-
Վերստին ծնիլ. փրկութեան ճամբա՞ն էԴիտարան 2009 | Մայիս 1
-
-
Վերստին ծնիլ. փրկութեան ճամբա՞ն է
Ի՞ՆՉՊԷՍ կը պատասխանես սա հարցումին. «Վերստին ծնա՞ծ ես»։ Աշխարհի տարածքին միլիոնաւոր հաւատացեալներ պիտի պատասխանեն. «Այո՛»։ Անոնք կը հաւատան, թէ վերստին ծնիլը բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաներուն նշանը եւ փրկութեան միակ ճամբան է։ Անոնք կարգ մը կրօնական առաջնորդներու տեսակէտը կը բաժնեն, ինչպէս՝ աստուածաբան Ռապըրթ Չ. Սփրոլ, որ գրեց. «Եթէ անհատ մը վերստին չէ ծնած. . . ուրեմն քրիստոնեայ չէ»։
Այն անհատներէն մէ՞կն ես, որոնք կը հաւատան թէ վերստին ծնիլը զիրենք փրկութեան ճամբուն մէջ կը դնէ։ Եթէ այո՛, անկասկած կ’ուզես ազգականներուդ ու բարեկամներուդ օգնել, որ այդ ճամբան գտնեն ու սկսին անոր մէջ քալել։ Սակայն անոնք ասիկա ընելու համար, հարկ է որ հասկնան թէ վերստին ծնած անհատին ու վերստին չծնած անհատին միջեւ ի՛նչ տարբերութիւն կայ։ Ի՞նչպէս անոնց պիտի բացատրես, թէ ի՛նչ կը նշանակէ վերստին ծնիլ։
Շատեր կը հաւատան թէ «վերստին ծնիլ» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ անհատի մը, որ լուրջ խոստում կու տայ՝ Աստուծոյ ու Քրիստոսի ծառայելու, եւ որպէս արդիւնք, հոգեւորապէս մեռած ըլլալէ կը դադրի եւ հոգեւորապէս ողջ կ’ըլլայ։ Իրականութեան մէջ, ընթացիկ բառարան մը վերստին ծնած անհատը սա կերպով կը սահմանէ. «Սովորաբար քրիստոնեայ անձ մը, որ հաւատքի նորոգուած կամ հաստատուած յանձնառութիւն ըրած է, յատկապէս կրօնական յուզիչ փորձառութենէ մը ետք» (Merriam-Webster’s Collegiate Dictionary—Eleventh Edition)։
Արդեօք պիտի զարմանա՞ս, իմանալով թէ Աստուածաշունչը այդ սահմանումին հետ տարակարծիք է։ Կ’ուզե՞ս գիտնալ թէ Աստուծոյ Խօսքը վերստին ծնելու մասին իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ։ Այս նիւթը մօտէն քննելով, վստահաբար պիտի օգտուիս։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ վերստին ծնիլը ճշգրտօրէն հասկնալը, կեանքիդ եւ ապագային վերաբերեալ ակնկալութիւններուդ պիտի ազդէ։
Աստուածաշունչը ի՞նչ կը սորվեցնէ
«Վերստին ծնիլ» արտայայտութիւնը կը գտնուի Յովհաննէս 3։1-12–ի մէջ (ԱԾ), որ կը նկարագրէ Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած հետաքրքրական զրոյց մը՝ Յիսուսի եւ կրօնական առաջնորդի մը միջեւ։ Աստուածաշունչի այս հատուածը մէջբերուած է էջ 4–ի շրջանակին մէջ։ Քեզ կը քաջալերենք որ զայն ուշադրութեամբ կարդաս։
Այդ համարներուն մէջ, Յիսուս «վերստին ծնելու» քանի մը երեսակները ցցուն կ’ընէ։a Իրականութեան մէջ, Յիսուսի քննարկութիւնը մեզի կ’օգնէ, որ հետեւեալ հինգ կենսական հարցումներուն պատասխանենք.
◼ Վերստին ծնիլը ո՞րքան կարեւոր է։
◼ Մե՞նք կ’որոշենք որ վերստին ծնինք։
◼ Ի՞նչ է անոր նպատակը։
◼ Անիկա ի՞նչ միջոցով տեղի կ’ունենայ։
◼ Անիկա ի՞նչ տարբեր յարաբերութիւն յառաջ կը բերէ։
Այժմ նկատի առնենք այս հարցումները։
[Ստորանիշ]
a Ա. Պետրոս 1։3, 23–ն ալ կ’ակնարկէ վերստին ծնելուն, որ յունարէն կէն·նաօ բայէն ծագում առած է։
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 4]
«Դուք պէտք է վերստին ծնիք»
«Փարիսեցիներէն մարդ մը կար՝ Նիկոդեմոս անունով, որ Հրեաներու պետ մըն էր։ Ասիկա գիշերուան մէջ եկաւ Յիսուսի քով եւ ըսաւ անոր. ‘Ռաբբի՛, գիտենք թէ դուն Աստուծմէ վարդապետ եկած ես. որովհետեւ մէ՛կը չի կրնար ընել այն նշանները՝ որ դուն կ’ընես, եթէ Աստուած իրեն հետ չըլլայ’։ Յիսուս պատասխանեց անոր. ‘Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի. «Եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չի կրնար տեսնել Աստուծոյ թագաւորութիւնը»’։ Նիկոդեմոս ըսաւ անոր. ‘Ի՞նչպէս կրնայ ծնիլ մարդ մը՝ որ ծերացած է։ Կարելի՞ է, որ երկրորդ անգամ մտնէ իր մօր որովայնը եւ ծնի’։ Յիսուս պատասխանեց. ‘Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի. «Եթէ մէկը ջուրէն ու Հոգիէն չծնի՝ չի կրնար մտնել Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։ Մարմինէն ծնածը՝ մարմին է, եւ Հոգիէն ծնածը՝ հոգի է։ Դուն մի՛ զարմանար որ ըսի քեզի. «Դուք պէտք է վերստին ծնիք»։ Հովը կը փչէ ո՛ւր որ ուզէ. կը լսես անոր ձայնը, բայց չես գիտեր ուրկէ՛ կու գայ, կամ ո՛ւր կ’երթայ։ Ո՛վ որ Հոգիէն կը ծնի՝ ա՛յսպէս է’։ Նիկոդեմոս ըսաւ անոր. ‘Ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ ասիկա’։ Յիսուս պատասխանեց անոր. ‘Դուն Իսրայէլի մէջ վարդապետ մըն ես, ու չե՞ս գիտեր այս բաները։ Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի թէ ինչ որ գիտենք՝ կը խօսինք, եւ ինչ որ տեսանք՝ կը վկայենք, ու չէք ընդունիր մեր վկայութիւնը։ Եթէ երկրային բաներու մասին խօսեցայ ձեզի եւ չէք հաւատար, ի՞նչպէս պիտի հաւատաք՝ եթէ երկնային բաներու մասին խօսիմ ձեզի’» (Յովհաննէս 3։1-12, ԱԾ)։
-
-
Վերստին ծնիլ. ո՞րքան կարեւոր էԴիտարան 2009 | Մայիս 1
-
-
Վերստին ծնիլ. ո՞րքան կարեւոր է
ՆԻԿՈԴԷՄՈՍԻ հետ իր խօսակցութեան ընթացքին, Յիսուս շեշտեց թէ վերստին ծնիլը մեծ կարեւորութիւն ունի։ Ան ի՞նչպէս այս կէտը յստակացուց։
Յիսուս Նիկոդէմոսի ըսաւ. «Եթէ մարդ մը նորէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը տեսնել» (Յովհաննէս 3։3)։ «Եթէ» եւ «չի կրնար» բառերը վերստին ծնելու անհրաժեշտութիւնը ցցուն կ’ընեն։ Լուսաբանենք. եթէ մէկը ըսէ. «Եթէ արեւը չծագի, կարելի չէ որ ցերեկեայ լոյս ըլլայ», ան ըսել կ’ուզէ թէ արեւալոյսը բացարձակապէս անհրաժեշտ է ցերեկեայ լոյսին համար։ Նոյն կերպով, Յիսուս նշեց թէ վերստին ծնիլը բացարձակապէս անհրաժեշտ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը տեսնելու համար։
Վերջապէս, այս նիւթին շուրջ ամէն կասկած հեռացնելու համար, Յիսուս ըսաւ. «Պէտք է ձեզի նորէն ծնանիլ» (Յովհաննէս 3։7)։ Բացայայտօրէն, Յիսուսի համաձայն, վերստին ծնիլը «Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել»ու հաստատ պահանջ մըն է (Յովհաննէս 3։5)։
Որովհետեւ Յիսուս վերստին ծնիլը շատ կարեւոր հարց մը նկատեց, քրիստոնեաները պէտք է վստահ ըլլան, թէ այս նիւթը ճշգրտօրէն կը հասկնան։ Օրինակ, կը խորհի՞ս թէ քրիստոնեան կրնա՛յ ընտրել վերստին ծնիլ։
[Մէջբերում՝ էջ 5]
«Եթէ արեւը չծագի, կարելի չէ որ ցերեկեայ լոյս ըլլայ»
-
-
Վերստին ծնիլ. անձնակա՞ն որոշում մըն էԴիտարան 2009 | Մայիս 1
-
-
Վերստին ծնիլ. անձնակա՞ն որոշում մըն է
Ո՞Վ կը պատճառէ վերստին ծնիլը։ Երբ կարգ մը քարոզիչներ իրենց ունկնդիրները կը յորդորեն որ վերստին–ծնած քրիստոնեաներ ըլլան, կը մէջբերեն Յիսուսի խօսքը. «Պէտք է ձեզի նորէն ծնանիլ» (Յովհաննէս 3։7)։ Այսպիսի քարոզիչներ այս խօսքը իբրեւ պատուէր կը գործածեն, ըսելով. «Վերստին ծնեցէ՛ք»։ Այսպէս անոնք կը սորվեցնեն, թէ իւրաքանչիւր հաւատացեալի կ’իյնայ Յիսուսի հնազանդիլ եւ վերստին ծնելու համար հարկ եղած քայլերը առնել, վերստին ծնիլը անձնական ընտրութեան հարց սեպելով։ Բայց այս տեսակէտը Նիկոդէմոսի ուղղուած Յիսուսի խօսքերուն հետ ներդաշնա՞կ է։
Յիսուսի խօսքերը ուշադրութեամբ կարդալը ցոյց կու տայ, թէ ան չսորվեցուց որ մարդուն ձգուած է ընտրել թէ կ’ուզէ՞ վերստին ծնիլ կամ ոչ։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ «Վերստին ծնիլ» թարգմանուած յունարէն արտայայտութիւնը կրնայ նաեւ թարգմանուիլ՝ «վերէն ծնիլ»,a նշելով թէ վերստին ծնիլը «Հօրմէն» ծագում կ’առնէ (Յովհաննէս 19։11. Յակոբոս 1։17)։ Այո, Աստուած է որ զանիկա կը պատճառէ (Ա. Յովհաննէս 3։9)։
Եթէ «վերէն» բառը մեր միտքը պահենք, դիւրին կ’ըլլայ հասկնալ թէ ինչո՛ւ անհատ մը չի կրնար իր վերստին ծնիլը պատճառել։ Նկատի առ ֆիզիքական ծնունդդ։ Դո՞ւն ընտրեցիր որ ծնիս։ Անշուշտ ո՛չ։ Նոյնպէս, հաւատացեալի մը չէ ձգուած որոշում տալը որ վերստին ծնի։ Կրնանք վերստին ծնիլ միայն եթէ Աստուած, մեր երկնաւոր Հայրը, զայն պատճառէ (Յովհաննէս 1։13)։ Ուստի Պետրոս առաքեալ պատշաճօրէն կ’ըսէ. «Օրհնեալ է Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը՝ որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ նորէն ծնաւ» (Ա. Պետրոս 1։3)։
Անիկա պատուէ՞ր մըն է
Սակայն ոմանք կրնան հարց տալ. ‘Եթէ ճիշդ է որ ո՛չ ոք կրնայ անձամբ որոշել վերստին ծնիլ, ինչո՞ւ Յիսուս սա պատուէրը տուաւ. «Պէտք է ձեզի նորէն ծնանիլ»’։ Ասիկա վաւերական հարցում մըն է։ Եթէ Յիսուսի խօսքը իրապէս պատուէր մըն է, ուրեմն ան մեզի կը հրամայէ որ մեր կարողութեան սահմաններէն դուրս եղող բան մը ընենք, ինչ որ տրամաբանական չէ։ Արդ, Յիսուսի խօսքը ի՞նչպէս պէտք է հասկնանք։
Բնագրական լեզուին մէջ այս նախադասութիւնը մօտէն նկատի առնելը ցոյց կու տայ, թէ հրամայական եղանակով չէ ըսուած։ Երբ Յիսուս ըսաւ թէ պէտք է «նորէն ծնանիլ», ան իրողութիւն մը կը նշէր եւ ո՛չ թէ պատուէր մը կու տար։ Ան ըսաւ. «Անհրաժեշտ է որ վերէն ծնիք» (Յովհաննէս 3։7, Modern Young’s Literal Translation)։
Այս կէտը լուսաբանելու համար, հետեւեալ համեմատութիւնը նկատի առ։ Երեւակայէ քաղաք մը, որ քանի մը դպրոցներ ունի։ Անոնցմէ մէկը յատկացուած է այն աշակերտներուն, որոնք բնիկ են ու քաղաքէն դուրս կը բնակին։ Օրին մէկը, օտարերկրացի պատանի մը այդ դպրոցին տնօրէնին կ’ըսէ. «Կը փափաքիմ ձեր դպրոցը յաճախել»։ Տնօրէնը կը պատասխանէ. «Մեր աշակերտը ըլլալու համար, պէտք է բնիկ ըլլաս»։ Հարկաւ տնօրէնին խօսքը պատուէր մը չէ։ Ան պատանիին չի հրամայեր. «Բնիկ մը եղի՛ր»։ Տնօրէնը պարզապէս իրողութիւնը կը նշէ,– ի՛նչ պահանջուած է դպրոցը յաճախելու համար։ Նոյնպէս, երբ Յիսուս ըսաւ. «Պէտք է ձեզի նորէն ծնանիլ», ան պարզապէս իրողութիւն մը կը նշէր,– «Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել»ու պայմանը։
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կապ ունի սա հարցումին հետ. ի՞նչ է վերստին ծնելուն նպատակը։ Այս հարցումին պատասխանը գիտնալը մեծապէս կ’օգնէ ճշգրտօրէն հասկնալու թէ վերստին ծնիլը ի՛նչ կը նշանակէ։
[Ստորանիշ]
a Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններ այս կերպով կը թարգմանեն Յովհաննէս 3։3–ը, ինչպէս համարին ստորանիշն ալ ցոյց կու տայ։
[Նկար՝ էջ 6]
Վերստին ծնելուն եւ ֆիզիքական ծնունդին միջեւ ի՞նչ նմանութիւն կայ
-
-
Վերստին ծնիլ. ի՞նչ է անոր նպատակըԴիտարան 2009 | Մայիս 1
-
-
Վերստին ծնիլ. ի՞նչ է անոր նպատակը
ՇԱՏԵՐ կը հաւատան, թէ անհատ մը յաւերժական փրկութիւն ստանալու համար, հարկ է որ վերստին ծնի։ Սակայն նկատի առ թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ վերստին ծնելուն նպատակին մասին։ Ան նշեց. «Եթէ մարդ մը նորէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը տեսնել» (Յովհաննէս 3։3)։ Արդ, անհատ մը պէտք է վերստին ծնի, ո՛չ թէ փրկութիւն ստանալու, այլ՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մտնելու համար։ Ոմանք կրնան ըսել. ‘Բայց այս երկու արտայայտութիւնները,– Թագաւորութիւնը մտնել եւ փրկութիւն ստանալ,– նոյն վարձատրութեան չե՞ն ակնարկեր’։ Ո՛չ։ Տարբերութիւնը հասկնալու համար, նախ նկատի առնենք «Աստուծոյ թագաւորութիւնը» արտայայտութեան իմաստը։
Թագաւորութիւնը կառավարութեան մէկ ձեւն է։ Ուստի «Աստուծոյ թագաւորութիւնը» արտայայտութիւնը կը նշանակէ՝ «Աստուծոյ կառավարութիւնը»։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ Յիսուս Քրիստոս՝ «Որդին մարդոյ», Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորն է եւ թէ Քրիստոս իշխանակիցներ ունի (Դանիէլ 7։1, 13, 14. Մատթէոս 26։63, 64)։ Ասկէ զատ, Յովհաննէս առաքեալին տրուած տեսիլք մը յայտնեց, թէ Քրիստոսի իշխանակիցները «ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ» ընտրուած անհատներ են եւ «երկրի վրայ [պիտի] թագաւորեն» (Յայտնութիւն 5։9, 10. 20։6)։ Աստուծոյ Խօսքը նաեւ կը յայտնէ, թէ անոնք որոնք պիտի թագաւորեն, «երկրէն գնուած» 144,000 անհատներէ բաղկացած «պզտիկ հօտ» մը կը կազմեն (Ղուկաս 12։32. Յայտնութիւն 14։1, 3)։
Աստուծոյ Թագաւորութեան կեդրոնը ո՞ւր է։ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը» նաեւ կոչուած է «երկնքի թագաւորութիւնը», ինչ որ ցոյց կու տայ թէ Յիսուս եւ իր իշխանակիցները երկինքէն պիտի իշխեն (Ղուկաս 8։10. Մատթէոս 13։11)։ Արդ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնային կառավարութիւն մըն է, որ Յիսուս Քրիստոսէ եւ մարդկութեան մէջէն ընտրուած իշխանակիցներէ կազմուած է։
Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ, թէ անհատ մը պէտք է վերստին ծնի, որպէսզի ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ’։ Ան ըսել ուզեց, թէ անհատը պէտք է վերստին ծնի, որպէսզի երկինքի մէջ Քրիստոսի իշխանակից ըլլայ։ Պարզ խօսքով, վերստին ծնելուն նպատակն է՝ սահմանափակ թիւով անհատներ պատրաստել երկնային իշխանութեան համար։
Տեսանք թէ վերստին ծնիլը մեծ կարեւորութիւն ունի, Աստուծոյ կողմէ կը կատարուի եւ խումբ մը մարդիկ կը պատրաստէ երկնային իշխանութեան համար։ Բայց վերստին ծնիլը ի՞նչպէս տեղի կ’ունենայ։
[Մէջբերում՝ էջ 7]
Վերստին ծնելուն նպատակն է՝ սահմանափակ թիւով անհատներ պատրաստել երկնային իշխանութեան համար
[Նկար՝ էջ 7]
Յիսուս Քրիստոս եւ մարդկութենէն ընտրուած իշխանակիցներ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը կազմեն
-
-
Վերստին ծնիլ. ի՞նչպէս տեղի կ’ունենայԴիտարան 2009 | Մայիս 1
-
-
Վերստին ծնիլ. ի՞նչպէս տեղի կ’ունենայ
ՅԻՍՈՒՍ Նիկոդէմոսի հետ խօսեցաւ ո՛չ միայն վերստին ծնելուն կարեւորութեան, պատճառին եւ նպատակին մասին, այլեւ՝ թէ ի՛նչ միջոցով տեղի կ’ունենայ։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ մարդ մը ջուրէն ու Հոգիէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել» (Յովհաննէս 3։5)։ Ուստի անհատ մը վերստին կը ծնի՝ ջուրին ու հոգիին միջոցաւ։ Բայց «ջուր» եւ «հոգի» բառերը ի՞նչ բաներու կ’ակնարկեն։
Ի՞նչ են «ջուր»ն ու «հոգին»
Հրեայ կրօնական ուսումնական մը ըլլալով, Նիկոդէմոս անկասկած գիտէր թէ Եբրայերէն Գրութիւնները ի՛նչ կերպով կը գործածէին «Աստուծոյ Հոգին» արտայայտութիւնը,– Աստուծոյ գործօն ուժը, որ կրնայ մարդիկը մղել արտակարգ արարքներ գործելու (Ծննդոց 41։38. Ելից 31։3. Ա. Թագաւորաց 10։6)։ Ուստի, երբ Յիսուս «հոգի» բառը գործածեց, Նիկոդէմոս հասկցաւ թէ անիկա սուրբ հոգին է, Աստուծոյ գործօն ուժը։
Իսկ ինչ կը վերաբերի ջուրին, նկատի առ Նիկոդէմոսի հետ եղած զրոյցէն անմիջապէս առաջ եւ ետք տեղի ունեցած իրադարձութիւնները։ Ատոնք ցոյց կու տան, թէ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Յիսուսի աշակերտները ջուրով կը մկրտէին (Յովհաննէս 1։19, 31. 3։22. 4։1-3)։ Երուսաղէմի մէջ այս սովորութիւնը հանրածանօթ դարձած էր։ Հետեւաբար, երբ Յիսուս ջուրի մասին խօսեցաւ, Նիկոդէմոս ըմբռնած ըլլալու էր թէ Յիսուս մկրտութեան ջուրին կ’ակնարկէր։a
«Սուրբ Հոգիով» մկրտուիլ
Եթէ ‘ջուրէն ծնանիլը’ առնչուած է ջուրով մկրտուելուն, ‘հոգիէն ծնանիլը’ ի՞նչ կը նշանակէ։ Յիսուսի հետ Նիկոդէմոսի խօսակցութենէն առաջ, Յովհաննէս Մկրտիչ յայտարարած էր թէ ո՛չ միայն ջուրը, այլեւ հոգին մկրտութեան մէջ դեր պիտի խաղար։ Ան ըսաւ. «Ես ձեզ ջրով մկրտեցի, բայց [Յիսուս] ձեզ Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտէ» (Մարկոս 1։7, 8)։ Աւետարանագիր Մարկոս կը նկարագրէ այն առաջին անգամը, որ այսպիսի մկրտութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Ան կը գրէ. «Այն օրերը Յիսուս Գալիլիայի Նազարէթէն եկաւ ու Յովհաննէսէն մկրտուեցաւ Յորդանանի մէջ։ Ջուրէն ելլելուն պէս երկինքը բացուած տեսաւ եւ Հոգին աղաւնիի պէս՝ որ իր վրայ կ’իջնէր» (Մարկոս 1։9, 10)։ Երբ Յիսուս Յորդանանի մէջ մխրճուեցաւ, ան ջուրով մկրտուեցաւ։ Իսկ երբ երկինքէն հոգին ստացաւ, ան սուրբ հոգիով մկրտուեցաւ։
Իր մկրտութենէն շուրջ երեք տարի ետք, Յիսուս իր աշակերտները հաւաստիացուց. «Դուք շատ օրեր չանցած Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք» (Գործք 1։5)։ Ասիկա ե՞րբ տեղի ունեցաւ։
Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Երուսաղէմի մէջ շուրջ 120 աշակերտներ հաւաքուած էին տան մը մէջ։ «Յանկարծակի երկնքէն ձայն մը եղաւ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս եւ բոլոր տունը լեցուց՝ ուր նստեր էին եւ բաժնուած լեզուներ երեւցան իրենց. . . եւ ամէնքն ալ Սուրբ Հոգիով լեցուեցան» (Գործք 2։1-4)։ Նոյն օրը, Երուսաղէմի մէջ ուրիշներու յորդոր տրուեցաւ որ ջուրով մկրտուին։ Պետրոս առաքեալ ամբոխի մը ըսաւ. «Ապաշխարեցէ՛ք ու ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսին անունովը մեղքերու թողութեան համար եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւը պիտի ընդունիք»։ Անոնք ընդառաջեցի՞ն։ «Անոնք որոնք սրտանց ընդունեցին անոր խօսքերը, մկրտուեցան։ Այն օրը երեք հազար հոգիի չափ աւելցան» (Գործք 2։38, 41)։
Երկմասնեայ գործընթաց
Այս մկրտութիւնները վերստին ծնելուն մասին ի՞նչ կը յայտնեն։ Անոնք ցոյց կու տան, թէ վերստին ծնիլը երկմասնեայ գործընթացով տեղի կ’ունենայ։ Նկատէ թէ Յիսուս նախ ջուրով մկրտուեցաւ, ապա սուրբ հոգին ստացաւ։ Նմանապէս, նախկին աշակերտները նախ ջուրով մկրտուեցան (ոմանք Յովհաննէս Մկրտիչին կողմէ), յետոյ սուրբ հոգին ստացան (Յովհաննէս 1։26-36)։ Նոյնպէս, 3000 նորադարձները նախ ջուրով մկրտուեցան, ապա սուրբ հոգին ստացան։
Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին տեղի ունեցած մկրտութիւնները ի մտի ունենալով, կ’ակնկալենք որ վերստին ծնիլը ներկայիս տեղի ունենայ ա՛յն կերպով, որ տեղի ունեցաւ Յիսուսի առաքեալներուն եւ նախկին աշակերտներուն պարագային։ Նախ, անհատը իր մեղքերէն կը զղջայ, սխալ ընթացքը կը լքէ, իր կեանքը Եհովայի կը նուիրէ՝ զինք պաշտելու եւ ծառայելու համար, եւ ջուրի մկրտութեամբ իր նուիրումը հանրապէս կը յայտարարէ։ Անկէ ետք, եթէ Աստուած զինք ընտրէ որ Իր Թագաւորութեան մէջ որպէս իշխան ծառայէ, ան սուրբ հոգիով կ’օծուի։ Այս երկմասնեայ գործընթացին առաջին քայլը (ջուրով մկրտուիլը) անհատը կ’առնէ, իսկ երկրորդ քայլը (հոգիով մկրտուիլը) Աստուած կ’առնէ։ Երկու մկրտութիւններուն ենթարկուելով, անհատը վերստին կը ծնի։
Սակայն Յիսուս Նիկոդէմոսի հետ իր խօսակցութեան մէջ ինչո՞ւ ‘ջուրէն ու հոգիէն ծնանիլ’ արտայայտութիւնը գործածեց։ Ընդգծելու համար թէ ջուրով ու հոգիով մկրտուողները արտակարգ փոփոխութեան մը կ’ենթարկուին։ Յաջորդ յօդուածը վերստին ծնելուն այս երեսակը կը քննարկէ։
[Ստորանիշ]
a Նոյն կերպով, առիթով մը Պետրոս առաքեալ մկրտութեան առնչութեամբ ըսաւ. «Միթէ մէկը կրնա՞յ արգելք ըլլալ ջուրին» (Գործք 10։47, Երուսաղէմ)։
[Նկար՝ էջ 9]
Յովհաննէս զղջացող իսրայէլացիները ջուրով մկրտեց
-
-
Վերստին ծնիլ. ի՞նչ կ’իրագործէԴիտարան 2009 | Մայիս 1
-
-
Վերստին ծնիլ. ի՞նչ կ’իրագործէ
ՅԻՍՈՒՍ սուրբ հոգիով մկրտուելու մասին խօսած ատեն, ինչո՞ւ ‘հոգիէն ծնանիլ’ արտայայտութիւնը գործածեց (Յովհաննէս 3։5)։ Երբ որպէս փոխաբերութիւն գործածուի, «ծնունդ» բառը կը նշանակէ «սկիզբ», ինչպէս՝ «ազգի մը ծնունդը» արտայայտութեան մէջ։ Ուստի «վերստին ծնիլ» արտայայտութիւնը նոր սկիզբ կը նշէ,– Աստուծոյ եւ սուրբ հոգիով մկրտուողներուն միջեւ յարաբերութիւնը նոր սկիզբ պիտի ունենայ։ Յարաբերութեան մէջ այդ ամբողջական փոփոխութիւնը ի՞նչպէս տեղի կ’ունենայ։
Երբ Պօղոս առաքեալ կը բացատրէր, թէ Աստուած ի՛նչպէս մարդիկ կը պատրաստէ երկինքի մէջ իշխելու համար, ընտանեկան կեանքէն առնուած լուսաբանութիւն մը գործածեց։ Ան իր օրուան քրիստոնեաներուն գրեց, թէ «որդեգրութիւն» պիտի ստանային ու հետեւաբար Աստուած կրնար անոնց հետ վերաբերիլ իբր «որդիներ» (Գաղատացիս 4։5. Եբրայեցիս 12։7)։ Որպէսզի տեսնես թէ որդեգրութեան օրինակը ի՛նչպէս կ’օգնէ հասկնալու այն փոփոխութիւնը, որ տեղի կ’ունենայ երբ անհատ մը սուրբ հոգիով մկրտուի, դարձեալ նկատի առ այն պատանիին օրինակը, որ կ’ուզէ յաճախել դպրոց մը, որուն աշակերտները բնիկ են ու քաղաքէն դուրս կը բնակին։
Որդեգրութիւնը փոփոխութիւն կը պատճառէ
Օրինակին մէջ, պատանին չի կրնար դպրոցը յաճախել, քանի որ բնիկ չէ։ Այժմ երեւակայէ որ օրին մէկը մեծ փոփոխութիւն կը պատահի։ Բնիկ ընտանիքի մը հայրը զայն օրինապէս կ’որդեգրէ։ Ասիկա պատանիին ի՞նչպէս կ’ազդէ։ Որդեգիր մը ըլլալով, այժմ ան կրնայ բնիկ պատանիներուն նոյն իրաւունքները ունենալ, ի ներառեալ՝ տուեալ դպրոցին աշակերտը ըլլալու իրաւունքը։ Որդեգրութիւնը անոր հեռանկարները բոլորովին փոխած է։
Ասիկա կը լուսաբանէ ի՛նչ որ կը պատահի անոնց, որոնք վերստին կը ծնին։ Նկատի առ կարգ մը նմանութիւններ։ Պատանին դպրոց պիտի ընդունուի, միայն եթէ գոհացում տայ սահմանուած պահանջին,– բնիկ ըլլալ։ Բայց ան իր ջանքով չի կրնար այդ պահանջին գոհացում տալ։ Նոյնպէս, կարգ մը մարդիկ Աստուծոյ Թագաւորութեան կամ երկնային կառավարութեան մէջ տեղ պիտի ստանան, միայն եթէ գոհացում տան սահմանուած պահանջին,– «վերստին ծնիլ»։ Բայց անոնք իրենց ջանքերով չեն կրնար այդ պահանջին գոհացում տալ, քանի որ վերստին ծնիլը Աստուծմէ կախեալ է։
Ի՞նչ բան պատանիին կացութիւնը փոխեց։ Օրինական որդեգրութիւնը։ Անշուշտ այս գործընթացը պատանիին բնոյթին մէջ փոփոխութիւն չմտցուց։ Որդեգիր ըլլալէ ետք, ան տակաւին նոյն անձն էր։ Այսուհանդերձ, ան նոր հանգամանք մը ստացաւ։ Արդարեւ ան նոր սկիզբ մը ունեցաւ,– նոր ծնունդ մը, այլաբանօրէն խօսելով։ Ան որդի մը եղաւ, իրաւունք ունենալով որ դպրոցը յաճախէ ու հայրագիրին ընտանիքին մէկ մասը ըլլայ։
Նմանապէս, Եհովա օրինական գործընթացով անկատար մարդոցմէ բաղկացած խումբի մը կացութիւնը փոխեց, զանոնք որդեգրելու համար։ Պօղոս առաքեալ, որ այդ խումբին կը պատկանէր, իր հաւատակիցներուն գրեց. «Դուք. . . որդեգրութեան հոգին առիք, որ անով կը կանչենք Աբբա Հայր։ Նոյն ինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ, թէ մենք Աստուծոյ որդիներն ենք» (Հռովմայեցիս 8։15, 16)։ Այո, որդեգրութեան միջոցով, այս քրիստոնեաները եղած էին Աստուծոյ ընտանիքին մէկ մասը, կամ «Աստուծոյ որդիներ» (Ա. Յովհաննէս 3։1. Բ. Կորնթացիս 6։18)։
Հարկաւ Աստուծոյ կողմէ եղած որդեգրութիւնը չփոխեց որդեգիրներուն բնոյթը, քանի որ անոնք անկատար մնացին (Ա. Յովհաննէս 1։8)։ Այսուհանդերձ, ինչպէս Պօղոս բացատրեց, անոնք նոր հանգամանք մը ստացան։ Միեւնոյն ատեն, Աստուծոյ հոգին որդեգիրներուն մէջ այն համոզումը քանդակեց, թէ երկինքի մէջ Քրիստոսի հետ պիտի ապրին (Ա. Յովհաննէս 3։2)։ Սուրբ հոգիին պատճառած այդ անսխալելի համոզումը, կեանքի հանդէպ բոլորովին նոր հայեցակէտ մը տուաւ անոնց (Բ. Կորնթացիս 1։21, 22)։ Այո, անոնք նոր սկիզբ մը ունեցան,– նոր ծնունդ մը, այլաբանօրէն խօսելով։
Աստուծոյ որդեգիրներուն մասին խօսելով, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անոնք Աստուծոյ եւ Քրիստոսին քահանաները պիտի ըլլան ու անոր հետ հազար տարի պիտի թագաւորեն» (Յայտնութիւն 20։6)։ Անոնք Քրիստոսի հետ թագաւորներ պիտի ըլլան Աստուծոյ Թագաւորութեան կամ երկնային կառավարութեան մէջ։ Պետրոս առաքեալ հաւատակիցներուն ըսաւ որ պիտի ստանան «անեղծ ու անարատ եւ անթառամ ժառանգութիւն», որ «երկինքը պահուած է» իրենց (Ա. Պետրոս 1։3, 4)։ Արդարեւ թանկագին ժառանգութիւն մը։
Սակայն իշխանութեան այս հարցն ալ հարցում մը կը յարուցանէ։ Եթէ վերստին ծնող անհատները երկինքի մէջ պիտի թագաւորեն, որո՞նց վրայ պիտի իշխեն։ Այս հարցումը նկատի պիտի առնուի յաջորդ յօդուածին մէջ։
[Նկար՝ էջ 10]
Պօղոս որդեգրութեան մասին ի՞նչ ըսաւ
-