց յանցանքին պատիժը կրեցին» (Եսայի 24։5, 6)։ Աստուած բնութիւնը ապականողներէն հաշիւ պիտի պահանջէ։ Ան ‘պիտի ապականէ երկիրը ապականողները’ (Յայտնութիւն 11։18)։ Անոնք պատիժէն պիտի չխուսափին։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել